Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մինչ Կազայի եւ Արցախի մէջ մարդիկ շրջափակուած են, միջազգային ընտանիքը միայն յայտարարութիւններ կը հրապարակէ` առանց գործնական քայլերու դիմելու: Ճիշդ է, որ Կազայի եւ Արցախի հարցերը, իրարմէ տարբեր ըլլալով հանդերձ, ունին նմանութիւններ. երկու վայրերուն մէջն ալ բնակիչները կը տառապին: Մարդասիրական խօսքերը առատ են, օժանդակութիւններն ալ կրնան հոսիլ, բայց ի՞նչ օգուտ, երբ մարդիկ ճնշուած են, ազատ չեն: Հարցերու արդար լուծումներուն համար աշխատողներ կա՞ն: Կասկածելի է: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը հրապարակած է Կազային առնչուող Երուսաղէմի իր թղթակից Պեթան Մքերնանի յօդուածը, ուր հեղինակը մակերեսային, իսրայէլամէտ մօտեցումով մը աշխատանքային պայմաններուն կ՛անդրադառնայ` անուղղակի ըսելով. «Ուր հաց, հո՛ն կաց»:
Ն.
«Կարծես թէ այլ մոլորակ մըն է». Կազայի սահմանը անցնիլ, Իսրայէլի մէջ աշխատելու համար
Կազայի մէջ անգործութեան տոկոսը 44 առ հարիւր է, սակայն 2021 թուականէն ի վեր Իսրայէլի մէջ աշխատելու սահմանափակ արտօնութիւններ տրուած են:
Պաղեստինցի աշխատաւորները Կազայէն Իսրայէլ կը մտնեն Էրեցի անցակէտով
Աշխարհի ոչ մէկ այլ տեղ Էրեցի նման անցակէտ կայ, որ Իսրայէլի եւ շրջափակուած Կազայի միջեւ միակ քաղաքացիական երթուղին է:
Իսրայէլեան կողմը կարծես օդակայանի սպասման դահլիճն է, բայց իրականութեան մէջ ամրոց է. դիտորդական սարքերը կը վերահսկեն ծովն ու ցամաքը վերէն եւ գետնէն, որոնք կը կազմեն Կազայի տէ ֆաքթօ սահմանները, իսկ զինեալ ինքնավար մարդամեքենաները կը հսկեն:
Ներսը իսրայէլեան սահմանային եւ զինուորական անձնակազմը կը գործածէ գրասենեակներ, որոնք կապուած են գետնէն բարձր անցուղիներով` նուազագոյնի հասցնելու համար յարձակման վտանգը:
Մէկ անձի համար նախատեսուած դարձադուռերը, շարժական պատերու խառնաշփոթը եւ վանդակապատ անցուղիները ի վերջոյ կը տանին դէպի պաղեստինեան տարածք:
Կառուցուած 2000-ականներուն` 60 միլիոն տոլար արժողութեամբ Էրեցը նախագծուած էր օրական շուրջ 45 հազար պաղեստինցիներու համար, որոնք կը լքէին Կազան Իսրայէլ աշխատանքի երթալու համար, սակայն պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը անոր տիրացաւ կառուցումէն միայն չորս ամիս ետք, եւ իսրայէլացիները, որոնք գրաւած էին Կազան 1967-2005 թուականներուն, նախքան իրենց ուժերը դուրս բերելը` փակեցին սահմանը:
Վերջին 15 տարիներուն ընթացքին անցքը ահաւոր դատարկ եղած է: Կազայի պաղեստինցիներու ամբողջ սերունդ մը երբեք չէ լքած փոքր, 41-ով 12 քմ տարածքը կամ երբեք չէ հանդիպած իսրայէլացիի մը:
Հիմա այդ սկսած է փոխուիլ:
2021-ին Իսրայէլի իշխանութիւնները վերսկսան աշխատանքի արտօնութիւններ տալ` որպէս Համասի հետ 11-օրեայ պատերազմէն ետք Կազան կայունացնելու ջանքերու մաս, խթանելով տնտեսութիւնը, որ չի կրնար բնականոն գործել:
Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան հետազօտութիւններու հիմնարկին կողմէ հրապարակուած հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ Իսրայէլի մէջ աշխատող Կազայէն եկած պաղեստինցիի մը միջին աշխատավարձը վեց անգամ աւելի բարձր է, քան` Կազայի մէջ, ամսական` 6350 շեքել (1900 տոլար):
Պահ մը, որ փոխեց զիս. ես փախայ Կազայի շրջափակումէն` ուսանելու համար, բայց իմ ազատութիւնս իր գինը ունեցաւ
2022-ին տրուած է շուրջ 17 հազար աշխատանքային արտօնութիւն: Այս թիւը աւելին է, քան` պաշարումը սկսելէն ի վեր, թէեւ այդ տակաւին կը ներկայացնէ միայն մէկ մասը հինգ հարիւր հազար մարդոց, որոնք ամէն ամիս աշխատանքի կ՛երթային մինչեւ 2007 թուականը:
Մեծ մասը տրուած է 25 տարեկանէն բարձր ամուսնացած տղամարդոց` երկրագործական եւ շինարարութեան ոլորտին մէջ աշխատելու համար:
Քոկաթը` Իսրայէլի ռազմական մարմինը, որ պատասխանատու է պաղեստինեան բռնագրաւուած տարածքներու կառավարման, չի պատասխաներ նոր քաղաքականութեան վերաբերեալ մեկնաբանութիւններու հարցումներուն:
Մարդոց, ապրանքներու եւ սարքերու տեղաշարժի խիստ սահմանափակումները, Կազայի զինեալ շարժումներու եւ իսրայէլեան ուժերու միջեւ պատերազմի քանի մը փուլերը պատժիչ պայմաններ ստեղծած են Կազայի աւելի քան 2 միլիոն բնակչութեան համար:
Կազայի ջուրին շուրջ 97 առ հարիւրը ըմպելի չէ, տուները եւ գործերը կը տուժեն ելեկտրականութեան հոսանքի ընդհատումներու պատճառով, իսկ բժշկական սարքերու բացակայութիւնը կը նշանակէ, որ հիւանդ մարդիկ պէտք է դիմեն արտօնութիւններու` բուժման նպատակով Եգիպտոս կամ Այսրյորդանան մեկնելու համար:
Անգործութիւնը 44 առ հարիւր է` երիտասարդներու շրջանակին մէջ հասնելով 59 առ հարիւրի: Զարմանալի չէ, որ գրեթէ բոլորը կը ձգտին դուրս գալու:
Բազմաթիւ իսրայէլացիներու համար Կազայի տանջանքները կը մնան անտեսանելի: Անոնք այդ մասին չեն մտածեր:
Բայց եւ այնպէս, Կազայէն եկող աւելի ու աւելի շատ պաղեստինցիներ այժմ կ՛աշխատին ամբողջ Իսրայէլի մէջ` յաճախ մնալով շաբաթներով:
Ամիսներ տեւեց Կազայի մէջ գտնելու անձ մը, որ Իսրայէլ կ՛անցնի աշխատելու եւ պատրաստ էր խօսելու «Կարտիըն»-ի հետ եւ թոյլ տալու, որ մեր լրագրողը հետեւի իրեն ամբողջ օրը:
Քիչերը կ՛ուզէին ընդունիլ այդ, որ կրնայ վտանգել իրենց դժուարութեամբ ձեռք ձգած արտօնութիւնները, որոնց համար շատեր պետք է անցնին իսրայէլեան ապահովական խիստ ստուգումներէ, բանակցին ՀԱՄԱՍ-ի պաշտօնատարներու հետ եւ վճարեն միջնորդներուն, որոնք զիրենք կը կապեն միւս կողմի գործատուներու հետ, իրենց շահին 20 առ հարիւրին դիմաց:
Գործարանի 35-ամեայ աշխատաւոր Նասըրի (որ անոր իսկական անունը չէ) կեանքին մէկ օրը պատուհան է դէպի Իսրայէլ եւ պաղեստինեան շրջաններ այսօր նոր երեւցող իրականութիւն, ուր անվերջ թուացող բռնագրաւումը ստեղծած է տարօրինակ ընկերային-տնտեսական դասակարգում:
Նասըրին պատմութիւնը
Ես համալսարանական վկայական ունիմ եւ կ՛աշխատիմ որպէս հաշուապահ Կազայի մէջ, բայց, ինչպէս բազմաթիւ անձեր, ես պարտքեր ունիմ առեւտրական նախաձեռնութենէս, որ ձախողեցաւ. վաճառողները չէին կարողացած ապրանքները ժամանակին ինծի հասցնել շրջափակման պատճառով:
Իսրայէլի մէջ դժուար է աշխատանքը, բայց ես ուրախ եմ այդ ընելով, որովհետեւ վճարումը շատ լաւ է:
Կը յուսամ, որ շուրջ տարի մը ետք կ՛ազատիմ պարտքէն:
Թերեւս Իսրայէլի մէջ աշխատելու իմ արտօնութիւնս միայն վեց ամիս տեւէ, բայց անիկա մեծ օգուտ կ՛ունենայ ինծի եւ ընտանիքիս: Ես նախապէս երբեք չէի լքած Կազան: Հիմնական բանը, որ ես չէի սպասեր, այն է, թէ որքա՛ն գեղեցիկ է Իսրայէլը:
Իմ աշխատանքային ժամանակացոյցս իրականութեան մէջ բնաւ կայուն չէ: Այդ կախուած է իմ ստացած աշխատանքէս:
Սովորաբար ես պէտք է առաւօտեան ժամը 4-ին հասնիմ Էրեց անցքը, բայց այս պահուն ես գիշերային աշխատանք ունիմ, ուրեմն կրնամ հեռանալ աւելի ուշ` առաւօտեան ժամը 9:00-ին, որպէսզի հասնիմ գործարան` Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին մէջ: Իսրայէլեան օրէնքները կարծես թէ անընդհատ կը փոխուին, բայց ընդհանրապէս մեզի միայն կ՛արտօնեն հեռաձայն եւ դրամապանակ ունենալ:
Երբ ես կ՛անցնիմ իսրայէլեան կողմը առաւօտեան ժամը 9:00-ին, կան փոքր հանրակառքեր եւ թաքսիներ, որոնք ինծի նման աշխատաւորները կը տանին Թել Աւիւի կամ Աշկելոնի հանրակառքերու կայարաններ, ուր մենք կրնանք աշխատանք փնտռել:
Այնտեղ միջնորդները կ՛առնեն մարդիկը եւ կը տանին գործարաններ կամ նոր կառուցուող շինութիւններ:
Մեզմէ շատերը ապօրինի աշխատանքի ընդունուած են, եւ մենք իրաւունք չունինք: Անգամ մը ես չվճարուեցայ օրուան վերջաւորութեան, եւ ես ոչինչ կրնայի ընել ատոր դէմ: Ուրիշ անգամ մը աշխատանքի ատեն դէմքիս պողպատեայ իրով մը հարուած ստացայ, բայց չկարողացայ հիւանդանոց երթալ, քանի որ ապահովագրութիւն չունիմ: Իմ աշխատանքային օրս սովորաբար շատ երկար է, երբեմն` 14 ժամ եւ ֆիզիքապէս` ծանր:
Երբ ես առաջին անգամ մտայ Իսրայէլ, ամիս մը աշխատեցայ Աշկելոնի մօտ գտնուող նոր կառուցուող շէնքի մը մէջ: Սարսափելի էր. առաջին օրուան վերջաւորութեան ես չէի գիտեր, թէ ո՛ւր կրնամ երթալ քնանալու եւ ընդհանրապէս եբրայերէն չէի գիտեր: Այսպիսով, ես տասնեակ մը այլ պաղեստինցիներու հետ կը քնանայի լքուած պահեստանոցի մը յատակին: Առնէտներ կային:
Կարելի եղածին չափ շուտ դուրս եկայ: Ամառը ես պանդոկներու համալիրի մը մէջ մաքրող կ՛աշխատէի: Այդ հիանալի էր` արեւը, ջուրը: Անոնք նաեւ սենեակ տրամադրեցին մեզի քնանալու եւ մեր իրերը պահելու համար:
Ես մնացի քանի մը շաբաթ` աշխատելով ամէն օր, նախքան տուն երթալը` ընտանիքս տեսնելու:
Այժմ ես կ՛աշխատիմ ուտեստեղէնի գործարանի մը ծրարաւորման բաժինին մէջ գիշերային հերթափոխով, որ կը սկսի երեկոյեան 6:00-ին:
Այս մէկը բաւական կազմակերպուած է, եւ ես պէտք չունիմ մտահոգուելու օրուան վերջաւորութեան ստանալիք վճարումիս համար. անոնք լաւ են: Պատասխանատուներէն մէկուն հետ բաւական մտերիմ եմ: Ան ըսաւ, որ չէր գիտեր, թէ Կազայի բնակիչները բոլորն ալ ահաբեկիչներ չեն:
Ես 11 այլ անձերու հետ կը մնամ բնակարանի մը մէջ, Այսրյորդանանի Կանաչ գիծին այն կողմը, իսրայէլեան քաղաքին մօտ, ուր կը գտնուի գործարանը:
Իւրաքանչիւր սենեակի մէջ չորս անձ ենք: Սենեակին մաքրութիւնը եւ եփելու աշխատանքը մեր միջեւ բաժնուած ենք:
Պաղեստինցի աշխատաւորներ անցնելէ ետք կը սպասեն հանրակառքերու
Ինծի հաճելի կը թուի այն փաստը, որ բնակարանը ցերեկային ժամերուն հանգիստ է, քանի որ բոլորը կ՛աշխատին, բայց քնանալու դրութեան դժուար է ընտելանալ, եւ դժուար է ժամանակ գտնել կնոջս եւ երեխաներուս հեռաձայնելու:
Կը կարծեմ, որ այս տարի կատարած ծանր աշխատանքս վատացուցած է իմ գլխացաւս: Երբ ես կ՛աւարտեմ աշխատանքս գործարանին մէջ, ես սովորաբար ուժասպառ կ՛ըլլամ: Ամիսը անգամ մը` շաբաթավերջին, տուն կ՛երթամ:
Կ՛ենթադրուի, թէ մենք պէտք է ամէն գիշեր վերադառնանք Կազա, բայց իսրայէլացիները գիտեն, որ մենք այդ չենք ըներ:
Այդ հիմնականին մէջ անկարելի է, եթէ դուք կ՛աշխատիք տեղ մը` աւելի հիւսիս, քան` Թել Աւիւը, եւ անցնելու համար կը պահանջուի շատ ժամանակ, որ մենք կրնանք գործածել աւելի շահելու համար: Այս շաբաթավերջին գացի տուն: Ուղեւորութիւնը 11 ժամ տեւեց, հինգ հանրակառքերու մէջ: Ուրբաթ ամբողջ օրը քնացայ:
Հրաշալի է տեսնել իմ ընտանիքս: Մայրս կը պատրաստէր իմ սիրելի կերակուրներս, իսկ ես երեխաներուս թարմ նարինջ եւ խաղալիքներ գնեցի:
Կը թուի, թէ մարդոց մեծամասնութիւնը կը ստանայ աշխատանքային վիզա միայն վեց ամիսով, իսկ ապա Համաս կամ իսրայէլացիները կ՛ուզեն արտօնութիւնները տալ նոր մարդոց, անոնց հնարաւորութիւն տալ եւ բաժնել գումարը:
Օգոստոսէն կ՛աշխատիմ Իսրայէլի մէջ եւ առաւելագոյնս կը գործածեմ իմ ժամանակս:
Դժուար է ընտանիքիս նկարագրել իմ փորձառութիւններս Իսրայէլի մէջ, որ անոնց համար այլ մոլորակի նման է:
Կ՛ուզէի կինս, երեխաներս եւ մայրս բերել Եաֆայի մաքուր ծովը կամ Երուսաղէմի Հին քաղաքը տեսնելու:
Թերեւս օր մը: