Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ուրախալի երեւոյթ է, երբ իննամեայ տղեկ մը կ՛ունենայ անհաւատալի թուացող մտային կարողութիւններ: Այս պարագային, իննամեայ Տէյվիտ Պալոկան է, որ… համալսարան կը փնտռէ: Ամերիկեան եւ անգլիական կայքեր (յատկապէս` «Կարտիըն» եւ «Ինսայտըր») յատուկ յօդուածներով անդրադարձած են այս երեւոյթին: Անկախ անոնցմէ` ժամանակ մը առաջ պատմուած է 10-ամեայ հայ տղեկի մը մասին, որ ուղարկուած է Մոսկուայի համալսարանի ուսողութեան բաժանմունքի առաջին լսարան, ուր դասախօսը նախ կարծած է, թէ ուսանողներէն մէկուն զաւակն է, ապա ստուգելու համար գրատախտակին վրայ գրած է թուաբանական խնդիր մը, եւ տղեկը պարզապէս դիտելէ ետք պատասխանը տուած է: Դասախօսը ըսած է, որ ան սխալ տեղ եկած է, աւելի բարձր լսարան պէտք է երթայ:
Ն.
Պատանի Մը Երկրորդական Վարժարանը
Կ՛աւարտէ Ինն Տարեկանին
Փենսիլվանիայէն իննամեայ Տէյվիտ Պալոկան, որ կը սիրէ գիտութիւնը եւ համակարգչային ծրագրաւորումը, դարձած է երկրորդական դպրոցի տարիքով ամէնէն փոքր շրջանաւարտներէն մէկը, եւ ան արդէն սկսած է պատրաստուիլ համալսարանական ուսումի:
Տէյվիտ Պալոկան վերջերս վկայական ստացաւ նահանգի մայրաքաղաք Հարիսպուրկի երկրորդական վարժարանէ մը, երբ առցանց դասեր առաւ Պենսալեմ Ֆիլատելֆիոյ արուարձանի մէջ գտնուող իր ընտանիքի տունէն:
Այս նուաճումը Տէյվիտը կը դարձնէ տարիքով ամէնէն փոքր երեխաներէն մէկը, որ երբեւէ աւարտած է երկրորդական վարժարանը:
Այդ ցուցակին մէջ Տէյվիտէն աւելի փոքր միակ անձն է Մայքըլ Քիրնին, որ տակաւին «Կինէս»-ի մրցանիշերու գիրքին մէջ կը մնայ որպէս երկրորդական վարժարանը աւարտած տարիքով ամէնէն փոքր անձը:

Այդ մրցանիշը ան հաստատած է 6 տարեկանին, 1990 թուականին, նախքան մագիստրոսի կոչում ստանալը 14 եւ 18 տարեկանին: Ան ապա շահած է աւելի քան մէկ միլիոն տոլար` պատկերասփիւռային խաղերու մասնակցելով:
Տէյվիտ այդ ցուցակին մէջ աւելի բարձր կ՛ըլլայ, քան` Փուլիցըր մրցանակի դափնեկիր, լրագրող Ռոնան Ֆերոն, որ 11 տարեկան էր, երբ աւարտեց երկրորդական վարժարանը:

Տէյվիտ ըսաւ, որ արդէն գիտէ, թէ ուսումը աւարտելէն ետք ի՛նչ բանի կ՛ուզէ նուիրել իր մասնագիտական կեանքը:
«Ես կ՛ուզեմ աստղագէտ ըլլալ եւ կ՛ուզեմ ուսումնասիրել սեւ խոռոչներն ու գերնոր աստղերը», ըսաւ ան հարցազրոյցի մը մէջ:
Տէյվիտի ծնողներն ալ բարձրագոյն գիտական աստիճաններ ունին, բայց անոնք ըսին, որ դժուար է երեխայ մեծցնել նման արտասովոր մտային կարողութեամբ:
«Ես ստիպուած էի դուրս գալ տուփէն. բարձի կռիւ խաղալ, գնդակներ նետել տան մէջ, ընել ինծի չյարմարող բաներ», ըսաւ Տէյվիտի մայրը` Ռոնիան:
«Ան իննամեայ երեխայ է ուղեղով, որ կրնայ հասկնալ եւ ըմբռնել իր տարիքէն վեր շատ մը հասկացողութիւններ, երբեմն ալ` իմ հասկացողութենէս դուրս»:
Տէյվիտ կը պատմէ, որ իր սիրելի ուսուցիչներէն ոմանք օգնած են իրեն եւ մղած զինք` շարունակել յառաջդիմել: Անոնք արգելք չեղան իմ յառաջդիմութեանս,- ըսաւ ան:- Անոնք… պաշտպանեցին զիս` ըսելով. «Ան կրնայ այդ ընել: Ան կրնայ այդ ընել»:
Ուսուցիչ մը ըսաւ. «Մենք պարզապէս հպարտ ենք, որ յաջողեցանք անհատականացնել անոր ուսուցումը»:
Տէյվիտի ուսուցիչները նոյնպէս ըսին, որ իրենք սորված են իրենց անսովոր պայծառ աշակերտէն, որուն մտերիմները զայն կը նկարագրեն որպէս համակարգչային ծրագրաւորման եւ գիտութեան կախարդ:
Անոր գիտութեան ուսուցիչը` Քոտի Տեր, նշած է. «Տէյվիտը ոգեշնչող երեխայ էր, անկասկած անձ մը, որ կը փոխէ ուսուցման մասին քու մտածելակերպդ»:
Տէյվիտ երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք, կիսամեակ մը յաճախեց Պաքս շրջանի քոլեճը:
Միաժամանակ ընտանիքին հետ փնտռած են յարմարագոյն համալսարանը տղու մը համար, որ բացի դասերէն` կը զբաղի զանազան մարզաձեւերով, կը ձգտի մարտարուեստի սեւ գօտիին եւ դաշնակ կը նուագէ:
Տէյվիտի հայրը` Հենրին, համալսարանի փնտռտուքներու մասին ըսաւ. «Արդեօ՞ք ես կը պատրաստուիմ իմ իննամեայ երեխաս նետել Հարվըրտ համալսարան, քանի որ կը բնակիմ Փենսիլվանիա: Ո՛չ»:
«Բացի եթէ յարմար է»:
Ո՞ր համալսարանը յաճախել
Միայն 9 տարեկան Տէյվիտ Պալոկան աւարտած է միջնակարգ դպրոցը եւ կը ծրագրէ իր յաջորդ քայլը: Ան աւարտեց համայնքային քոլեճի կիսամեակը` միաժամանակ իր ընտանիքին հետ փնտռելով մնայուն յաճախելու յարմարագոյն համալսարան մը:
Տէյվիտ Պալոկան ըսաւ, որ կ՛ուզէ աստղագէտ ըլլալ եւ ուսումնասիրել սեւ խոռոչներն ու գերնոր աստղերը:
«Երբ առաջին լսարանին մենք ստուգեցինք Տէյվիտին ունակութիւնները, ան արդէն յաջողած էր երկրորդ լսարանի թուաբանութեան եւ անգլերէնի քննութիւններուն», ըսաւ Տէյվիտին մայրը` Ռոնիա:
«Ուրեմն ճիշդ այդ ժամանակ ես մտայ եւ ըսի, որ ան պէտք չէ երկրորդ լսարան յաճախէ, այլ` երրորդ: Յետոյ «Քորոնա»-ն հարուածեց», աւելցուց ան:
Թէ ո՛ր համալսարանը ան պիտի յաճախէ, տակաւին քննարկման առարկայ է Պալոկան ընտանիքին մէջ, մանաւանդ որ այն կը պահանջէ որոշ յարմարութիւններ` նկատի առնելով տղեկին տարիքը:
Ընտանիքը ըսաւ, որ իրենք կը քննարկեն Փրինսթոնի, Փենսիլվանիոյ եւ Հարվըրտ համալսարանները:
«Մենք տակաւին ձեւով մը կը պայքարինք ճիշդ որոշումը տալու համար: Ի վերջոյ, ան տակաւին 9 տարեկան է, ես անտէր չեմ ձգեր իմ երեխաս: Այդ շատ բան կը պահանջէ», ըսաւ Ռոնիա:
Հենրին եւ Ռոնիան, որոնք բարձրագոյն ուսում ստացած են, միասին ունին հոգեբուժարան մը:
Անոնք կ՛ըսեն, որ չեն ուզեր աճապարել իրենց տղեկը համալսարան տեղաւորելու հարցին մէջ:
«Դուք կրնաք երեւակայել, որ 9-ամեայ երեխան առանձին կը վազէ համալսարանի շրջափակին մէջ: Անոր համար դժուար է կեդրոնանալ այն բանի վրայ, որ սովորաբար կը սիրեն կեդրոնանալ չափահասները: Եւ անոնք կրնան Տէյվիտին հարցնել` ո՞ւր են ծնողներդ, ո՞ւր է հայրդ, ո՞ւր է մայրդ», ըսաւ Հենրի:

«Նախքան առցանց ուսանիլը` Տէյվիտ նախակրթարանին մէջ դժուարութիւն կ՛ունենար ընկերներ գտնելու», ըսաւ Ռոնիա:
«Ո՛ր դասարանը, կամ ո՛ւր ալ որ մտնէի, բոլորը պարզապէս կը լռէին: Բայց երբ խօսքը իրականութեան մէջ խաղալու մասին էր, մենք դուրս կ՛ելլէինք, եւ ոչ ոք կ՛ըսէր, որ իրեն հետ խաղամ: Բայց երբ մենք դասարանն էինք եւ կը խաղայինք, ես դասարանին Աստուածն էի», ըսաւ Տէյվիտ:
«Աստուածը չէ, առաջնորդը` թերեւս», աւելցուց Ռոնիա, որ հաւատացեալ է:
«Աշակերտները անոր քով կ՛երթային դասին մասին ուղղութիւն ստանալու կամ տեղեկութիւն, բացատրութիւն խնդրելու համար, ուրեմն ընկերային յարաբերութիւնը պէտք էր տրուէր դպրոցէն դուրս: Իսկ ընկերային յարաբերութիւնը անոր կարողութիւններուն համար այն է, որ պէտք է հանդիպի իրեն նման մտածող անձերու, որոնք ընդհանրապէս չափահասներ են»:

Մինչ Ռոնիա Պալոկան կը քննարկէր այդքան երիտասարդ եւ այդքան խելացի ըլլալու երեւոյթը, Տէյվիտ կը խաղար իր լեկոներով: Անոր նախընտրածը Mindstorms Robot Inventor-ն է, որ ան կառուցած եւ ծածկագրած է:
«Ան կը խաղայ իր լեկոներով: Ան սովորական 9 տարեկան երեխայ է: Ան երեխայ է, գիտէ՞ք` ի՛նչ կ՛ըսեմ: Ուրեմն, միայն այն պատճառով, որ անոր միտքը կրնայ հասկնալ եւ իսկապէս մեծ քննարկում ունենալ ձեզի հետ մեծ գաղափարներու կամ տեսութիւններու շուրջը, չի նշանակեր, որ ան չի վարուիր 9 տարեկանի պէս», ըսաւ մայրը:
*
* *
«Ինսայտըր»

Որո՞նք են երկրորդական վարժարանը աւարտած 9-ամեայ երեխային ծնողները:
Ահաւասիկ` հրաշք մանուկ Տէյվիտ Պալոկանի ծնողներ Հենրիի եւ Ռոնիայի մասին:
Երբ դպրոցները փակուեցան «Քորոնա»-ի պատճառով, Տէյվիտ սկսաւ առցանց ուսուցումը: Իսկ միջնակարգ դպրոցը բարձրագոյն նիշերով աւարտած է երեք տարիէն:
Տէյվիտ Պալոկանի ծնողները` Հենրին եւ Ռոնիան, պէտք է շատ հպարտ ըլլան իրենց յաջողակ տղեկին համար:
Հենրին եւ Ռոնիան երկուքն ալ բարձրագոյն գիտական աստիճաններով համալսարանաւարտներ են: Այս կը բացատրէ իրենց զաւկին գերազանց յատկութիւնները: Սակայն անոնք պատմեցին, որ նման արտասովոր մտային ունակութեամբ երեխայ դաստիարակելը դժուար է:
Տէյվիտի մայրը` Ռոնիան, ըսաւ, որ անոր ուղեղը կրնայ հասկնալ եւ ըմբռնել շատ բարդ հասկացողութիւններ, որոնք երբեմն իրմէ վեր են:
Ան նոյնպէս ըսաւ, որ Տէյվիտը առաջին դասարանէն փորձուած է օժտուածութեան համար եւ նախակրթարանը քանի մը տարիէն աւարտած է:
Տէյվիտի հայրը լրատուամիջոցներուն ըսած է, որ իրենք Տէյվիտի համար համալսարան կը փնտռեն, բայց հաւանաբար Փենսիլվանիայէն հեռու չեն երթար:
Ան նոյնպէս խօսեցաւ այն մարտահրաւէրներուն մասին, որոնց կրնայ հանդիպիլ Տէյվիտը չափահասներու հետ քոլեճ յաճախելով. անոնք կրնան սխալ հասկնալ զինք:
Բացի ատկէ` մամուլին մէջ Տէյվիտի ծնողներու մասին շատ տեղեկութիւններ չեն հրապարակուած:
Անոր գիտութեան ուսուցիչը ըսաւ, թէ ան մէկն է, որ կը փոխէ «ուսուցման մասին քու մտածելակերպդ»:
Բացի ուսումէն` ան կը ձգտի մարտարուեստի սեւ գօտիին, կը զբաղի մարզանքով եւ դաշնակ կը նուագէ:
Ռոնիա պատմած է, որ իր տղան իւրայատուկ հետաքրքրութիւն ունի գիտութեան եւ համակարգչային ծրագրաւորման նկատմամբ:
Թէեւ Տէյվիտ նման է ոեւէ իննամեայ այլ երեխայի, սակայն անոր ծնողները պէտք է այլ ձեւով մտածեն անոր կրթութեան մասին:
«Ան իննամեայ երեխայ է ուղեղով, որ կրնայ հասկնալ եւ ըմբռնել շատ հասկացողութիւններ իր տարիքէն դուրս եւ երբեմն` իմ հասկացողութենէս դուրս», ըսաւ մայրը: