Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Սեսիտիօ Տի Չիակա փոխակերպեց իր իտալական գիւղը, ապրելով իր երազը: Մարդիկ բազմաթիւ բաներ կ՛երազեն իրականացնել, բայց բոլորին տրուած չէ զայն իրականացնելու կարելիութիւնը: Սեսիտիօ միջոցները ունեցած է եւ իրականացուցած է` դառնալով ամէնէն երջանիկ մարդոցմէ մէկը: Այս մասին գրած է «Ինսայտըր» կայքը:
Ն.
Մարդը, Որ Գնած Է
Ամբողջ Գիւղ Մը Իտալիոյ Մէջ
Իտալիան վերջին տարիներուն շատ աժան գինով վաճառած է հարիւրաւոր խարխուլ տուներ` շնորհիւ նոր բնակիչներու ներգրաւման ծրագիրներու, որոնք կը վերածուին գիւղական շրջաններու վերականգնման ալիքի:
Տղամարդու մը համար միայն տուն մը գնելը բաւարար չէր: Ան գնած է ամբողջ գիւղ մը:
Սկովտիացի գործարար Սեսիտիօ Տի Չիական նոր աւարտած է վերանորոգումը Պորկօ Չիակա գիւղին, որ հիմնուած է 1500-ական թուականներուն եւ պատմականօրէն իր ընտանիքին անունով կոչուած է:
Անիկա կը գտնուի Կիոկիարիոյ վայրի, խորտուբորտ շրջանը` Հռոմի եւ Նափոլիի միջեւ, Պիչինիսքօ քաղաքի ստորոտին:
«20-րդ դարուն սկիզբը իմ մեծ հայրս եւ մեծ մայրս` Սեսիտիոն եւ Մարիեթան, լքեցին գիւղը` աւելի լաւ ապագայ փնտռելու համար: Անոնք գաղթեցին Սկովտիա` հեռանալով իրենց հայրենի գիւղէն, որ մոռացութեան մատնուեցաւ կէս դար:
«Անիկա ուրուականներու վայր էր: Ես սկսայ վերականգնել զայն աւելի քան 10 տարի առաջ, ինչ որ հսկայական խնդիր էր, բայց հիմա վերջապէս արդէն անիկա կրկին կենդանի է»:
Վարակուելով իր նախնիներու հողի հանդէպ կարօտախտէն եւ որպէս իրաւաբան ու խորհրդատու իր ընկերութիւնը կառուցելէ ետք, Տի Չիական որոշեց վերադառնալ` նոր շունչ հաղորդելու գիւղին, զոր լքած էր իր ընտանիքը, եւ նորոգելու տեղական տնտեսութիւնը:

Նախկին խարխուլ հողագործական քարէ տուներու, գոմերու եւ անպատուհան պահեստարաններու փոխարէն, այժմ գիւղին մէջ կան կոկիկ վերափոխուած շինութիւններ` կանաչ բլուրներուն նայող շրջանակաձեւ համայնապատկերային ճամբով:
Անիկա կը հիւրընկալէ գինիի ճաշարան, ժողովասրահ, գրադարան եւ երկու յարկաբաժիններ, ուր կրնան ապաստանիլ այն հիւրերը, որոնք կը փափաքին հոն մնալ:
Խաղողի այգիներուն մէջ կ՛աճեցուի Մատուրանօ խաղող, նախկին կորսուած տեսակ մը, որ վերականգնուած է:
Տի Չիական ծնած է Էտինպուրկէն դուրս գտնուող Կոկենզի ձկնորսական աւանին մէջ, բայց կ՛ըսէ, որ միշտ խոր սէր կը տածէ իր հայրենի երկրին նկատմամբ:
«Իմ ընտանիքս երբեք չէ կորսնցուցած կապը իր ծագումին հետ», կ՛ըսէ ան: «Ամէն ամառ, երբ երեխայ էի, ծնողներս զիս կը բերէին այստեղ, որպէսզի այցելեմ մեր հարազատներուն: Երբ ես մեծցայ, իմ այցելութիւններս աւելի յաճախակի դարձան, մինչեւ որ որոշեցի կեանքի առաքելութիւն մը սկսիլ` ամբողջովին կապուելու իմ արմատներուս եւ գերեզմանէն ետ բերելու մեր ընտանեկան գիւղը»:
140 նախկին սեփականատէր

Տի Չիականի առաջին քայլը եղաւ 30 հեկտար տարածութիւն ունեցող գիւղական շրջանի 140 կալուածներուն բոլոր սեփականատէրերուն հետ կապ հաստատել. երկար եւ բարդ գործընթաց, որ աւելի դժուարացաւ, քանի որ գաղթը զանոնք սփռած էր աշխարհով մէկ:
«Գիւղը մասնատուած էր եւ բաժնուած այնքան ժառանգորդներու միջեւ, որոնք յաճախ ունէին տան մը մէկ անկիւնը, բաժին մը արօտավայր, անտառ կամ երկրագործական հող, կամ պարզապէս ձիթենի», կ՛ըսէ Տի Չիական:
Ըստ իտալական օրէնսդրութեան, որ կը սկսի Նափոլիոնի դարաշրջանէն, սեփականութեան իրաւունքը կ՛անցնի ոչ թէ աւագ ժառանգին, այլ իւրաքանչիւր երեխայի: Այսինքն` բազմաթիւ սերունդներու, որոնք կրնան բաժնել ունեցուածքը բազմաթիւ ընտանիքներուն:
Գիւղի վերջին բնակիչը, կ՛ըսէ Տի Չիական, հեռաւոր մեծ մօրաքոյրն էր, որ մահացած է 1969 թուականին:
Յաջորդ 50 տարիներու արդէն խարխուլ գիւղը աւելի քայքայուեցաւ, անտառներու նման բուսականութիւնը կը սողար պատերու եւ դռներու վրայով:

Անոր նախկին կեանքի մնացորդները դեռ կարելի էր տեսնել ամէն տեղ, ներառեալ գինիի շիշերուն եւ առաստաղներու մէջ մխրճուած գամերուն, որոնք կը գործածէին երշիկները չորցնելու համար:
Երբ ի վերջոյ սկսան փորել վերանորոգման համար, յայտնաբերուեցան հին դգալներ, մետաղադրամներ եւ կրօնական իրեր:
Տի Չիական կ՛ըսէ, որ ինք պէտք է ձեռք բերէր ամբողջ գիւղը, որպէսզի սկսէր վերանորոգման աշխատանքի սեփականութեան բարդ հոլովոյթի պատճառով:
«Ես պարզապէս ունէի իմ ընտանիքիս ենթաբաժինը,- կ՛ըսէ ան:- Տարիներ պահանջուեցան բոլոր բաժնետոմսերը ետ գնելու համար` իւրաքանչիւր փոքր սեփականատիրոջը հողի շուկայական արժէքով գին առաջարկելով, նոյնիսկ եթէ հողամասը արժէր տարբեր բան, ուրեմն անոնք բոլորը ունէին մէկ առաջարկ»:
Տեղական հողերու եւ եկեղեցական արձանագրութեան մատեանը օգնեց բացայայտելու բազմաթիւ սեփականատէրերը, Տի Չիակայի ծագումնաբանական աշխատանքը կարելի դարձաւ, որովհետեւ համայնքին մէջ ընտանիքները, դրացիները տակաւին իրարու մօտ էին, զիրար կը ճանչնային եւ կապեր ունէին իրարու հետ:
«Այսպիսով, առաջին զարմիկ մը գիտէր այլ զարմիկ մը եւ այլն, ինչպէս շղթայ մը,- կ՛ըսէ ան: – Նաեւ Էտինպուրկի գաղթականներու համայնքը, ուր շատեր տեղափոխուած էին, ինծի օգնեց որոնումներու հարցով»:
Տի Չիական ստիպուած էր շատ աշխատիլ, որպէսզի համոզէ քանի մը հարազատներ, որ անոնք ծախեն գիւղի իրենց բաժինները:
Թէեւ անոնք ոչ մէկ օգուտ ունէին ունեցուածքի առումով, սակայն զգացական պատճառներով չէին ուզեր վաճառել:
Հակառակ իր ըրած ներդրումին չափին վերաբերող, մանրամասնութիւնները չհրապարակելուն, Տի Չիական կը խոստովանի, որ զգալի գումար ծախսած է գիւղի վերակենդանացման վրայ, մեծ մասը` վերակառուցման:
«Օ՜: Ես նոյնիսկ չեմ ուզեր այդ մասին մտածել», ան կ’ըսէ: «Անշուշտ չափազանց շատ, ասիկա խելահեղ նախաձեռնութիւն էր: Ենթաբաժինները սուղ չէին, վերափոխելը ծախսալից էր»:
Երկրորդ կեանք
Տի Չիական փորձած է պահպանել գիւղի շէնքերու ինքնատիպ հմայքը:
Նախքան իր անկումը, Պորկօ Տի Չիական ծաղկուն մանր աշխարհ (microcosm) էր, ուր միայն 60 մարդ կ’ապրէր հազիւ 50 քառակուսի մեթր մակերեսով փոքր տնակներուն մէջ` մօտաւորապէս վեց ընտանիք:
Որպէս վերանորոգման մաս` հին բնակարանները վերանորոգուած են մինչեւ առաստաղ` վառարաններով եւ բուխերիկներով: Անոնք այժմ կը գործածուին գիշերային հաւաքներու եւ ամառնային հաւաքոյթներու համար: Հնաոճ կահոյքը կը զարդարէ իւրաքանչիւր սենեակ:
Պորկօ Տի Չիական նաեւ պահպանած է տեղական խոհարարական աւանդոյթները: Սեմինարներու եւ միջոցառումներու ընթրիքներու ժամանակ հիւրերուն կը մատուցուի աւանդական ուտելիք, ինչպէս` պեկորինօ, ոչխարի պանիր, սեւ խոզի ճարպ (անասունները ազատօրէն կը շրջագային կալուածին մէջ), այծի պանիր եւ համեմուած խոզապուխտ:
«Ամէն բան սկսաւ որպէս հոպպի, այնուհետեւ ես հասկցայ, որ պէտք է իմ երազս վերածեմ կայուն առեւտուրի», ըսաւ Տի Չիական: «Երբ աղջիկս` Սոֆիան որոշեց լքել իր աշխատանքը եւ խնամել խաղողի այգիները, ես Պորկոն վերածեցի գիւղական ագարակի, ուր կ՛արտադրուին մեղր, անուշեղէն, գինի եւ ձիթաիւղ»:
2500 քառակուսի մեթր տարածքով գիւղը այժմ ունի փոքր մշակութային կեդրոն եւ ժողովներու սենեակ: Կայ նաեւ ճաշարան` գինիի համտեսման վայրերով, եւ խոհանոց` խոհարարութեան դասերու համար: Ամբողջ Պորկոն ունի յատակային ջեռուցում եւ հզօր Wi-Fi:
2017 թուականի առաջին բերքահաւաքէն ի վեր անոր գինին արժանացած է երեք միջազգային արծաթէ մրցանակներու եւ այժմ կ’արտածուի նաեւ արտերկիր:
Հովուերգական (bucolic) մարաթոնները տեղի կ՛ունենան գարնան, ուր մարդիկ կը վազեն խաղողի այգիներէն վեր ու վար, իսկ ետքը կը հանգստանան այն փոքրիկ հրապարակին մէջ, ուր գիւղացիները ժամանակին կը հանդիպէին դաշտերուն մէջ աշխատելէն ետք երեկոյեան զրուցելու համար:
Ստեղծուած է թարմ մթերքներով հանրային պարտէզ, ուր կը համախմբուին երեխաներ` գիւղական կեանքի դասերու համար, իսկ այս տարի կը գործէ խոհարարական դպրոցը:
«Ես չփոխեցի ներսի սենեակները, ես պահպանեցի բնօրինակը եւ գիւղական մթնոլորտը քարէ պատերով, հին հաստ փայտէ դռներով` մետաղեայ պտուտակներով», կ՛ըսէ Տի Չիական: «Բնակարաններու տարբեր գոյները պահած ենք իրենց նախկին երանգներով: Իւրաքանչիւր գոյն ցոյց կու տայ տարբեր ժամանակաշրջան»:
Բայց եւ այնպէս, 140 հարազատներ գտնելը շատ դիւրին էր` համեմատած իտալական վարչարարութեան հետ գործ ունենալուն. փաստաթուղթերու վերաբերող գործընթացը անտանելի էր:
Ան վստահած է գիւղի երիտասարդներուն` Սկովտիա գտնուելու ընթացքին իր աշխատանքով զբաղելու համար:
Երբ համաճարակը բռնկեցաւ, Տի Չիական մնաց գիւղին մէջ եւ ըսաւ, որ անոր մաքուր, չապականած օդը աստուածային պարգեւ էր:
Կնոջ, տղուն, դստեր եւ թոռներուն հետ ան այժմ տարուան մեծ մասը կ՛անցընէ իր պապենական տան մէջ:
Առեղծուածային մթնոլորտ
Գիւղի շրջակայքի դաշտերուն մէջ բազմաթիւ են վանքերը եւ ուխտատեղիները, որոնք ծանօթ են Մարիամ Աստուածածնի յայտնութիւններով:
«Հազարամեակներու ընթացքին անիկա եղած է ֆիզիքական անցման վայր` իր մաքուր ջուրի, մաքուր օդի եւ բերրի դաշտերուն շնորհիւ», կ՛ըսէ Տի Չիական: «Նախապատմական մարդիկ զայն ընտրեցին որպէս իրենց տունը, եւ շատ սուրբեր կը շրջագայէին հաւատքի այս հովիտին մէջ` Սուրբ Թովմաս Աքուինացիէն մինչեւ Սուրբ Պենետիկտոս: Այդ կախարդական է»:
Միջնադարուն Կիոկարիան հովիւներու, ճգնաւորներու եւ սուրբերու խաչմերուկ էր:
1800-ականներուն այդ Իտալիոյ ամենափնտռուող ապօրինի Տոմենիկօ Ֆուոկոյի որջն էր: Ապա գաղթը եւ շարք մը բնական աղէտները կրճատեցին տեղւոյն բնակչութեան թիւը:
Այսօր անիկա Իտալիոյ լաւագոյն գաղտնիքներէն մէկն է: Գիւղը այն վայրն է, ուր Տի Չիակայի հայրը` Ճոնին, ծնած է: Մայրն ու հայրը ապա զայն տեղափոխած են հիւսիս` Սկովտիա, ուր անոնք սկսած են պաղպաղակ պատրաստել եւ վաճառել:
Աւելի քան 500 տարի անիկա կը պատկանէր իրենց ընտանիքին, եւ որպէս միակ կենդանի ժառանգորդը, որ իրականութեան մէջ շահագրգռուած էր զայն վերակենդանացնելով, Տի Չիական կ՛ուզէ պաշտպանել գիւղին ապագան:
«Ես կ՛ուզեմ, որ այս գիւղը առանցքային կեդրոն ըլլայ արտերկրի մէջ գտնուող բոլոր իտալա-սկովտիացիներու համար, որոնք կը փափաքին վերադառնալ եւ նորէն կապուիլ իրենց ծագումին, եւ թերեւս նոյնիսկ օգնել իրենց հայրենի տարածքին` գործարկելով աշխատանք եւ աճի հնարաւորութիւններ», ան կ՛ըսէ:
Նախատեսուած է նաեւ գիւղին մէջ բանալ խոհարարական ակադեմիա, սակայն ցարդ համաճարակը դանդաղեցուցած է ժամանակացոյցը, եւ` գործակցութիւն սկսիլ եւրոպական համալսարաններու հետ` գիւղական աւանդոյթները պահպանելու եւ անոնց հետամուտ ըլլալու վերաբերեալ:
Անձի մը համար, որ յաջողած է համոզել 140 հոգի, որ վաճառեն իրենց աննշան սեփականութիւնը` մեծ նախագիծ ստեղծելու համար, ատիկա պէտք չէ շատ դժուար ըլլայ: