Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են

Մարտ 17, 2023
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մանուկներու եւ պատանիներու համար անշուշտ կենսական է ընկերային, ուսումնական եւ կրթական առումներով դպրոցի մթնոլորտին մէջ մնալը: Սակայն կեանքի զանազան պայմաններ կը պարտադրեն մարդոց` դուրս մնալ դպրոցէն: Ոմանք աւելի ուշ կը վերադառնան եւ կ՛ամբողջացնեն իրենց ուսումը, ուրիշներ կեանքի ասպարէզ կը նետուին եւ «շուկայի կրթութիւն» կը ստանան: Կարեւորը անշուշտ կեանքի մէջ յաջողիլը եւ լաւ մարդ ըլլալն է: HowStuffWorks կայքը ներկայացուցած է  երեւելիներ, որոնք դպրոցէն դուրս մնացած են…

Ն.

Բոլորը գիտեն, թէ որքա՛ն կարեւոր է մնալ դպրոցին մէջ, լաւ կրթութիւն ստանալ եւ աւարտել վկայականով: Բայց կրնայ դժուար ըլլալ կեդրոնացած մնալը` դպրոցէն դուրս մնացած այս երեւելիներուն մասին կարդալէ ետք: Քրտնաջան աշխատանքը, մղումը, բնական տաղանդը եւ բացայայտ բախտը օգնեցին անոնց յաղթահարել կրթութեան պակասը, բայց ոմանք աւելի ուշ վերադարձան դպրոց եւ… աւարտեցին:

Թոմաս Էտիսըն

Թոմաս Էտիսըն, հաւանաբար բոլոր ժամանակներու ամէնէն յայտնի եւ արդիւնաւէտ գիւտարարն է, որուն անունով պաշտօնապէս արձանագրուած են 1000 գիւտեր, ներառեալ` ելեկտրական լամբը, ֆոնոկրաֆը եւ շարժական տեսախցիկը: Ան դարձաւ ինքնուրոյն միլիոնատէր եւ արժանացաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ոսկի մետալի: Էտիսըն ուշ սկսաւ դպրոց յաճախել, հիւանդութենէ մը ետք, որուն պատճառով ան չէր կրնար կեդրոնանալ: Այս պատճառով իր ուսուցիչներէն մէկը զինք անուանեց «բթամիտ»: Ան լքած է դպրոցը միայն երեք ամիս ուսում ստանալէ ետք: Բարեբախտաբար անոր մայրը եղած է Քանատայի դպրոցի ուսուցչուհի, եւ երիտասարդ Էտիսըն տնային կրթութիւն ստացած է:

Պենճամին Ֆրանքլին

Պենճամին Ֆրանքլին քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ, հեղինակ, հրատարակիչ, գիտնական, գիւտարար եւ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան հռչակագիրի համահեղինակ էր: Ան երկրորդական վարժարան չէր աւարտած: Ֆրանքլին 17 երեխայ ունեցող ընտանիքի 15-րդ երեխան եւ կրտսեր որդին էր: Ան երկու տարի յաճախեց Պոսթընի Լատինական դպրոցը, 12 տարեկանին ձգեց ուսումը եւ աշխատանքի անցաւ հօրը, իսկ ապա եղբօրը քով` որպէս տպագրիչ:

Ռիհաննա

Երգչուհի Ռոպին Ռիհաննա Ֆենտիի երգերը աշխարհի մէջ ամէնէն շատ առցանց վաճառուողներն են: Ան գործարար է, ձեւագէտ եւ դերասան` առանց նոյնիսկ միջնակարգ դպրոցի վկայական ունենալու: Ռիհաննան ծնած է 1988 թուականին, Պարպատ: 2003 թուականին զայն յայտնաբերեցին Նիւ Եորքի երկու երաժշտական արտադրիչներ, որոնք կը հանգստանային Քարայիպեան ծովուն եզերքը: 15-ամեայ աղջիկը անմիջապէս ձգեց միջնակարգ դպրոցը եւ տեղափոխուեցաւ Նիւ Եորք, ուր հրապարակուեցաւ իր առաջին ալպոմը: Մինչեւ այսօր Ռիհաննան ծախած է աւելի քան 54 միլիոն ալպոմ, 210 միլիոն երգ եւ ամէնէն երիտասարդ մենակատարն է, որ Billboard Hot 100-ին մէջ ունի «թիւ 1» դասուած 14 երգ: Ան նաեւ  հաւաքածոներ նախագծած է Armani-ի համար եւ ունի շատ յաջող նորաձեւութեան եւ գեղեցկութեան հաւաքածոներ:

Ալպերթ Այնշթայն

Ա.Այնշթայն եւ հայազգի աշխարահռչակ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշ

Հակառակ անոր որ «Թայմ» ամսաթերթը զինք «Դարու մարդ» անուանած է, Ալպերթ Այնշթայն դպրոցին մէջ «Այնշթայն» չէր: Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր գիտնականը, որ յայտնի է իր յարաբերականութեան եւ այլ տեսութիւններով, երկրորդական վարժարանէն հեռացած 15 տարեկանին: Տարի մը ետք ան որոշած է շարունակել ուսումը եւ մասնակցած է Զուիցերիոյ հեղինակաւոր Դաշնակցային արհեստագիտութեան համալսարանի մուտքի  քննութեան, սակայն ձախողած է: Ան վերադարձած է երկրորդական դպրոց, ստացած է իր վկայականը եւ երկրորդ փորձով յաջողած է համալսարանի մուտքի քննութեան:

Ճոն Ռոքֆելըր

Երկրորդական վարժարանը աւարտելէն երկու ամիս առաջ, պատմութեան մէջ առաջին արձանագրուած միլիառատէրը` Ճոն Ռոքֆելըր, հիմնադրած է «Standard Oil» ընկերութիւնը 1870 թուականին` շահելով միլիառներ: Ճոն Ռոքֆելըր իր կեանքին վերջին 40 տարիներուն իր հարստութիւնը հիմնականին մէջ յատկացուցած է առողջութեան եւ կրթութեան կապուած նպատակներու: Ճակատագիրի հեգնանքով երկրորդական վարժարանը չաւարտելը միլիոնաւոր մարդոց օգնեց լաւ ուսում ստանալու:

Ուոլթ Տիզնի

Ուոլթ Տիզնի, լուսանկարիչ` Ե. Քարշ

1918 թուականին, երբ դեռ երկրորդական վարժարան կը յաճախէր, ապագայ օսքարակիր շարժապատկերի արտադրիչը` Ուոլթ Տիզնի, սկսաւ գիշերային դասընթացներու հետեւիլ Շիքակոյի Գեղարուեստի ակադեմիայի մէջ: Տիզնին հեռացաւ դպրոցէն 16 տարեկանին` բանակին միանալու համար, բայց քանի որ ան շատ երիտասարդ էր զինուորագրուելու համար, փոխարէնը միացաւ Կարմիր խաչին` կեղծ ծննդեան վկայագիրով: Տիզնին ուղարկեցին Ֆրանսա, ուր ան վարեց շտապօգնութեան ինքնաշարժ, որ վերէն վար ծածկուած էր գծանկարներով, որոնք ի վերջոյ դարձան անոր շարժապատկերներու հերոսները: «Ուոլթ Տիզնի» ընկերութեան միլիառատէր հիմնադիրը դառնալէն եւ Ազատութեան Նախագահական մետալով պարգեւատրուելէ ետք, Տիզնին 58 տարեկանին ստացաւ երկրորդական վարժարանի պատուոյ վկայական:

Տիանա իշխանուհի

Տիանա իշխանուհին յաճախած է Ուեսթ Հիթ աղջկանց վարժարանը, ուր ան կը նկատուէր միջինէն ցած աշակերտուհի` երկու անգամ ձախողելով աւարտական դասարանի իր բոլոր քննութիւններուն (քննութիւններ, որոնք տրուած էին 16-ամեայ ուսանողներուն Բրիտանիոյ մէջ` ստուգելու համար անոնց դպրոցական գիտելիքները): 16 տարեկանին ան լքեց Ուեսթ Հիթը եւ կարճ ժամանակ ետք յաճախեց Զուիցերիոյ երկրորդական վարժարանը` նախքան այնտեղէն եւս հեռանալը: Տիանա տաղանդաւոր ոչ արհեստավարժ երգչուհի էր եւ կը տենչար պալերինա դառնալ, թէեւ անոր համար չափազանց բարձրահասակ կը նկատուէր: Ան գնաց աշխատելու որպէս այցելու օգնական Երիտասարդ Անգլիոյ մանկապարտէզին մէջ: Հակառակ պնդումներու` ան մանկապարտէզի ուսուցչուհի չէր, քանի որ չունէր դասաւանդելու կրթական որակաւորում: Այնտեղ ան գերազանց էր, քանի որ ան շատ լաւ կը վարուէր երեխաներու հետ: 1981 թուականին` 19 տարեկանին, Տիանան նշանուեցաւ Չարլզ իշխանին հետ (այժմ` թագաւոր), եւ անոր աշխատանքային օրերը աւարտեցան: Տիանա եւ Չարլզ ամուսնալուծուեցան 1996  թուականին: Տիանան մահացաւ ինքնաշարժի արկածի պատճառով, 1997 թուականին:

Գնդապետ Սանտերս

Գնդապետ Հարլենտ Սանտերսը յաղթահարեց իր ուսման պակասը` դառնալով տապկուած հաւու առեւտուրի ամէնէն մեծ գործարարը: Անոր հայրը մահացած է, երբ ան 6 տարեկան էր, եւ քանի որ մայրը կ՛ աշխատէր, ան ստիպուած էր ընտանիքի համար ճաշ պատրաստել: Եօթներորդ դասարանին դպրոցէն հեռանալէ ետք Սանտերս աշխատած է որպէս հրշէջ, շոգենաւավար, ապահովագրութիւն վաճառող եւ այլն: Հետագային ան իրաւագիտութեան վկայական ստացած է հեռակայ դպրոցէն: Սանտերսի խոհարարութեան եւ առեւտրականի փորձառութիւնը օգնեց անոր միլիոններ շահիլ  որպէս «Kentucky Fried Chicken»-ի (այժմ` KFC) հիմնադիր:

Չարլզ Տիքընզ

Չարլզ Տիքընզ հեղինակն է բազմաթիւ դասական վէպերու` «Օլիվըր Թուիսթ», «Երկու քաղաքներու հեքիաթ» եւ «Սուրբ Ծննդեան» երգ: Ան կը յաճախէր նախակրթարան, մինչեւ որ իր կեանքը շրջադարձ կատարեց, երբ հայրը բանտարկուեցաւ պարտքերու համար: 12 տարեկանին ան ձգեց դպրոցը եւ սկսաւ օրական 10-ժամ աշխատիլ կօշիկներ ներկելու գործարանին մէջ: Հետագային ան աշխատեցաւ  որպէս օրէնսդիր եւ դատարանի գրագիր: 22 տարեկանին ան դարձաւ լրագրող` հաղորդելով խորհրդարանական քննարկումներու մասին եւ մեկնաբանելով նախընտրական քարոզարշաւը թերթի համար: Անոր առաջին պատմուածքներու ժողովածուն` «Էսքիզներ Պոզի կողմէ» (Պոզը անոր ծածկանունն էր), լոյս տեսաւ 1836 թուականին եւ բերաւ անոր առաջին վէպը` «The Pickwick Papers», մարտ 1836-ին:

Էլթըն Ճոն

Էլթըն Ճոն ձգած  է Երաժշտութեան թագաւորական ակադեմիան` ռոքենրոլի ասպարէզ սկսելու համար: Սըր Էլթոն Ճոն վաճառած է աւելի քան 300 միլիոն ձայնագրութիւն եւ ունի աւելի քան 50 առաջին դասուած երգեր, որոնք զայն կը դարձնեն  բոլոր ժամանակներու ամէնէն յաջող երաժիշտներէն մէկը: 11 տարեկանին Էլթըն դաշնակի կրթաթոշակով կ՛ընդունուի Լոնտոնի Երաժշտութեան թագաւորական ակադեմիան: Ձանձրանալով դասական ստեղծագործութիւններէն` Էլթըն կը նախընտրէր ռոքենրոլը, եւ 17 տարեկանին ան լքեց  դպրոցը` դառնալով շաբաթավերջի օրերու դաշնակահար տեղական պանդոկին մէջ: Հետագային ան ստեղծեց «Bluesology» կոչուող խումբը եւ իր բեմական անունը կազմեց խումբի երկու անդամներու անուններով:

Ռէյ Քրոք

Ռէյ Քրոք «McDonald՛s»-ը հիմնադրած չէ, բայց ան զայն վերածած է աշխարհի ամէն մեծ արագ սնունդի ցանցին` Տիք եւ Մաք Մաքտոնալտներէն սկզբնական վայրը գնելէն ետք: Քրոք իր կեանքի ընթացքին կուտակած է 500 միլիոն տոլար, իսկ 2000 թուականին ընդգրկուած է «Թայմ» ամսաթերթի 20-րդ դարու 100 ամէնէն ազդեցիկ շինարարներու եւ գործարարներու ցանկին մէջ: Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Քրոք լքած է երկրորդական վարժարանը, 15 տարեկանին, եւ ստած է իր տարիքի մասին` դառնալով Կարմիր խաչի շտապօգնութեան վարորդ, բայց պատերազմը աւարտած է նախքան զինք արտասահման ուղարկելը:

Ռիչըրտ Պրենսըն

Բրիտանացի սըր Ռիչըրտ Պրենսըն ինքնաշխատութեամբ յաջողած է եւ այժմ միլիառատէր գործարար է: Ան հիմնած է  «Virgin Atlantic Airways»-ը, «Virgin Records»-ը, «Virgin Mobile»-ը եւ վերջերս տիեզերական զբօսաշրջութեան ընկերութիւն` ապահովելու ճամբորդութիւններ դէպի տիեզերք բոլոր անոնց համար, որոնք  ի վիճակի են վճարելու… Ընթերցանութեան դժուարութիւն (dyslexia) ունեցող Պրենսըն աղքատ աշակերտ էր, ուրեմն լքեց դպրոցը 16 տարեկանին եւ տեղափոխուեցաւ Լոնտոն, ուր սկսաւ իր առաջին յաջող գործարարական աշխատանքը` հրատարակելով «Student» ամսաթերթը:

Ճենիֆըր Լորանս

Լաւ է, որ Ճենիֆըր Լորանսի ծնողները թոյլ տուած են անոր լքել ուսումը ութերորդ դասարանին, քանի որ ան հետագային դարձաւ բոլոր ժամանակներու ամէնէն բարձր վարձատրուող դերասաններէն մէկը: Լորանս ծնած է Լուիսվիլ, Քենթաքի, 1990 թուականին: Դպրոցէն հեռանալէ ետք, ան 14 տարեկանին գնաց Մանհաթըն, ուր դերասանութեան ընդունուելու համար ընթերցումներ կատարեց: Գործակալները անմիջապէս տպաւորուեցան, եւ ան շուտով յայտնուեցաւ ծանուցումներու, յետոյ շարժապատկերներու մէջ: Ան այսօր ամէնէն շատ յայտնի է Ռիի դերով «Winter՛s Bone» (2010) եւ Քաթնիս Էվերտինի դերով` «The Hunger Games» (2012) շարժապատկերներու մէջ: Ան ամէնէն բարձր վարձատրուող դերասանուհին էր 2015 եւ 2016 թուականներուն:

Սաչին Թենտուլքար

Հակառակ յայտնի արձակագիր հայր եւ ապահովագրութեան մասնագէտ մայր ունենալուն` Սաչին Թենտուլքար ձախողեցաւ հնդկական 12-րդ դասարանի վկայականի քննութեան եւ լքեց ուսումը 16 տարեկանին: Բայց Թենտուլքար մտահոգ չէր, քանի որ ան արդէն քրիքեթի մարզիկ էր եւ անդամ էր Հնդկաստանի ազգային հաւաքականին: Ծնած է Մումպայի մէջ 1973 թուականին: Թենտուլքար դարձած է քրիքեթի աշխարհի լաւագոյն մարզիկներէն մէկը: Ան միակ մարզիկն է, որ շահած է  աւելի քան 34 հազար մրցում: Անոր կինը` Անճալի Մեհտան, մանկաբուժ է:

Մերի Փիքֆորտ

Կրիֆիթ, Փիքֆորտ, Չափլին (նստած) եւ Ֆերպանքս` «United Artists»-ի հիմնադրութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան ժամանակ

1800-ականներու վերջաւորութեան ծնած բազմաթիւ կիներ երբեք չեն աւարտած միջնակարգ դպրոցը: Բայց Մերի Փիքֆորտ սկսաւ դերասանութեան 7 տարեկանին, որպէսզի օգնէ իր ընտանիքին` հօր մահէն ետք: Քանատացի Մերի, որուն իսկական անունը Կլետիս Սմիթ է, ծնած է 1892 թուականին: Ան ի վերջոյ յայտնի դարձաւ իր գեղեցկութեամբ եւ տաղանդով` որպէս անխօս շրջապատկերներու աստղ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս: Զայն անուանեցին «Ամերիկայի սիրելին»: Փիքֆորտ ամուսնացած է երեք անգամ, ներառեալ` հռչակաւոր դերասան Տուկլաս Ֆերպանքս Երէցի հետ եւ անոնք միասին հիմնադրած են շարժապատկերի «United Artists» ընկերութիւնը (Կրիֆիտ եւ Չափլին նոյնպէս հիմնադիրներ էին):

Ճիւլի Անտրիւս

Ճիւլի Անտրիւս կ՛ըսէ, որ իր կեանքին ամէնէն մեծ ցաւերէն մէկը այն է, որ իր ուսումը դադրած է 15 տարեկանին: Թէեւ այդ կրնայ ճիշդ ըլլալ, բայց ան զարմանալի ասպարէզ ունեցած է շարժապատկերի ոլորտին մէջ: Ծնած է Անգլիա, 1935 թուականին, որպէս Ճուլիա Ուելս: Հետագային ան առած է խորթ հօրը` Անտրիւս մականունը: Ճուլիի մայրն ու խորթ հայրը բեմի կատակերգակ դերասաններ եղած են: Երբ անոր խորթ հայրը երգեցողութեան դասեր տուած է Ճիւլիին, օր մը յայտնաբերած է, որ ան հազուագիւտ չորս օքթաւ հասողութիւն ունի: 1954-ին ան ելոյթ կ՛ունենար Պրոտուէյի մէջ, որուն յաջորդեց շարժապատկերի յաջող ասպարէզ, մեծ ժողովրդականութիւն վայելած երաժշտախառն ժապաւէններով, ինչպիսիք են` «The Sound of Music» եւ «Mary Poppins»: Ան նոյնպէս  ունեցած է պատկերասփիւռային ելոյթներ:

… եւ ի վերջոյ ժամկոչը

Գործազուրկ մը կը լսէ, որ եկեղեցին ժամկոչի պէտք ունի, կը դիմէ եւ կը մերժուի, որովհետեւ գրել-կարդալ չէր գիտեր: Ճարահատ` փողոցները ծխախոտ կը ծախէ, ապա կրպակ մը կը վարձէ, քիչ մը դրամ կը շահի, խանութ մը կը գնէ, ի վերջոյ ծխախոտի ընկերութիւն մը կը հիմնէ եւ ծխախոտ արտադրողներու սենտիքայի նախագահ կ՛ըլլայ: Ժողովի մը, երբ նամակ մը կը տրուի իրեն, կ՛ըսէ, թէ ինք գրել-կարդալ չի գիտեր: Ժողովականները զարմացած եւ հիացած` կը հարցնեն.«Դուք, որ առանց գրել-կարդալ գիտնալու այս դիրքին հասած էք, գրել-կարդալ եթէ գիտնայիք, ով գիտէ` ի՜նչ պիտի ըլլայիք»:

Մարդը կ՛ըսէ. «Ժամկոչ պիտի ըլլայի»:

 

Նախորդը

«Ներկայ Կեանքի Մարտահրաւէրներուն Դիմաց Հայ Կեանքի Վերանորոգումն Ու Վերակազմակերպումը Հրամայական Են». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

ՀՅԴ «Աղբալեան» Կոմիտէին Կազմակեպութեամբ. Ազգագրական Երգերու Երեկոյ

RelatedPosts

Շատերու Համար Վտանգաւոր Է Դպրոց Յաճախելը
Մշակութային եւ Այլազան

Շատերու Համար Վտանգաւոր Է Դպրոց Յաճախելը

Մարտ 31, 2023
Գիւղը, Ուր Տղամարդոց Մուտքը Արգիլուած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Գիւղը, Ուր Տղամարդոց Մուտքը Արգիլուած Է

Մարտ 24, 2023
Հրաշք Մանուկը
Մշակութային եւ Այլազան

Հրաշք Մանուկը

Մարտ 10, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In