Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Պայթումի առաջին իսկ օրէն հարցումները կուտակուեցան. ո՞վ կանգնած է այս բռնարարքին ետին: Պետական հարուածներու եւ պայթումներու հարուստ բեմագրութիւն ունեցող Թուրքիոյ իշխանութիւնները անշուշտ անմիջապէս քիւրտերը մեղադրեցին, ապա սկսան Միացեալ Նահանգներն ու քանի մը այլ երկիրներ դատապարտել ահաբեկչական արարքներ քաջալերելու յանցանքին համար: Սակայն քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք կը պնդեն, որ պայթումը թրքական իշխանութիւններու բեմադրութիւնն է:
Նեշնըլ Ինթրեսթ կայքը այս առնչութեամբ հրապարակած է յօդուած մը:
Ն.
«Մահացու պայթումէն ետք, որուն պատճառով զոհուած էր վեց եւ վիրաւորուած աւելի քան ութսուն անձ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց Ալհամ Ալպաշիրի ձերբակալութեան մասին եւ աշխարհին տեղեկացուց, որ յարձակումը իրականացուցած է սուրիացի արաբ այդ կինը:
Փաստը ո՞ւր է:
Մենք համոզուած ենք, որ այդ դիւրին է ապացուցել: Փողոցներուն մէջ հաստատուած տեսախցիկներէն ստացուած նկարներուն մէջ կ՛երեւի, որ Ալպաշիր տեղադրած է կասկածելի ծրար մը, որ ռումբ եղած է:
Անոր մասին հետագային հրապարակուած տեղեկութիւնները ցոյց կու տային, որ ան պատրաստուած է սուրիական քրտական կազմակերպութեան` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան(ԺՄԿ) կողմէ եւ վերջին տարուան ընթացքին բնակած է Պոլսոյ մէջ:
Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը կապուած է Քիւրտ աշխատաւորական կուսակցութեան(ՔԱԿ): Հետեւաբար այն գիծը, որուն թրքական կառավարութիւնը կ՛ուզէ, որ հաւատանք, պարզ է. պայթումին համար պատասխանատու էր Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած ահաբեկիչը, որ քիւրտերու հետ կապեր ունի:
Հարցումներ` առանց պատասխաններու
Թէեւ այս բացատրութիւնը կը գրաւէ բազմաթիւ թուրքեր սակայն, անիկա անպատասխան կը ձգէ շարք մը հարցումներ:
Նախ` ահաբեկիչը, որ աւելի քան տարի մը կը բնակէր Թուրքիոյ մէջ, ռումբ տեղադրած է տեսախցիկին առջեւ, այնուհետեւ վերադարձած է իր բնակարանը` թոյլ տալով ոստիկաններուն զինք ձերբակալել: Ինչո՞ւ:
Երկրորդ` ի՞նչ կապ կայ անոր սուրիա-արաբական ինքնութեան եւ ԺՄԿ-ին պատկանելու միջեւ: ԺՄԿ-ն քրտական կազմակերպութիւն է: Որո՞նք են արաբներուն դրդապատճառները, որ ահաբեկչական գործողութիւն կատարեն կազմակերպութեան մը համար, որ երբեք չէ յարձակած Թուրքիոյ վրայ եւ նուիրուած է «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին:
Երրորդ` ի՞նչ ընդունելի պատճառ կրնայ առաջարկել թրքական կառավարութիւնը յարձակումէն անմիջապէս ետք համացանցը դանդաղեցնելու եւ հասարակական հարթակները սահմանափակելու համար: Անշուշտ քաղաքացիները իրազեկելու համար տեղեկատուութեան ազատ հոսքը պատշաճ ռազմավարութիւն կ՛ըլլար:
Ի վերջոյ, ՔԱԿ-ը եւ ԺՄԿ-ն հերքած են ահաբեկչական գործողութեան իրենց մասնակցութիւնը: Թէեւ այս կրնայ ակնկալուող արձագանգ ըլլալ ոեւէ կասկածելիի համար, պէտք է յիշել երկու բան.
Առաջին. ՔԱԿ միշտ ստանձնած է իր կողմէ իրականացուած յարձակումներու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս, օրինակ, Մերսինի պայթումը սեպտեմբեր 2022-ին:
Յարձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնելը նաեւ այն միջոցն է, որով ահաբեկչական կազմակերպութիւնները կը հասնին իրենց նպատակներուն:
Երկրորդ. ԺՄԿ -ն բնաւ չէ իրականացուցած գործողութիւններ Թուրքիոյ մէջ կամ չէ սպառնացած այդ ընել. ան Միացեալ Նահանգներու հաւատարիմ գործընկերն է, որ որոշիչ եղած է «Իսլամական պետութիւն» ծայրայեղական հրոսակախումբի ռազմական պարտութեան հարցին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու դատախազութիւն
Վերոնշեալ քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու դէմ սլաքը ուղղելու եւ զայն յանցագործի նմանցնելու փորձ է:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ցաւակցական ուղերձին, ըսած է, որ` «Միացեալ Նահանգներէն ցաւակցութիւններ ընդունիլը նման է անոր, որ մարդասպանը առաջինը ժամանած է ոճիրի վայր»:
Բացի ատկէ, երկրին պատկերասփիռի հիմնական կայանները կրկնած են Սոյլուի ուղերձը եւ` պնդած, որ սարսափելի յարձակումը իրականացուցած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցութիւն վայելող ահաբեկչական ԺՄԿ կազմակերպութիւնը:
Այս բանին նպաստած է ենթադրեալ ահաբեկիչը` Նիւ Յորքի մանիշակագոյն մարզական շապիկով լուսանկարները ցուցադրելու աժան մարտավարութիւնը, որ իբր թէ նպատակ ունէր համոզել պատկերասփիւռի թուրք ակնդիրները, որ Միացեալ Նահանգներ մասնակցութիւն ունեցած են ահաբեկչական գործողութեան իրականացման:
Մինչ երկրին մէջ ներքին գործոց նախարարը ջանասիրաբար կը մեղադրէր Միացեալ Նահանգները, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Քսաններու գերաստիճանի ծիրին մէջ տեսակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ եւ անկէ խնդրեց շարունակել աջակցիլ Թուրքիոյ` նոր F-16 կործանիչներ գնելու հարցին մէջ, որ հաւանաբար կ՛օգնէ Թուրքիոյ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ:
Թուրքիոյ ոչ անկեղծ քաղաքականութիւնը
Անկարելի է չտեսնել թրքական կառավարութեան ոչ անկեղծ քաղաքականութիւնը: Ան մէկ կողմէ օգնութիւն կը խնդրէ Միացեալ Նահանգներէն` ուժեղացնելու իր հակաահաբեկչական պաշտպանութիւնը, իսկ միւս կողմէ` զայն կը մեղադրէ Թուրքիոյ դէմ ահաբեկչական յարձակման նպաստելու հարցին մէջ:
Անգարան կ՛ուզէ, որ ամբողջ աշխարհը հաւատայ, թէ յարձակումը իրականացուցած է ԺՄԿ-ն` միաժամանակ շարունակելով ընդունիլ Թուրքիոյ մէջ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ-ի ներկայացուցիչները եւ հրաժարելով այդ որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչնալէ: Այս ուղղակի անընդունելի է, երկակի եւ ոչ անկեղծ:
Այլընտրանքային բացատրութի՞ւն
Կառավարութիւնը կը փորձէ լռեցնել լրատուամիջոցները, սահմանափակումներ դնել անհատներու եւ լրագրողներու` օրինական հարցումներ տալու եւ կեղծ մեղադրանքներ հնչեցնելու կարողութեան վրայ, ուստի խելամիտ կ՛ըլլար այն բացատրութիւնը, որ ասիկա կեղծ գործողութիւն մըն էր, որ իրականացուած էր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ:
Հասկնալի ըլլալու համար չկայ յստակ ապացոյց:
Պայթումէն քսանչորս ժամ չանցած` Թուրքիոյ մէջ յայտնի եւ լայնօրէն մէջբերուող լրատուամիջոցը հրապարակած է յօդուած մը, ուր կը նշուէր, թէ քանի մը հեռաձայնային զրոյց տեղի ունեցած է ենթադրեալ ահաբեկիչին եւ ծայրայեղ աջակողմեան Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամին միջեւ:
Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը Էրտողանի իշխող մեծամասնութեան քոալիսիոն գործընկերն է: Ի՞նչ անմեղ բացատրութիւն կրնայ ունենալ Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնատարը, որ կը խօսի մարդու մը հետ, որ ահաբեկչութիւն պիտի իրականացնէ: Ան յայտնած է, որ ինքնութեան գողութեան զոհ դարձած է, եւ որ` իր անունով հեռաձայնային գիծ բացուած է:
Բացի ատկէ, թրքական կառավարութիւնը յայտարարած է ԺՄԿ-ի դէմ կոշտ պատասխանի մտադրութեան մասին` նշելով, որ կրնայ ռազմական ներխուժում իրականացնել Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ :
Թուրք հանրութիւնը, հասկնալիօրէն վախցած ու զայրացած, կը սպասէ կառավարութեան վճռական պատասխանին:
Թերեւս Էրտողան կրնայ այդ ընել: Քանի մը ամիսէն ան կը փորձէ վերընտրուիլ իր պաշտօնին` երկրի պատմութեան ամէնէն վատ անկման ընթացքին, կրնայ կատարեալ ճգնաժամ ստեղծել` հասարակութեան ուշադրութիւնը սպառողական սղաճէն շեղելու եւ ահաբեկչութեան դէմ խիստ դիրքորոշում որդեգրելու համար:
«Դերասանները« վճարած են կնոջ
Հակասական ապացոյցներու բացակայութեան պարագային, արդեօք չափազանց դժուար չէ՞ պատկերացնել, որ թրքական կառավարութեան հետ առնչուող «դերասանները» վճարած են սուրիացի կնոջ, որպէսզի պարզապէս ծրարը տեղադրէ նախապէս որոշուած վայրին մէջ` չգիտնալով, որ ծրարին մէջ ռումբ կայ:
Եթէ ասիկա երեւակայական կը հնչէ, միայն աւելցնեմ, որ այս բացատրութիւնը նոյնքան խելամիտ է, որքան` կառավարութեան առաջարկած պատմութիւնը:
Հաւանաբար շինծու այս յարձակումը Էրտողանին թոյլ տուած է հեռանալ երկրի տնտեսական խնդիրներուն կապուած բացասական խորապատկերէն եւ վերադառնալ իր ուզածին:
Էրտողան այժմ կրնայ ներկայանալ որպէս ուժեղ առաջնորդ, որ կրնայ երկիրը պաշտպանել ահաբեկչութենէ:
Մենք պէտք չէ ընդունինք Էրտողանի կառավարութեան խօսքը: Մենք աւելի շատ պատասխաններու կարիք ունինք:
Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած
Պայթումներու Ժամանակացոյցը
Յուլիս 2015
Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Սուրուչ քաղաքին մէջ, Սուրիոյ հետ սահմանին. 30 մեռեալ եւ 100 վիրաւոր
Օգոստոս 2015
Պոլսոյ ոստիկանտան մէջ. հինգ ոստիկան եւ երկու քաղաքացի մահացած
Հոկտեմբեր 2015
Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի կեդրոնին մէջ երկու պայթում. 95 մեռեալ, 200 վիրաւոր
Փետրուար 2016
Անգարայի մէջ. 28 մեռեալ, 60 վիրաւոր
Մարտ 2016
Անգարայի մէջ. 37 մեռեալ, 70 վիրաւոր
Մարտ 2016
Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակ. 5 մեռեալ, 36 վիրաւոր
Յունիս 2016
Պոլսոյ Աթաթիւրքի անուան միջազգային օդակայանին մէջ. 41 մեռեալ, 239 վիրաւոր
Օգոստոս 2016
Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Այնթէպ նահանգին մէջ, Սուրիոյ սահմանի մօտ, հարսանեկան արարողութեան ժամանակ. 50 մեռեալ, 60 վիրաւոր
Հոկտեմբեր 2016
Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Հաքքարի նահանգին մէջ. 18 մեռեալ, 24 վիրաւոր
Նոյեմբեր 2016
Քրտաբնակ հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ. 9 մեռեալ 20 վիրաւոր
Դեկտեմբեր 2016
Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքին մէջ երկու պայթում. 38 ոստիկան մահացած, 160 քաղաքացի վիրաւորուած
Յունուար 2017
Պոլսոյ գիշերային զբօսավայր մը. 30 մեռեալ, 40 վիրաւոր
Յունուար 2017
Թուրքիոյ Զմիւռնիա քաղաքին մէջ, դատարանին մօտ. 2 ոստիկան մահացած, 5 վիրաւոր
Յուլիս 2019
Թուրքիոյ հարաւային Ռէյհանլը քաղաքին մէջ, սուրիական սահմանին մօտ, 3 մեռեալ
Սեպտեմբեր 2019
Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Տիգրանակերտ նահանգին մէջ. 7 մեռեալ, 10 վիրաւոր
Նոյեմբեր 2022
Պոլսոյ կեդրոնական շրջանին մէջ. 6 մեռեալ, 42 վիրաւոր


