Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիճակահանութեան Անէծքի Զոհեր

Դեկտեմբեր 16, 2022
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Անշուշտ քաշողականութիւն մը ունի վիճակահանութիւնը, որուն առաւելութիւններուն կ’ընկերանան անխուսափելի անպատեհութիւններ: Liveabout կայքը նշած է անձեր, որոնք վիճակահանութեան գլխաւոր պարգեւը շահած են, սակայն յետոյ կորսնցուցած են ամէն բան:

Ն.

Մեծ Գումարներ Շահած Անձեր,
Որոնք Ամէն Բան Կորսնցուցած Են

Շատերը կը կարծեն, թէ վիճակահանութիւն շահիլը կը պատասխանէ իրենց աղօթքներուն եւ կը լուծէ իրենց բոլոր խնդիրները, բայց որոշ շահողներու համար իրականութիւնը այլ է: Հակառակ անոր որ բախտը ժպտած է իրենց, բայց աւելի ուշ մտածած են, որ երանի վիճակահանութեան տոմսը պատռած ըլլային:

Անշուշտ անկարելի կը թուի, որ ուզես  միլիոնաւոր տոլարներ չշահիլ: Բայց յաճախ պատահած է, որ այդ երեւոյթը ստացած է «վիճակահանութեան անէծք» անունը:

Չէ՞ք հաւատար: Ահաւասիկ` վիճակահանութեան անէծքի զոհեր, որոնց «յաջող» շահիլը տխուր էր` յանգեցնելով ամուսնալուծումի, սնանկութեան կամ նոյնիսկ մահուան:

Այս պատմութիւնները  զգուշացնող հեքիաթներ են, բայց նոյնպէս` բացառութիւն: Կան գլխաւոր պարգեւները շահած բազմաթիւ անձեր, որոնք այդ գումարները արդիւնաւէտ գործածած են:

Ճեք Ուիթեքեր. «Վիճակահանութիւնը շահեցայ, ագահութիւնը անկառավարելի է»

Powerball jackpot-ը շահած Սքոթ Կրիս` իր թոռնուհիին հետ, որ մահացած է թմրեցուցիչներու օգտագործման պատճառով

Ճեք Ուիթեքեր արդէն հարուստ էր, երբ շահեցաւ ամէնէն մեծ գումարը, որ երբեւէ շնորհուած է Powerball-ը շահողի մը: Ան 2002  թուականի Սուրբ Ծնունդի առաւօտեան գլխաւոր պարգեւը շահեցաւ. 315 տոլարնոց վիճակահանութեան իր տոմսէն ստացաւ 113 միլիոն տոլար:

Այդ գումարը Ճեք աւելցուց իր արդէն իսկ ունեցած հարստութեան վրայ: Ան աղքատ եղած էր եւ տարիներու աշխատանքով դարձած էր սեփականատէրը շինարարական ընկերութեան մը: Երբ ան գնեց տոմսը, ընկերութիւնը տարեկան շուրջ 15 միլիոն տոլարի համաձայնագիրներ կ՛ունենար: Բայց եւ այնպէս զինք  աւելի շատ փոխեց վիճակահանութենէն շահածը, քան` իր թիզած հարստութիւնը:

Ճեք շատ լաւ բան ըրաւ իր շահած գումարով. հիմնեց բարեգործական հիմնադրամ, գումար նուիրեց Վիրճինիայի մէջ եկեղեցիներ կառուցելու համար եւ նոյնիսկ զարմանալիօրէն առատաձեռն գտնուեցաւ հանդէպ այն կնոջ, որ իրեն վաճառեց շահող տոմսը: Ճեք անոր նուիրեց նոր տուն մը, նոր ինքնաշարժ եւ կանխիկ գումար: Բայց եւ այնպէս վիճակահանութեան անէծքը հարուածեց զինք:

Ոչ բոլոր նահանգները թոյլ կու տան, որ շահողները մնան անանուն: Ճեքին անունը լայնօրէն հրապարակուեցաւ: Անոր սկսան դիմել բազմաթիւ մարդիկ, որոնք դրամ կը խնդրէին:

Ինքնաշարժին մէջ մեծ գումարներ ձգելու անոր սովորութեան մասին շատեր տեղեակ եղան: Երեկոյ մը, երբ ան կ՛այցելէր գիշերային ժամանցի վայր մը, անծանօթ մը անոր ինքնաշարժէն գողցաւ շուրջ կէս միլիոն տոլար: Աւելի ուշ այլ ինքնաշարժէ մը գողցան 100 հազար տոլար:

Կացութիւնը աւելի վատացաւ, երբ անոր ընկերութիւնը ենթարկուեցաւ անլուրջ դատական հետապնդումներու այն մարդոց կողմէ, որոնք  կ՛ուզէին մտնել անոր խորունկ գրպանները: Այս հետապնդումները իրաւաբանական միլիոնաւոր ծախսեր պատճառեցին անոր:

Ճ. Ուիթեքեր սկսաւ  քանդուիլ լարուածութեան տակ: Ան մոլի դարձաւ  ոգելից ըմպելիի եւ կռուազան եղաւ: Ճեք մարմնավաճառներու հետ ժամանակ կ՛անցընէր եւ անոնց մեծ գումարներ կու տար: Անոր  յարաբերութիւնները կնոջը  հետ, որ իրեն հետ էր 14 տարեկանէն, վատթարացան: Բայց այդ, ըստ էութեան, ամէնէն վատը չէ:

Ան հաճոյքով կը փճացնէր թոռնուհին` Պրենտին, որուն նուիրած է մեծ գումար եւ չորս ինքնաշարժ: Սակայն այս առատաձեռնութիւնը հակառակ արդիւնքը տուաւ, երբ անոր  հարստութիւնը վատ ամբոխ հրապուրեց:

Թմրեցուցիչի օգտագործման պատճառով Պրենտիի ընկերը մահացաւ այն տան մէջ, որ Ճեք կը բարեզարդէր, եւ Պրենտի մեղադրուեցաւ: Ընկերները նոյնիսկ թոյլ չտուին Պրենտիի մասնակցիլ  յուղարկաւորութեան: Տարի մը ետք Պրենտի մահացած գտան  կասկածելի հանգամանքներու մէջ, որոնք չբացայայտուեցան:

Մահերը կործանարար հետեւանքներ ունեցան Ուիթէքերի ընտանիքին համար: Անոր դուստրը` Պրենտիի մայրը, մահացած գտան ճեքփոթը շահելէն  եօթը  տարի ետք: Ուիթեքերի կինը բաժնուեցաւ անկէ:

Ուիթեքեր կորսնցուց իր սիրած  անձերը եւ շահած դրամը:

«Վիճակահանութիւնը շահեցայ, եւ այդ պատճառով դարձայ ագահ, որ  անկառավարելի է,- ըսաւ Ճեք: – Կարծեմ, եթէ  բան մը ունիս, միշտ կ՛ըլլայ ուրիշ մը, որ  կ՛ուզես: Երանի ես պատռէի այդ տոմսը»:

Քրթիս Շարփ` վիճակահանութեան
5 միլիոն տոլար արժող մարդը

Քրթիս Շարփ, որ 1982 թուականին շահած է 5 միլիոն տոլար ճեքփոթը, վիճակահանութեան ընկերութեան  համար երազի իրականացումն էր: Ընկերութիւնը որոշ դժուարութիւններ ունէր իր վարկին առնչութեամբ, եւ Շարփը կարծես ճիշդ այն անձն էր, որուն մասին բոլորին պէտք էր յատնէին, որ սովորական մարդիկ կրնան իրենց կեանքը ամբողջովին փոխել տոմս գնելով:

Շարփ, որ ճաշարանի մը մէջ պնակներ լուացող էր, նախքան հարստանալը` յայտնի դարձաւ որպէս «Հինգ միլիոն տոլարնոց մարդը»:

Շարփ իր իւրայատուկ գլխարկով, որով ան կը սիրէր նոր շահած գումարները թափահարել, քալող գովազդ էր վիճակահանութեան: Խնճոյքներ, կիներ, նոր տուներ, շողշողացող ինքնաշարժներ… ապրած  ճոխ եւ զեխ կեանքին պատճառով ան դարձաւ վիճակահանութեան ամէնէն յայտնի շահողներէն մէկը:

Դժբախտաբար Շարփի ապրելակերպը կայուն չէր: Ան կը ծախսէր աւելին, քան` իր տարեկան ստացած գումարները, եւ անոր  մսխումները անպատեհութիւններ յառաջացուցին:

Վիճակահանութեան անէծքը հարուածած էր:

Վիճակահանութիւնը շահելէն տարի մը ետք ան բաժնուեցաւ կնոջմէն սիրուհիի մը պատճառով եւ ճոխ հարսանիք մը սարքեց: Հինգ տարի ետք երկրորդ կինը նոյնպէս բաժնուեցաւ իրմէ: Շարփ գինեմոլ դարձաւ, նոյնիսկ ուշագնաց կ՛ըլլար նոր ընկերուհիին տան առջեւ: Իսկ երբ դրամը վերջացաւ, ստիպուեցաւ պարտքով գումար առնել առաջին կնոջմէ:

Բարեբախտաբար անոր պատմութիւնը երջանիկ աւարտ ունի: Գինով վիճակով ինքնաշարժ  վարելու միջադէպէն ետք Շարփ ապաշխարհեց: Դադրեցուց խմելը, դադրեցուց  խնճոյքները, մաքրեց իր արարքը եւ դարձաւ  քարոզիչ:

Բայց ան տակաւին վիճակահանութեան տոմսեր կը գնէ:

Ուիլիըմ Փոստ.
«Ոչ ոք կը գիտակցի մղձաւանջներուն»

Եթէ դրամատան մէջ ունենայիք 3 տոլարէն նուազ, կը գնէի՞ք վիճակահանութեան տոմս: Թէեւ այդ հիանալի գաղափար չէ, բայց Ուիլիըմ Փոստ քայլ մը յառաջ գնաց: Ան վաճառեց իր քանի մը իրերը 40 տոլարով, ապա ամբողջ գումարը ծախսեց վիճակահանութեան  տոմսեր գնելով:

Թէեւ անխելք էր, բայց անոր այս քայլը արդիւնք տուաւ. այդ տոմսերէն մէկուն շնորհիւ 16 միլիոն տոլար շահեցաւ Փենսիլվանիոյ վիճակահանութենէն:

Դուք կրնաք մտածել, որ կարիքաւոր եղող այս անձը դիւրին կեանք մը կ՛ապրի վիճակահանութենէն 16 միլիոն տոլար շահելէ ետք, բայց, ցաւօք, շահած գումարը կանխիկ ստանալէ ետք Փոստի կեանքը կտրուկ շրջուեցաւ  դէպի վատը:

«Ամէն ոք կ՛երազէ դրամ շահելու մասին, բայց ոչ ոք կը գիտակցի զանազան խնդիրներէ յառաջացող մղձաւանջներուն», ըսաւ ան:

Ինչպէ՞ս կրնար այդ պատահիլ:

Փոստ անհաշիւ մսխեց իր դրամները: Ան միայն երկու շաբթուան ընթացքին  ծախսեց իր շահումներու տարեկան առաջին բաժինին մեծ մասը, որ կը կազմէր աւելի քան 400 հազար տոլար: Տարի մը ետք ան կէս միլիոն տոլար պարտք ունէր:

Անոր ընկերուհին դատի տուաւ զայն` պնդելով, որ իրենք պայմանաւորուած են կիսել գումարը, եթէ Փոստ շահի: Երբ ընկերուհին շահեցաւ դատը, Փոստ չկարողացաւ վճարել, ուրեմն անոր  վիճակահանութեան վճարումները սառեցուցին:

Ան ստիպուած` յայտարարեց սնանկութեան մասին եւ կարողացաւ պահել միայն երկուքուկէս միլիոն տոլար, որ անմիջապէս ծախսեց: Փոստ  ձերբակալուած է, երբ  իրմէ դրամ խնդրելով նեղութիւն պատճառող անձի մը վրայ որսորդական հրացանով կրակած է:

Ամէնէն վատը այն էր, որ անոր եղբայրը գումարը ժառանգելու համար մարդասպան վարձեց, որպէսզի Փոստն ու անոր կինը սպաննէ: Փոստ այդ պահուն թիւ վեց կնոջը հետ էր:

Տասներեք տարի ետք վիճակահանութեան անէծքի այս զոհը մահացաւ առանձին, առանց դրամի: Ան կ՛ապրէր նպաստներով:

Powerball-ը շահած  Ուիլի Սիլի.
«Տագնապը դադար չունի»
Ուիլի Սիլիի շահումը երազի իրականացումէն արագ վերածուեցաւ մղձաւանջի

Կը թուէր, թէ օրհնութիւն էր, երբ Ուիլի Սիլի եւ անոր 15 գործակիցները վիճակահանութեան համար գումար հաւաքեցին եւ շահեցան գլխաւոր պարգեւը: Միայն քանի մը շաբաթ ետք Սիլի  զգաց, որ զինք հարուածած  էր վիճակահանութեան անէծքը:

Վիճակահանութեան համար հաւաքուած գումարով անոնց գնած տոմսը երեքէն մէկն էր, որ շահեցաւ 450 միլիոն տոլար: Մամլոյ ասուլիսի ատեն Ուիլի Սիլի  ըսաւ, որ ինք եւ իր կինը «երջանիկ, երջանիկ, երջանիկ» են եւ կը ծրագրեն իրենց օրերը անցընել` ձկնորսութեամբ, որսով եւ հանգստանալով:

Բայց շահելու բացասական կողմին ի յայտ գալը երկար չտեւեց:

Դժուար է ձկնորսութեան երթալը, երբ քեզի կը հետեւին լրագրողներն ու տեսախցիկներու խումբերը` հարցազրոյցի կամ պատկերասփիւռային հաղորդումներ պատրաստելու համար: Իսկ հեռաւոր ազգականներն ու բոլորովին անծանօթ մարդիկ, որոնք կու գան ձեր տունը, զանազան խնդրանքներով, կը դժուարացնեն հանգստանալը:

Բացի ատկէ, ցնցող էր գիտակցիլը, որ ճեքփոթը երեք եղանակով բաժնելէ ետք (վաճառուած են երեք շահող տոմս), ապա 16 գործակիցներու միջեւ բաժնուելէ ետք, նոյնիսկ 4 միլիոն տոլար չէ մնացած տուրք վճարելէ ետք:

4 միլիոն տոլարը բաւարար էր զոյգին նոր ինքնաշարժներ գնելու, իրենց ընտանիքներուն օգնելու եւ աշխատանքէն հրաժարելու համար, բայց` ոչ այն երազին համար, որ սկիզբը կը թուէր:

Իրենց սկզբնական եռանդէն  միայն շաբաթներ ետք Սիլի եւ անոր կինը կ՛ողբային վիճակահանութեան անէծքը: «Կան օրեր, որոնք ես կ՛ուզէի, որ մենք վերադառնայինք, որ` երկու շաբաթը մէկ վարձատրուէինք: Մենք պէտք էր փոխէինք մեր նախկին ապրելակերպը, բայց չէինք ուզեր փոխել մեր ապրելակերպը»:

Վիճակահանութիւն շահած  Աբրահամ Շէյքսփիր
սպաննուած է իր դրամին համար

2006 թուականին Ֆլորիտայի վիճակահանութենէն 40 միլիոն տոլար շահելէ ետք Աբրահամ Շէյքսփիր աւելի քան առատաձեռն էր: Թէեւ ան դրամ կու տար գրեթէ բոլորին, որոնք իրեն կը դիմէին, բայց անոր բարութիւնը զայն  անձեռնմխելի չդարձուց վիճակահանութեան անէծքէն:

Միջնակարգ դպրոցէ հեռացուած, բանտարկուած Աբրահամ, որ նոյնիսկ կարդալ  չէր գիտեր, շահեցաւ վիճակահանութիւնը, երբ գործընկերոջ հետ բան մը ուտելու համար մտան խանութ մը, ուր քանի մը տոլար տուաւ վիճակահանութեան տոմսեր  գնելու:

Անախորժութիւնները գրեթէ անմիջապէս սկսան: Գործընկերը դատ բացաւ անոր դէմ` զայն մեղադրելով իրմէ  տոմսերը եւ ճեքփոթը գողնալու յանցանքին համար: Շէյքսփիր շահեցաւ դատը, բայց խնդիրները ատով չաւարտեցան:

Այնքան շատ մարդիկ Շէյքսփիրէն դրամ կը խնդրէին, որ ան ըսաւ. «Աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ սնանկանայի: Ես կը կարծէի, թէ այս մարդիկ իմ ընկերներս են, բայց յետոյ հասկցայ, որ անոնք միայն դրամ  կ՛ուզեն»:

Յետոյ ան հանդիպեցաւ Տի Տի Մուրին, որ ըսաւ. «Կ՛ուզեմ գրել քու փորձառութիւններուդ մասին: Ես կ՛օգնեմ քեզի տնօրինել շահած գումարդ»:

Երբ Շէյքսփիր համաձայնեցաւ, Տի Տի Մուր անմիջապէս սկսաւ ծախսել գումարը իր վրայ: Hummer մը եւ Corvette մը գնեց: Ան նոյնիսկ սեփականացուց Շէյքսփիրի տունը:

Բայց, ըստ երեւոյթին, Շէյքսփիրէն  գողութիւնը բաւարար չէր Մուրի համար, որ սպաննեց Շէյքսփիրը եւ անոր մարմինը թաղեց իր ընկերոջ տան պարտէզին մէջ:

Տի Տի Մուր ծայրայեղ ջանքեր գործադրեց`  փորձելով ցոյց տալ, որ Շէյքսփիր դեռ ողջ է, ուղարկելով կեղծ նամակներ եւ փորձելով կաշառել անոր ընտանիքը` ըսելով, որ տեսած են զայն:

Մուրի յանցագործութիւնը բացայայտուեցաւ, եւ ան դատապարտուեցաւ  առաջին կարգի սպանութեան համար:

Ամէն պարագայի, աւելի լաւ կ՛ըլլար, որ Շէյքսփիր գրպանին մէջ պահէր ունեցած 5 տոլարը եւ չգնէր իր շահած վիճակահանութեան տոմսը:

Պիլի Պոպ Հարել անձնասպան եղաւ 30 միլիոն
տոլար շահելէ միայն երկու տարի ետք
Պիլիի շահիլը կարծես աստուածային նուէր մը ըլլար, բայց դարձաւ անէծք:

Պիլի Պոպ Հարել դժուար ժամանակներ կ՛ապրէր  քահանայ  դառնալու անյաջող փորձէն  ետք: Երբ ան շահեցաւ 31 միլիոն տոլար Թեքսասի ճեքփոթէն, կը թուէր, թէ ան վերջապէս գտած է իր ընտանիքը պահելու եւ  դրամական դժուարութիւնները ետին ձգելու միջոցը: Ան առատաձեռն էր: Կ՛օգնէր  իր ընտանիքին, իր եկեղեցիին եւ  կարիքաւոր ծխականներու, ժողովուրդին:

Բայց դրամի համար խնդրանքները չէին դադրեր:

Անոր  ձախող ներդրումները եւ դուրսէն աւելի, աւելի, աւելի շատ պահանջները կը ծանրաբեռնեն, կը ճնշեն ընտանիքը: Անոր ամուսնութիւնը աւարտեցաւ,  եւ ընտանիքի միւս անդամները իրարու դէմ կռիւի մէջ էին:

Ան ըսաւ. «Վիճակահանութիւնը  շահիլը ամէնէն վատ բանն էր, որ պատահած էր ինծի»:

Օր մը, երբ ան պիտի ճաշէր  իր նախկին կնոջ հետ, որոշեց, որ այլեւս կեանքը անտանելի դարձած է: Ան որսորդական հրացանին փողը դրաւ կուրծքին, կրակեց: Ան մահացաւ վիճակահանութիւնը  շահելէ  երկու տարի ետք:

Ճեֆրի Տեմփիեր վիճակահանութենէն
20 միլիոն տոլար շահեցաւ, բայց…
Վիճակահանութեան անէծքի զոհին այս յաղթանակը յանգեցուց անոր սպանութեան

Վիճակահանութեան անէծքի զոհերէն շատերը դժուարութեան կը մատնուին, որովհետեւ անոնք չափէն աւելի կը ծախսեն կամ կը ցուցադրեն իրենց դրամները, բայց Ճեֆրի Տեմփիէր կը թուէր, թէ ամէն բան կ՛ընէր վիճակահանութենէն 20 միլիոն տոլար շահելէ ետք:

Տեմփիէր  ծնողներուն, երկրորդ կնոջ եւ անոր ընտանիքին հետ տեղափոխուեցաւ Թամպա Պէյ: Ան հիմնեց փոփքոռն արտադրող գործարան մը, որ շուտով բարգաւաճեցաւ:

Բայց հակառակ իր քրոջ` Վիքթորիայի եւ անոր ընկերոջ բնակարանի, ինքնաշարժի, արձակուրդներու եւ այլ բաներու համար վճարելուն, զոյգը մշակեց ծրագիր մը Տեմփիերի դրամները իւրացնելու:

Վիքթորիա խնդրեց Տեմփիերէն իր բնակարանը գալ եւ նորոգել ինքնաշարժը: Երբ ան ժամանեց, Վիքթորիա եւ իր  ընկերը զայն կապեցին, կողոպտեցին  կանխիկ գումարը (հազարաւոր տոլարներ): Ապա Տեմփիերը տարին անտառ մը եւ գլխուն կրակելով սպաննեցին:

Ոճիրը, սակայն, արդիւնք չտուաւ. Վիքթորիան եւ անոր ընկերը ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած են սպանութեան, առեւանգման եւ այլ մեղադրանքներու համար:

Պայման չէ վիճակահանութեան
անէծքի զոհ ըլլալը

Թէեւ վիճակահանութեան անէծքներու այս պատմութիւնները այնպէս կը թուին, թէ դրամ շահիլը ամէնէն վատ բանն է, որ կրնայ պատահիլ ձեզի, բայց յիշեցէ՛ք, որ լրատու միջոցները կը սիրեն հարստացած եւ ապա սնանկացած անձերու  պատմութիւններ, որոնք մեծաքանակ նիւթ կը հայթայթեն մամուլին, մինչ շահողները կ՛ապրին երջանիկ` առանց լուրերու հաղորդումներուն մէջ յայտնուելու:

Գլխաւոր պարգեւը շահողներուն մեծամասնութիւնը աւելի  պատասխանատու կը վարուի իր գումարին հետ եւ ունի հիանալի յաղթանակի փորձառութիւն, մանաւանդ չի կարծեր, թէ անսպասելի եկամուտը անիծած է զինք:

Տոն Քրուզ երբեմն կը նշուի լուրերու յօդուածներու մէջ որպէս մեծ շահող, որ կորսնցուցած է ամէն բան, բայց ան  հիանալի ժամանակ անցուցած է մեծ  մրցանակով եւ կը փայփայէ իր ունեցած յիշողութիւնները:

Մի՛ մոռնաք, որ վիճակահանութեան գլխաւոր պարգեւը շահողներէն շատեր մեծ նորութիւններ չեն ըներ, որովհետեւ իրենց գումարը լաւ կը գործածեն` աւելի դիւրին կեանք մը վայելելու:

Նախորդը

Յակոբ Բագրատունիի Այցելութիւնը Հալէպի Ազգային Միացեալ Վարժարան

Յաջորդը

Համազգայինի «Արեգ» Մանկապատանեկան Թատերախումբը Ներկայացուց «5-րդ Եղանակը» Երաժշտախառն Թատրերգութիւնը

RelatedPosts

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են
Մշակութային եւ Այլազան

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են

Մարտ 17, 2023
Հրաշք Մանուկը
Մշակութային եւ Այլազան

Հրաշք Մանուկը

Մարտ 10, 2023
Ասպարէզներ, Աշխատանքներ, Որոնք Այլեւս Գոյութիւն Չունին
Մշակութային եւ Այլազան

Ասպարէզներ, Աշխատանքներ, Որոնք Այլեւս Գոյութիւն Չունին

Մարտ 3, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In