Հրաշալի Պատանիներ
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միջազգային լրատու միջոցներ վերջերս անդրադարձան մարդոց կեանքերը փրկած 10- ամեայ, 16-ամեայ եւ օդանաւով թռիչքի համաշխարհային մրցանակ հաստատած 17-ամեայ երեք պատանիներու, որոնք դրական գործունէութեամբ օրինակ կը ծառայեն իրենց տարեկիցներուն եւ յոյս կը ներշնչեն չափահասներուն: Ն. «Հետեւեցէ՛ք Ձեր Երազներուն». 17-ամեայ Մաք Ռատերֆորտ դարձաւ ամէնէն երիտասարդ օդաչուն, որ առանձին թռիչք կատարած է ամբողջ աշխարհի շուրջ, փոքր օդանաւով մը անցեալ շաբաթ իջնելով...




















