Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորօրեայ Առասպե՞լ, Թէ՞ Մարդիկ Խաբելու Արուեստը

Յունուար 27, 2023
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 

Յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ շատ տարածուած երեւոյթ եղած է առեղծուածային պատմութիւններու հրապարակումը, տարածումը թերթերու, պատկերասփիւռի, շարժապատկերներու եւ այժմ համացանցի միջոցով: Կարգ մը խմբակներ օգտագործելով շատերու սնահաւատութիւնը եւ  միամտութիւնը` կը հիւսեն առասպելներ, որոնք որպէս իրականութիւն «կը վաճառեն»: Անշուշտ նոյնպէս կան մութ ուժեր, որոնք չես գիտեր` ի՛նչ շահեր կը հետապնդեն: Ամերիկեան քանի մը կայքերէ քաղելով` կը ներկայացնենք Մոնթանայի Լանկվիյ աւանի անհետացման առասպելը:

Ն.

Լանկվիյ գոյութիւն ունեցա՞ծ է, թէ՞ ոչ

Լանկվիյի առասպելը պատուած է առեղծուածով եւ հակասութիւններով: Ինչպէս կ՛ըսուէր, այս առեղծուածային ուրուական աւանը անհետացաւ առանց հետքի: Ուրուական քաղաքները, ըստ կանոնի, կ՛անհետանան հետք մը ձգելով, բայց կը թուէր, թէ Լանկվիյը իր ետին ոչ մէկ ֆիզիքական ապացոյց ձգած է:

Միւս ուրուական քաղաքները Մոնթանայի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս իրենց գոյութեան ապացոյցները կը ձգեն: Դուք կրնաք տեսնել հին գոմերը, տուները եւ նոյնիսկ հիմնական փողոցային առեւտուրի մնացորդները: Բայց Լանկվիյի պարագան այդպէս չէ:

Այս աւանը գոյութիւն ունի փսփսուքներու, ստուերներու եւ  տարաձայնութիւններու մէջ: Որոշ մարդիկ կ՛երդնուն, որ դուք դեռ կրնաք գտնել Լանկվիյի ուրուականներու նման մնացորդներ: Բայց եւ այնպէս, ուրիշներ կը վկայեն, որ ամբողջ առասպելը խնամքով պատրաստուած կեղծիք է:

Եկէք` փորփրենք տեսնելու համար, թէ արդեօք կրնա՞նք հասնիլ Լանկվիյ առասպելի յատակին:

Ո՞րն է Մոնթանայի անհետ կորսուած աւանը

Առասպելը կ՛ըսէ, որ Մոնթանա նահանգի Լանկվիյ աւանի բոլոր ֆիզիքական եւ առցանց ապացոյցները հեռացուած են 2000 թուականի սկիզբին: Այսօր դուք այդ աւանին մասին առցանց ոչ մէկ լուսանկար կամ յիշատակում կը գտնէք: Առասպելը նոյնպէս կը պնդէ, որ առեղծուածային ուժ մը 1900-ականներու սկիզբին Լանկվիյի բնակիչները անհետացուց:

Հաւատացողները ձեզի կ՛ըսեն, որ Լանկվիյ անհետացած է, քանի որ անոր բնակիչները անհետացած են անօրէն հանգամանքներու մէջ: Աւելի՛ն. անոնք կը կարծեն, որ պետութիւնը կ՛ուզէ այն մեզմէ գաղտնի պահել:

Ոմանք կ՛ըսեն, որ քաղաքի գոյութեան բոլոր ապացոյցները մաքրուած են բնակավայրէն եւ համացանցէն: Այս ուժերը չէին ուզեր, որ ոեւէ մէկը չափազանց շատ հարցումներ ուղղէ:

Կասկածողները ձեզի կ՛ըսեն, որ Մոնթանայի անհետացած աւանը խաբէութիւն է, որ առաջին անգամ յիշատակուած է 2016-ին վերապատրաստուած Ghostbusters շարժապատկերին մէջ: Բազմաթիւ կասկածողներ կը պնդեն, որ Ghostbusters-ը պատրաստողները ստեղծած են Լանկվիյի առասպելը` իրենց գալիք շարժապատկերին համար աղմուկ բարձրացնելու նպատակով:

Արդեօ՞ք Լանկվիյ  իսկական վայր է

Այդ կախուած է այն բանէն, թէ որո՛ւ  կը հարցնէք: Լանկվիյի  առցանց որոնումը ոչ մէկ լուսանկար, քարտէսի վրայ աւանին գտնուելու վայրը կամ այլ տեղեկութիւններ կու տայ, որոնք կրնան ձեզ այնտեղ տանիլ: Դուք նոյնպէս չէք գտներ այնտեղ ապրած մարդոց պատմութիւններ կամ տեղեկութիւններ, թէ ինչպէ՛ս ամէն բան անհետացած է:

Բազմաթիւ մոնթանացիներ կ՛երդնուն այն փաստով, որ Լանկվիյը իսկապէս գոյութիւն ունեցած է: Անոնք նոյնպէս կը պնդեն, որ առասպելը Ghostbusters շարժանկարէն առաջ գոյութիւն ունեցած է:

Ինչո՞ւ Լանկվիյ  հռչակաւոր է

Լանկվիյ յայտնի է բնակիչներու ենթադրաբար անհետացման սարսափելի ձեւով: Հաւատացողները միշտ կ՛ըսեն, որ առեղծուածային ուժ մը քաղաքի բնակիչները անհետացուցած է:

Մենք չենք գիտեր, թէ այդ մէկը իրականութեան մէջ ի՛նչ կը նշանակէ: Իբր թէ բոլոր ապացոյցները ջնջուած են այնտեղ տեղի ունեցածը գաղտնի պահելու համար:

Լանկվիյ նոյնպէս յայտնի է իր գոյութեան շուրջը վէճերու պատճառով: Շատեր կ՛ըսեն, որ գեղարուեստական հեքիաթը պարզապէս քաղաքային առասպել է, մինչ միւսները ջերմեռանդ հաւատացողներ են: Այդ բանավէճը, թէ արդեօք այն եղա՞ծ է, եւ ի՞նչ պատահած է բնակիչներուն, կը նպաստէ անոր հռչակին:

Ի՞նչ է Լանկվիյի առասպելը  

Առասպելը կ՛ըսէ, որ 1900-ականներու սկիզբին առեղծուածային ուժ մը Լանկվիյը եւ բնակիչները անհետացուց: Բնակիչները կա՛մ մահացած են, կա՛մ կարճ ժամանակ ետք անհետացած:

Ապա կազմակերպութիւն մը չուզեց, որ ոեւէ մէկը գիտնար, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է: Անոնք եկան եւ մաքրեցին քաղաքի գոյութեան բոլոր ապացոյցները: Քողարկումը այնքան հեռուն գնաց, որ համացանցը մաքրեց որեւէ յիշատակում, ապացոյց:

Բայց եւ այնպէս, առասպելները զուարճալի են:

Դուք դեռ կրնաք գտնել Լանկվիյի որոշ պատմութիւններ այնտեղ եւ կրնաք ընտրել` հաւատա՞լ, թէ՞ ոչ:

Ո՞ւր կրնաք գտնել Լանկվիյը

Հաւատացողները կը վկայեն, որ Մոնթանայի Լանկվիյը կը գտնուէր արեւելեան դաշտավայրերուն մէջ: Բայց չկան շատ ապացոյցներ, որոնք կ՛օգնեն ձեզի գտնելու խորհրդաւոր աւանը:

Կուկըլի քարտէսները ցոյց չեն տար Լանկվիյը: Բացի ատկէ` դուք միայն կը գտնէք ուրուագծային համացանցային հաշիւներ այն մասին, թէ ո՛ւր կրնար ըլլալ:

Լանկվիյի առասպելը նոյնպէս կը նշէ, որ ամբողջ քաղաքն ու անոր բնակիչները անհետացած են: Այսպիսով, դուք դժուար կը հասկնաք Լանկվիյի գտնուելու վայրը, նոյնիսկ եթէ կանգնած ըլլաք ճիշդ այնտեղ:

Մոնթանան ունի՞ ուրուական այլ քաղաքներ

Ինչպէս Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններ, Մոնթանան եւս ունի բազմաթիւ ուրուական քաղաքներ, որոնք դուք կրնաք իրականութեան մէջ այցելել եւ ուսումնասիրել:

Մոնթանայի Քասլ Թաունը, որ հիմնադրուած է 1891 թուականին, ունէր դպրոց, բանտ, խանութներ, 14 սրահ եւ 7 հասարակաց տուն: 1893 թուականին Արծաթէ խուճապը ոչնչացուց զայն, եւ կարճ ժամանակ ետք անիկա դարձաւ ուրուական քաղաք: Դուք կրնաք տեսնել Քասլ Թաունի մնացորդները եւ գիտնալ անոր մասին ամէն բան, Մոնթանայի Ուայթ Սալֆր Սփրինկս քաղաքի թանգարանին մէջ:

Պաննաք հիմնադրուած է 1862 թուականին, եղած է Մոնթանայի  առաջին մայրաքաղաքը: Հակառակ իր սկզբնական յաջողութեան` Պաննաք ի վերջոյ դարձաւ Մոնթանայի ուրուական քաղաք 1900-ականներու սկիզբին:

Պաննաք այժմ պետական հանրային պարտէզ է: Դուք կրնաք այցելել 60 կառոյցներ, որոնք տակաւին կանգնած են որպէս վկայութիւն, որ այս ուրուական քաղաքը գոյութիւն ունեցած է:

Շատերը 1800-ականներու կէսերէն հաւաքուեցան Մոնթանա` ոսկիի, արծաթի եւ այլ արժէքաւոր հանքերու համար: Այսպիսով, բազմաթիւ քաղաքներ շատ արագ վերելք ու անկում ապրեցան, եւ այս պատճառով Մոնթանայի մէջ ստեղծուեցաւ հարուստ ուրուական քաղաքի տարածք:

Կ՛արժէ՞ այցելել Լանկվիյ

Եթէ կը հաւատաք Լանկվիյի առասպելին, թերեւս ուզէք շրջագայիլ արեւելեան Մոնթանայի մէջ` գտնելու անոր գոյութեան եւ քաղաքացիներու վաղաժամ մահուան ապացոյցները:

Իսկ եթէ կը կարծէք, որ անիկա երբեք գոյութիւն չէ ունեցած, վստահաբար պիտի չգտնէք զայն, թէեւ կ՛արժէ փնտռել: Անկախ անկէ, թէ դուք հաւատացողներո՞ւ, թէ՞ խաբեբաներու խումբին մէջն էք,  ուրուական քաղաքները զուարճալի պատմական երեւոյթներ են, որոնք բոլորը կը մղեն գուշակութիւններ ընելու:

Մոնթանայի Լանկվիյ Աւանի
Շատերուն Անծանօթ Առասպելը

Շատեր չեն գիտեր Լանկվիյի մասին, որ առասպելական աւան մըն է Մոնթանա նահանգի մէջ, ուր կան քանի մը ուրուական աւաններ, իւրաքանչիւրը իր իւրայատկութեամբ փորագրուած` Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ:

Դուք գիտէի՞ք, որ Գանձ նահանգը ունի տարօրինակ առասպել մը, որ անհետացած  է գիշերուան մը մէջ:

Եթէ նախապէս բնաւ չէք լսած Մոնթանայի Լանկվիյ աւանին մասին, ահաւասիկ ձեզի կը ներկայացնենք ժողովրդական բանահիւսութիւնը:

Եթէ դիտած էք Ghostbusters շարժապատկերի 2016 թուականի տարբերակը, կրնաք յիշել Լանկվիյի մասին նշումը. «Ամբողջ Լանկվիյ աւանը կ՛անհետանայ»:

Բայց անոնց համար, որոնք գիտեն, այդ բաւական աղմկայարոյց է:

Լանկվիյի պատմութիւնը դարձած է Մոնթանայի քաղաքային առասպել, որ յատկապէս յայտնի է համացանցին մէջ:

Ոմանք կ՛ըսեն, որ ամբողջ աւանին անհետացման ապացոյցներու առցանց որոնումը սկսած է Ghostbusters շարժապատկերի հրապարակումէն ետք: Ուրիշներ երդում կ՛ընեն, որ այս մասին տարաձայնութիւններ շատ աւելի առաջ եղած են:

Անշուշտ Կուկըլի ոչ մէկ որոնումի միջոցով Լանկվիյի նկար կը գտնէք: Պատմութեան գիրքերուն մէջ անոր մասին ոչ մէկ ապացոյց կայ:

Բայց առասպելը կ՛ըսէ, որ Լանկվիյը իսկական աւան մըն էր, փոքր գիւղական վայր, որ խորհրդաւոր կերպով անհետացաւ 2000-ականներու սկիզբին: Այդ ընթացքին նոյնպէս անհետացան անոր վերաբերեալ բոլոր առցանց քննարկումները եւ այդ աւանի   գոյութեան բոլոր ապացոյցները:

Ակներեւ եւ պարզ է, որ Լանկվիյ իրականութեան մէջ երբեք գոյութիւն չէ ունեցած… թէ՞ այն եղած է:

Mandela Effect-ի շնորհիւ դուք կը գտնէք մոնթանացիներ, որոնք կ՛երդնուն, որ Լանկվիյ նախապէս գոյութիւն ունեցած է:

Mandela Effect-ը իրավիճակ մըն է, երբ մարդոց մեծ զանգուած մը կը կարծէ, թէ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցած է, երբ իրականութեան մէջ այդ տեղի չէ ունեցած: Ghostbusters-ի հրապարակումէն ետք քանի մը մոնթանացիներ նշած են աւանին մասին ակնարկը` շեշտելով, որ այն իրական վայր է, թէեւ այդ կրնար հեգնական ըլլալ:

Լսա՞ծ էք Լանկվիյի պատմութիւնը

Եթէ այդ  ոչինչ կ՛ըսէ, գոնէ հիանալի նիւթ է հաւաքոյթներու ժամանակ խօսելու համար: Դուք նոյնիսկ կրնաք գտնել մէկը, որ կը պնդէ, թէ կը յիշէ այդ:

«Խնամքով Մշակուած Խաբէութիւն»

Պատմութիւնը հարուստ է զանազան առեղծուածային դէպքերով, ներառեալ` տարօրինակ ու անբացատրելի անհետացումով:

Կարծես, թէ զանազան  անհատներ ոչ միայն կը հեռանան երկրի երեսէն, այլեւ կը  թուի, թէ ամբողջ քաղաքներ պարզապէս կ՛անհետանան օդին մէջ, ոչ մէկ հետք կը ձգեն, եւ իրենց մասին չի խօսուիր:

Մոնթանա նահանգի քիչ յայտնի հեքիաթներէն մէկը կապուած է Լանկվիյ աւանի տարօրինակ «քաղաքային առասպելին»: Իբր թէ աւանը  «անհետացած է գիշերուան մը մէջ»: Հը՜մ…

Քաղաքը նոյնիսկ յայտնուած է Կուկըլի քարտէսին վրայ,  բայց ոչ ոք անձամբ կարողացած է գտնել այն: Կուկըլի քարտէսը, ըստ երեւոյթին, պահպանած է նկարներ փողոցներու տեսարաններէ, բայց` ոչ աւանի քարտէսը:

Հարցերը աւելի շփոթութեան մատնելու  համար աւանը գտնելու նպատակով Կուկըլի մէջ կատարուած է աւելի քան 7 միլիոն որոնում: Ոչ ոք գիտցած է կամ` բացատրած, թէ ինչո՞ւ աւանը գոյութիւն չունի:

Տարօրինակը այն է, որ ոչ մէկ ապացոյց կայ` կապուած  պատկերներու, որոնք կ՛օգնեն գտնել առեղծուածային քաղաքը:

Լանկվիյի կապուած ամէն բան  պատուած է առեղծուածով եւ  պատումով: Միայն խօսակցութիւններ կան առեղծուածային ուրուական աւանի մասին, որ անհետացեր է:

Բայց եւ այնպէս, շրջանի այլ ուրուական քաղաքներ, ըստ ոմանց, անհետացած են, բայց ձգած են որոշ վերջին մնացորդներ անցեալ ժամանակներէն: Լանկվիյ ֆիզիքական ոչ մէկ ապացոյց ձգած է, եթէ այն իսկապէս գոյութիւն ունէր:

Մոնթանայի այլ ուրուական քաղաքներու մէջ կը  ցուցադրուին իրենց գոյութեան մնացորդները անցեալ դարաշրջանէն: Դուք կրնաք տեսնել շէնքերու մնացորդներ, որոնք կը ծառայէին որպէս սրահներ, հին գոմեր, տուներ եւ նոյնիսկ փողոցային շուկաներ, բացի Լանկվիյէն:

Առասպելը այն մասին,  թէ Լանկվիյ գիւղական փոքր վայր էր, որ առեղծուածային կերպով անհետացաւ,  կարծես թէ կը  շարունակէ տարածուիլ: Տարբեր քննարկումներ նոյնիսկ կը պնդեն, որ այս մասին նախկին բոլոր քննարկումները նոյնպէս վերացած են:

Տարիներ շարունակ եղած են հաղորդումներ, երբ քաղաքը որոշ ժամանակ յայտնուած է Կուկըլ որոնման մէջ, նաեւ` առաջարկուող որոնման տարբերակներ, որոնք ապարդիւն եղած են:

Կային քանի մը այլ չարանենգ  վերնագրեր, ինչպիսիք են` «Լանկվիյի արկածը», «Լանկվիյ անհետացաւ» եւ այլն:

Յայտնի զրոյցներէն մէկը այն է, որ բնակիչները իբր թէ անհետացած են սարսափելի ձեւով մը: Բազմաթիւ հաւատացողներ անընդհատ կ՛ըսէին, որ առեղծուածային ուժ  մը աւանի մարդիկը «անհետացուցած» է:

Կը թուի, թէ  ոչ ոք իրականութեան մէջ  տուեալ մը ունի, թէ այդ  իրականութեան մէջ ի՛նչ կը նշանակէ: Իբր թէ բոլոր ապացոյցները ջնջուած են այնտեղ տեղի ունեցածը քողարկելու համար:

Այսպէս կոչուած դաւադրութեան տեսութեան տեսակները  ուսումնասիրելով` կասկածած են, թէ  Լանկվիյ  ոչ միայն անհետացած է, այլեւ աւանին վերաբերեալ բոլոր տուեալները ձեւով մը ջնջուած են համացանցէն:

Սնուցանող գործօններէն մէկը, որ անգամ մը եւս օգնեց ի յայտ բերել Լանկվիյի առասպելը, աւանին  մասին յիշատակումն է Ghostbusters շարքի վերջին շարժապատկերին մէջ:

Թէեւ շատ հաւանական է, որ այս ամբողջը կապուած է շարժապատկերի ճարպիկ շուկայավարման եւ ծանուցումի արշաւին: Որոշ տեղացիներ կը պնդեն, որ անհետացած աւանի մասին խօսակցութիւնները շարժապատկերէն շատ աւելի առաջ   տարածուած են:

Ըստ երեւոյթին, շարժապատկերին քանի մը գրախօսներ, որոնք Մոնթանայէն են, աւանը  անուանած են իրական վայր: Բայց այդ  եւս կրնայ տարաձայնութիւն ըլլալ:

Շարժապատկերին մէջ երբ Ghostbusters խումբը կը գտնուի քաղաքապետի գրասենեակին մէջ, անոնցմէ մէկը կը շեշտէ, որ  իրենց գործողութիւնները պէտք է գաղտնի պահել:

Գործակալ Ռուրք կ՛ըսէ. «Նիւ Մեքսիքոյի մէջ  ոստիկանը կը յայտնէ այլմոլորակային թռչող առարկայի հետ  հանդիպման մասին, Ուրանկ Մետանի անձնակազմը խորհրդաւոր պայմաններու մէջ կը մահանայ,  Մոնթանայի Լանկվիյ աւանը  կ՛անհետանայ»:

Պո՛ւմ, եւ ահա… որեւէ  աւելի խոր քննութիւն կամ դրդում կարծես  միայն աւելի շատ տարաձայնութիւն եւ մթութիւն կը յառաջացնէ:

Անշուշտ կան բազմաթիւ մարդիկ` թէ՛ տեղացի, թէ՛ այլ, որոնք կը վկայեն, որ Լանկվիյի ամբողջ առասպելը խնամքով մշակուած խաբէութիւն է` ըլլայ ծանուցումի, թէ զբօսաշրջային նպատակներով:

Բայց ի՛նչ կ՛ուզէք` ըսէք, «Մոնթանայի այս անհետացած աւանը» կը սիրէ ժամանակ առ ժամանակ հունձք տալ:

Լանկվիյը պարզապէս կրնայ  ճանչցուիլ որպէս «անհետացած աւան» քաղաքային առասպելի երեւոյթներէն մէկը:

Եթէ Մոնթանայէն մարդիկ կը յիշեն որեւէ մանրամասնութիւն աւանին մասին, որ անհետացած է 2000 թուականի առաջին օրերուն,  տեղ մը այդ  սովորական անորոշութիւն է:

Լանկվիյը զանազան պատճառներով անուանած են «այն քաղաքը, որ համացանցը կ՛ուզէ, որ դուք մոռնաք»: Ասիկա մեծապէս պայմանաւորուած է անով, որ երկու տասնամեակներու ընթացքին աւանին որոնումները որոշ պահու մը սկսան ոչինչ տալ, եւ ճիշդ այդ ժամանակ ալ սկսաւ առեղծուածը:

Մոնթանայի Լանկվիյ աւանը կարծես թէ գոյութիւն ունի իրական աշխարհի եւ թուային տիրոյթի միջեւ, ինչպէս ցոյց տրուած է Google Earth-ի տան պատկերով:

Բայց եւ այնպէս, առանց ներկայիս գիտական կամ ֆիզիքական ապացոյցներու, որոնք կը հաստատեն անոր գոյութեան փաստը, եւ բացի տարաձայնութիւններէ եւ առասպելներէ, շատ հաւանական կը թուի, որ Լանկվիյ իրականութեան մէջ երբեք գոյութիւն չէ ունեցած: Թէ՞…

 

Նախորդը

Սլաք. «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»

Յաջորդը

Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?