Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Որոշեցին Մնալ Եւ Աշխատիլ Իրենց Նախնիներու Հողին Վրայ»

Դեկտեմբեր 30, 2022
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Հինէն եկող երեւոյթ է. մարդիկ աւելի բարեկեցիկ ապագայի մը ձգտումով կը լքեն իրենց ծննդավայրը, հայրենի տունը, երբեմն` հարազատները, եւ կը մեկնին այլ վայրեր, ուր օտար մթնոլորտի, միջավայրի մէջ  կ՛ունենան յաջողութիւններ, սակայն ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնեն ազգային ինքնութիւնը, լեզուն: Բարեբախտաբար միշտ կ՛ըլլան այնպիսիներ, որոնք կ՛որոշեն մնալ եւ աշխատիլ իրենց նախնիներու հողին վրայ, երբեմն` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն: «Թրեւըլ» կայքին հրապարակած յօդուածը ուղղակի այս բնաբանին չ՛անդրադառնար, բայց եւ այնպէս ունի որոշ տարրեր:

Ն.

Քումպոսքուրօ. Իտալական Գիւղը,
Որ Չի Խօսիր Իտալերէն

Իտալիոյ «Փոքր Փրովանս» անուանուած Սանքտօ Լուչիօ տը Քումպոսքուրոն մեկուսացած գիւղ մըն է բոլոր իմաստներով:

Քումպոսքուրօ գիւղը կը գտնուի Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի Փիեմոնտ շրջանի սահմանի մօտ, ուր հասնելու համար այցելուները կա՛մ պէտք է օդանաւով ճամբորդեն Թուրին եւ  նստին գնացք, ապա` հանրակառք, կա՛մ ինքնաշարժով ընթանան Փրովանսէն դէպի հարաւ:

Անոնք, որոնք կը ճամբորդեն Քումպոսքուրօ, պահ մը կը կարծեն, թէ սխալ վայր եկած են, յատկապէս երբ տեղացիները անոնց հրաժեշտ կու տան անծանօթ «arveire»-ով, այլ ոչ թէ` «arrivederci»-ով:

Քումպոսքուրոյի պաշտօնական լեզուն փրովանսերէնն է, օքսիտաներէնի հին միջնադարեան լատինական բարբառը, որ կը խօսին Ֆրանսայի Օքսիտանիա շրջանին մէջ:

Գիւղը միայն 30 բնակիչ ունի: Կեանքը անոնց համար դիւրին չէ:

Քումպոսքուրոն հիմնականին մէջ բաղկացած է հովիւներէ, որոնց ոչխարները յաճախ յարձակումներու կ՛ենթարկուին  թափառող գայլերու կողմէ:

Ելեկտրական հոսանքը ձմրան յաճախ կ՛ընդհատուի շաբաթներով, իսկ համացանցը նուազագոյն արագութիւնը ունի:

Սակայն գիւղի անաղմուկ, լեռնային մարգագետիններն ու վառ մանուշակագոյն նարդոսի դաշտերը իտէալական են այն այցելուներուն համար, որոնք կը փնտռեն հանգստանալու անձայն վայր մը, ինչպէս` Ալպեան գագաթներէն տեսնուող դաշտերը, որոնք կ՛երկարին դէպի Քոթ տ՛Ազիւր:

Մոռցէ՛ք խմիչքի գիշերային վայրերը, հանրախանութները եւ ճաշարանները:

Հասարակական որեւէ աշխուժութիւն կը սահմանափակուի գիւղին մէջ երբեմն տեղի ունեցող ազգագրական հանդիսութիւններով, կամ երբ ցերեկային զբօսաշրջիկները շաբաթավերջին սունկ կը քաղեն:

Դանդաղ կշռոյթներով ապրելակերպ

Հովիւուհի Ագնէս Քարոնէ իտալական Քումպոսքուրօ  գիւղի փոքրաթիւ բնակիչներէն մէկն է:

Տեղացիները աւելի դանդաղ կշռոյթներով, բնութեան ներդաշնակ ապրելակերպ ունին:

«Մենք պատկերասփիւռ չունինք: Իրականութեան մէջ չէք փնտռեր այն, ինչ որ երբեք չէք ունեցած: Երբ ելեկտրական հոսանքը 15 օր կ՛ընդհատուի, խուճապի պատճառ չկայ. մենք կը գործածենք մեր մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն հին լապտերները», կը պատմէ 25-ամեայ տեղացի հովիւուհի Ագնէս Քարոնէ:

«Ես արշալոյսին կ՛արթննամ ոչխարները արածացնելու համար: Ես կ՛աշխատիմ տարեկան 365 օր, ոչ մէկ տօն: Ես չեմ գիտեր Սուրբ Ծնունդ եւ Ամանոր, որովհետեւ նոյնիսկ տօնակատարութիւններու ժամանակ իմ ոչխարներս պէտք է ուտեն եւ խնամուին: Այս զոհողութեան կեանք է, բայց այնքան ուրախալի է, երբ կը տեսնես գառնուկի մը ծնունդը»:

Քարոնէ կը տնօրինէ Լա Մէյրօ տի Չոքոն` հին ագարակ մը, Քումպոսքուրոյի մէջ միակը, որ անկողին եւ նախաճաշ կը տրամադրէ այցելուներու:

Անոնք, որոնք նախապէս կը պատուիրեն, կը պառկին փայտեայ  աւանդական տնակներու մէջ, պարտէզէն թարմ ուտելիքներ կը ճաշակեն եւ կրնան գնել իտալական բնիկ ոչխարը` սամպուքանան, որ նոյնպէս յայտնի է որպէս տեմոնթինա:

Մինչ գիւղի երիտասարդ բնակիչներէն շատեր տարիներ առաջ հեռացած էին աւելի պայծառ ապագայ փնտռելու համար այլուր, Քարոնէն եւ անոր եղբայրները որոշեցին մնալ եւ աշխատիլ իրենց նախնիներու հողին վրայ:

Անոնց մայրը բուժումի համար կանեփ եւ այլ բոյսեր կ՛աճեցնէ, օշարակներ կը պատրաստէ տերեւներէ:

Մշակութային վերածնունդ

Գիւղին մէջ յաճախ կը կայանան փառատօներ եւ ժողովրդական շքերթներ, որոնք կը նշեն Փրովանսի աւանդութիւնները:

«Այցելուները կ՛ողջունենք մեզի հետ մնալու համար, մեզի պէտք են մարդիկ, որոնք բացայայտեն մեր աշխարհը, մենք չենք ուզեր  մեզ մոռնան, մենք այնքան ժառանգութիւն ունինք բաժնեկցելու», կ՛ըսէ Քարոնէ:

25-ամեայ աղջիկը կ՛ըսէ. «Փրովանսերէ՛նը, որ յաճախ կը բնութագրուի որպէս ֆրանսերէնի եւ իտալերէնի խառնուրդ, իմ մայրենի լեզուս է, եւ ոչ` իտալերէնը»:

Ան կը բացատրէ, որ դարեր առաջ ապրող հասարակական-մշակութային եւ լեզուական համայնքի մաս ըլլալը իրեն կու տայ ինքնութեան եւ տարածքային պատկանելիութեան ուժեղ զգացում:

Փիետմոնտի շրջանը, ուր կը գտնուի Քումպոսքուրոն, պատմութեան մէջ քանի մը անգամ յայտնուած է իտալական կամ  ֆրանսական տիրապետութեան տակ: Այս պատճառով,  Քարոնէի նման, տեղացիները իրենք զիրենք, ո՛չ իտալացի, ո՛չ ֆրանսացի կը զգան, այլ պարզապէս` փրովանսցի:

Քումպոսքուրոյի վայրը

Շրջապատուած անտառներով, Վալէ Կրանայի մէջ, անիկա բաժնուած է 21 փոքր գիւղերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բաղկացած է քարաշէն եւ փայտակերտ քանի մը կացարաններէ: Թաղերը միացած են սայլերու, հեծանիւներու լեռնային արշաւներու եւ ձիավարութեան արահետներով, որոնք  պարսպապատուած են հողային արուեստի տեղադրումներով:

Անոր հիմնական թաղը, որ բաղկացած է միայն ութ գեղատեսիլ փայտակերտ հիւղակներէ, հաւաքուած` հին մատուռի շուրջը, հիմնադրուած է 1018 թուականին ֆրանսացի վանականներու կողմէ, որոնք վերականգնած են հողերը գիւղական գործածութեան համար:

Հակառակ անոր որ Քումպոսքուրոն կը ծաղկէր երկար տարիներէ ի վեր, ամէն բան սկսաւ փոխուիլ 1400-ականներուն, երբ դաժան ձմեռներուն բազմաթիւ ընտանիքներ կը տեղափոխուէին Փրովանս, ուր կը մնային տարուան մեծ մասը եւ կը վերադառնային  միայն ամրան:

Գիւղի բնակչութիւնը երկար տարիներ նուազած է: Բայց Քումպոսքուրոն վերածնունդ ապրեցաւ 1950-ականներուն, երբ Քարոնէի մեծ հայրը` Սերճիօ Առնէոտոն, ստանձնեց գիւղի դպրոցի ուսուցիչի պաշտօնը:

Նախնիներու տեղական լեզուն ուսումնասիրելէ ետք, ան օգնեց վերականգնելու փրովանսերէնի արմատները եւ բանահիւսական գրաւչութիւնը` ապահովելով համայնքին համար այնքան անհրաժեշտ մղումը, օգնութիւնը:

Հոգեւոր ուխտագնացութիւն

Այստեղ ամէն տարի կը կայանայ Ռումիաժ` հոգեւոր ուխտագնացութիւն Փրովանսէն Քումպոսքուրօ:

Այսօր կը կազմակերպուին թատերախաղեր աւանդական տարազներով դերասաններով, համերգներ, ժողովրդական պարեր, բարբառային մրցոյթներ, գրելու աշխատանոցներ, արհեստաւորներու խանութներ, բազմաթիւ հանդիսութիւններ, որոնք կը նշեն Փրովանսի աւանդութիւնները:

Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են եւ կ՛ուզեն աւելին գիտնալ, կրնան այցելել Քումպոսքուրոյի ազգագրական թանգարան, իսկ  Փրովանսի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին մէջ կը կայանան լեզուի եւ գրելու դասընթացներ` չափահաս սկսնակներու եւ պատանիներու համար:

Ամէն յուլիսին հազարաւոր փրովանսախօսներ աւանդական տարազով կը մեկնին Ռումիաժ` հոգեւոր ուխտագնացութեան, որ կը սկսի Ֆրանսայի Փրովանսէն, հարաւային Ալպեան լեռներէն, դէպի Քումպոսքուրօ:

Ուղեւորութիւնը զանոնք կը տանի ձիւնառատ գագաթներով, զառիթափ ձորերով եւ շագանակի անտառներով, նոյն ճամբով, որով անցեալին ընթացած են անոնց նախնիները, նոյնպէս` միջնադարեան առեւտրականները, օրէնքէ փախուստ տուողները եւ մաքսանենգները:

Երբ անոնք կը հասնին Քումպոսքուրօ, ուխտաւորները կը դիմաւորէ հսկայական փառատօն մը` վրաններով եւ գոմերով, որոնք կը տեղադրուին որպէս ժամանակաւոր կացարան:

Թէեւ բնակչութեան նուազումը շարունակած է պատուհասել գիւղը, սակայն անոր բնակիչները, որոնք այժմ աւելի գիտակից են իրենց արմատներուն, հիմնական կապ զարգացուցած են իրենց հայրենի քաղաքին հետ:

Այսօր Քումպոսքուրոն շատերու համար փրովանսեան փոքր տիեզերքի բնօրրան է:

Հարուստ ժառանգութիւն

Բնակիչները չափազանց հպարտ են իրենց ժառանգութեամբ եւ ամուր կառչած` իրենց հայրենի քաղաքին:

Կախարդներն ու վհուկները հսկայական դեր կը խաղան փրովանսեան աշխարհին մէջ, նոյնպէս` ալպեան համեղ ուտելիքը:

Քումպոսքուրոյի մէջ կախարդական մթնոլորտ կայ: Իրականութեան մէջ առասպելը կ՛ըսէ, որ շարք մը տեղացիներ օժտուած էին կոտրուած ոսկորները եւ ոլորուած բումբերը (սրունքին մսոտ մաս) բուժելու զօրութեամբ:

Ոմանք նոյնիսկ կը կարծեն, թէ անտառներուն մէջ կը բնակին Սարուան անունով պարիկներ, որոնք տեղացիներուն ոչ միայն սորվեցուցած են կարագ, Toma եւ Castelmagno պանիր պատրաստել, այլ կը կատակեն երկրագործներուն հետ`  գողնալով անոնց թարմ կաթն ու ընկոյզով լեցուն պայուսակները:

Ամէն տարի Քումպոսքուրօ կը կազմակերպէ Boucoun de Saber-ը` «գիտելիքի պատառները» ուտեստեղէնի հանրածանօթ տօնավաճառը, որ կը ցուցադրէ Փրովանսի հիմնական ալպեան համեղ ուտեստները:

Ինչ կը վերաբերի տեղական խոհանոցին, որոշ ճաշացուցակներ կը ներառեն La Mato, կամ` «խելագարը», որ բաղկացած է բրինձէ, համեմներէ, պրասէ եւ գետնախնձորէ: La Mato-ն կը տաքցնեն կրակարանին մէջ, հնագոյն ծէսով:

Aioli-ն` սխտորով պատրաստուած միջերկրականեան թացանը (սոս), յայտնի է որպէս դասական ուտեստներու ընկերացող:

Վտանգուած լեզու

Ուսուցիչ Սերճիօ Առնէոտօն 1950-ական թուականներուն օգնեց վերականգնել փրովանսերէնի արմատները:

«Մշակութային վերածնունդէն ետք, ատաղձագործները այժմ կը վաճառեն աւանդական ձեռագործ իրեր, իսկ ագարակներն ու երկրագործութիւնը կրկին ծաղկած են: Կրնաք գտնել խնձորի օղի, շագանակ, բուսական ըմպելիներ», կ՛ըսէ Տաւիտէ Առնոէտոն, որ կը ղեկավարէ Քումպոսքուրոյի ազգագրական թանգարանը եւ Փրովանսի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը:

«Գիտնականներ, մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ կը հաւաքուին այստեղ` արուեստի ցուցահանդէսներու եւ գիտաժողովներու համար, քննարկելու մեր հարուստ ժառանգութիւնը»:

Տեղական համայնքի իրազեկման արշաւներէն ետք, Իտալիա 1999 թուականին պաշտօնապէս ճանչցաւ օքսիտանական փոքրամասնութեան գոյութիւնը, եւ այժմ փրովանսերէնը պաշտպանուած է ազգային օրէնսդրութեամբ:

Փրովանսերէնը, սակայն, կը շարունակէ մնալ անհետացման վտանգի տակ գտնուող լեզու: 2010 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ներառուած  է վտանգի տակ գտնուող համաշխարհային լեզուներու ատլասին մէջ:

«Ասիկա աշխարհի այն քիչ հովիտներէն մէկն է, ուր մեր լեզուն կը գոյատեւէ», կ՛աւելցնէ Առնէոտօ, որ Քարոնէի հօրեղբայրն է եւ  Սերխիօ Առնէոտոյի որդին:

«Անցեալին այդ քնարական, գրական լեզու էր, որով կը խօսէին շրջող պալատականները: Ապա լեզուն մոռացութեան մատնուեցաւ, բայց այստեղ, հայրիկիս ջանքերուն շնորհիւ, երիտասարդութիւնը վերագտաւ իր նախնիներու ժառանգութիւնը, եւ շատեր որոշեցին մնալ»:

Նախորդը

Աբրահամ Աշճեանի Ուղիով (Առեւանգման 40-Ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճէն Խումբ Մը Աշակերտներ Այցելեցին «Զուարթնոց» Կեդրոն

RelatedPosts

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են
Մշակութային եւ Այլազան

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են

Մարտ 17, 2023
Հրաշք Մանուկը
Մշակութային եւ Այլազան

Հրաշք Մանուկը

Մարտ 10, 2023
Ասպարէզներ, Աշխատանքներ, Որոնք Այլեւս Գոյութիւն Չունին
Մշակութային եւ Այլազան

Ասպարէզներ, Աշխատանքներ, Որոնք Այլեւս Գոյութիւն Չունին

Մարտ 3, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In