Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասպարէզներ, Աշխատանքներ, Որոնք Այլեւս Գոյութիւն Չունին

Մարտ 3, 2023
| Մշակութային եւ Այլազան
1
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Նոր արհեստագիտութիւնը շատ արագ սկսած է փոխել աշխարհը եւ մարդիկ: Բազմաթիւ ասպարէզներ, արհեստներ, մասնագիտութիւններ գրեթէ անհետացած են` նորերու յայտնուելով: Ուսանողներ եւ համալսարանաւարտներ միշտ կը մտածեն նոր ասպարէզներու մասին, իսկ արհեստավարժներ, որոնք տասնամեակէ մը աւելի նոյն ճարտարարուեստին մէջն են, սկսած են մտածել նոր աշխատանքի մասին: CareerAddict կայքը հրապարակած է ցանկ մը ասպարէզներու, արհեստներու, որոնք այսօր անհետացած են:

Ն.

Ամբողջ աշխարհի մէջ շուկայական կողմնորոշուած տնտեսութեան ներուժը  ծնած է բոլորովին նոր մասնագիտութիւններ եւ ոչնչացուցած` հին մասնագիտութիւնները: Եւ, անշուշտ, այդ նոր մասնագիտութիւնները ի վերջոյ ջնջուեցան` տեղ բանալու աւելի նոր պաշտօններու: Այդ անվերջանալի շրջանակ է, եւ լաւ բան է քաղաքակրթութեան յառաջընթացին համար:

Այսպիսով, ի՞նչ գործեր անցած են պատմութեան:

Ահաւասիկ ցանկ մը, աշխարհի ամէնէն հին մասնագիտութիւններու, որոնք հասած են իրենց կործանման:

  • Աթոռի փեսան

Բարեբախտաբար միապետութիւնները այսօր չեն ապաւինիր տղամարդոց եւ կիներու` իրենց արտաքնոցներու, բաղնիքներու կարիքներուն համար:

Այժմ ներքին սարքեր կան: Բայց հին ժամանակներուն այդքան ալ դիւրին չէր առանց օդափոխիչներու, սառնարաններու եւ արտաքնոցներու:

Մեծն Բրիտանիոյ Թիւտորներու գերդաստանի ժամանակաշրջանին (1485-1509) կար դիրք մը, պաշտօն մը, որ կը ներառէր թագաւորի բաղնիքին կարիքները հոգալը. Աթոռի փեսան,  նոյնպէս յայտնի` որպէս Թագաւորի փակ աթոռակի փեսան: Այդ աշխատանքը կը ներառէր ջուր մատակարարել, սրբիչներ տրամադրել եւ ապահովել, որ թագաւորը կարենայ յետոյ լուացուիլ արտաքնոցին մէջ:

Թէեւ այդ այսօր կը նկատուի զզուելի, բայց շատերու համար յատուկ բան մըն էր, որովհետեւ թագաւորը երբեմն կը վստահէր «փեսային»:

Այս ոչ միայն գռեհիկ, անճոռնի գործ էր, այլեւ ունէր պատմութեան մէջ ամէնէն տարօրինակ աշխատանքի կոչումներէն մէկը:

  • Շրջուն գրավաճառ

Ըստ ուսումնասիրութիւններու, այժմ աւելի քիչ մարդիկ գիրք կը կարդան: Ընթերցանութիւնը տասնամեակներ շարունակ անկում ապրած է զանազան այլընտրանքներու պատճառով. պատկերասփիւռը, տեսախաղերը եւ համացանցը:

Առանց ընթերցանութեան պահանջի` ինչո՞ւ  գոյութիւն պիտի ունենային շրջուն գրավաճառները:

Անոնք բաւական տարածուած էին 20-րդ դարու կէսերուն, հազարաւոր գրավաճառներ կը շրջագայէին դռնէ դուռ եւ  գիրքեր կը վաճառէին:

Անշուշտ, եթէ մարդիկ այսօր հետաքրքրուած են գիրք գնելով, անոնք կրնան պարզապէս այդ ընել Amazon.com-ի միջոցով:

  • Ձայնասփիւռի դերասաններ

1960-ական թուականներուն մեծ թիւով ունկնդիրներ կը հետեւէին ձայնասփռուող թատերական գործերու, ռատիօ-բեմադրութիւններու, որոնց համար յատուկ դերասաններ կ՛ըլլային: Շարժապատկերի բազմաթիւ դերասաններ իրենց ասպարէզը սկսած են ձայնասփիւռային այսպիսի հաղորդումներով:

Պատկերասփիւռի ի յայտ գալով եւ տարածուելով` այդ ասպարէզը այլեւս գոյութիւն չունի:

  • Դռնահար

Ո՛չ, փողոցայիններու մասին չէ խօսքը:

Դռնահարը մասնագիտութիւն մըն  էր, որ հիմնականին մէջ տարածուած էր Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի մէջ` ճարտարարուեստական յեղափոխութեան ամէնէն թէժ շրջանին(1760- 1820) եւ նպատակն էր մարդիկը առաւօտեան արթնցնել` ժամանակին աշխատանքի հասնելու համար:

Քանի որ զարթուցիչ ժամացոյցները տարածուած չէին, դռնահարը պէտք էր ծառայէր որպէս հասարակութեան ամէնէն ատելի անձը եւ արթնցնէր բոլորը:

  • Սառցավաճառ

Նախքան սառի տուփը մարդիկ կային: Ո՛չ, մենք չենք խօսիր Է. Օ՛Նիլի թատերախաղին մասին:

Սառցավաճառը, որ նոյնպէս յայտնի է որպէս սառ կտրող, կը մատուցէր սառոյցի մեծ քառակուսի մը եւ այդ փոքր կտորներու կը վերածէր, որպէսզի գործածէք ձեր օշարակին կամ այլ  խմիչքի համար:

Այժմ բոլորն ալ սառնարան ունին եւ կրնան տան մէջ իրենց սառը պատրաստել:

Սառցավաճառը մնացած է պատմութեան փոշիին տակ:

  • Վերելակի գործարկու

1930-ականներու ամէնէն յայտնի եւ խորհրդանշական աշխատանքներէն մէկը վերելակի գործարկուն էր… մինչեւ 1960-ականները:

Աշխատանքը բաւական պարզ էր. ուղեւորները տեղափոխեցէք իրենց պահանջած յարկերը: Այդ տեղի ունեցաւ նախքան ինքնագործ վերելակներու ստեղծումը եւ տասնեակ հազարաւոր վերելակի գործարկուներ աշխատանքէ արձակուեցան: Պանդոկը, առեւտրական աշտարակը եւ համալիրը, եթէ օժտուած էին վերելակով, ուրեմն ունէին տղամարդ կամ կին գործարկող մը: Բայց արեւելեան որոշ երկիրներու մէջ այս մասնագիտութիւնը տակաւին չէ վերացած:

  • Ճրագավառ

Ելեկտրականութենէն առաջ գիշերները փողոցները կը լուսաւորէին  լապտերներով կամ մոմերով: Այս աշխատանքը կատարող պաշտօնեան կը կոչուէր ճրագավառ, որ գիշերը լապտերները կը վառէր, իսկ առաւօտեան կը մարէր:

Հիմա, երբ տարիներէ ի վեր փողոցները կը լուսաւորուին ելեկտրական լամբերով, այդ մասնագիտութիւնը պահանջուած չէ…

  • Linotype-ի գրաշար

Շատ պահանջուած արհեստ մըն էր, մանաւանդ` տպագիր նախկին թերթերու եւ հրատարակչատուներու համար: Գրաշարը այն պաշտօնեան էր, որ յատուկ սարքի մը վրայ մետաղէ տառերով կը կազմէր բառերը, նախադասութիւնները եւ տողերը, որոնք ապա կը տպուէին: Այժմ, երբ արհեստագիտութիւնը սահմաններ չունի, տպարանները այդ հին գրաշարներուն պէտք չունին:

  • Ընթերցող-զուարճացնող

Երբեք զգացա՞ծ էք, որ ձեր գրասենեակը զուրկ է զուարճանքէ եւ ոգեւորութենէ: Արդեօ՞ք բոլորը շատ նեղուած են: Չափազանց լո՞ւռ է:

Երկար տարիներ ընկերութիւններու սեփականատէրեր իրենց գրասենեակներուն համար յաճախ կը վարձէին ընթերցողներ, որպէսզի կեանք ներարկեն առօրեայ աշխատանքին: Այս անձը գրասենեակի պաշտօնեաները զուարճացնելու համար թերթերէ ընթերցումներ կ՛ընէր, երբեմն` կատակներ, նոյնիսկ կ՛երգէր:

Այս «մասնագիտութիւնը» անհետացած է, որովհետեւ այժմ ո՞վ կ՛ուզէ, որ աշխատած ատեն մէկը բարձրաձայն թերթ կարդայ: Չէ՞ք ջղայնանար:

  •  Տզրուկ հաւաքող

Այո՛, բոլորը գիտեն, թէ ինչպէ՛ս առողջապահական ոլորտը երկար տասնամեակներ գործածած է տզրուկներ` հիւանդներ բուժելու համար: Բայց բնաւ մտածա՞ծ էք, թէ ուրկէ՛ են այդ տզրուկները:

Անձ մը տզրուկներ պէտք էր հաւաքէր:

Տզրուկ հաւաքողը արդէն գոյութիւն ունէր տակաւին միջնադարէն, բայց 19-րդ դարուն Եւրոպայի մէջ չքացաւ այս ասպարէզը:

Իսկ ապագայի՞ն

Արհեստագիտութիւնը կը շարունակէ փոխել մեր աշխարհը` հիմնականին մէջ դէպի լաւը:

Յատկանշական է վերադառնալ պատմութեան եւ ծանօթանալ բազմաթիւ մասնագիտութիւններու, ասպարէզներու, որոնց միջոցով մարդիկ իրենց ապրուստը կ՛ապահովէին, ըլլայ այդ մարդիկը արթնցնելը լուսաբացին` մօտակայ գործարան հասնելու համար, թէ տզրուկներ հաւաքելը:

Այս մասնագիտութիւնները նպատակ ունէին, սակայն արագ զարգացող արհեստագիտութիւնը ոչնչացուցած է կամ նուազեցուցած` աշխատանքային հնարաւորութիւնները, տեղ բանալու` նպատակին ծառայող այլ մասնագիտութիւններու համար… առայժմ:

Ի վերջոյ, այսօրուան մասնագիտութիւններէն շատերը կ’անհետանան: Քանի մը տասնամեակ ետք, երբ մարդիկ համացանցին մէջ կը հանդիպին 2020-ական թուականներու արհեստներուն,  պարզապէս կը զարմանան…

 Անհետացող ասպարէզներ, որոնք գոյութիւն պիտի չունենան 2030-ին

  • Ճամբորդութեան գրասենեակի պաշտօնեայ
  • Արագ ուտելիքի խոհարար
  • Նամակաբաշխ
  • Դրամատան պաշտօնեայ

 

  • Հիւսուածեղէնի գործարանի աշխատաւոր
  • Կարգ մը մարզաձեւերու իրաւարարներ
  • Փոքրաքանակ գոհարավաճառ
  • Հեռագիր առաքող
  • Փայտահատ
  • Ձկնորս
  • Իրաւաբանական քարտուղար
  • Կազմարար

Հակառակ անոր որ այս ասպարէզներու հեռանկարները կրնան մռայլ թուիլ, բայց ամբողջովին գէշ նորութիւն չէ: 2017-ի ուսումնասիրութիւն մը կը նշէ, որ աշխատանքներու 85 առ հարիւրը, որ մատչելի կ’ըլլայ 2030 թուականին, տակաւին չէ հնարուած, իսկ արհեստագիտութիւններու դաշտը անճանաչելի կը դառնայ յառաջիկայ 13 տարիներու ընթացքին:

Անհետացող ասպարէզներէն որոշ թիւ մը կը վերասահմանուի կենսական հմտութիւններով, որոնք կրնան փոխանցուիլ այլ դերերու: Ճկունութիւնը եւ մասնագիտութիւնը, ասպարէզ փոխելու պատրաստակամութիւնը կարեւոր յատկանիշ կ՛ըլլան ապագայ աշխատանքային շուկային մէջ:

Եթէ կ՛ուզէք ամբողջովին պաշտպանուած ըլլալ յառաջդիմութեան ճիրաններէն, թելադրելի է աշխատանքը  շարունակել այնպիսի ոլորտներու մէջ, որոնք կը պահանջեն ստեղծագործական եւ մարդոց հետ հաղորդակցելու հմտութիւններ, ինչպիսիք են` արուեստը, գիտութիւնը, առեւտուրը եւ բժշկութիւնը:

Տակաւին համակարգիչները չեն կրնար կրկնօրինակել իրական մարդկային ոգեշնչումը եւ իմացականութիւնը, ուրեմն այս մասնագիտութիւնները անվտանգ կը թուին…  առայժմ:

Նախորդը

Հորիզոն»-ի Խմբագրական. «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի Քարոզչութիւնը Սպառնալիք Է Հայաստանի Համար

Յաջորդը

Յուշ-Երեկոյ` Ժիրայր Դանիէլեանի

RelatedPosts

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են
Մշակութային եւ Այլազան

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են

Մարտ 17, 2023
Հրաշք Մանուկը
Մշակութային եւ Այլազան

Հրաշք Մանուկը

Մարտ 10, 2023
Զանգուածներու Կեղծ  Յիշողութիւնը
Մշակութային եւ Այլազան

Զանգուածներու Կեղծ Յիշողութիւնը

Փետրուար 3, 2023

Comments 1

  1. Հրաչ Պարսումեան says:
    3 weeks ago

    Երանի գրէիր նաև անհետացԱԾ հայ արհեստներու մասին.- Ձուլացործ, փորագրիչ, պղնձագործ, ևն

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In