Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երեխաներ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը զոհուին զինեալ մարդասպաններու կողմէ, բայց ազդեցիկ ոչ մէկ կարծիք կայ այն մասին, թէ այս տագնապը ինչպէ՛ս պէտք է դիմակայել: Պարզ է, որ զէնքի գործարանները, վաճառականները, արտադրողները բաւական պաշտպանուած են իշխանութեան զանազան խաւերու մէջ գտնուող բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ: Զարմանալի է, որ անհատ մը զէնք ձեռք կը ձգէ եւ հաւաքականութեան մը մէջ (երբեմն` դպրոց կամ համալսարան) մտնելով` կուրօրէն կը կրակէ, եւ այս ոճիրին առաջքը կարելի չ՛ըլլար առնել: Մինչ երիտասարդները կը պնդեն, որ ոստիկանութիւնը, օրէնքները լուծումներ չեն: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթի կայքը այս առնչութեամբ հրապարակած է յօդուած մը:
Ն.
Ինչպէ՞ս Երիտասարդները Կ՛ուզեն, Որ Չափահասները
Զբաղին Զէնքով Բռնութեան Դէմ
Միացեալ Նահանգներու մէջ զէնքերը այժմ թիւ մէկ մարդասպաններն են մինչեւ 18 տարեկան երեխաներու եւ դեռահասներու համար` ըստ այդ երկրի Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման կեդրոնի տուեալներուն, որոնք վերլուծուած են Միշիկանի համալսարանի հետազօտողներու կողմէ: Թէեւ 2020 թուականին նշանաւորուեցաւ առաջին տարին, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ բոլոր ցեղախումբերու եւ ազգութիւններու աւելի շատ երեխաներ եւ դեռահասներ սպաննուեցան զէնքէն, քան` ինքնաշարժներու արկածներու հետեւանքով. սպանութիւնը եղած է մահուան թիւ 1 պատճառը ափրիկեան ծագումով դեռահասներու եւ 15 տարեկանէն վեր երիտասարդներու շրջանակին մէջ, առնուազն տասնամեակ մը, եւ 15-34 տարեկան սպանախօս պատանիներու եւ երիտասարդներու մահուան երկրորդ հիմնական պատճառը:
Միտումը շեշտուեցաւ վերջերս Քալիֆորնիոյ Օքլենտ քաղաքի վառելանիւթի կայանի մը մէջ 18-ամեայ պատանիի եւ Այովա նահանգի Տէ Մոյնսի երկրորդական վարժարանին մէջ 14 եւ 15 տարեկան երկու տղաներու սպանութիւններով: Հակառակ անոր որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կրակոցներու զոհերը ընդհանրապէս դեռահասներն են, սակայն երիտասարդները պաշտօնական քիչ ուժ ունին անոր դէմ որեւէ բան ընելու, քանի որ զէնքի մասին կառավարութիւններու ընելիքները, հանրութեան եւ դպրոցներու արձագանգը կրակոցներուն` հիմնականին մէջ ձգուած են օրէնսդիրներուն, քուէարկողներուն եւ իրաւապահ մարմիններուն:
Բայց եւ այնպէս, բռնութեան կանխարգիլումը եւ հանրութեան միջոցներ տրամադրելը Միացեալ Նահանգներու դեռահասներուն եւ երիտասարդներուն համար ամէնէն կարեւոր խնդիրն է: «ՆեքսթԿեն Ամերիքա» երիտասարդական քուէարկութեան զօրակցական խումբը Ճօ Պայտընին ուղարկած բաց նամակին մէջ պետական վիճակի մասին արտասանելիք խօսքէն առաջ երիտասարդները կը խնդրէին նախագահէն եւ Քոնկրեսէն` անդրադառնալ զէնքի օգտագործման թոյլ օրէնքներուն:
Ըստ վերջերս կայացած հարցախոյզի մը, երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը աւելի շատ մտահոգ է զէնքերով, քան` կլիմայական ճգնաժամով: Երիտասարդ քուէարկողներուն 70 առ հարիւրը ըսած է, որ զէնքի վերահսկումի Միացեալ Նահանգներու օրէնքները պէտք է աւելի խիստ ըլլան: «Քաղաքական գործիչները պէտք է աւելի շատ ներգրաւուած ըլլան համայնքին, հանրութեան գործունէութեան», կ՛ըսէ 20-ամեայ Կրեկ Նովելոն, Ռիչմոնտէն, որ Սան Ֆրանսիսքոյէն հիւսիս գտնուող փոքր քաղաք մըն է:
«Ոչ մէկ յառաջընթաց կայ, որ ցոյց կու տայ, թէ անոնք կ՛օգնեն համայնքին: Անհրաժեշտ են` գործունէութիւններ, ծրագիրներ, հանրային պարտէզներ, ուր կարելի է այցելել եւ ապահով զգալ»: Նովելոնեւ լատինամերիկացի եւ ափրիկեան ծագումով այլ երիտասարդ բնակիչներ կ՛ուզեն տեսնել աւագ սերունդներու կողմէ գործնական քայլեր` զէնքի բռնութիւնը կանխելու եւ կրակոցներու միջադէպերէն ետք երիտասարդներուն օգնելու համար:
Դպրոցի անվտանգութեան մասին խօսակցութիւնները պէտք է ներառեն թաղային բռնութիւնը
Դպրոցական շէնքերուն մէջ զանգուածային կրակոցները թէեւ հազուադէպ են, բայց կը գերակշռեն ուսանողներու անվտանգութեան մասին խօսակցութիւններուն մէջ: Այս կը նշանակէ, որ առաջադրուած լուծումներուն մեծ մասը, օրինակ` ուսուցիչները զինելը, աւելի շատ ոստիկաններ վարձելը եւ ուսանողներու հաղորդակցութեան մնայուն հսկողութիւնը, քիչ կը վերաբերին կրակոցներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան դպրոցներու մօտ եւ այն մայթերուն վրայ, ուրկէ աշակերտները կ՛անցնին: «Երբ անոնք կ՛ունենան այս խօսակցութիւնները, այդ աւելի շատ կը վերաբերի դպրոցին մէջ զէնքի բռնութիւններուն եւ ոստիկանութեան զէնքի կիրարկման, այլ` ոչ թէ այն, որ կը կատարուի շրջակայքին մէջ», կ՛ըսէ Լիզ Նըսիլուն` Լոս Անճելըսի Կինք Մակնեթ դպրոցի 17-ամեայ աշակերտուհին:
Դպրոցը կը գտնուի Ուաթցէն դուրս, ուր կը բնակին լատինամերիկացիներ եւ ափրիկեան ծագումով անձեր, որոնք երկար ժամանակէ կը պայքարին կրակոցները դադրեցնելու եւ տուժածներուն աջակցելու համար: «Ես կ՛ուզէի լսել, որ մէկը հարցնէր, թէ ինչպէ՞ս մենք կը զգանք ապրելով այս թաղերուն մէջ, ուր ունինք մեր դպրոցը: Կարծեմ ուսուցիչները եւ տնօրէնը պէտք է խօսին ամբողջ դպրոցին»,- կ՛ըսէ Իլիցիա Մենտեզ` այլ 17-ամեայ աշակերտ մը:
Նըսիլուն եւ Մենտեզ կարելիութիւն ունին խօսելու կրակոցներու եւ սեռային բռնութեան մասին, որոնք կ՛ազդեն իրենց վրայ Կիներու առաջնորդութեան նախագիծի (WLP) միջոցով, խումբ մը, որ կ՛աշխատի հարաւային Լոս Անճելըսի դպրոցներուն մէջ, աշակերտները դաստիարակելու եւ անոնց աջակցելու համար: Բռնութեան կանխարգիլման եւ երիտասարդութեան զարգացման տեղական խումբերը, ինչպիսին է Կիներու առաջնորդութեան նախագիծը, կը փնտռեն ուսանողներ, որոնք պարբերաբար կ՛ենթարկուին բռնութեան, օգնելու անոնց` յաղթահարել վատ զգացումները, համալսարանէն դուրս կրակոցներու ժամանակ:
Ուսուցիչները ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՛աշխատին, որպէսզի հրազէնային բռնութեան մասին խօսակցութիւնները դասարանային ծրագիրներու մաս դառնան: Բայց եւ այնպէս, այս ծրագիրները սակաւ են: «Դպրոցները երբեմն կ՛ընեն իրենց դերը,- կ՛ըսէ Տերեք Հիլ` Ռիչմոնտի 21-ամեայ բնակիչը: Երբ ան կը յաճախէր երկրորդական վարժարան, աշակերտ մը կրակոցէ սպաննուած էր, իսկ դպրոցին պատասխանատուները կազմակերպեցին լռութեան պահ մը եւ աշակերտներուն թոյլ տուին դուրս գալ դասարանէն, որպէսզի նուազի անոնց ճնշուածութիւնը, կը յիշէ ան:
Հիլ դպրոցին մէջ ինքզինք ապահով չէր զգար. գիտէր, որ բռնութիւնը կրնայ տարածուիլ դպրոցի բակերուն մէջ, յատկապէս որ որոշ աշակերտներ զէնք կը կրեն, որովհետեւ իրենց թաղին մէջ քալելու ատեն անապահով կը զգային: «Եթէ ընկերս հիմա սպաննուի, ես կը մտածեմ, որ յաջորդը ես եմ», ըսաւ Հիլ: Ան կ՛ուզէ, որ դպրոցները յաջողին հաւասարակշռութիւն գտնել աշակերտները ապահով պահելու եւ զէնք կրողները յանցաւոր չնկատելու միջեւ, քանի որ անոնք իսկապէս իրենց շրջաններուն մէջ անապահով կը զգան:Ռազմավարութիւնները, ինչպիսիք են դպրոցական պայուսակի խուզարկութիւնը եւ ուսանողները ձերբակալելը, լուծում չեն: «Մենք չենք ուզեր ետ երթալ», ըսաւ ան:
Սերունդներու միջեւ կապերը կ՛օգնեն, եթէ անոնք կու գան առանց դատելու
Աւագ եւ երիտասարդ սերունդներու միջեւ կապերը կրնան ըլլալ հրազէնային բռնութեան կանխարգիլման կեդրոնական բաղադրիչը: Անկախ անկէ, թէ այդ ուսուցիչ է, դպրոցի խորհրդատու, թէ բռնութեան միջամտութեան արհեստավարժ աշխատող, ուսանողները կ՛ըսեն, որ անոնք կը նային երէցներուն, իրենց կեանքին եւ շրջաններուն մէջ, լոպիինկ ընելու եւ օգնելու երիտասարդներուն կողմնորոշուիլ հրազէնային բռնութեան ենթարկուելու կապուած բարդ զգացումներու պարագային:
Բայց երիտասարդները նոյնպէս կ՛ուզեն տեսնել, որ երէցները աւելի ընդգրկուած են երիտասարդներու հետ իրենց ներգրաւուածութեան մէջ, ներառեալ` անոնք, որոնք արդէն զէնք կը կրեն, բանտարկուած են կամ անյապաղ միջամտութեան կարիք ունին, որոնք կրնան պաշտպանել զիրենք գնդակահարուելէ կամ արգելք հանդիսանալ, որ ուրիշին վրայ կրակեն: «Առաւելագոյն վտանգի տակ են անոնք, ուրեմն ինչո՞ւ բացառել զանոնք: Դուք կրնաք բան մը փոխել», կ՛ըսէ Պեւերլի Օպետ, Քինկ Տրու դպրոցի 15-ամեայ աշակերտուհին, անդրադառնալով անհրաժեշտ այն ծրագիրներուն, որոնք կը հասնին իր վտանգի մատնուած տարեկիցներւն:
«Այդ պատանիները բացառելը կրնայ զանոնք վատ իրավիճակի մը մէջ խրել, անոնք չեն կրնար դուրս գալ անկէ, որովհետեւ երբ օգնութիւն խնդրած են, անտեսուած են»:
20-ամեայ Նովելոն Ռիչմոնտէն ունի այս բացառումին եւ դիմելու տեղ չունենալու հետեւանքներու առաջին փորձառութիւնը: «Ես մեծցած եմ ամէն օր կրակոցներ լսելով», ըսաւ ան: – Որպէս փոքր երեխայ` ես աւելի շատ մարդոց կարիքը ունէի, որպէսզի խօսէի եւ լսէի` առանց դժուարութիւններու, վախնալու, բացայայտուելու»:
Նովելոն սկսաւ ատրճանակ կրել պաշտպանուելու համար դեռահաս տարիքին: Երբ ան կը խօսէր դպրոցի անձնակազմի կամ այլ չափահասներու հետ, ան ըսաւ, որ ինք կը բացակայէր դպրոցէն, որովհետեւ կը վախնար կրակոցներէն եւ օգնութեան կարիք ունէր: «Դպրոցի խորհրդատուները կ՛առաջարկէին աջակցութիւն կամ միջոցներ, բայց երբ կը խօսիս անոնց հետ, անոնք կ՛ըսեն, որ ես այս կամ այն բանը պէտք չէր ընէի,- ըսաւ Նովելօ: – Այդ ինծի ստիպեց զգալ, որ ես պէտք է ամէն բան պահեմ, չարտայայտուիմ, եւ այդ քիչ մը կը խառնուէր գլխուս մէջ: Այնքան շատ զգացումներ կան, եւ երբեմն այդ դժուար է կառավարել, եւ երբ չունիս մէկը, որուն հետ խօսիս, ի վերջոյ կ՛ընես ժխտական բաներ»: Ան միջնակարգ դպրոցը կանուխ տարիքին ձգած է, իսկ ամիսներ ետք` 18 տարեկանին, անոր վրայ ութ անգամ կրակած են ընկերներուն հետ եղած ատեն, Ռիչմոնտէն քիչ մը հեռու գտնուող Սան Փապլօ քաղաքին մէջ:
Հիւանդանոցին մէջ գտնուելու ժամանակ ան կապ հաստատած է Ռայզ կեդրոնին հետ, որ Ռիչմոնտի մէջ գործող բռնութեան կանխարգիլման եւ երիտասարդութեան զարգացման ոչ առեւտրական կազմակերպութիւն է: Այժմ ան կը ստանայ հոգեկան առողջութեան աջակցութիւն, որ անհրաժեշտ էր իր դեռահասութեան կանուխ շրջանին: «Տարեցները պէտք է մտածեն, թէ ի՛նչ ծրագիրներ կ՛օգնէին իրենց այն ժամանակ… եւ ի՛նչ դժուարութիւններէ անցան համայնքին օգնելու համար», ըսաւ Նովելօ:
Իրաւապահ մարմինները միշտ լուծումը չեն
Հարաւային Լոս Անճելըսի եւ Պէյի շրջանի բազմաթիւ ուսանողներու համար ոստիկանութիւնը կասկածելի լուծում է հրազէնային բռնութեան խնդիրին: Ուսանողները կ՛ըսեն, որ ոստիկանութիւնը ուժ կը կիրարկէ իրենց շրջաններուն մէջ, որոնք անհամաչափ կը տուժեն հրազէնային բռնութենէն, այլ ոչ թէ կ՛օգնեն մարդոց` լուծումներ գտնել հրոսակախումբերու եւ հրազէնային բռնութեան ներգրաւուած երիտասարդներու համար:Երբ կրակոց տեղի կ՛ունենայ համալսարանին մօտ կամ շրջափակին մէջ, պատասխանատուները եւ օրէնսդիրները յաճախ կը դիմեն ոստիկանութեան` ուսանողները եւ անձնակազմը ապահով եւ անվտանգ պահելու համար: Բայց ոստիկանութեան վրայ այս վստահութիւնը նաեւ յանգեցուցած է այն բանին, որ անհամաչափ թիւով լատինամերիկացի եւ ափրիկեան ծագումով ուսանողներ ձերբակալուած են համալսարանին մէջ` այդպիսով հրահրելով դպրոցէն բանտ խողովակաշարը, կ՛ըսեն ծնողներն ու ուսանողները:
«Այդ զիս ամէնէն շատ կը զայրացնէ. ոստիկանութիւնը իր ուժը կը կիրարկէ մեր վրայ օգտուելով իր դիրքէն` կապուած այն բանին, թէ ի՛նչ կը կատարուի մեր շրջաններուն մէջ` հրոսակախմբային բռնութեամբ», ըսաւ Մենտեզ Քինկ Տրու:
Համալսարանի գործունէութիւնը կը զուգորդուի անզէն լատինամերիկացիներու եւ ափրիկեան ծագումով անձերու ոստիկանական կրակոցներու պատմութեան հետ: Այդ պատճառով ուսանողները կը դժուարանան պատկերացնել, թէ իրաւապահ մարմինները ի՛նչ դեր կը խաղան տեղական բռնութեան միջամտութիւններուն մէջ, ինչպիսիք են բուժիչ շրջանակները եւ համայնքային հանդիպումները մարդոց շրջանակին մէջ, որոնք կորսնցուցած են հարազատ մը, բռնութեան ենթարկուած կամ փրկուած են գնդակահարութենէ: «Ոստիկանութեան համար արդիւնաւէտ չէր ըլլար բուժիչ շրջանակի մէջ ըլլալ, քանի որ Լոս Անճելըսի մէջ բազմաթիւ մարդիկ վնասուածքներ ստացած են ոստիկաններու կրակոցէն, ոստիկաններու հետապնդումէն», աւելցուց Նսիլուն:
Վստահութեան այս բացակայութիւնը կը նշանակէ, որ հրազէնային բռնութիւնը կանխելու եւ արձագանգելու համար լուծումներ ստեղծելը լաւագույն աշխատանքն է համայնքի անդամներուն, որոնք կը զբաղին կրակոցներու պատճառով տուժածներով, ըսաւ Հիլ: «Ես բնաւ հանգիստ չեմ զգար ոստիկանութեան հետ: Միակ օգնութիւնը, որ ես կը տեսնեմ անոնցմէ, մարդոց յուղարկաւորութեան ժամանակ ուղեկցիլն է», ըսաւ ան, այն մասին, թէ ինչպէ՛ս տեսած է, որ ոստիկանութիւնը բախում կ՛ունենայ անոնց հետ, որոնք տուժած են հրազէնային բռնութենէն:
Երիտասարդներուն աւելի շատ միջոցներ պէտք են զէնքով բռնութենէն բուժուելու համար
Ճէյսըն Մետիսընի առաջին բախումը հրազէնային բռնութեան հետ տեղի ունեցած է, երբ ան ինը տարեկան էր: Մայրը եւ մանկահասակ եղբօրորդին գնդակահարուած են իրենց հայրենի Ռիչմոնտ քաղաքին մէջ: Երկուքն ալ ողջ մնացած են կրակոցէն, որուն ականատեսը եղած է Ճէյսըն, որ այժմ 22 տարեկան է: Ան ֆիզիքապէս չէ տուժած կրակոցներէն, բայց հոգեկան տագնապներ եւ վախեր ունեցած է: «Ես առանձին զբաղած եմ այդ տագնապով եւ կ՛ուզէի, որ ըլլար մէկը, որուն հետ խօսէի եւ օգնէր ինծի` յաղթահարելու իմ ապրած ցաւս եւ վախերս»:
Ռայս կեդրոնի միջոցով Մետիսըն աշխատած է իր սարսափին մէջէն բանաստեղծութեան եւ խորհրդատուական նիստերու միջոցով: Եւ հակառակ անոր որ ան երախտապարտ է այս միջոցները այժմ ունենալու համար, սակայն ան կ՛ուզէ, որ իր կեանքին մեծ մասը չպահանջուէր անոնք ստանալու համար: Ան նոյնպէս կ՛ուզէ, որ Ռայսի նման աւելի շատ կազմակերպութիւններ ընդարձակեն իրենց մատչելիութիւնը` յայտնաբերելու անոնք, որոնք տուժած են հրազէնային բռնութենէն` ուղղակի կամ անուղղակի: «Երբ մայրս եւ եղբայրս գնդակահարուեցան, ես զգացի, որ մէկը` շտապօգնութեան աշխատակիցները կամ ոստիկանները, պէտք է մեզի խորհրդատուութիւն տային,- ըսաւ Մետիսոն: – Երեխաները օգնութեան կարիք ունին: Մենք մեծ դժուարութիւններու մէջէն կ՛անցնինք մեր կեանքին մէջ: Մեզի աւելի շատ միջոցներ պէտք են»: