Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդոց Տառապանքը` Մինչեւ Ո՞ւր

Յունուար 20, 2023
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

– Ճոշիմաթ. Հնդկաստանի խորտակուող hիմալայեան քաղաքին մէջ ապրելու մտատանջութիւնը
–
Ծովուն Մէջ Կորսուած Հնդիկ Ձկնորսներու  Հրաշք Վերադարձը

Զանազան երկիրներու մէջ մարդիկ այս կամ այն պատճառներով միշտ մտահոգ կ՛ըլլան, կը տանջուին, կը հալածուին: Մէկ խօսքով,  հանգիստ կեանք եւ հանգիստ մարդ կարծես թէ շատ քիչ կայ, առաւել` Հնդկաստանի մէջ: «Պի.Պի.Սի.» այս նիւթով հրապարակած է երկու յօդուած:

Ն.

Ճոշիմաթ. Հնդկաստանի խորտակուող
hիմալայեան քաղաքին մէջ ապրելու մտատանջութիւնը

Ճեղքեր յառաջացած են Ճոշիմաթի 4500 շէնքերէն աւելի քան 600-ին մէջ

2 յունուարի առաւօտեան կանուխ Փրակաշ Փոտիալը արթնցաւ «բարձր ձայնէ», Ճոշիմաթի իր տան մէջ: Ճոշիմաթ հիմալայեան լեռնային փոքր քաղաք մըն է Հնդկաստանի Ուտարախանտ նահանգին մէջ:

52-ամեայ դերձակը բացաւ դուռը եւ քննեց իր նորակառոյց, երկյարկանի տունը. 11 սենեակներէն 9-ին աղիւսէ պատերուն վրայ բաց ճեղքեր գտաւ: Խուճապի մատնուած 11 հոգինոց մեծ ընտանիքը արագ տեղափոխուեցաւ երկու սենեակ, ուր պատերուն վրայ միայն շատ բարակ ճեղքեր յառաջացած էին: Այդ ժամանակէն անոնք այդ սենեակներուն մէջն են:

«Մենք արթուն կը մնանք մինչեւ ուշ: Թեթեւ ձայնը խուճապ կը  յառաջացնէ: Մենք կ՛երթանք քնանալու` միշտ պատրաստ շտապ դուրս գալու, եթէ արտակարգ կացութիւն ըլլայ», կ՛ըսէ Փոտիալ:

Բայց դուրսն ալ ամէն բան այնքան ապահով չէ: Պաշտօնատարները կ՛ըսեն, որ հողը դանդաղօրէն կը խորտակուի Ճոշիմաթի` 20 հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաքին մէջ, որ պատուած է բլուրի լանջին, ուր երկու հովիտներ կը հանդիպին 1874  մեթր բարձրության վրայ:

Ճեղքեր յառաջացած են 4500 շէնքէրէն աւելի քան 670-ին մէջ, ներառեալ` տեղական տաճարը եւ ճոպանուղին, տարածքի մը մէջ, որուն լայնքը 350 մեթր է: Մայթերուն եւ փողոցներուն վրայ կան ճեղքեր: Երկու պանդոկ հիմա իրարու վրայ կքած են: Ջուրը երկրագործական հողերէն ամբողջովին դուրս եկած է անhասկնալի պատճառներով:

Շուրջ 80 ընտանիք իրենց տուներէն տեղափոխուած են քաղաքի դպրոցներ, պանդոկներ եւ տնային կացարաններ: Ժամանած են աղէտներու արձագանգման խումբեր, եւ ուղղաթիռներ կը պահանջուին` անհրաժեշտութեան պարագային մարդիկ  տարհանելու: «Կեանքեր փրկելը մեր առաջնահերթութիւնն է», կ՛ըսէ Ուտարախանտի գլխաւոր նախարար Պուշկար Սինկ Տամին:

Բայց նկատի առնելով, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կ՛ապրին այստեղ, այդ աւելի դիւրին է ըսել, քան` ընել:

Ճոշիմաթ, որ կը գտնուի բլուրի լանջին, կառուցուած է սահանքի բեկորներու վրայ

Երբ օրավարձով աշխատող 52-ամեայ Տուրկա Փրասատ Սաքլանիի երեք սենեակնոց տան պատերուն եւ յատակին ճեղքեր յառաջացան, պաշտօնատարները անոր 14 հոգինոց մեծ ընտանիքը տեղափոխեցին տեղւոյն պանդոկը:

Բայց Սաքլանիները ցերեկը կը վերադառնան իրենց խորտակուող տունը, ուր անոնք ուտելիք կը պատրաստեն եւ կը կերակրեն իրենց կովերը բակին մէջ, որ ինքնին իջած է աւելի քան երկու ոտնաչափով: Յուսահատութեան մէջ անոնք գերաններ դրած են պատերուն, որպէսզի թոյլ չտան անոնց ներս մտնել: Սաքլանիին կինը վերջերս վիրահատուած է Ճոշիմաթի բուժարանին մէջ, եւ ընտանիքը չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ան  ապաքինիլ պանդոկի նեղ սենեակին մէջ:

«Մենք կը հետեւինք, թէ ինչպէ՛ս մեր տունը կամաց-կամաց կը քանդուի, երբ ճեղքերը աւելի կը լայնան ամէն անցնող օրուան ընթացքին: Այդ սարսափելի տեսարան է», կ՛ըսէ Նեհա Սաքլանին` ընտանիքի անդամներէն մէկը:

Ճգնաժամը պէտք չէր անակնկալ ըլլար:

Ճոշիմաթ ծնած է անկայուն երկրաբանական հանգամանքներու մէջ: Բլուրի միջին լանջին գտնուող քաղաքը կառուցուած է աւելի քան դար մը առաջ տեղի ունեցած երկրաշարժի պատճառով յառաջացած սահանքի բեկորներու վրայ եւ կը գտնուի ցնցումներու ենթակայ գօտիի մէջ:

Զանազան պատճառներով հողը կրնայ սկսիլ խորտակուիլ: Անոնք կը ներառեն ընդերքի շարժումը (անոր բարակ արտաքին ժայռի թաղանթը) կամ երկրաշարժի պատճառով, որ կրնայ յառաջացնել բարձրութեան տեղաշարժ: Խորտակուող մակերեւոյթի շերտի փլուզման պատճառով կը յառաջանայ իջուածք կամ փոս, գետնի տակ հոսող ջուրը կը քայքայէ մակերեսին տակ գտնուող ժայռերը:

Սակայն հողը նոյնպէս կը խորտակուի մարդկային գործունէութեան պատճառով, ինչպիսիք են ստորերկրեայ ջուրերու աւելորդ օգտագործումը եւ արտահոսքը, որ կրնայ յանգեցնել Ճաքարթայի ճակատագիրին: Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաքը աւելի արագ խորտակուած է, քան` աշխարհի որեւէ այլ քաղաք:

Միացեալ Նահանգներու Երկրաբանական ծառայութեան տուեալներով, ամբողջ աշխարհի մէջ հողերու անկումին աւելի քան 80 առ հարիւրը պայմանաւորուած է ստորերկրեայ ջուրերու աւելորդ արդիւնահանումով:

Կը թուի, թէ մարդկային գործունէութիւնը գլխաւորապէս պատասխանատու է Հոսինաթի Ճոշիմաթի դժբախտութիւններուն: Տասնամեակներու ընթացքին հողին տակէն մեծաքանակ  ջուր հանուած է հողագործութեան համար` աւազն ու քարը դարձնելով փխրուն, որուն պատճառով քաղաքը կամաց-կամաց կը խորտակուի:

«Կացութիւնը տագնապալի է», կ՛ըսէ երկրաբան Տ.Փ. Տոփալ:

1976 -ին պետութեան ուսումնասիրութիւնը զգուշացուց, որ Ճոսիմաթը կը խորտակուի, եւ առաջարկեց արգիլել այդ տարածքին մէջ ծանր շինարարական աշխատանքները: Ան մատնանշեց, որ ջրահեռացման համապատասխան սարքերու բացակայութիւնը կը յանգեցնէ սահանքներու: «Ճոշիմաթը յարմար չէ աւանի համար», զգուշացուց ուսումնասիրութիւնը:

Բայց զգուշացումը ուշադրութեան չարժանացաւ: Տասնամեակներու ընթացքին այդ վայրը վերածուած է բանուկ դարպասի հարիւր հազարաւոր ուխտաւորներու եւ զբօսաշրջիկներու համար: Ուխտաւորները կը մեկնէին հինտուական տաճարային քաղաք Պատրինաթ, որ կը գտնուի շուրջ 45 քմ հեռաւորութեան վրայ: Զբօսաշրջիկները կը կազմակերպեն արշաւ, կը մագլցին եւ դահուկներով կը սահին: Շատցած են պանդոկները, կացարաններն ու ճաշարանները:

2021-ին ջրաելեկտրակայանի կապուած երկու փապուղիներէն մէկը փակուեցաւ Ուտարախանտի մէջ ջրհեղեղէն ետք, որուն պատճառով զոհուեցաւ աւելի քան 200 անձ:

Ճոշիմաթ ենթակայ է սահանքներու

«Իր հովիտներով, կիրճերով, բլուրներով եւ գետերով Ուտարախանտ լեռնային նահանգը, ուր կը գտնուի Ճոշիմաթը, փխրուն բնավայր է», կ՛ըսեն երկրաբանները:

Նահանգը բնական աղէտներու երկար պատմութիւն ունի: 1880-1999 թուականներուն երկրաշարժերու եւ սահանքներու պատճառով աւելի քան 1300 մարդ զոհուած է: Պաշտօնական տուեալներով, 2000- 2020 թուականներուն պատահած աղէտները խլած են աւելի քան 1800 մարդու կեանք: Շուրջ 400 գիւղ ճանչցուած է որպէս բնակութեան համար վտանգաւոր:

Այսօր Ճոշիմաթի բնակիչները կը գտնուին կարթագլուխի գամերու(tenterhooks) վրայ: Որքա՞ն ժամանակ կը պահանջուի, որ երկիրը կլլէ անոնց տուները: Ի վերջոյ, այդ կրնայ դանդաղ հոլովոյթ մը ըլլալ: Ոչ ոք գիտէ, թէ քանի՛ մատնաչափ կամ ոտնաչափ հողը սահած է տասնամեակներու ընթացքին: Չկան ուսումնասիրութիւններ, թէ որքանով քաղաքը կրնայ խորտակուիլ ժամանակի ընթացքին:

Ամէնէն կարեւորը` կրնա՞յ փրկուիլ Ճոշիմաթը: Բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ըսած է, որ քաղաքին մէջ  բնակող մարդոց 40 առ հարիւրը անհրաժեշտ կ՛ըլլայ տարհանել, եթէ խորտակումը շարունակուի:

Եթէ այդ ճիշդ է, դժուար կ՛ըլլայ փրկել քաղաքին մնացեալ մասը:

Ծովուն Մէջ Կորսուած Հնդիկ Ձկնորսներու
Հրաշք Վերադարձը

Ձկնորսները նաւարկած են Թամիլ Նատուի Թենկաբատանամ նաւահանգիստէն

Երբ 27 նոյեմբերին Էտիսոն Տէյվիս եւ Օկուստին Նեմուս Հնդկաստանի հարաւային ափէն նաւարկեցին  ձուկ որսալու, անոնք խոստացան իրենց ընտանիքներուն, որ Սուրբ Ծնունդին տունը կ՛ըլլան:

Յետոյ, շաբաթներ շարունակ անոնցմէ ոչ մէկ լուր կար:

Երկու տղամարդիկ 15 ձկնորսներէ կազմուած խումբին մէկ մասն էին, որոնք շուրջ երեք շաբաթ նաւարկեցին Արաբական ծովուն մէջ ձուկ որսալու համար:

Տղամարդոց ընտանիքները սկիզբը խուճապի չմատնուեցան, անոնք վարժուած  էին: Ձկնորսները օրեր շարունակ ծովուն մէջ կը մնան: Բայց երբ Սուրբ Ծնունդը եկաւ ու անցաւ, եւ տղամարդիկ դեռ տուն չէին վերադարձած, ընտանիքները սկսան վախնալ վատագոյնէն: Անոնց մտքին մէջ թարմ էր Օկխի հզօր փոթորիկը, որ հարուածեց Հնդկաստանի հարաւային ափը 2017 թուականին եւ սպաննեց տասնեակ մը ձկնորսներ: Անոնք կը մտածէին, թէ արդեօք նման բան պատահա՞ծ է իրենց ընտանիքի անդամներուն:

Նեմուս որոշած է միայն ծովեզերքը ձուկ որսալ

Ձկնորսները նաւարկած էին «Քրիշա մոլ» կոչուող փայտէ նաւով` հարաւային Թամիլ Նատու նահանգի Թենկաբատանամ նաւահանգիստէն: Բայց եօթներրորդ օրը նաւակին շարժակը խանգարուեցաւ, եւ նաւը սկսաւ ծովուն աւելի խորերը երթալ: Ասիկա շարունակուեցաւ հինգ օր, մինչեւ յայտնուեցաւ Սրի Լանքայի նաւակը:

«Անձնակազմը մեր նաւը քաշեց տեղ մը, ուր ջուրը մօտ 8 մեթր խորութիւն ունէր: Մենք մտածեցինք, որ ապահով ենք եւ խարիսխը  նետեցինք այնտեղ», ըսաւ Նեմուս:

Քանի որ Սրի Լանքայի ձկնորսական նաւերուն արգիլուած է մտնել հնդկական ջուրեր, անձնակազմը ձկնորսներուն խորհուրդ տուած է անլար հաղորդագրութիւններ ուղարկել` օգնութիւն խնդրելով շրջանին մէջ գտնուող հնդկական ձկնորսական նաւերէն:

Երեք օր ետք նաւ մը պատասխանեց:

«Դժբախտաբար անոր շարժակը բաւարար հզօր չէր մեր աւելի ծանր «Քրիշա մոլ»-ը ափ քաշելու: Նաւը մեզի ձգեց իր խարիսխը, որպէսզի կարողանանք ամուր կապել մեր նաւակը եւ թոյլ  չտալ, որ այն շեղի», կ՛ըսէ Նմուս:

Սակայն 19 դեկտեմբերին յանկարծակի ուժգին հով մը  պատճառ դարձաւ, որ նաւակի խարիսխներէն մէկուն պարանը փրթի: Երեք օր ետք երկրորդ պարանը նոյնպէս փրթաւ, եւ նաւը կրկին սկսաւ շարժիլ:

«Մենք միայն կրնայինք աղօթել ծովուն  մէջ: Մենք չէինք գիտեր, թէ այդ մեզ ո՛ւր կը տանէր,- ըսաւ Նեմուս: Ես կը  մտածէի կնոջս եւ երկու դեռահաս տղաներուս մասին»:

«GPS-ը մեզի ցոյց տուաւ, որ 29 ծովային մղոն հեռաւորութեան վրայ կղզի կայ», ըսաւ Տէյվիս: Այն կը գտնուէր բրիտանական Հնդկական ովկիանոսի Սողոմոնեան կղզիներուն վրայ:

Օրեր ետք անոնք յայտնուեցան Հնդկական ովկիանոսի բրիտանական տարածքին գտնուող հեռաւոր կղզիի մը մօտ:

Ինը ձկնորսներ նստան նաւակ մը, բեռցուցին բրինձ եւ այլ ապրանքներ եւ ուղղուեցան դէպի կղզի: Մնացեալները նաւուն մէջն էին, որ շեղած էր իր դիրքէն եւ նաւակով վերադարձողները նաւը աւելի քան 5 ժամ փնտռելէ ետք գտան:

Եօթը ձկնորսները շուրջ հինգ ժամէն հասան փոքր անմարդաբնակ կղզին: Այժմ անոնք  նոր մարտահրաւէրի առջեւ կանգնած էին. ինչպէ՞ս պիտի գոյատեւէին: Անոնց պաշարը միայն 10 օր կը տեւէր, եւ ըմպելի ջուր չունէին: Ձկնորսները դիմեցին բնութեան օգնութեան: Եփելու համար կը գործածէին ծովուն ջուրը: Չգիտնալով, թէ ե՛րբ իրենք պիտի փրկուին, ձկնորսները գտած էին գոյատեւելու նորարարական ուղիներ, որոնց շարքին` կղզիին մէջ յայտնաբերուած հնդկնկոյզներէն ջուր խմելով:

«Ես կը զգայի, որ մենք կանգնած ենք մահուան դէմ: Մենք չէինք քնանար, խնայողաբար կ՛եփէինք եւ կ՛ուտէինք: Մենք կը վախնայինք, որ մեր պաշարները որեւէ ժամանակ կը սպառին: Մենք չէինք գիտեր, թէ ուր ենք մենք եւ որքա՛ն ժամանակ կը մնանք այնտեղ թակարդուած», ըսաւ Նեմուս:

Հինգ օր ետք` 27 դեկտեմբերին, անոնք կղզիէն որոշ հեռաւորութեան վրայ տեսան բրիտանական նաւ մը: Ձկնորսները կարմիր կտոր կապեցին ծառի ճիւղին եւ սկսան օգնութեան ազդանշան տալ:

«Մենք փորձեցինք կարելի բոլոր ձեւերով գրաւել նաւուն ուշադրութիւնը: Երկու ժամ ետք անձնակազմի չորս անդամները մօտեցան մեզի ջուրով եւ պտուղներու զամբիւղով: Յետոյ ձկնորսները նաւակով նաւ տարին», ըսաւ Տէյվիս :

2 յունուարին նաւը ձկնորսները յանձնեց հնդկական ծովուժին,  Հնդկաստանի հարաւային ափի Վիժինճամ նաւահանգիստին մէջ: Անոնց ինքնութիւնը ճշդելու եւ այլ ձեւակերպումներ կատարելու համար պահանջուեցաւ օր մը, որմէ  ետք անոնք վերամիաւորուեցան իրենց ընտանիքներուն:

«Երբ հասայ տուն, երեխաներս փաթթուեցան ինծի եւ հարցուցին, թէ ի՞նչ պատահած է: Ես անոնց պատմելու հեքիաթ ունէի: Չեմ գիտեր, թէ քանի՛ անգամ կրկնած եմ այն: Երբ մենք փակուած էինք այդ հեռաւոր կղզիին մէջ, մեզմէ ոչ ոք կը մտածէր, որ տուն կը վերադառնայ: Այս դէպքը ցնցած է զիս, եւ ես կը պատրաստուիմ ձուկ որսալ միայն ափին մօտ», կ՛ըսէ Նեմուս:

Է. Տէյվիս

Տէյվիս այլ կերպ կը զգայ: Ան կը հաստատէ. «Այս իմ աշխատանքս է: Այս իմ ճակատագիրս է»:

Նախորդը

Երբ Հայրենի Հողը Կը Կանչէ…

Յաջորդը

Երախտապարտ Ենք Հելլադային (Զմիւռնիոյ Աղէտին 100-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են
Մշակութային եւ Այլազան

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են

Մարտ 17, 2023
Հրաշք Մանուկը
Մշակութային եւ Այլազան

Հրաշք Մանուկը

Մարտ 10, 2023
Ասպարէզներ, Աշխատանքներ, Որոնք Այլեւս Գոյութիւն Չունին
Մշակութային եւ Այլազան

Ասպարէզներ, Աշխատանքներ, Որոնք Այլեւս Գոյութիւն Չունին

Մարտ 3, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In