Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արհեստակա՞ն, Թէ՞ Իսկական Տօնածառ Գործածել

Դեկտեմբեր 23, 2022
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 

Տարուան այս եղանակին անշուշտ ամէն ոք կը փափաքի լաւագոյն տօնածառը ունենալ իր տան մէջ: Սակայն հարցումը անխուսափելի է. արհեստակա՞ն, թէ՞ իսկական տօնածառ… «Պի.Պի.Սի.» այս մասին վերջերս հրապարակած է շահեկան յօդուած մը:

Ն.

Իսկական Տօնածառերու Անտեսուած
Առաւելութիւնները

Գիտնականները կը նշեն, որ տօնածառերու բնապահպանական դրական եւ բացասական կողմերը շատ աւելին են, քան` «իսկական կամ կերպընկալ» ազդեցութիւնը կլիմայի վրայ: Հետեւաբար ո՞րն է լաւագոյն ընտրութիւնը կանաչ բնապահպանական Կաղանդի մը համար:

1800 թուականին Անգլիոյ թագուհի Շարլոթ` Ճորճ Գ. թագաւորի գերմանացի կինը, տեղադրեց Անգլիոյ առաջին տօնածառը, Ուինսըրի թագուհիին յատուկ հանգստավայրին մէջ:

Զարդարուած տօնածառերը հին պատմութիւն ունէին Գերմանիոյ մէջ, բայց անոնք շուտով մաս կազմեցին տօնական եղանակի նորաձեւութեան` անգլիական բարձր խաւերուն համար եւ 1850-ական թուականներուն Մեծն Բրիտանիոյ մէջ սովորական երեւոյթ դարձան:

Մօտ երկու դար ետք սենեակներու մէջտեղը նոր կտրուած ծառ տնկելու եւ այն լոյսերով ու զարդեղէնով ծածկելու այժմու սիրուած աւանդութիւնը տակաւին կը գործէ աշխարհի մեծ մասին մէջ: Այսօր Բրիտանիոյ մէջ տարեկան աւելի քան ութ միլիոն տօնածառ կը վաճառուի, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ` շուրջ 25-30 միլիոն:

Իսկական ծառերը նոյնպէս սկսած են նորաձեւութեան վերադառնալ երիտասարդ սերունդներու շրջանակին մէջ:

Երիտասարդները ընդհանրապէս կը սիրեն իսկական տօնածառեր, բայց յաճախ բանավէճի նիւթ կը դառնայ այն, որ արդեօ՞ք այդպիսի ծառեր ձեռք բերելը չափազանցուած մսխում է, թէ՞ Կաղանդի էական եւ, ի վերջոյ, կենսոլորտային առումով  անտեսուած մաս:

Այս նիւթին մէջ աւելի խորանալով` պարզ կը դառնայ, որ անոնց ենթադրեալ բացասական բնապահպանական ազդեցութիւնը կրնայ այնքան յստակ չըլլալ, որքան կը կարծուէր ժամանակ մը: Խօսակցութիւնները յաճախ կը կեդրոնանան իսկական տօնածառի բնածուխի հետքին վրայ` համեմատած կերպընկալէ տօնածառին հետ: Բայց հետազօտողները կ՛ըսեն, որ անոնց աւելի լայն ազդեցութիւնը` լաւ կամ վատ, շատ աւելին է:

Ի վերջոյ, նախքան կտրելը եւ ցուցադրելը, տօնածառը կ՛աճեցնեն այն հողին վրայ, որ այլապէս կրնար գործածուիլ տարբեր նպատակներու համար: Վերմընթի մէջ, օրինակ, տօնածառերու տնկարանները (plantations) կ՛աջակցին տեղական տնտեսութեան եւ հողը որպէս գիւղական, երկրագործական տարածք պահելու աշխատանքին կ՛օգնեն:

Մեր հողի գործածութեան ձեւը յատկապէս կարեւոր դարձած է երկու հրատապ եւ խորապէս իրարու կապուած բնապահպանական ճգնաժամերու պայմաններուն մէջ. կենսաբազմազանութեան կորուստ եւ կլիմայի փոփոխութիւն: Անտառները հսկայական մասն են հողի այդպիսի օգտակար օգտագործման:

Լաւ կառավարուող անտառները իսկապէս մեծ դեր կը խաղան կլիմայի փոփոխութեան լուծման հարցին մէջ: Ամէն տեսակի ծառերը բնածուխ կը քաշեն մթնոլորտէն, կը կուտակեն այն եւ կը նուազեցնեն բնածուխի ապականումի քանակը, ուրեմն` կլիմայի փոփոխութեան կշռոյթը:

Տօնածառերը կ՛աճեցուին բերքահաւաքէն շուրջ 10 տարի առաջ, այնպէս որ, ամէն տարի կտրուած իւրաքանչիւր ծառի համար 9 ծառ պէտք է կանգուն մնայ

Տօնածառերը անշուշտ հողի հսկայական օգտագործումի կամ բնածուխի համաշխարհային ծիրին մէջ մեծ դերակատար չեն, յատկապէս` համեմատած ատաղձի արտադրութեան կամ մշակուող եգիպտացորենի նման բոյսերու հետ: Բայց անոնք իսկապէս հետաքրքրական ոլորտ են, որ պէտք է դիտարկել, մասամբ այն պատճառով, որ բազմաթիւ մարդիկ շատ աւելի անմիջական կապ ունին անոնց հետ, քան` թերեւս անտառային որեւէ այլ արտադրանք:

Կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք այնքան ալ չեն շփուած բնութեան հետ: Շատ լաւ է մտածել, որ այս բոլոր մարդիկը իրենց տունը ծառ կը բերեն: Ասիկա ձեւով մը ծառը յարգել, գնահատել է: Տօնական այս գնահատանքը կրնայ լաւ առիթ ըլլալ` դիտարկելու տարբեր ծառերու աւելի լայն դերը, ինչպէս եւ ուր անոնք կ՛աճեցուին:

Տօնածառերը սովորաբար երիտասարդ եղեւիններ են, կամ` տնկարաններէն եկած սոճիներ: Այս կը նշանակէ, որ անոնց  շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութիւնը միշտ կախուած կ՛ըլլայ այն բանէն, թէ փոխարէնը ի՛նչ կարելի է աճեցնել հողին մէջ: Անշուշտ պէտք է ըսել, որ հին անտառները, հրկիզուած հողերը եւ այլ հին բնակավայրերը երբեք պէտք չէ գործածուին տօնածառեր տնկելու համար:

Տնկիները կ՛աճեցուին մօտաւորապէս 10 տարի` նախքան բերքահաւաքը, այս կը նշանակէ, որ տարեկան կտրուած իւրաքանչիւր ծառի դիմաց 9 ծառ կանգուն կը մնայ: Այդ բաւական լաւ է` որպէս ծառերու հաւաքածոյ պահելու միջոց, որովհետեւ միշտ անհրաժեշտ է, որ նոր ծառերը հաւաքուին յաջորդ տարիներուն համար, յատկապէս եթէ տօնածառի տարածքը շատ աւելի մեծ դաշտի կամ կենսամիջավայրերու տեսակներու խճանկարի մէկ մասն է, ներառեալ` հասուն, աւելի մեծ, անձեռնմխելի անտառները, ուրեմն անիկա կենսոլորտային դրական դերակատարութիւն ունի:

Տօնածառերը ներառուած չեն մինչեւ 2030 թուականը երեք միլիառ յաւելեալ ծառ տնկելու Եւրոպական Միութեան խոստումին մէջ, քանի որ անոնք կը համարուին չափազանց կարճատեւ կեանք ունեցող: Անոնք աւելի յաճախ կը հատուին, քան` փայտանիւթի բերքը կամ բնական հին անտառները: Այսպիսով, կենսաբազմազանութեան համար շատ ժամանակ չկայ հաստատուելու եւ առողջ ծառեր աճեցնելու:

Բայց եւ այնպէս, հետազօտութիւնները ցոյց տուին, որ տօնածառի տնկարանները կրնան խթանել կենսաբազմազանութիւնը, յատկապէս` այն տարածքներուն մէջ, ուր անիկա կը նուազի, քանի որ երկրագործութիւնը աւելի կ՛աշխուժանայ: Տնկարանները հակուած են ունենալ բաց միջավայրի կառոյցներ, որոնք հարուստ են մերկ հողով, որ կրնայ դիւրացնել սննդամթերքի աղբիւրներուն հասանելիութիւնը, իսկ անոնց ծառերը ագարակի թռչուններուն կրնան ապահովել բոյն շինելու պատշաճ պայմաններ: Անոնք կը կարօտին աւելի նուազ խնամքի, որ կ՛օգնէ սննդամթերքի գոյութեան, եւ անոնց ցանկապատերը կրնան զերծ պահել մարդոց եւ շուներու խանգարումներէն:

Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ տօնածառերու տնկարանները կրնան ապաստան առաջարկել նուազող թռչուններու համար` երկրագործական բազմացող տարածքներու մէջ

Վերջին ուսումնասիրութիւններէն մէկուն մէջ հետազօտողները պարզած են, որ տօնածառի տնկարանները կարեւոր ապաստան են երկրագործական հողերու մէջ նուազող թռչուններու համար, եւ ամրոցներ` անտառային արտոյտներու համար: Միաժամանակ Ամերիկայի հիւսիսարեւելեան բնական անտառածածկ տարածքներուն աւելի երիտասարդ, բաց անտառները, ինչպիսիք են տօնածառի տնկարանները, կրնան ապահովել միջատներու կամ խոտերու աւելի մեծ խտութիւն` թռչուններուն եւ կաթնասուններուն համար:

Անշուշտ տօնածառերը սովորաբար կը մշակուին բազմաթիւ քիմիական նիւթերով եւ յատկապէս պարարտանիւթերով` զանոնք գեղեցիկ եւ հաճելի պահելու համար, եւ ասիկա իր ազդեցութիւնը ունի շրջակայ միջավայրի վրայ:

Գերմանական ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ տօնածառի օրկանական տնկարանները, սովորականին բաղդատմամբ, բարելաւած են բնակավայրին կառոյցը եւ բոյսերու տեսակներուն բազմազանութիւնը: Որոշ պարագաներու տօնածառեր աճեցնելու համար օգտագործուող վայրերը կրնան շատ աւելի վատ կիրարկութիւն ունենալ բնապահպանական տեսանկիւնէն: Օրինակ, քաղաքներուն մօտ գտնուող տարածքները կրնան օգտագործուիլ որպէս կառատուն:

Միացեալ Նահանգներու հիւսիսարեւելեան գիւղական շրջաններուն, ուր անտառները յաճախ կը կորսուին լայնածաւալ շինարարութիւններու պատճառով, տօնածառի տնկարանները կրնան հողատէրերուն տալ կարեւոր այլընտրանքային եկամուտ: Այդ թոյլ կու տայ մարդոց` ապրիլ այս վայրերուն մէջ եւ աշխատիլ իրենց հողին վրայ: Մէկ խօսքով, եթէ հողատէրը տնտեսապէս շահաւէտ տօնածառի տնկարան ունի, ան կը  քաջալերուի հողը պահել այդ բնական, բաց վիճակին մէջ:

Շատերու համար տօնածառերը կրնան բնութեան հետ շփուելու հազուադէպ հնարաւորութիւն տալ

Ինչպէս որեւէ այլ ծառ, տօնածառերը կը ծծեն բնածխական կազը: Երբ անոնք կտրուին, կը սկսին արձակել այդ կազը:

Այն, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կ՛օգտագործեն իրենց տօնածառերը Կաղանդէն ետք, սովորաբար ամէնէն կարեւոր բնածխական կազի նկատառումն է: Վատագոյն պատահարը տեղի կ՛ունենայ, երբ տօնածառերը կը յայտնուին աղբավայրին մէջ, ուր կը սկսին արտադրել թունաւոր բնածխական կազ:

Ծառը երբ յայտնուի աղբավայրին մէջ, 4-5 անգամ աւելի շատ բնածխական կազ կ՛արտադրէ:

Իտէալական կ՛ըլլայ, որ եթէ ծառը դեռ կենդանի է իր արմատներով, անիկա նորէն տնկուի: Յարմար այլընտրանքն այն է, որ ծառի բնածխական կազը դանդաղօրէն դուրս գայ օդին մէջ, ինչպէս այդ տեղի կ՛ունենայ, եթէ ծառը կտրատուի եւ տարածուի պարտէզին մէջ:

Ամբողջական ծառերը նոյնիսկ կրնան գործածուիլ որպէս բնավայրի վերականգնման գործիքներ` գետեզերքի եւ ծովափերու երկայնքին մաշումը կանխելու համար: Վերմընթի մէջ հին տօնածառերը կը գործածուին ամէն բանի համար` կենսազանգուածի այրումէն ուժանիւթ ստանալու համար, եւ նոյնիսկ` իբրեւ այծի կեր: Մարդիկ ծառերը կը գործածեն առուներու վերականգնման համար: Անոնք շատ լաւ կը բռնեն աղտը եւ բեկորները, կը ստեղծեն փոքր պատնէշներ եւ լողաւազաններ` ձուկերու համար:

Տօնածառերը նաեւ ջերմոցային կազեր կ՛արտադրեն անոնց աճեցման համար գործածուող պարարտանիւթերու միջոցով, որոնք կ՛արտադրուին հանածոյ վառելանիւթով եւ կ՛արտադրեն nitrous oxide` այլ հզօր ջերմոցային կազ մը: Մինչ այդ վառելանիւթ կը գործածուի թէ՛ անտառներու կառավարման եւ բերքահաւաքին համար, թէ՛ ծառերը իրենց վերջնական վայրը տեղափոխելու համար:

Նոյնիսկ իսկական ծառերը յաճախ կը յայտնուին կերպընկալ ցանցերու մէջ, որոնք կրնան դարեր պահանջել շրջակայ միջավայրին մէջ տարբաղադրուելու համար

Կան որոշ տարբերակներ, որոնք անշուշտ կրնան ընդհանրապէս կանխարգիլել տօնածառերու աղբավայր նետուիլը: Որոշ գործատէրեր այժմ կ՛առաջարկեն քանի մը շաբաթով վարձել տօնածառ մը: Այն շատ լաւ մօտեցում մըն է. վերաօգտագործում` նախքան վերամշակումը:

Տան կողքին պարտէզ ունեցողներուն համար այլ հիանալի տարբերակ մըն է տօնական օրուան համար թաղարի մէջ աճեցուած ծառ գնելը, ապա այն պահել ձեր պարտէզին մէջ` մինչեւ յաջորդ տարի, թերեւս նոյնիսկ` այն մնայուն տնկել, երբ շատ մեծնայ:

Դժուար է աւելի լաւ լուծում պատկերացնել: Պէտք է ձեռք բերել տեղական տեսակ մը, որ կը զարգանայ ձեր ապրած տարածքին մէջ, եւ վստահ ըլլաք, որ բաւարար ձեւով կը ջրուի:

Եւ յետոյ, անշուշտ կայ այն հարցումը, թէ արդեօ՞ք պարզապէս ընտրել արհեստական ծառերը, որոնց քայքայումին համար կը  պահանջուին դարեր, բայց ընդհանուր բնածխական կազի քանակը կրնայ աւելի ցած ըլլալ, քան` իսկական ծառեր գնելը, եթէ անոնք բաւական երկար գործածուին:

Եթէ դուք ունիք արհեստական ծառ, ուրեմն անհրաժեշտ է, որ անիկա կարելի եղածին չափ երկար տարիներ գործածէք: Այս պահուն բաւական դժուար է զանոնք վերամշակելը, որովհետեւ բաւական բարդ է: Այդ կաթիլ մըն է ովկիանոսին մէջ, բայց ինչպէս որեւէ կաթիլ, անիկա կրնայ շատ օգտակար դառնալ ժամանակի ընթացքին:

Նոյնիսկ եթէ տօնածառերը չեն հանդիսանար տօնական շրջանի բնապահպանական աղէտը եւ կրնան նոյնիսկ որոշ կենսոլորտային առաւելութիւններ տալ, մենք դեռ կրնանք զգալիօրէն բարելաւել անոնց կառավարումը:

Մենք կրնանք կրճատել կամ վերացնել զանոնք աճեցնելու համար օգտագործուող պարարտանիւթերն ու թունաւոր քիմիական նիւթերը եւ ապահովել, որ անտառները միշտ ստուգումի ենթարկուին յատուկ մասնագէտներու կողմէ: Կրնանք նոյնպէս փորձել այդ ծառերը աճեցնել քաղաքներու մօտ, այն վայրերուն մէջ, ուր այդ հողի օգտագործման այլընտրանքային տարբերակները աւելի վատ են, եւ մտածենք կտրուած ծառերու փոխարէն` թաղարներու մէջ աճեցուած ծառեր գործածել, ապա անոնք մնայուն տնկել:

Մենք կրնանք առաջնահերթութիւն տալ տեղական ծառեր գնելուն` ճամբորդութիւններու արտահոսումները նուազեցնելու համար, եւ ապահովել, որ ոչ մէկ տօնածառ յայտնուի աղբավայրին մէջ:

Նախորդը

Անվտանգ, Բայց… Սեաւ

Յաջորդը

Ամանորի Խրախճանք` ՔԱՀԼ-ի Տարեցներուն

RelatedPosts

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են
Մշակութային եւ Այլազան

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են

Մարտ 17, 2023
Հրաշք Մանուկը
Մշակութային եւ Այլազան

Հրաշք Մանուկը

Մարտ 10, 2023
Ասպարէզներ, Աշխատանքներ, Որոնք Այլեւս Գոյութիւն Չունին
Մշակութային եւ Այլազան

Ասպարէզներ, Աշխատանքներ, Որոնք Այլեւս Գոյութիւն Չունին

Մարտ 3, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In