Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երբ այս օրերուն արեւմտեան պետութիւններ գործ ու բան ձգած միլիառաւոր տոլարներ կը յատկացնեն Ուքրանիոյ` իբր թէ զայն փրկելու համար, անշուշտ միտումնաւոր կը մոռցուին նոյն այդ պետութիւններու բանակներուն գործած վայրագութիւնները իրենց սահմաններէն շատ հեռու վայրերու մէջ: Զոհերը անշուշտ միշտ կ՛անիրաւուին մարդկային իրաւունքներու մասին ճառողներու կողմէ: «Կարտիըն» կայքը գրած է Քենիոյ մէջ գիւղի մը մասին: Եզրակացութի՞ւնը…
Ն.
Ումոճայի մէջ միայն կիներուն արտօնուած է բնակիլ: Քենիոյ Սամպուրոյի շրջանի այս գիւղը ապաստան դարձած է սեռական բռնութենէ վերապրածներուն համար:

Ճէյն կ՛ըսէ, որ զինք բռնաբարած են համազգեստ հագած երեք տղամարդիկ: Ան կ՛արածէր ամուսինին այծերն ու ոչխարները եւ վառելու փայտ կը տանէր, երբ անոր վրայ յարձակեցան:
«Ես այնքան ամչցայ եւ չէի կրնար այդ մասին խօսիլ այլ մարդոց հետ: Անոնք սարսափելի բաներ ըրին ինծի», կ՛ըսէ Ճէյն, որուն աչքերը ցաւէն դուրս ցցուած են:
Ան 38 տարեկան է, բայց աւելի տարեց կ՛երեւի: Ան ցոյց կու տայ իր ոտքի վրայ խոր սպին, որ յառաջացած է, երբ զինք հրած են գետին: Հանդարտ ձայնով ան կը պատմէ. «Ես ի վերջոյ ամուսինիս մօրը ըսի, որ հիւանդ եմ, որովհետեւ պէտք է բացատրէի վնասուածքներս եւ իմ ճնշուած ըլլալս: Ինծի աւանդական բժշկութիւն տուին, բայց այդ չօգնեց: Երբ ան պատմեց ամուսինիս բռնաբարութեան մասին, ան զիս ձեռնափայտով ծեծեց: Այսպիսով, ես փախայ եւ իմ երեխաներուս հետ այս գիւղը եկայ»:
Ճէյն այժմ կը բնակի Քենիոյ հիւսիսային Ումոճա գիւղին մէջ, որ շրջապատուած է փշաթելերով:
«Գիւղ կը հասնիմ օրուան ամէնէն տաք ժամուն, երբ երեխաները քնացած են: Այծերն ու հաւերը կը թափառին` խուսափելով բամպակէ գորգերէն, որոնց վրայ կիները նստած` զարդեր կը պատրաստեն զբօսաշրջիկներուն վաճառելու համար, անոնց մատները արագ կ՛աշխատին, եւ անոնք կը խօսին ու կը ծիծաղին իրարու հետ»:
Գոմերու չորցած աղբերով, եղէգներով եւ ճիւղերով կառուցուած խրճիթներու վրայ, կէսօրուան արեւուն տակ կը չորնան նոր լուացուած հագուստներ: Լռութիւնը կը խախտէ թռչուններու երգը` զրնգուն, յանկարծակի ու հաճելի: Այս տիպար սամպուրու գիւղ է, բացառութեամբ մը` այստեղ տղամարդիկ չեն բնակիր:
Կիները կը կրեն աւանդական սամպուրու զգեստ` նախշաւոր կիսաշրջազգեստներով, վառ գոյներով վերնաշապիկներ եւ ուսերուն կապած կանգա (գունաւոր վզնոցները) իրենց պարանոցին շուրջը կը ստեղծեն ապշեցուցիչ շրջանաձեւ նախշեր: Գունաւոր հագուստը կը հակադրուի չոր օդին, դաշտին եւ դաժան արեւուն, որ կը մաքրէ օդը լեցնող փոշին:

Գիւղը հիմնադրուած է 1990 թուականին` 15 կիներէ բաղկացած խումբի մը կողմէ, որոնք փրկուած են շրջանին մէջ գտնուող բրիտանացի զինուորներու բռնաբարութենէն: Ումոճայի բնակչութիւնը այժմ ընդլայնուած է` ներառելով բոլոր այն կիները, որոնք կը փախչին կանուխ ամուսնութենէն, կիներու ծննդական գործարաններու հաշմանդամ դարձնելէն, ընտանեկան բռնութենէն եւ բռնաբարութենէն, որոնք բոլորը մշակութային կանոններ են Սամբուրոյի շրջանին մէջ:
Ռեբեքա Լոլոսոլի Ումոճայի հիմնադիրն է եւ գիւղի մայրիշխանը (matriarch): Ան հիւանդանոցն էր եւ կ՛ապաքինէր: Խումբ մը տղամարդիկ զայն ծեծած էին, ապա ան համարձակած էր իր գիւղի կիներուն հետ խօսիլ իրենց իրաւունքներուն մասին: Սամբուրուները սերտօրէն կապուած են մաասայի ցեղի հետ եւ նոյն լեզուն կը խօսին:
Անոնք սովորաբար կ՛ապրին հինգէն 10 ընտանիքէ բաղկացած խումբերով եւ կիսաքոչուոր հովիւներ են: Անոնց մշակոյթը խորապէս նահապետական է: Գիւղի ժողովներուն տղամարդիկ կը նստին ներքին շրջանակի մը մէջ` քննարկելու համար գիւղի կարեւոր հարցերը, իսկ կիները կը նստին դուրսը` միայն երբեմն արտօնութիւն ստանալով կարծիք յայտնելու:
Ումոճայի առաջին անդամները բոլորը եկած էին Ռիֆթի հովիտը գտնուող մեկուսացած Սամպուրու շրջանի գիւղերէն: Այդ ժամանակէն ի վեր կիներ եւ աղջիկները, որոնք կը լսեն ապաստանին մասին, կու գան եւ կը սորվին առեւտուր ընել, մեծցնել իրենց երեխաները եւ ապրիլ` առանց տղամարդոց բռնութեան եւ խտրականութեան վախի:
Ներկայիս Ումոճայի մէջ 47 կին եւ 200 երեխայ կայ: Թէեւ բնակիչները կ՛ապրին չափազանց խնայողաբար, այս նախաձեռնող կիները եւ աղջիկները կը ստանան կանոնաւոր եկամուտ, որ բոլորին համար կ՛ապահովէ սնունդ, հագուստ եւ ապաստան: Գիւղի ղեկավարները գետէն շուրջ քիլոմեթր մը հեռաւորութեան վրայ գտնուող ճամբար մը ունին, ուր կը մնան սաֆարի զբօսաշրջիկներու խումբերը: Այս զբօսաշրջիկներէն շատերը, որոնք կ՛անցնին մօտակայ բնական արգելոցներէն, նոյնպէս կ՛այցելեն Ումոճա: Կիները անոնցմէ կը գանձեն մուտքի համեստ գումար մը` այն յոյսով, որ գիւղ մտնելէ ետք այցելուները կը գնեն իրենց պատրաստած զարդերը:
Լոլոսոլին բարձրահասակ է եւ ուժեղ կազմուածքով: Անոր ածիլուած գլուխը զարդարուած է աւանդական սամպուրու ուլունքներով, զարդանախշերով: Լոլոսոլին գիւղը հիմնադրելէն ի վեր ենթարկուած է շրջանի տղամարդոց բազմաթիւ սպառնալիքներուն եւ յարձակումներուն, բայց ան անդրդուելի մնացած է: Լոլոսոլի երբեմն կ՛այցելէ Գերմանիա, ուր կը բնակին իր երկու դուստրերը: Ան հպարտ է, որ միւս կիները գիւղին մէջ նուաճումներ արձանագրած են:

Ումոճա գիւղի իւրայատկութիւններէն մէկը այն է, որ աւելի փորձառու բնակիչներէն ոմանք կը վերապատրաստուին եւ կը կրթեն Սամպուրու շրջակայ գիւղերու կիներ եւ աղջիկներ` այնպիսի հարցերու շուրջը, ինչպիսիք են կանուխ ամուսնութիւնը եւ կիներու ծննդական գործարաններու հաշմանդամ դարձնելը: Ուլունքներով զարդերը Սամպուրուի մշակոյթի կարեւոր տարրերն են: «Առաջին վզնոց» արարողութեան ժամանակ հայրը աղջկան համար կ՛ընտրէ աւելի մեծ «ռազմիկ» տղամարդ մը, որուն հետ դուստրը այս պահուն ժամանակաւոր ամուսնութեան մէջ պիտի մտնէ: Յղութիւնը արգիլուած է, բայց հակաբեղմնաւորիչները (contraceptive) անմատչելի են: Եթէ աղջիկը յղիանայ, անոր կը ստիպեն վիժումի դիմել: Այլ կիներ կ՛օգնեն:
«Եթէ աղջիկը փոքր տարիքին ամուսնանայ, այդ աղջիկը իրաւասու ծնող չ՛ըլլար: Ծննդաբերելու ատեն անոնք կը բախին բազմաթիւ դժուարութիւններու, որովհետեւ շատ փոքր են: Նոյնիսկ պարտականութիւնները, տնային գործերը կատարելը անոնց համար դժուար է: Զանոնք կը նետեն անասունները խնամելու», կ՛ըսէ Միլքան` տնօրէնը դպրոցին, ուր նոյնպէս կը յաճախեն շրջակայ գիւղերու երեխաներ:
«Խօսքի ծառ»-ին տակ կիներ կը հաւաքուին որոշումներ տալու համար:
«Ես սորված եմ այս գիւղին մէջ ընել այնպիսի բաներ, որոնք սովորաբար կիներուն արգիլուած է ընել: Ինծի թոյլ կու տան առանձին դրամ շահիլ: Երբ զբօսաշրջիկը կը գնէ իմ ուլունքներէս քանի մը հատը, ես շատ հպարտ կ՛ըլլամ», կ՛ըսէ 50-ամեայ Նակուսի, որ հինգ երեխաներու մայր է:
Մեմուսին պաշտօնական դիմաւորողն է: Ուլունքները կը զարդարեն անոր գլուխն ու վիզը: Ան ամուսինէն փախած է ամուսնութենէն միայն օր մը ետք, 1998-ին:
«Հայրս 11 տարեկանիս զիս կովերու հետ առեւտուր ըրաւ,- կը պատմէ ան: – Ամուսինս 57 տարեկան էր»:

Ճուտիա խօսուն, ինքնավստահ, 19-ամեայ երիտասարդուհի մըն է, որ 13 տարեկանին եկած է Ումոճա: Ան ամուսնանալէ խուսափելու համար տունէն փախած է:
«Ամէն օր ես ժպտուն կ՛արթննամ, որովհետեւ զիս կը շրջապատեն օգնութիւնն ու զօրակցութիւնը», կ՛ըսէ ան, որուն մազի երկար հիւսքերը զսպուած են գունագեղ ուլունքներով:
«Դուրսը կիներ կը ղեկավարուին տղամարդոց կողմէ, որպէսզի չկարողանան իրենց ուզած փոփոխութիւնը ստանալ», կ՛ըսէ Սէյտա Լենկիման` տարեց կին մը: Ումոճայի մէջ կիներ ազատութիւն ունին»:
Հետաքրքրական է, որ միայն կիներով բնակուած այս գիւղին մէջ բազմաթիւ երեխաներ կան: Ինչպէ՞ս այդ կը պատահի:
«Ահ,- կը ծիծաղի երիտասարդ կին մը,- մենք դեռ կը սիրենք տղամարդիկը: Անոնց մուտքը այստեղ արգիլուած է, բայց մենք կ՛ուզենք երեխաներ ըլլան, կիները երեխաներ ունենան, նոյնիսկ եթէ ամուսնացած չեն»:
Գիւղին մէջ տղամարդիկ չէք տեսներ, սակայն երեխաներ կը տեսնէք: Այս կը նշանակէ, որ կիներ կ՛երթան տղամարդոց:
Շրջակայքը գտնուողները այս գիւղին նկատմամբ տակաւին կասկածներ ունին: Դրացի գիւղին ղեկավարը կը պատմէ, որ` «Տղամարդոց մեծամասնութիւնը երեքէն չորս կին ունի այս գիւղին մէջ:
«Այս առանձին ապրող, չամուսնացած կիներու գիւղն է: Անոնցմէ ոմանք բռնաբարութեան զոհ են, ոմանք` մանկահասակ ամուսնութիւններու: Անոնք կը կարծեն, թէ կ՛ապրին առանց տղամարդոց, բայց այդ կարելի չէ: Անոնցմէ շատեր զաւակներ կ՛ունենան, որովհետեւ քաղաքներու մէջ կը հանդիպին մարդոց, որոնց կը ծանօթանան, եւ այդ մարդիկը գիշերով կու գան ու կը մտնեն անոնց խրճիթները: Ուրիշ ոչ ոք կը տեսնէ զանոնք», կ՛ըսէ դրացի գիւղէն անձ մը:

«Ամէն օր ես կ՛արթննամ եւ կը ժպտիմ»
Ումոճայի մէջ երիտասարդ կին մը կ՛ըսէ, որ հինգ երեխայ ունի, իւրաքանչիւրը` տարբեր հօրմէ: «Մեր մշակոյթին մէջ չամուսնացած ըլլալը եւ երեխաներ ունենալը լաւ չէ: Բայց աւելի վատ է չունենալը: Առանց երեխաներու` մենք ոչինչ ենք», կ՛ըսէ ան:
Ումոճա գիւղի բնակիչները բազմացած են, մինչ անոր հիմնական պատճառներէն մէկուն` բրիտանացի զինուորներու եւ այլ տղամարդոց կողմէ իրականացուած բռնաբարութեան մասին յիշողութիւնները չեն մարիր:
1928 թուականին ծնած Սէյթա իր գրեթէ դատարկ խրճիթին մէջ նստած է խսիրի մը վրայ, ուր նոյնպէս կը քնանայ: Ան տոպրակի մը մէջ ունի չոր սեւ լուբիա, որ պիտի եփէ կէսօրուան ճաշի համար, երբ երեխաները դպրոցէն վերադառնան:
«Ես իմ հին գիւղիս մէջ բամբասանքներէ լսած եմ կիներու գիւղի մը մասին: Հոս գալուս առաջին իսկ պահէն ուրախ եղած եմ: Ինծի այծ տուած են: Ջուր տուած են: Ես սկսայ ապահով զգալ»:
Սէյթա կը խնամէ իր թոռնուհին, ամէն օր զայն դպրոց կը տանի նախքան ջուր եւ վառելու փայտ հաւաքելու երթալը: Օրուան մնացեալ մասը կը զբաղի զարդերու պատրաստութեամբ: Զայն բռնաբարած են բրիտանացի զինուորները:
«Ումոճա եկայ, որովհետեւ չէի ամուսնացած: Բրիտանացիներուն ըրածէն ետք ես երբեք չեմ կրնար ամուսնանալ», կ՛ըսէ ան:
Ինչպէս` բազմաթիւ տարեց սամպուրու կիներ, Սէյթան եւս ո՛չ կարդալ գիտէ, ո՛չ գրել:
Նթիպայոն ծերութենէն եւ քրտնաջան աշխատանքէն ծռած է, կողոսկրները կ՛երեւին անոր գոյնզգոյն հագուստին տակէն: Ան Ումոճա եկած է աւելի քան 15 տարի առաջ:
«Ես եկած եմ հոս ամուսինիս հետ ունեցած խնդիրներու պատճառով: Բրիտանացի երեք զինուորներ բռնեցին զիս, երբ ես փայտ կը հաւաքէի: Անոնք զիս հրեցին գետին: Երբ կը յիշեմ, միշտ կուրծքս կը ցաւի», կը պատմէ ան:
2003-ին Ումոճայի խումբ մը կիներ հանդիպեցան բրիտանական բանակի ցանած ականներէն վիրաւորուած կիներ բուժող Leigh Day-ի փաստաբաններու հետ: Կիները բացայայտեցին 30 տարի տեւած բռնաբարութեան մեղադրանքները: Անոնց մեծ մասը յայտնեց զինուորներու կողմէ խմբային բռնաբարութեան դէպքերու մասին: Զինուորները յարձակած են կիներու վրայ, երբ անոնք փայտ հաւաքելու կամ մաքուր ջուր բերելու համար դուրս կ՛ելլէին:

Leigh Day-ի գործընկերը` Մարտին Տէյ, փաստաբաններէն մէկն էր, որոնց դիմած էին կիները: Տէյ եւ անոր խումբը հաւաքեցին շարք մը փաստաթուղթեր` ոստիկանութեան եւ բժշկական զեկոյցներ: Տէյ իր բացայայտումներուն մասին յայտնած է Բրիտանիոյ ռազմական ոստիկանութեան, որ քննութիւններէ ետք ըսած է, որ այդ արձանագրութիւնները կեղծ են:
Երբ Տէյ խնդրած է վերադարձնել փաստաթուղթերը, անոր ըսած են, որ անոնք անհետացած են: Փաստաթուղթերը երբեք չեն յայտնաբերուած:
«Հարցը փակուած չէ, բայց չափազանց դժուար կ՛ըլլայ հետապնդելը առանց փաստաթուղթերու: Մենք կ՛ուզէինք պահանջել փոխհատուցում` զինուորներու ձեռքէն տուժած կիներուն եւ աղջիկներուն համար: Անոնց կեանքը, բառիս բուն իմաստով, քայքայուած էր», կը նշէ փաստաբանը:
Ճէյն, որ Ումոճա եկած էր բռնաբարուելէ ետք` փախչելով իր դաժան ամուսինէն, չի պատրաստուիր կրկին ամուսնանալ, բայց կ՛ուզէ մնալ գիւղին մէջ, որպէսզի օժանդակութիւն ստանայ, իսկ երեխաները կարողանան դպրոց երթալ:
«Ես կ՛ուզեմ, որ իմ երեխաներս ազատ ըլլան ամուսնանալու անոնց հետ, որոնք իրենք կ՛ընտրեն», կ՛ըսէ ան:
Կիներէն շատեր կ՛ըսեն, որ Ումոճայի մէջ բնակելէ ետք այլեւս չեն կրնար պատկերացնել կրկին ապրիլ տղամարդու հետ:
34-ամեայ Մերին, զոր վաճառած են 80-ամեայ տղամարդու մը, երբ միայն 16 տարեկան էր, կ՛ըսէ. «Ես բնաւ չեմ ուզեր հեռանալ կիներուն աջակցող այս գիւղէն»:
Մերին ինծի ցոյց կու տայ ափ մը չորցուած լուբիա, որ ան շուտով պիտի պատրաստէ ընթրիքի համար:
«Մենք շատ բան չունինք, բայց Ումոճայի մէջ ես ունիմ այն, որ ինծի անհրաժեշտ է», կ՛ըսէ Մերի: