Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շատերու Համար Վտանգաւոր Է Դպրոց Յաճախելը

Մարտ 31, 2023
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Դպրոցական կրթութիւնը` ուսումը, այսօր մատչելի  դարձած է յատկապէս քաղաքներու մէջ, սակայն տակաւին աշխարհի բնակչութեան մեծ մասը տարրական ուսում չունի: Անկախ տնտեսական, քաղաքական, հասարակական պատճառներէ` բազմաթիւ վայրերու մէջ աշակերտներ երբեմն երկար, դժուար եւ մանաւանդ վտանգաւոր ուղեւորութենէ ետք դպրոց կը հասնին: NEWAGE եւ WIKI IMPACT կայքերը այս մասին հետաքրքրական յօդուածներ հրապարակած են:

Ն.  

Աշխարհի բազմաթիւ վայրերու մէջ դպրոց յաճախելը արկածախնդրութիւն է: Անոնք կրնան ստիպուած ըլլալ լեռներ մագլցիլ, պայքարիլ սառոյցէ խոնաւ տարածքներու մէջ կամ լողալով անցնիլ գետը: Երբ երեխան տունէն դուրս կու գայ դպրոց երթալու, ոչ մէկ երաշխիք կայ, թէ արդեօ՞ք ան տուն կը վերադառնայ:

Բայց այս դժբախտութիւնը չի կրնար անոնց երազի իրականացումը խանգարել:

Լատախ (Հնդկաստան)

Եթէ ձեզի ըսեն, որ դուք պէտք է չորս օր ճամբորդէք, որպէսզի հասնիք ձեր դպրոցը ցուրտ եղանակին, պիտի զարմանաք: Սակայն Հնդկաստանի Լատախ աւանին մէջ դպրոց յաճախող քանի մը երեխաներու ճակատագիրը այս է:

Անոնք պէտք է անցնին սառոյցով պատուած Չատար անունով 100 քիլոմեթր երկարութեամբ ճամբան: Այդ գրեթէ չորս օր կը տեւէ: Դպրոց յաճախող երեխաները եւ անոնց ծնողները պէտք է տարին երկու անգամ կատարեն այս սարսափելի ճամբորդութիւնը` հասնելու Լեք քաղաքին  մէջ գտնուող իրենց գիշերօթիկ դպրոցը: Երբեմն ջերմաստիճանը կը նուազի զերոյէն վար 30 աստիճանով, իսկ տեղացող ձիւնը կը խոչընդոտէ ճամբորդութիւնը:

Եթէ ջերմաստիճանը բարձրանայ, այդ այլ անախորժութիւն կը  ստեղծէ. սառոյցին հալիլը ճամբան սահուն կը դարձնէ: Այդ կը դժուարացնէ գոյատեւման կարելիութիւնները: Բայց լատախցիներուն համար այլընտրանք չկայ:

Կումպուր (Նեփալ)

Նեփալի Կումպուր աւանին մէջ դժուարութիւնը այլ է: Դպրոց հասնելու համար աշակերտները պիտի ապաւինին բախտին` այլ անորոշ արշաւախումբով մը:

Լեռնային Կումպուր գիւղը կը գտնուի ծովու մակերեսէն աւելի քան 4000 մեթր բարձրութեան վրայ: Վեց երեխաներ, դաշտերուն մէջ իրենց ընտանիքի երկրագործական աշխատանքներուն օգնելէ ետք, կը պատրաստուին ճամբորդութեան:

Վտանգաւոր բլուրին վրայ ժամ մը քալելէ ետք, անոնք պէտք է անցնին Տրիշուլի գետը իւրայատուկ ձեւով: Անոնք պէտք է անցնին այն զամբիւղով` թուին, որ ամրացուած է երկու ժանգոտած մետաղեայ լարերով: Երբեմն թուինը կը մնայ գետին միւս կողմը, երբ այլ անձեր գործածեն: Այդ պարագային աշակերտները չեն կրնար անցնիլ գետը: Այն կը գործածեն մեծերը, իսկ փոքրերը կը մնան զամբիւղին մէջ:

Գետը անցնելէ ետք աշակերտները պէտք է իրենց յոյսը դնեն պատահական վարորդներու վրայ, որպէսզի զիրենք ինքնաշարժով, կամ բեռնատարով դպրոց հասցնեն:

Ի վերջոյ, դպրոց հասնելէ ետք անոնք նոյնիսկ կը զրկուին սննդարար ուտելիքէ: Այս ճամբորդութիւնը դէպի դպրոց եւ տուն վերադառնալը կը տեւէ օրական գրեթէ ութ ժամ:

Թունխել (Մոնկոլիա)

Մոնկոլիոյ Թունխել աւանին մէջ  քոչուորական ապրելակերպ է: Երեխան պէտք է անցնի տասը քիլոմեթր երկարութեամբ սառցապատ ճամբաները` հասնելու համար դպրոց, որ դասերու համար բաւարար սենեակներ չունի: Այսպիսով, առաւօտեան դասերը կը կազմակերպուին կրտսեր դասարաններու համար, իսկ կէսօրին` աւելի մեծերու: Աշակերտները նոյնիսկ պէտք է ձի նստին իրենց դպրոցը հասնելու համար: Ձիւնառատ արահետներուն մէջ անոնք միշտ պէտք է զգուշ ըլլան ձիավարութեան ժամանակ եւ դիմակայեն վայրի շուներու  յարձակման վտանգներ:

Աւելի՛ն. կէսօրին, երբ սառոյցը կը սկսի հալիլ, այն աւելի բարդութիւններ կը ստեղծէ:

Օմիյակոն (Ռուսիա)

Օմիյակոնի մէջ ռուս աշակերտներուն կ՛արտօնեն  դպրոցէն բացակայիլ միայն այն պարագային, երբ ջերմաստիճանը իջնէ նուազ 50 աստիճանի: Օմիյակոն կը գտնուի Ռուսիոյ ամէնէն ցուրտ շրջանին մէջ, Ինկրիքա գետի ափին: Ունի միայն 500 բնակիչ: Սաստիկ ցուրտը այստեղ կեանքը գրեթէ անտանելի կը դարձնէ:

Երեխաները պէտք է իրենց յոյսը դնեն այս շրջանին մէջ  մատչելի միայն մէկ հանրակառքի վրայ: Կանուխ արթննալով, անոնք պէտք է հալեցնեն գետէն առնուած սառոյցը, որպէսզի ջուր ունենան: Շարունակական ֆիզիքական շարժումը, ըստ անոնց, գոյատեւելու լաւագոյն միջոցն է: Անոնք նոյնիսկ պէտք է հագնին վեց շերտ հագուստ:

Տորն Սաւաննա (Քենիա)

Ափրիկեան Տորն Սաւաննա (Քենիա) շրջանի մասսայի ցեղախումբի երեխաներուն համար դպրոց յաճախելը դժուար է: Արթննալէ ետք երեխան կը պատրաստուի իր դպրոցին: Անոնք պէտք է անցնին բաց, ծառազուրկ դաշտերու (սաւանա) վտանգաւոր ճամբաներէ: Վիրաւորուիլը կամ սպաննուիլը վայրի անասունի կողմէ միշտ հնարաւոր է:

Այրելով` դաշտերուն մէջէն անոնք կը հասնին տխրահռչակ Յովազի հովիտ: Մեծ քաջութիւն պէտք է անցնելու համար հովիտը: Եթէ բախտը ձեռնտու ըլլայ, անոնք կրնան պտուղներ գտնել ճամբորդութեան ընթացքին: Յաճախ անոնք չեն կրնար ժամանակին դպրոց հասնիլ, բայց ուսուցիչը բարեացակամ է անոնց նկատմամբ:

Այս պատմութիւնները իսկապէս ոգեշնչող են այն առումով, որ նոյնիսկ կեանքը վտանգելով իւրաքանչիւր քայլի մէջ` անոնք կ՛ուղղուին դպրոց: Այն նոյնպէս կը պատկերէ պատանի աշակերտներու պայքարը Ֆիլիփիններու, Նիքարակուայի, Եթովպիոյ եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ :

Մալեզիոյ Մէջ Աշակերտներու Դպրոց Երթալու
Վտանգաւոր Ուղիները

Մեզմէ շատերուն համար դպրոց երթալը կը ներառէ ճամբորդութիւն հանրակառքով, կառքով կամ ինքնաշարժով: Երբեմն մենք բախտաւոր ենք, որ կը բնակինք մեր դպրոցներու մօտակայքը, կրնանք քալել դէպի դպրոց մեր ընկերներուն հետ, կամ հեծանիւով երթալ:

Մալեզիոյ ներքին շրջաններուն մէջ  դպրոց յաճախելը կը պահանջէ ճամբորդութիւն, որ կրնայ տեւել ժամեր եւ կը ներառէ վտանգի ենթարկուիլը: Այդ պայմանաւորուած է անոնց տուներէն դէպի դպրոց մեծ հեռաւորութեամբ:

Օրինակ, Սապահ նահանգի Թոնկոտ քաղաքին մէջ նախակրթարաններու եւ միջնակարգ դպրոցներու 58 առ հարիւրը կը գտնուի իրենց տուներէն աւելի քան 9 քմ հեռաւորութեան վրայ:

Մալեզիոյ ամէնէն աղքատ շրջաններէն մէկուն` Լոճինկի մէջ նոյն պատմութիւնն է:

Բայց եւ այնպէս, դպրոցական հանրակառքը եւ վանը, որոնք մատչելի են Մալեզիոյ քաղաքային շրջաններու մէջ, գիւղական վայրերու բազմաթիւ բնակիչներու համար անմատչելի են ցեխոտ ճամբաներու եւ անկայուն կամուրջներու պատճառով:

Կեանքին սպառնացող բազմաթիւ ուղիներով մալեզիացի աշակերտները դպրոց կը յաճախեն: Այս ցոյց կու տայ ծնողներուն մեծ հաստատակամութիւնը` ապահովելու, որ իրենց երիտասարդութիւնը ետ չմնայ ուսումէն: Այդ նոյնպէս կը ծառայէ որպէս աւելի սերտ ստուգում, թէ ի՛նչ պէտք է փոխուի ենթակառոյցին մէջ, որպէսզի լուսանցքայնացուած շրջանները դպրոցէ չզրկուին:

Ժամանակաւոր լաստանաւեր եւ զիփ գիծ

2022 թուականի ապրիլին Սափահի Նափաւան աւանի աշակերտները ստիպուած եղան ապաւինիլ ժամանակաւոր լաստերուն կամ գործածել զիփ գիծ` դպրոց երթալու համար, հետեւելով կախուած կամուրջին, որ գիւղերը ժամանակին գործածած են:

Դպրոցական տարազով երեխաներ կը թիավարեն իրենց ժամանակաւոր լաստերով` գետի միւս ափ հասնելու համար: Երբ ջուրի մակարդակը կը բարձրանայ կամ հոսանքները ուժեղ են, այլընտրանքը զիփ գիծն է: Երեխաները կը նստեցնեն նաւթի տակառի մը մէջ եւ կը ղրկեն մէկ ծայրէն միւսը:

Կը թուի, թէ զուարճալի է գետը զիփ գիծով անցնիլը, բայց այդ վտանգաւոր է յատկապէս երեխաներու համար, առանց համապատասխան անվտանգութեան նախազգուշական միջոցներու: Բայց անոնք այնքան կ՛ուզեն ուսանիլ, որ պէտք է անցնին այս բոլորին մէջէն. լաստանաւու, զիփ գիծ:

Ճամբորդութիւն բեռնատարով

Լենեանկի մէջ աշակերտները դպրոց կը տեղափոխեն բեռնատարով, որովհետեւ ճամբան յարմար չէ հանրակառքի համար: Հանրակառքերը դիմացկուն չեն, բեռնատարները` դիմացկուն:

Երեխաները կը պատրաստուին առաւօտեան ժամը 5:30-ին եւ կը սպասեն բեռնատարին կամ ինչպէս աշակերտները կ՛ուզեն հաւատալ` «հանրակառքին», որ կը հասնի ժամը 6:00-ին: «Հանրակառքը» աշակերտները կը հաւաքէ դրացի գիւղերէն եւ կ՛ուղղուի դպրոց, երբ երկինքը դեռ մութ է:

Լենեանկի ուսուցիչ Ամեր Ֆիրտուսի ըսաւ, որ երբ 1-2 տարեկան երեխաներ ըլլան, վարորդը ինք կը գրկէ եւ կը բարձրացնէ բեռնատար:

Խողովակաշարի հատում

Քամպունկ Մուհանկի դպրոց եւ մանկապարտէզ յաճախելու համար աւելի քան 30 աշակերտներ ամէն օր պէտք է անցնին գետը` խողովակներու միջոցով:

Աշակերտներէն ոմանք կը կրեն դպրոցական իրենց տարազը, իսկ ոմանք` վախնալով աղտոտել գոգնոցը` դրած են  տոպրակներու մէջ: Կրտսերները կ՛առաջնորդուին մեծերու կողմէ` ապահովելու իրենց անվտանգութիւնը:

Կամուրջը հին է, եթէ անիկա չվերանորոգուի կամ չփոխարինուի նորով, որեւէ պահու գիւղացիներուն կեանքը կը վտանգուի:

Իշխանութիւնները խոստացած են կառուցել քարաշէն կամուրջ: Հին կամուրջը, որուն կը վստահին գիւղացիները, յաճախ ջուրին տակ կը մնայ տեղատարափ անձրեւներէն ետք:

Քարշակով (թրաքթոր)

Նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ջուրը կը բարձրանայ եւ անոնց տուները կը լեցուին ջուրով, Սունկայի Կերավայ քաղաքի աշակերտները դպրոցէն չեն բացակայիր:

Յորդող գետէն յառաջացած հեղեղին պատճառով ճամբաները կը փակուին: Աշակերտները կը մնան դպրոցը: Ապա անոնք տուն կը վերադառնան  քարշակով կամ բեռնատարով:

Քայլարշաւ` վայրի անտառներուն մէջէն

Մեզմէ շատերուն համար աներեւակայելի է ամէն օր կանուխ արթնննալ եւ անտառներուն մէջէն քալել առաւօտեան ժամը 6-ին, դպրոց հասնելու համար: Բայց այս շատերու կեանքն է Սապահի եւ Սարաւակի գիւղական շրջաններուն մէջ: Առնուազն 20 աշակերտներ ամէն օր ժամ մը կը քալեն դպրոց հասնելու համար, յաճախ` ոտաբոբիկ, եւ կօշիկները իրենց ոտքերուն կ՛անցընեն դրացի Պուայան գիւղի իրենց դպրոցը հասնելէ ետք:

Այդպէս եղած է նաեւ 12-ամեայ տղու մը` Այոնի պարագային: Լսելով անոր դժբախտութեան մասին, նախակրթարանի իր նախկին ուսուցիչը` Ֆերան, անոր օգնեց:

Այոնի համար կար խոչընդոտ մը եւս. ան ստիպուած էր 14 քմ քալել ցեխոտ ճամբաներով, լանջերով եւ գագաթով, որպէսզի բարձրանայ: Երբ Ֆերան լսեց, որ Այոն ճամբայ ինկած է, ան ինքնաշարժով գնաց փնտռելու տղան, որ երեք ժամէ կը քալէր` իր ուսապարկը կրելով կռնակին:

Հեծանիւով դէպի դպրոց

2017-ին Քետայի մէջ երեք քոյր եւ եղբայր մը տեսած են իրենց հօր ընկերը` հեծանիւին վրայ: Ճակատագրական օր մը անոնց հայրը չէ կրցած զանոնք դպրոց ուղարկել, քանի որ ինքնաշարժը խանգարուած էր: Այդ արգելք մը չեղաւ հօրը երաշխաւորելու, որ իր երեխաները դպրոց երթան: Անոր դուստրերը դրին հեծանիւի ետեւի մասը, իսկ տղան նստած էր հեծանիւին առջեւը:

Անցնելով Ռիքետի կամուրջներով

Սանտականի Պեսար աւանի աշակերտները պէտք է անցնին Սեկունթոր գետը: Այդ ընելու միակ միջոցը կախուած կամուրջի գործածումն է: Կամուրջը Կամպունկ Նելայանը կը միացնէ գետի միւս կողմին: Կամուրջը շատ վտանգաւոր է երեխաներուն համար, որոնք կրնան գետը իյնալ, խեղդուիլ կամ կոկորդիլոսի յարձակման ենթարկուիլ:

Հասարակական ցանցերու մէջ բարձրացած աղմուկին պատճառով կամուրջը ժամանակաւորապէս փակուեցաւ եւ նորոգուեցաւ:

Նաւակներու մէջ թխմուած

Ժամանակ առ ժամանակ լուրեր կը տարածուին արեւելեան Մալեզիոյ երեխաներու մասին, որոնք կ՛անցնին գետը փոքր նաւակներով: Աշակերտները իրենք զիրենք կոկորդիլոսներու յարձակումներուն եւ անկանխատեսելի հոսանքներու վտանգի տակ դրած են, յատկապէս` յորդառատ անձրեւներէ ետք: Վերջերս Մալեզիոյ ամէնէն աղքատ թաղերէն մէկուն` Փիտասի մէջ, երեխաները Պենքոկա գետը անցնելու համար կ՛ապաւինէին փոքր նաւակներու: Աշակերտներէն ոմանք փրկութեան բաճկոններ չէին կրեր:

Առնուազն 58 երեխաներ խիզախեցան այս ճամբորդութիւնը կատարել, երբ 2022 թուականի յունուարի ջրհեղեղէն քանդուած էր կախուած կամուրջը, որ կը միացնէ հինգ գիւղեր Կամպունկ Տանտունին, ուր կը գտնուի դպրոցը:

Բայց նախապէս եղած են դէպքեր, որոնք լուծուած են, երբ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մը երկու մանրաթելային (fibre) նաւակ նուիրած է գիւղացիներուն:

Նախորդը

Յակոբ Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով -2- Ցորենի Ամպածրար (1) Հասկը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?