Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպանական Արանի Հովիտի Իւրայատկութիւնը. Արաներէն Լեզուն

Դեկտեմբեր 9, 2022
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Փիրենեան լեռնաշղթայի Արանի հովիտի բնակչութիւնը կը պահպանէ իր բարբառը` արաներէնը, որ ընդհանրապէս նուազ ծանօթ լեզու մըն է: Այդ հանգամանքը, սակայն, պատճառ չէ եղած, որ հովիտի բնակչութիւնը չգործածէ լեզուն: Եթէ կամեցողութիւնը կայ, ոչ մէկ վտանգուած լեզու կը մեռնի:  Ռիչարտ Քոլեթ այցելած է Արանի հովիտ եւ իր տպաւորութիւնները հետաքրքրական յօդուածով մը ներկայացուցած է «Թրեւըլ» կայքէջին մէջ:

Ն.

Աշխարհագրութեամբ Սպանիոյ մէջ գտնուող Արանի հովիտը պէտք է ըլլայ Ֆրանսայի մաս, բայց մշակոյթով, պատմութեամբ կամ նոյնիսկ լեզուով անիկա ո՛չ ֆրանսական է, ո՛չ սպանական, ո՛չ քաթալոնական:

Կ՛ենթադրուի, թէ Փիրենեաններու սահմանները պարզ են: Լեռնաշղթայի հարաւային կողմը դուք Սպանիոյ մէջն էք: Հիւսիսային կողմը դուք Ֆրանսայի մէջն էք: Բայց եւ այնպէս, այցելեցէ՛ք Արանի հովիտ, եւ աշխարհաքաղաքականութիւնը աւելի բարդ ընթացք կը ստանայ:

Արանի հովիտը լեռներու հակառակ կողմն է: Աշխարհագրականօրէն այս փոքրիկ լեռնային հովիտը իր 10 հազար բնակչութեամբ պէտք է ըլլայ Ֆրանսայի մէջ: Բայց Արանի հովիտը միակ շրջանն է Սպանիոյ սահմաններուն, որ կը գտնուի Փիրենեան լեռներու հիւսիսային լանջերուն վրայ:

Պաշտօնապէս Արանի հովիտը կը գտնուի Քաթալոնիոյ վարչական սահմաններուն մէջ, սակայն հակառակ անոր որ դարեր շարունակ յայտնուած է աւելի մեծ թագաւորութիւններու եւ ազգային պետութիւններու միջեւ, Արանի հովիտը միշտ պահած է իր տեղական ինքնութիւնը: Այդ տեղական ինքնութեան բանալին արաներէն լեզուն է, որ քաթալոներէնի եւ սպաներէնի հետ պաշտօնապէս ճանչցուած է որպէս Քաթալոնիոյ երրորդ լեզու:

«Մենք արանեցի ենք, որովհետեւ արաներէն կը խօսինք», ըսաւ Սան Սոքասաու, երբ ես մտայ անոր գրասենեակը Վիելայի մէջ` Արանի հովիտի մայրաքաղաքը: Դեկտեմբերի սկիզբն էր, եւ ձիւնը անընդհատ կը տեղար, եւ հովիտը կը պատրաստուէր դահուկային եղանակին:

«Արաներէնը մեր հովիտի լեզուն է», աւելցուց Սան Սոքասաու: – Եւ ատիկա մեր մշակոյթի լեզուն է»:

Արանի հովիտի բնակիչներուն 40 առ հարիւրը կրնայ խօսիլ արաներէն, որ արեւմտեան առանձին բարբառ մըն է:

Սան Սոքասաու Արաներէն ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին նախագահն է, եւ անոր գրասենեակը լեցուն էր պատմական ձեռագիրներով եւ արաներէն բառարաններով ու վէպերով: «Արաներէնը ռոմանական լեզու է, – բացատրեց ան, երբ ես տաք թարմ սուրճ կը խմէի: – Այդ  շատ մօտ է լատիներէնին, բայց անիկա շատ տարբեր զարգացած է սպաներէնէն եւ ֆրանսերէնէն»:

Արաներէնը բարբառ է, որ իր միջնադարեան ծաղկման շրջանին կը խօսուէր Փիրենեաններէն մինչեւ Փիետմոնտ, որ կը գտնուի ներկայի հիւսիսային Իտալիոյ մէջ:

«Այս էր լեզուի տարածքը, – հպարտ ըսաւ ան` ցոյց տալով պատմական քարտէսը: – Եւ այդ աշուղներու (troubadours) տարածքն էր»: 11-րդ եւ 12-րդ դարերուն Եւրոպայի մէջ լեզուն  խօսող աշուղները եւ բանաստեղծները իրենց ստեղծագործութիւններով եւ կատարումներով տարածեցին այդ:

Նոյնիսկ անգլիացի Ռիչարտ Ա.-ը, որ աւելի յայտնի է որպէս Ռիչարտ Առիւծասիրտ, եւ որ հողեր ունէր Ֆրանսայի մէջ, կը խօսէր բարբառը` որպէս առաջին լեզու: Հետագայ դարերուն, սակայն, բարբառը զանազան վայրերու մէջ փոխարինուեցաւ այլ լեզուներով, իսկ Արանի հովիտի մէջ պահպանուեցաւ արաներէնը, եւ կառավարական թիւերը ցոյց կու տան, որ Արանի հովիտի 4000 բնակիչ` բնակչութեան մօտ 40 առ հարիւրը, կրնայ կարդալ, գրել եւ խօսիլ արաներէն:

Հակառակ անոր որ վերջին շրջանին արաներէն լեզուի գործածութիւնը ճնշուած էր Ֆրանքոյի վարչակարգի ժամանակ, որ տեւեց մինչեւ բռնապետին մահը` 1975 թուական, արաներէնը պաշտօնական ճանաչում ստացաւ, երբ 1991 թուականին Քաթալոնիոյ կառավարութեան կողմէ Արանի հովիտին ինքնավարութիւն շնորհուեցաւ: Իսկ 2010 թուականին արաներէնը յայտարարուեցաւ սպաներէնի եւ քաթալոներէնի կողքին  պաշտօնական լեզու ոչ միայն Արանի հովիտին, այլ ամբողջ Քաթալոնիոյ մէջ: Արանի հովիտի դպրոցականները կը սորվէին արաներէն: Կային բազմաթիւ գիրքեր եւ յօդուածներ, ձայնասփռումներ եւ լուրերու հաղորդումները կը սփռուէին այդ  լեզուով:

«Լեզուն դեռ կ՛ապրի այստեղ` մեր հովիտին մէջ,- կ՛ըսէ Սան Սոքասաուն, որուն դուստրը կը շրջագայի ամբողջ Եւրոպան` երգելով եւ գրելով բացառապէս արաներէն: Եւ այս միակ տեղն է, ուր լեզուն պաշտպանուած է, ուր այն պաշօնական է»:

Զբօսաշրջիկները ամրան կ՛այցելեն զբօսաշրջութեան, լեռնային հեծիկ քշելու եւ ռաֆթինկի համար, իսկ ձմրան` ձիւնի վրայ մարզաձեւերու:

Քանի որ Արանի հովիտը Փիրենեան լեռներով բաժնուած է Սպանիոյ մնացեալ մասէն, իմ ձմեռնային հանրակառքով ուղեւորութիւնս Պարսելոնայէն կարելի եղաւ միայն 5 քմ երկարութեամբ փապուղիին շնորհիւ, որ բացուած է 1948 թուականին:

Երբ ես հասայ, ձիւնը ծածկած էր Վիելան շրջապատող լեռներու գագաթները, իսկ շէնքերը` իրենց թեք տանիքներով, յստակօրէն կը տարբերէին Քաթալոնիոյ մայրաքաղաքի հարթ տանիքներէն: Նկատի առնելով ամէն բան` «հեռաւոր» բառը լաւ կը նկարագրէ շրջանը, եւ անշուշտ, կը կարծէի, որ այս հեռաւորութիւնը պատճառ դարձած է արաներէնի գոյատեւման:

Արանի հովիտը միշտ եղած է առեւտուրի վայր: Այդ հաղորդակցութեան հովիտ է, ոչ թէ` մեկուսացման:

Միջնադարեան ուսումնասիրութիւններու մասնագէտ եւ թանգարանի տնօրէն Քարլա տել Վալ ինծի այլ բան ըսաւ: «Աւանդաբար կ՛ըսեն, որ Արանի հովիտը մեկուսացած վայր է, եւ այդ պատճառով մենք պահպանած ենք մեր իւրայատուկ մշակոյթը,- ըսաւ ան,- բայց այդ իրականութեան մէջ ճիշդ չէ, քանի որ Արանի հովիտը միշտ եղած է առեւտուրի վայր: Այդ հաղորդակցութեան հովիտ է, ոչ թէ`  մեկուսացման»:

Տել Վալ, որուն մականունը կը նշանակէ «հովիտէն», բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս արաներէնը գոյատեւած է` հակառակ այլ լեզուներու ազդեցութեան, որոնցմէ շատերը Արանի հովիտի մէջ կան:

Տել Վալ, ինչպէս արանցիներէն շատերը, որոնց ես հանդիպեցայ հովիտին մէջ, քանի մը լեզու գիտէ: Ան կատակեց, թէ ինչպէս կը խօսի չորս ու կէս լեզու` արաներէն, քաթալոներէն, սպաներէն, անգլերէն եւ քիչ մը ֆրանսերէն:

Թանգարանին մէջ տեղեկատուական վահանակներ գրուած են  երեք լեզուներով` արաներէն, քաթալոներէն եւ սպաներէն: Ցուցադրուելով մէկը միւսին կողքին` երեք ռոմանական լեզուներու նմանութիւններն ու տարբերութիւնները աւելի ակներեւ դարձած են:

Տել Վալ բացատրեց, որ նախքան Արանի հովիտը Սպանիոյ  կապող փապուղին կառուցելը` արանեցիները միշտ կախեալ էին  Ֆրանսայէն` առեւտուրի համար:

Մինչեւ 18-րդ դարու ֆրանսական յեղափոխութիւնը` Արանի հովիտը կը կառավարուէր Ֆրանսայի Սան Պերթրան տը Քոմինկզի թեմի եպիսկոպոսներուն կողմէ:

Վիելան` Արանի հովիտի մայրաքաղաքը, կառուցուած է Կարոնա գետի երկայնքին, որ կը հոսի դէպի Ատլանտեան ովկիանոս:

Քաղաքական առումով, սակայն, Արանի հովիտը դարեր շարունակ գտնուած է սպանական թագաւորութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը, եւ անոնք միշտ կը ձգտէին գրաւել Քաթալոնիոյ դարպասը: Անվախօրէն անկախ Արանի հովիտը իրարու դէմ կը հանէր մեծ թագաւորութիւններ եւ միշտ հաւատարմութեան երդում կու տար այն տիրակալին, որ թոյլ կու տար հովիտին առաւելագոյն իրաւունքները ունենալ:

1313 թուականին Արանի հովիտը ստորագրեց Քերիմոնիա` Մակնա-Քարթայի նման փաստաթուղթ մը, որ հովիտին կը շնորհէր կիսաանկախութիւն: Քերիմոնիան ստեղծուած է 1991 թուականին, երբ Արանի հովիտին կրկին շնորհուեցաւ ինքնակառավարման իր պատմական իրաւունքը` 19-րդ դարուն  Քաթալոնիոյ համարկուելէ ետք:

«Այս գահերու խաղ է,- ըսաւ տել Վալ ծիծաղելով: – Արանի հովիտի պատմութիւնը կարելի է պարզացնել` կռուիլ, ապա բանակցիլ: Միշտ կը փորձենք անկախ մնալ: Բայց մենք այնքան յաջող չէինք, որքան` Անտորան: Անոնք յաջողեցան եւ տակաւին անկախ են: Եւ հիմա անոնք աւելի քիչ տուրքեր կը վճարեն, քան` մենք»:

Արանական դրօշը հպարտ կը ծածանէր տեղական ինքնավար կառավարութեան գրասենեակներէն դուրս, ուր ես հանդիպեցայ Խուան Մանուէլ Մորելին, որ կ՛աշխատի տեղական զբօսաշրջութեան խորհուրդին մէջ: Ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս աշխարհագրութիւնը ոչ միայն ձեւաւորած է Արանի հովիտի պատմութիւնը, այլեւ այն, որ կը նշանակէ արանեցի ըլլալ:

«Այստեղ ամէն բան լեռներու եւ ձիւնի մասին է, – ըսաւ Մորել:- Արանի հովիտը ունի ոչ թէ միջերկրականեան, այլ` ատլանտեան կլիմայ, որովհետեւ Կարոնա գետը կը հոսի հովիտէն, իր երկար ճամբորդութեան ընթացքին դէպի Փորթօ, ուր այն ի վերջոյ կը թափի Ատլանտեան ովկիանոս: Արանի հովիտը Ատլանտեան ովկիանոսին նայող միակ հովիտն է ամբողջ Քաթալոնիոյ մէջ, ինչ որ իւրայատուկ է»:

Շրջանի լեռնային մշակոյթին մօտէն ծանօթանալու համար Մարթա Փերուկան, որ կ՛աշխատի Վիելայի զբօսաշրջական տեղեկատուական գրասենեակին մէջ, խորհուրդ տուաւ այցելել Պակերկէ գիւղը, որ 1424 մեթր բարձրութեան վրայ Քաթալոնիոյ ամէնէն բարձր գիւղն է:

«Սալարտուի մէջ իջէք հանրակառքէն, – ըսաւ ան ինծի,¬ ապա  քալելով գացէ՛ք դէպի Պակերկէ: Այդ մէկը գեղեցիկ զբօսանք է, նոյնիսկ ձիւնին մէջ, իսկ վերը կրնաք փորձել պանիրը»:

Այժմ Սպանիոյ մաս կազմող Արանի հովիտը դարեր շարունակ յայտնուած է աւելի մեծ թագաւորութիւններու եւ ազգային պետութիւններու միջեւ:

Բայց եւ այնպէս, արահետը ձիւնով ծածկուած էր, երբ ես ցատկեցի հանրակառքէն: Առանց ձիւնի յարմար կօշիկի կամ դահոյկներու, ես 2 քմ երկարութեամբ սալահատակուած ճամբուն վրայ քալեցի: Եկեղեցիները Արանի հովիտի իւրաքանչիւր գիւղի ամէնէն բարձր վայրին վրան են: Պակերկէի մուտքին կառուցուած էր բարձր եկեղեցի մը:

Միջնադարուն տարածուած հռոմէական ոճով կառուցուած Արանի հովիտի եկեղեցիները ոչ միայն պաշտամունքի վայրեր են, այլ նոյնպէս` ամրոցներ, աշտարակներ եւ ամրութիւններ, որոնք նախատեսուած էին սահմանը պաշտպանելու համար:

Պակերկէ Քաթալոնիոյ ամէնէն բարձր դիրքին վրայ գտնուող պանիրի խանութն է, ուր տեղական արտադրողները վերակենդանացուցած են աւանդական լեռնային բաղադրատոմսը, որ կը վերականգնէ իր ժողովրդականութիւնը Արանի հովիտի մէջ:

Պակերկէ հասնելու համար անցած էի ալպիական ոճի մշակոյթի վկայութիւնը եղող գիւղերուն մօտէն` Սալարտու եւ Ունհա, որոնք ունէին թանգարան` նուիրուած Փիրենեան աւազանի ուսումնասիրութիւններուն, եւ թանգարան` նուիրուած բացառապէս ձիւնի:

Մորել ըսաւ, որ հովիտի տնտեսութեան 92 առ հարիւրը կախեալ է զբօսաշրջութենէ եւ ձիւնի վրայ մարզաձեւերէն: Հակառակ իր պաշտօնական կարգավիճակին եւ իրաւական պաշտպանութեան` Սան Սոքասաու նշած է, որ Արանի հովիտի մէջ զբօսաշրջութեան եւ գաղթի աճը կը յանգեցնէ այն բանին, որ արաներէնը դանդաղ կը փոխարինուի այլ հիմնական լեզուներով, ինչպիսին սպաներէնն է:

«Բաւարար մարդիկ չեն խօսիր արաներէն,- ըսաւ Սան Սոքասաուն: Արանի հովիտի մէջ մարդոց միայն 20 առ հարիւրը տան մէջ կանոնաւոր կը խօսի այդ լեզուով: Լեզուն վտանգի տակ է, եւ 20 կամ 30 տարի ետք անիկա կրնայ նոյնիսկ գոյութիւն չունենալ»:

Սակայն Տել Վալի կարծիքը տարբեր է:

Նոյնիսկ եթէ ան կը խօսի սպաներէն կամ քաթալոներէն` որպէս զբօսաշրջիկներու կամ նորեկներու հետ հաղորդակցելու միջոց, ան նոյնպէս աշխատավայրին մէջ կը խօսի արաներէն եւ գիտէ, որ Արանի հովիտի մէջ հաստատուած գաղթական ընտանիքներու երկրորդ սերունդը բոլորը կը սորվին եւ դպրոցին մէջ կը սորվեցնեն արաներէն:

Ըստ կառավարութեան, հովիտին մէջ ապրող մարդոց 80 առ հարիւրը կը հասկնայ արաներէն, նոյնիսկ եթէ անոնք միշտ չէ, որ կը խօսին այն:

«Եթէ խօսիք Արաներէն լեզուի ընկերակցութեան նախագահի հետ, ան կ՛ըսէ, որ արաներէնը պիտի մահանայ: Բայց արաներէնը պաշտօնական լեզու է ամբողջ Քաթալոնիոյ մէջ: Այդ իրողութիւնը մեր լեզուին կու տայ որոշ ուժ, եւ հակառակ անոր որ մենք կրնանք քաթալոներէն կամ սպաներէն խօսիլ հովիտին մէջ, որպէսզի զիրար հասկնանք, ես չեմ կարծեր, որ արաներէնը վտանգի տակ է, յամենայն դէպս` ոչ շուտով»:

Նախորդը

Օդերեւոյթի Սիրողական Բնագիտութիւն Շտապող Ամպեր, Հողմապտոյտ, Յարաբերական Խոնաւութիւն Եւ Փոթորկոտ Լիցք

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Առօրեայէն

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?