Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Գրեթէ անծանօթ տեղեկութիւններ`
«Թիթանիք»-ի եւ մարդոց մասին
Անխօս շարժապատկերներու դերասանուհին
700 փրկուածներէն եղած է
Անխօս շարժապատկերի ամերիկացի դերասանուհի Տորոթի Կիպսըն ողբերգութենէն փրկուած մօտ 700 անձերէն մէկն էր: Անվնաս ժամանելով Նիւ Եորք` ան անմիջապէս սկսաւ նկարահանել «Փրկուած Թիթանիք»-էն առաջին ժապաւէնը, որ հրապարակուեցաւ մայիս 1912-ին, արկածէն ամիս մը ետք: Ան կը կրէր նոյն հագուստն ու կօշիկները, որոնք կրած էր բուն խորտակման ժամանակ: Թէեւ ժապաւէնը յաջող էր, այն այժմ գոյութիւն ունի միայն յիշողութիւններու մէջ: Ժապաւէնի միակ յայտնի օրինակը ոչնչացած է հրդեհի մը ժամանակ:
Նաւուն երաժիշտներէն մէկը պաշտօնապէս
մահացած չէ յայտարարուած մինչեւ 2000 թուականը:
Ռոճըր Պրիքուն Թիթանիքի թաւջութակահարն էր եւ միայն 21 տարեկան էր, երբ ան զոհուեցաւ: Բայց Պրիքուն պաշտօնապէս մահացած յայտարարուեցաւ 2000 թուականին, հակառակ անոր որ բոլոր երաժիշտները մահացան 15 ապրիլ 1912-ին: Ֆրանսական բանակը զայն նոյնիսկ անուանեց դասալիք, երբ ան չներկայացաւ ծառայելու Ա. Համաշխարհային պատերազմին: «Ֆրանսէ տիւ Թիթանիք» միութիւնը աշխատեցաւ զայն արդարացնել եւ պաշտօնապէս Պրիքուինը հանգստացնել, բայց այդ յաջողեցաւ միայն Թիթանիքի արկածէն 88 տարի ետք:
Նաւուն դիտակները պէտք էր հիմնուէին միայն իրենց
տեսողութեան վրայ. հեռադիտակը փակուած էր
պահարանի մէջ, որուն բանալին ոչ ոք կրնար գտնել:
Նաւուն դիտակները` Ֆրետերիք Ֆլիթ եւ Ռեճինալտ Լի, ճամբորդութեան ընթացքին հեռադիտակներ չունէին եւ, հետեւաբար, չէին կրնար տեսնել շատ հեռուները: Նաւուն երկրորդ սպան վերջին պահուն փոխարինուեցաւ եւ մոռցաւ յանձնել բանալին այն պահարանին, ուր կը գտնուէր նաւուն հեռադիտակը: Բանալին կրկին յայտնուած է աճուրդի մէջ 2010 թուականին, ուր այն վաճառուած է աւելի քան 130 հազար տոլարի:
Սառցալեռը իրականութեան մէջ տեսնելու, վարիններուն պոռալու գործողութիւններու որոշումին միջեւ անցած է միայն 37 երկվայրկեան: Ֆրետերիք Ֆլիթն էր, որ պոռացած է այժմ յայտնի «Սառցալեռ, ճիշդ առջեւը» բառերը: Ան փրկուած է նաւաբեկումէն, բայց ողբերգականօրէն անձնասպան եղած է 1965 թուականին` իր կնոջ մահէն ետք: Թիթանիքի խորտակման հարիւրամեայ տարելիցին անծանօթ անձ մը Ֆլիթի գերեզմանաքարէն հանած է ծաղկեպսակը եւ այն փոխարինած` հեռադիտակով եւ «Ներողութիւն, այս 100 տարի ուշացնելու համար» գրութեամբ:
Ողբերգութիւնը սկիզբէն պատուհասած է Թիթանիքը
Նաւու կառուցման ժամանակ զոհուած է ութ մարդ: Պելֆասթի մէջ ութ տղամարդոց յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակը բացուած է 2012 թուականին:
Նաւու ամէնէն հարուստ մարդը իր մահուան պահուն աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդն էր:
Ասթոր ոչ միայն Թիթանիքի, այլեւ մահուան պահուն աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդն էր: Անոր հարստութիւնը 150 միլիոն տոլար կամ 5 միլիառ էր այսօրուան տոլարով: Ասթոր նաւուն մէջն էր եւ տուն կը վերադառնար միամսեայ մեղրալուսինէն իր նոր կնոջ` Մատլեն Թալմէյճ Ֆորսի հետ, որ 18 տարեկանին 28 տարի փոքր էր Ասթորէն: Այլ ունեցածներու շարքին անոր գրպանին մէջ գտած են 2440 տոլար (շուրջ 74 հազար տոլար այսօր):
Թերթեր սխալմամբ գրած են,
որ արկածին պատճառով զոհեր չկան

Աղէտի մասին վերնագիր հրապարակելու մրցավազքին մէջ բազմաթիւ թերթեր ընտանիքներուն եւ մտերիմներուն կեղծ յոյս տուած են Թիթանիքի նաւաբեկման վերաբերեալ: «Տը Ուըրլտ»-ը յայտնած է, որ զոհեր չկան, «Տէյլի մէյլ»-ը յայտարարած է, որ «կորսուած կեանքեր չկան», իսկ «Պէլֆասթ թելեկրաֆ»-ը յայտարարած է, որ «կեանքի կորուստի վտանգ չկայ»: Ամերիկեան թերթերը յաջողեցան օգտուիլ ժամանակի տարբերութենէն, եւ անոնց վերնագիրները աւելի ճշգրիտ էին: Օրինակ` «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը վերնագրած է «Թիթանիքը կը խորտակուի սառցալերան բախուելէն չորս ժամ ետք. 866 փրկուած, հաւանաբար` 1250 զոհ»:
Թիթանիքի նաւաբեկումէն փրկուած կին մը
աւելի ուշ փրկուեցաւ այլ նաւու մը` «Բրիտանիք»-ի խորտակումէն
Հիւանդապահուհի Վիոլեթ Ճեսոփ 25 տարեկան էր, երբ փրկուեցաւ Թիթանիքի խորտակումէն: Անոր յանձնարարուած է մտնել փրկանաւ, մինչ նաւը կ՛իջնէր` ցոյց տալու կիներուն, որ նաւակները ապահով են: Չվախնալով այս ծովային ողբերգութենէն` Ճեսոբ սկսաւ աշխատիլ «Բրիտանիք» նաւուն վրայ (մամուլը անուանած է «Թիթանիք 2»), մինչեւ որ հանդիպեցաւ ականի, որ տեղադրուած էր գերմանական ծովուժին կողմէ, 1916 թուականին: Այդ նաւը նոյնպէս խորտակուեցաւ, եւ Ճեսոփ կրկին փրկուեցաւ, բայց այս անգամ` գլխու լուրջ վնասուածքով, որ ազդեց անոր ամբողջ կեանքին վրայ:
«Թիթանիք»-ի բոլոր ճարտարագէտներն ալ
մնացին իրենց տեղը
«Թիթանիք»-ի 25 ճարտարագէտներն ալ մնացին իրենց տեղը, որպէսզի նաւը աշխատի մինչեւ վերջ: «Թիթանիք»-ի լոյսերը մարեցին միայն այն ժամանակ, երբ ան վերջնականապէս ընկղմեցաւ:
Ոչ մէկ քաղաք այնքան տուժած է նաւաբեկումէն,
որքան` Անգլիոյ Սաութհեմփթընը
Նորթամի դպրոցի 240 աշակերտներէն 120-ը կորսնցուցած են իրենց հայրը: Նորթամը Սաութհեմփթընի թաղ է: Անձնակազմին մեծ մասը քաղաքէն էր, եւ անձնակազմի միայն 213 անդամներ ողջ մնացին, մինչդեռ 686-ը մահացան: Այրի կին մը, որ նոր ծննդաբերած էր երկուորեակներ, իմանալով, որ իր ամուսինը մահացած է, ինքն ալ հոգին աւանդած է ցնցումէն:
Նաւրատիլ եղբայրները յայտնի էին որպէս
«Թիթանիքի որբերը»
Նաւրատիլ եղբայրները` Էտմոնը եւ Միշելը, 2 եւ 4 տարեկան էին, երբ խորտակուեցաւ «Թիթանիք»-ը: Անոնց հայրը` Միշէլ, որ բաժնուած էր իր կնոջմէն, առեւանգած էր զանոնք եւ որոշած էր տանիլ Ամերիկա: Միշէլ երեխաները նստեցուց փրկարար նաւակի մէջ, եւ այլեւս չտեսնուեցաւ: Երկուքն ալ անգլերէն չէին խօսեր, ուստի զանոնք ընդունեց ֆրանսախօս Մարկարեթ Հէյս, մինչեւ որ իշխանութիւնները յաջողեցան յայտնաբերել անոնց մայրը, որ գտաւ զիրենք աղէտէն ամիս մը ետք` շնորհիւ այն բանին, որ անոնց նկարները հրապարակուած էին ամբողջ աշխարհի թերթերուն մէջ:
«Թիթանիք»-ի վրայ իրենց մեղրալուսինը
կը նշէին առնուազն 13 զոյգեր
Ըստ «Թիթանիք լաւ սթորիզ», նաւուն վրայ մեղրալուսինը նշող առնուազն 13 զոյգ եղած է:
«Ունայնութիւն» կոչուող նորավէպը, որ լոյս տեսած է
նաւաբեկումէն 14 տարի առաջ, գուշակած էր աղէտը
Ամերիկացի գրող Մորկան Ռապըրթսընի կողմէ գրուած «Ունայնութիւն» նորավէպը լոյս տեսած է 1898 թուականին, «Թիթանիք»-ի նաւարկութենէն 14 տարի առաջ: Անիկա կեդրոնացած էր «Թիթան» կոչուող երեւակայական նաւու խորտակման վրայ: Ըստ «Թայմ» թերթին, «Ունայնութիւն» նորավէպի նաւու խորտակման եւ իրական կեանքի միջեւ կայ ահաւոր նմանութիւն: Անոնք գրեթէ նոյն չափի են, անունները շատ նման են, երկուքն ալ խորտակուած են ապրիլին` սառցալերան պատճառով: Երկու նաւերն ալ նկարագրուած էին որպէս չխորտակուող, երկուքն ալ ունէին օրէնսդրօրէն պահանջուող քանակի փրկարար նաւակներ, որոնք բաւականաչափ մօտ չէին: Հեղինակը բացատրած է, որ անսովոր նմանութիւնները պարզապէս արդիւնք են իր լայն գիտելիքներուն: «Ես գիտեմ, թէ ինչի՛ մասին կը գրեմ, վե՛րջ»:
1997-ին նկարահանուած ժապաւէնը աւելի
ծախսալից էր, քան` «Թիթանիք»-ի կառուցումը
1912 թուականին «Թիթանիք»-ին արժէքը գնահատուած էր մօտ 7,5 միլիոն տոլար, այսօրուան հաշուով` 231 միլիոն տոլար: 1997 թուականի շարժապատկերի պիւտճէն կը կազմէր 200 միլիոն տոլար կամ 376 միլիոն տոլար` այսօր:
Վերջին փրկուածը մահացած է 2009 թուականին

Միլվինա Տին միայն 2 ամսական էր, երբ զայն փաթթեցին պարկի մը մէջ եւ իջեցուցին փրկանաւը: Ան «Թիթանիք»¬ի վերջին փրկուածն էր եւ մահացաւ 2009 թուականին, 97 տարեկանին:
Ամէնէն յայտնի փրկուածներէն մէկը «Անխորտակելի»
Մոլլի Պրաունն էր, որ ծերակոյտի թեկնածու առաջադրուած էր
«Թիթանիք»-ի խորտակումէն ետք Պրաուն դարձաւ քաղաքական գործիչ: Ան ընտրական իրաւունքի շարժման ջատագովն էր, Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ աշխատած է Կարմիր խաչին հետ եւ նոյնիսկ թեկնածու առաջադրուած էր Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին համար, թէեւ չէր յաղթած:
Մօտ 700 փրկուածներէն միայն մէկը ճափոնցի էր:
Երբ վերադարձաւ տուն, ծաղրանքի ենթարկուեցաւ
Մասապումի Հոսոնոյը սկիզբէն ամերիկեան լրատուամիջոցները կ՛անուանէին «Յաջող ճափոնցի տղայ», բայց շուտով զայն վախկոտ պիտակեցին փրկարար նաւ նստելու համար, որ շատերը հիմնականին մէջ կը նկատէին կիներու եւ երեխաներու յատկացուած: Հայրենի երկրին մէջ զայն կ՛անուանէին անպատիւ եւ կը մեղադրէին կնոջ հագուստ հագուելու համար:
Քանի մը բախտաւորներ տոմսեր գնեցին,
բայց երբեք նաւ չբարձրացան
Նաւաբեկումէն օրեր ետք թերթերը սկսան ցուցակներ կազմել այն մարդոց, որոնք գնած էին տոմսեր, բայց զանազան պատճառներով երբեք չեն բարձրացած նաւ:
Նաւը կը տեղափոխէր մեծաքանակ
ուտելիք, գարեջուր, գինի, սիկար
Նաւուն վրայ կային` 75 հազար քիլօ թարմ միս, 7500 քիլօ խոզի ապուխտ, 36 հազար նարինջ, 1000 հաց եւ 40 հազար թարմ հաւկիթ: Բացի ուտելիքէն, նաւը կը փոխադրէր նաեւ` 15 հազար շիշ գարեջուր, հազար շիշ գինի, 850 շիշ հեղանիւթ (liquor) եւ 8 հազար սիկար:
————————————————-
…եւ անշուշտ հայերը
«Թիթանիք»-ի մէջ գտնուող վեց հայերէն միայն երկուքը կարելի եղած է փրկել. Դաւիթ Վարդանեան եւ Նշան Գրիգորեան:
Դաւիթ կամ «Թիթանիք» (նաւաբեկումէն ետք նաեւ այսպէս անուանած են զայն) այդ օրը դարձած էր 22 տարեկան: Ազատիա Վարդանեանի եւ Սիերմա Աբիկեանի զաւակը` ան ապրած է Էրզրումի (Կարին) մօտ գտնուող Քղի գաւառի Օրօր գիւղին մէջ, եղած է աշխատաւոր, ամուսնացած է նոյն գաւառի Ճերմակշէնցի Մարիամ Պայծառի հետ: Որպէս քրիստոնեայ եւ հայ` դժուար կեանք ունեցած է: Դաւիթ եւ իր նմանները կը նկատուէին երկրորդ կարգի քաղաքացիներ եւ դաժան հալածանքներու կ՛ենթարկուէին օսմանեան Թուրքիոյ մէջ: Քաղաքական եւ կրօնական հալածանքներէ դրդուած, Դաւիթ եւ անոր քանի մը հայրենակիցները` Նշան Գրիգորեան, Արսէն Սիրականեան, Յարութիւն Զաքարեան եւ Մամբրէ Զաքարեան, հարազատ բնօրրաններէն փախչելով, կը գաղթեն Քանատա` միանալու Պրանտֆորտ մեկնած քղեցիներուն, որոնք կ՛աշխատէին տեղւոյն ձուլարանին մէջ: Իսկ անոր կինը` Մարիամ, մնացած էր Քղի:
Դաւիթ` որպէս երրորդ կարգի ճամբորդ, «Թիթանիք» բարձրացած էր ֆրանսական Շերպուրի մէջ, 7 սթերլինկ, 4 շիլինկ, 6 փենս արժողութեամբ թիւ 2658 տոմսով: Ողբերգութեան գիշերը ան փրկուած է սովորական փրկարարական նաւակով: Իսկ լողալ ան սորված էր հայրենի գիւղի մօտէն հոսող գետակին մէջ, կարողութիւն մը, առանց որուն` թերեւս մահը անխուսափելի կ՛ըլլար…
Մահուան երախէն փրկուած հայորդին իր բախտակիցին` Նշան Գրիգորեանի հետ քանի մը տարի կ՛ապրի Քանատայի Օնթարիօ նահանգի Համիլթըն քաղաքին մէջ, ապա մնայուն կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ: Ան կը կարծէր, թէ իր կինը, որուն հետ ամուսնացած էր աղէտալի իր նաւաբեկումէն տարի մը առաջ, Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած է Քղիի կոտորածներու ժամանակ: Ամէն պարագայի, վերջին յոյսի փայփայումով կը շարունակէ նամակներ գրել տուն` Մարիամի հետքը գտնելու հաւատքով: Տարիներ շարունակ յամառօրէն փնտռելով` ի վերջոյ կը յաջողի պարզել, որ կինը ողջ է: Եւ այդ փնտռտուքը կը տեւէ 11 տարի: Զոյգին հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Նիակարայի ջրվէժի Ռէյնպօ կամուրջին վրայ` կինը քանատական կողմէ, ամուսինը` ամերիկեան: Անոնք բնակութիւն կը հաստատեն Փենսիլվանիոյ Միտուիլ քաղաքին մէջ: Կ՛ունենան երեք երեխայ` Ճեք, Ռոզ, Ալիս:
Դաւիթ Վարդանեան կ՛ապրի 76 տարի, 54 տարուան հրաշքով վերապրած կեանք, ողբերգական այն օրէն ետք, երբ ինք 15 ապրիլ 1912-ին կը բոլորէր կեանքի 22-րդ գարունը…