Մշակութային եւ Այլազան

Յաջողած Եւ Բարեգործ Գաղթականներ

Յաջողած Եւ Բարեգործ Գաղթականներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ   Հակամարտութիւնները, պատերազմները, քաղաքական հալածանքները, տնտեսական տագնապները, նոյնպէս ոմանց ընչաքաղցութիւնը համաշխարհային գաղթի պատճառներէն են: Անշուշտ գաղթականները զանազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն. բոլորը չէ, որ կը յաջողին, կամ իրենց երազները իրականացած կը գտնեն: Սակայն ոմանք` յաղթահարելով ամէն տեսակի անպատեհութիւնները, բարեկեցիկ կեանք կ՛ունենան, եւ ամէնէն կարեւորը` չեն մոռնար իրենց կրած տառապանքը եւ կը փորձեն օգտակար ըլլալ այլոց: Հեղինակաւոր «Ֆորպս» կայքի հրապարակած...

Համացանցը Փոխեց Յարաբերութիւնները

Համացանցը Փոխեց Յարաբերութիւնները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Հաղորդակցութեան հիմնական բնոյթը եւ անոր յարաբերութիւնները ունկնդիրին, ակնդիրին, ընդհանրապէս լսարանին հետ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ փոխուած է համացանցին իբրեւ արդիւնք: Ժամանակակից կեանքի անբաժան մասը կազմող  արհեստագիտութիւնը մեր կեանքի զանազան երեւոյթները յաճախ բարելաւած, մերթ այլափոխած, եւ երբեմն անհետացուցած է: Մանաւանդ լրատուամիջոցները` իրենց բոլոր ձեւերով, աւելի տիրական դարձած են: Նոյնպէս կայ այն հարցը, թէ արդեօք հասարակական, ընկերային ցանցերը մարդիկը...

Թենթեն Այսօր Ընդունելի՞ Է

Թենթեն Այսօր Ընդունելի՞ Է

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Գծանկարային արկածախնդրական պատմութիւններու գիրքերու ամէնէն ժողովրդական գործերէն մէկն է պելճիքացի գծանկարիչ Հերժէի (Ճորճ Ռեմի,1907-1983) Թենթենի արկածախնդրութիւններու շարքը` հրատարակուած 1929-1979 տարիներուն: Վերջին տասնամեակին, ինչպէս բազմաթիւ արժէքներ, Թենթեն եւս զանազան նկատառումներով հարցականի տակ առնուեցաւ: 2010-ին քոնկոցիներու կողմէ արշաւ մը սկսաւ Պելճիքայի մէջ արգիլելու «Թենթեն Քոնկոյի մէջ» գիրքը: Այս առիթով Փարիզ բնակող քոնկոցի լրագրող Ռոճըր Պոնկոս գրած է յօդուած մը,...

Ճամբորդութեան Տարօրինակութիւններ

Ճամբորդութեան Տարօրինակութիւններ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Վերջին տարիներուն առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով բազմաթիւ անձերու ճամբորդութիւնները մեծապէս սահմանափակուեցան, իսկ ազատ ճամբորդողներէն ոմանք դժուարութիւններու հանդիպեցան: Որոշ ատեն կարգ մը երկիրներ ճամբորդել գրեթէ անկարելի եղաւ: Այդուհանդերձ հաճելի է ճամբորդութիւնը եւ դժուարութիւնները շուտ կը մոռցուին, իսկ սխալնե՞րը... «Ռիտըրզ Տայճեսթ» կայքի յօդուածագիր Ուենտի Ռոզ Կուլտ թելադրութիւններ ունի ճամբորդողներուն: Ն. Ճամբորդական Սխալներ, Զորս Բնաւ Պիտի Չկրկնեմ Դժուար ճամբով քաղուած...

Անբառացի (Nonverbal) Հաղորդակցութիւն Եւ Մարմնային Լեզու (Body Language)

Անբառացի (Nonverbal) Հաղորդակցութիւն Եւ Մարմնային Լեզու (Body Language)

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած հաղորդակցութեան միջոցներու կողքին, մեր դէմքի արտայայտութիւնը, շարժուձեւերը, կեցուածքը, ձայնին թոնը հաղորդակցութեան ազդու միջոցներ են, առանց որոնց բան մը պակաս կ՛ըլլայ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ: Պարզ է, որ մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան առաջին միջոցները եղած են նշուածները, որոնք, հակառակ օրէ օր ինքզինք գերազանցող արհեստագիտութեան, անժամանցելի եւ անփոխարինելի են: «Հելթ Կայտ» կայքը հրատարակած է յօդուած մը` հետաքրքրական եւ...

Ռոպինսոն Քրուզոն Այլեւս Մերժելի՞

Ռոպինսոն Քրուզոն Այլեւս Մերժելի՞

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Աւելի քան 300 տարի առաջ հրատարակուած այս գիրքը վերջին տարիներուն քննադատութեան կ՛ենթարկուի գաղութատիրական, գերիներու առեւտուրի տարրեր պարունակելուն եւ այլ թերութիւններու համար: «Կարտիըն» այս առնչութեամբ յօդուած հրատարակած է: Ն. Ժամանակն Է Ազատիլ Այս Գաղութային Հեքիաթէն Տ. Տեֆոյի գիրքը ներշնչած է վէպեր, հոլիվուտեան շարժապատկերներ, խաղեր, բայց ընկղմած նաւուն գերիներու վաճառականը բնաւ պէտք չէր տիպար օրինակ մը ըլլար: Ֆիլմ  Տմարդի...

Առանց Գիրքի Եւ Ուսուցիչներու Դպրոցնե՞ր

Առանց Գիրքի Եւ Ուսուցիչներու Դպրոցնե՞ր

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Դպրոցներու ապագային մասին աւելի յաճախ սկսաւ խօսուիլ համակարգիչներու, լեփթոփներու, համացանցի եւ հաղորդակցութեանց նորանոր միջոցներու ստեղծումէն եւ արագ որդեգրումէն ետք: Արդէն իսկ կարգ մը դպրոցներու մէջ դասագիրքերու գործածութիւնը դադրած է, իսկ հիմա, մարդամեքենաներու, արհեստական բանականութեան եւ «Քորոնա» համաճարակի ժամանակաշրջանին ոմանք սկսած են խօսիլ առանց ուսուցիչի դպրոցներու մասին: Արդեօ՞ք պիտի գայ այն օրը, երբ դպրոցները անհրաժեշտ պիտի չնկատուին:  «Տիպէյթ.օրկ»...

Փափաքները Իրականացնել Նոր Տարուան Ընթացքին

Փափաքները Իրականացնել Նոր Տարուան Ընթացքին

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 2022 տարին կրնայ հիանալի ըլլալ, եթէ յաջողիք իրականացնել ձեր փափաքները, ծրագիրները: Անշուշտ ըսելը շատ դիւրին է, սակայն` գործադրե՞լը... Բրիտանական «Կարտիըն» թերթի ընթերցողներուն անձնական դժուարութիւններու մասին հարցումներուն ամէն շաբաթ կը պատասխանէ Ֆիլիփփա Փերի, որ հոգեբուժ եւ նորավէպերու հեղինակ է: Ստորեւ կը ներկայացնենք անցեալ շաբաթ անոր գրած յօդուածէն հատուած մը եւ անոր ընթերցողներու կարծիքներ: Ն. Ելէ՛ք Եւ Նոր Եռանդ...

Կարելի՞ Է Երջանիկ Կեանք Մը Ապրիլ

Կարելի՞ Է Երջանիկ Կեանք Մը Ապրիլ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մարդիկ կը վազեն երջանկութեան ետեւէն` կարծելով, թէ ան կը փախչի եւ հեռաւոր վայր մը կ՛երթայ, մինչ երջանկութիւնը մեր մէջն է: Այլ տեղեր փնտռելու պէտք չունինք, պէտք չունինք վաղուան սպասելու: Դարերու ընթացքին փիլիսոփաներ, հոգեբաններ, բանաստեղծներ այս բնաբանով հետաքրքրուած են, ուսումնասիրական եւ գեղարուեստական գործեր հեղինակած: Անշուշտ չսպառող նիւթ մըն է, որուն մասին վերջերս յօդուած մը հրապարակած է TeensHealth կայքը: Կ՛արժէ փորձել ...

Արհեստագիտական Նորութիւններ

Արհեստագիտական Նորութիւններ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  - Ամերիկեան Օդակայանին Մէջ Սկսած Են Աշխատիլ Ինքնավար «Օթթոպոթ» Մարդամեքենայ Առաքիչներ - «Հեքսաքթ»-ը Գործնական Տարին Կ՛ամփոփէ 400 Տոկոս Աճով - Ծալուող Սմարթֆոնները 2022 Թուականին Կ՛աժաննան - Տան Համար Նոր Այփետ Ներկայացուած Է - Չիները Կը Խոստանան Անձնակազմով Նոր Հրթիռը Լուսին Արձակել 2026 Թուականին - ՆԱՍԱ-ի Տիեզերական Զննաձողը «Դպած Է» Արեւուն - Չինաստան Առաջին 6ճի Ցանցը Մինչեւ Այս Տասնամեակի Վերջը...

Անսպասելի, Անտեղի, Անզուսպ Խնդուք

Անսպասելի, Անտեղի, Անզուսպ Խնդուք

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միշտ կ՛ըսուի, որ խնդալը լաւագոյն դեղն է: Սակայն անտեղի, անյարմար պահու խնդուքը վնասակար է, յատկապէս ընկերային առումով: Քիչ չեն անոնք, որոնք անյարմար պահերու յանկարծ կը խնդան եւ... նախ իրենք կը զարմանան, ապա կը զարմացնեն իրենց շուրջինները: Ինչո՞ւ այդպէս կը պատահի: Հարցումին փորձած են պատասխանել զանազան մասնագէտներ եւ հոգեբաններ: Ն. Բազմաթիւ  մարդիկ ունեցած են անպատշաճ զգալու փորձառութիւնը` իսկապէս լարուած իրավիճակներու...

Ինչո՞ւ Մարդիկ Կը Դաւաճանեն

Ինչո՞ւ Մարդիկ Կը Դաւաճանեն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Դարերու ընթացքին դաւաճանութիւնը պատմութեան մէջ աւերներ գործած է եւ արմատախիլ չէ եղած: Մասնագէտներ, հոգեբաններ յաճախ անդրադարձած են այս վատ երեւոյթին: Մաթիւ Լանտիս, որ միջնակարգ դպրոցի պատմութեան ուսուցիչ եւ գրող է, դաւաճանութեան մասին պատրաստած է ուսումնասիրութիւն մը` այդ բնաբանով վէպ գրելու համար: Լանտիս նախքան իր գիրքը հրատարակելը` գրած է յօդուած մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ: Ն. Երբ կը պատրաստուէի սկսիլ...

Զարմանքի Արտայայտութիւնը Ինչո՞ւ Նոյնն Է Բոլոր Երկիրներուն Մէջ

Զարմանքի Արտայայտութիւնը Ինչո՞ւ Նոյնն Է Բոլոր Երկիրներուն Մէջ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ինչո՞ւ երբ  ջղայնանաք ձեր ձեռքերը կը սեղմէք եւ անակնկալէն, ցնցումէն կը ծածկէք ձեր դէմքը: Ասիկա այն կեցուածքն է, որ մենք կրկին ու կրկին կը տեսնենք աղէտներու նկարներուն մէջ. մարդիկ, որոնք ձեռքերը կը դնեն իրենց բերաններուն կամ գլուխը բռնած` կը նային սարսափած: Կը թուի, թէ մարդկային ընդհանուր բան մը կայ աղէտներուն արձագանգելու ձեւին մէջ, բայց ըստ մասնագէտներու, միայն աղէտը...

Երաժշտութեան, Երգերու Վատ Ազդեցութի՞ւն

Երաժշտութեան, Երգերու Վատ Ազդեցութի՞ւն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Պարզ է, որ դասական, ժողովրդական կամ այլ տեսակի երգեր եւ երաժշտութիւն անպայման ունկնդիրներուն վրայ ազդեցութիւն կ'ունենան: Նոյնպէս հաստատուած է, որ այդ ազդեցութիւնը կրնայ դրական կամ ժխտական ըլլալ: Այս մասին հետաքրքրական յօդուած մը հրապարակած է «Ֆիւչըր» կայքը: Ն.   Ինչո՞ւ Ուրախ Երաժշտութիւնը Կը Ստիպէ Վատ Բաներ Ընել Զարմանալի մութ կողմ մը կրնայ հաճելի ըլլալ` դիւրին  ունկնդրութեան եւ լաւ զգալու ընթացքին...

Օսմանեան Բռնագրաւումի Տակ Չմնացած Յունական Շրջանը

Օսմանեան Բռնագրաւումի Տակ Չմնացած Յունական Շրջանը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Կարգ մը երկիրներու կամ շրջաններու աշխարհագրական դիրքերը այնպէս եղած են, որ բռնագրաւող ուժերը չեն յաջողած իրենց հակակշիռին տակ առնել այդ վայրերը, որոնք անկախ կամ կիսանկախ մնացած են` հակառակ ամբողջ երկրին բռնագրաւումին: Երբեմն բնակիչները մարտունակ եղած են, լաւ պաշտպանութիւն կազմակերպած են, եւ տարածքը անառիկ մնացած է: Մեր պատմութեան մէջ անշուշտ ունինք այդպիսի օրինակներ: Այս պարագային Յունաստանի Ակրաֆա շրջանին մասին է...

Հերոսները Եւ Մենք

Հերոսները Եւ Մենք

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հերոսները ոգեշնչող են, կը փրկեն, կը բարելաւեն մեր կեանքերը: Հերոսները բարոյական կորով կու տան մեզի, մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւններ, բարեկամութիւններ հաստատելու կը մղեն: Անշուշտ հերոսութիւնը նոյնպէս վարակիչ է, յատկապէս ուրիշներու օգնելու: Հերոսներու մասին պատմութիւնները, գրական ստեղծագործութիւնները բոլոր տարիքի անձեր մեծ հաճոյքով կը կարդան, եւ անպայման իրենց մէջ բան մը կը ծնի: Յատկապէս` վերջին 150-ամեակի մեր հերոսներուն նուիրուած երգերը երբ լսենք,...

Ուրուական Քաղաքներ

Ուրուական Քաղաքներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ուրուական քաղաք կամ լքուած քաղաք կ՛անուանուին այն նախկին բնակավայրերը, ուր ժամանակին ապրած եւ այժմ լքած բնակիչներու շէնքերը, ենթակառոյցները եւ այլ մնացորդացներ տակաւին տեսանելի են: Անշուշտ ամբողջովին լքուած քաղաքներ կը զարմացնեն եւ կը սարսափեցնեն հաւասարապէս: Հակառակ ատոր,  սակայն, որոշ ուրուական քաղաքներ, յատկապէս անոնք, որոնք կը պահպանեն ժամանակաշրջանին բնորոշ ճարտարապետութիւնը, դարձած են զբօսաշրջային վայրեր: Ն. ԱՆԻ  Հայաստանի սահմանին, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ...

Գրամեքենան Տակաւին Կը Ծաղկի…

Գրամեքենան Տակաւին Կը Ծաղկի…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հնդկաստանի որոշ  խանդավառ անձերու համար անցեալի որակաւոր գրամեքենաները հինցած  սարքեր  չեն, այլ` գործնական  եւ նուիրական ունեցուածք: Հետաքրքրական է,  որ արհեստագիտական նորարարութիւններու այս  ժամանակաշրջանին, երբ  օրական բազմաթիւ սարքեր կը հնարուին, մարդիկ  տակաւին  հաճոյքով կ՛ուզեն գործածել գրամեքենաները: Աշխարհին մէջ, ուր մեքենաներու  արհեստագիտութիւնը շատոնց արդէն փոխարինուած է թուայինով, եւ ուր դիւրին փոխադրուող համակարգիչները եւ  նոյնիսկ պլանշետները այժմ աւելի մատչելի են, քան երբեւէ,...

Ժան-Փոլ Պելմոնտօ Այլեւս Առանձին Չէ

Ժան-Փոլ Պելմոնտօ Այլեւս Առանձին Չէ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Աւելի քան ամիս մը առաջ մահացաւ հայոց բարեկամներէն, ֆրանսական շարժապատկերի մեծագոյն աստղը` Ժան-Փոլ Պելմոնտօ, որուն մասին սկսան խօսիլ մարդիկ, որոնք վերջին 20 տարիներուն զայն առանձին ձգած էին: Այս առնչութեամբ շատ յատկանշական է Պելմոնտոյի դերակատարութեամբ 2008-ին պատրաստուած «Մարդը եւ անոր շունը»-ը (Un homme et son chien) շարժապատկերը, որուն մէջ Պելմոնտօ իր դէմքով ցոյց կու տայ ծերութեան դէմքը` անզօր, առանց երիտասարդները...

Մեծահարուստը, Որ Աղքատներուն Նուիրեց Իր  Ամբողջ Հարստութիւնը

Մեծահարուստը, Որ Աղքատներուն Նուիրեց Իր Ամբողջ Հարստութիւնը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Գեղեցիկ հեքիաթի մը մթնոլորտը ստեղծող այս վերնագիրը իրական կեանքի մէջ պատահած դրական մեծ երեւոյթ մըն է, որ անպայման կրնայ վարակիչ ըլլալ: Անշուշտ բառերը չեն կրնար ըստ արժանուոյն դրուատել հերոսը, որ ոչ միայն հասաւ իր նպատակին, այլեւ այդ նպատակը ծառայեց շատերու կեանքի բարելաւումին: Ի՞նչ բան զայն մղած է այդ արարքին, եւ ի՞նչ ապրումներ ունեցած է ան, այլեւս պատմութեան մէջ մեծատառ...

Page 8 of 33 1 7 8 9 33

Արխիւներ