Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ղաժարը Եւ Առասպելը

Նոյեմբեր 18, 2022
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Հարաւային Լիբանանի բռնագրաւուած Ղաժար գիւղին վրայ  վերջերս լուսարձակներ կեդրոնացուցած է բրիտանական «Կարտիըն» թերթը, որ հրապարակած է Մարիա Ռաշետի եւ Պեթան Մաքերնանի միացեալ յօդուածը: Պէտք է նշել, որ Լիբանան միշտ կը պահանջէ, որ թշնամի Իսրայէլի ուժերը հեռանան Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ Ղաժարէն:

Ղաժարը պատմութեան ընթացքին բազմիցս գրաւուած է: Երեք հարիւր տարի առաջ գիւղը յայտնի էր Տարանճէ անունով: Այն Ղաժար վերանուանուած է Օսմանեան կայսրութեան օրերուն, երբ քիւրտերը խլած էին հողը գիւղացիներէն եւ` բռնի վաճառած: Ըստ տեղական առասպելի մը, Ղաժարի քիւրտ նահանգապետը փորձած է իր ձիով անցնիլ շէյխ Արպայինի գերեզմանին վրայէն: Ձին մերժած է, եւ յաջորդ օրը բռնկած է հրդեհ, որ ոչնչացուցած է նահանգապետին վահանն ու սուրը: Քիւրտերը փախած են եւ անմիջապէս վաճառած են այն:

Ն.

Լիբանանեան–իսրայէլեան սահմանին գտնուող
«
փակ» գիւղը այցելուներ կ՛ընդունի 22 տարի ետք

Մտայնութիւնները կը փոխուին, կ՛ըսէ բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքներուն մէջ ալեւիական գիւղի Ղաժարի բնակիչը:

Պաղեստինցի կիներ կ՛այցելեն Ղաժար, որ բացուած է իսրայէլացիներու համար աւելի քան երկու տասնամեակ տեւած սահմանափակումներէ ետք

Իսրայէլացի զբօսաշրջիկները Ղաժար գիւղին մէջ հանգիստ կը շրջագային` պաղպաղակ եւ թարմ հիւթ գնելով նոր աշխատանքի սկսած փողոցի վաճառողներէն:

Շիաներու շրջանակին մէջ մեծ յարգանք վայելող իմամ Ալիի արձանները, ինչպէս նաեւ հովիտին միւս կողմը գտնուող լիբանանցի երկրագործները կը լուսանկարեն հետաքրքրութեամբ:

Ղաժարը թերեւս Միջին Արեւելքի ամէնէն տարօրինակ վայրերէն մէկն է` սուրիական ալեւիական գիւղ, ուր 2700 անձ կը բնակի բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքներուն վրայ, ուրկէ կ՛անցնի Իսրայէլն ու Լիբանանը բաժնող Կապոյտ գիծը:

Այն աւելի խաղաղ է եւ գեղեցիկ, քան կրնայ ենթադրել իր դիրքը. մեծ տուները ներկուած են վառ գոյներով, շատրուաններն ու արձանները կը զարդարեն շրջանաձեւ խաչմերուկները, իսկ բնակչութիւնը կը վայելէ խնամուած հանրային պարտէզ` լի ծաղիկներով եւ ծառերով:

Վերջին 22 տարիներու ընթացքին այցելուներուն թոյլ տրուած է  Ղաժար մտնել միայն Քաղաքային խորհուրդի եւ իսրայէլեան բանակի յատուկ արտօնութեամբ:

Սակայն սեպտեմբերի սկիզբին, առանց որեւէ ծանուցման, Իսրայէլի բանակը եւ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը յայտարարեցին, որ գիւղի մուտքի անցակէտին վրայ այլեւս պիտի չստուգեն մտնողներու  անձնաթուղթերը:

Իսրայէլի բանակը չէ մեկնաբանած, թէ ինչո՛ւ վերցուած են  սահմանափակումները:

ՄԱԿ-ի խաղաղապահները կը հսկեն Իսրայէլի հետ Ղաժարի սահմանը լիբանանեան կողմէն

Նազարէթի շրջանէն 46-ամեայ Հանին հոկտեմբերին` Սիմչաթ Թորայի տօնին, Ղաժարի 3000 այցելուներէն մէկն էր:

«Խնձորի եղանակին ես յաճախ կ՛այցելեմ Կոլան: Լսեցի` Ղաժարը բաց է, ուզեցի գալ», ըսաւ ան:

«Շատ հետաքրքրական է: Յուսանք օր մը ամբողջ սահմանը կը բացուի` հնարաւորութիւն տալով մշակութային փոխանակում իրականացնել: Ես շփոթեցի տեղացիները տիւրզիներու հետ», ըսաւ ան` նկատի ունենալով արաբախօս ցեղային փոքրամասնութիւնը, որ կ՛ապրի հիմնականին մէջ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ:

22-ամեայ Միրիամ Ուաննուս` դերձակուհի եւ ձեւագիտութեան ուսանողուհի, չի կրնար յիշել այն ժամանակները, երբ գիւղը բաց եղած է:

«Ղաժարը փակեցին 2000 թուականին` իմ ծնած տարիս,- ըսաւ ան: – Երբ այն զբաղած է եւ լեփ-լեցուն հիւրերով, տարօրինակ է: Սկիզբը այդ մեզ կը մտահոգէր, նախապէս մենք շատ ապահով էինք: Ես զիս այստեղ միշտ հանգիստ զգացած եմ, քանի որ Ղաժարը նման է մեծ ընտանիքի մը, ուր բոլորը կը ճանչնան զիրար»:

Ան աւելցուց. «Նազարէթի քոլեճի իմ ընկերներս անակնկալի եկան` տեղեկանալով, որ մենք ժամանակակից ապրելակերպ ունինք, կ՛ենթադրեմ, որ անոնք կը կարծէին, թէ մենք հին մտածելակերպ ունինք: Բոլորը հաճոյքով կ՛այցելեն: Ընկերուհիս եւ անոր ամուսինը այստեղ լաւ ժամանակ անցուցած են»:

Ղաժար համայնքի գաղտնապահ կրօնը սկսած է կեանքը որպէս շիի իսլամի ճիւղ. անիկա ունի  նոր-պղատոնականութեան (Neoplatonism) եւ քրիստոնէութեան իւրայատկութիւնները, եւ  անոր շուրջ 3 միլիոն հետեւորդներէն ոմանք կը հաւատան վերամարմնաւորման:

Գիւղին մուտքը. շաբաթավերջին այցելուները կրնան գերազանցել 2700 բնակիչները

Ալեւիական հագուստի կանոնները զանոնք կ՛առանձնացնեն կրօնական եւ ցեղային այլ խումբերէ:

Տարեց կիներու մարմինը պէտք է ծածկուած ըլլայ զգեստներով, իսկ երիտասարդ կիներու համար` կիսաշրջազգեստով, բայց անոնք չեն ծածկեր իրենց մազերը:

Գիւղը պահպանողական է, եւ հազուադէպ կը պատահի, որ թէ՛ տղամարդիկ, թէ՛ կիները լքեն Ղաժարը եւ կեանք կառուցեն այլուր:

Ղաժարը նոյնպէս յայտնի է սուրիական-լիբանանեան աւանդական ուտեստեղէնով, ինչպիսին է շանկլիշը. հաստ եւ չոր փխրուն պանիրի մեծ գնդիկներ, որոնք կը պատրաստուին քանի մը օրուան ընթացքին եւ պատուած են խոտաբոյսերու եւ համեմներու յատուկ խառնուրդով: Միթապլան, կաթով եփած ցորենն ու եգիպտացորենը եւ պիսարան` ձաւարով ու սխտորով շոգեխաշած, տեղական այլ մասնագիտութիւններ կը համարուին:

«Ժամանակի ընթացքին մարդոց մտածելակերպը կը փոխուի` դառնալով աւելի ժամանակակից եւ բաց, եւ երբ Ղաժարը կը բացուի հիւրերու համար, պահպանողականութեան մակարդակը կրնայ փոխուիլ: Այն արդէն կամաց-կամաց կը զարգանայ», ըսաւ Ուաննուս:

Ի տարբերութիւն Կոլանի մնացեալ մասին, որ Իսրայէլը բռնագրաւած է 1967 թուականին, Ղաժարին հետ կը վարուին որպէս Իսրայէլի պաշտօնական մաս: 1981 թուականին այստեղ մարդոց վրայ ճնշում բանեցուած է Իսրայէլի քաղաքացիութիւն ստանալու համար:

2000 թուականին, երբ Իսրայէլի բանակը Լիբանանէն նահանջեց, ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները նախաձեռնեցին այսպէս կոչուած Կապոյտ գիծ մը հաստատել երկիրներուն միջեւ: Այս պատճառով Ղաժարը բաժնուեցաւ երկու մասի:

Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք էր ամբողջութեամբ վերահսկէր գիւղը 2006 թուականի պատերազմէն ետք, յետոյ, սակայն,  դիւանագիտական ջանքերը մէկ կողմ մնացին Սուրիոյ մէջ կռիւներու բռնկման պատճառով:

Այսօր ամբողջ գիւղին շուրջը փշաթել կայ, իսկ տէ ֆաքթօ սահմանագիծը դարձած է Հասպանի գետը, որ կը հոսի փոքր հովիտէն Ղաժարի եւ Ուազզանիի միջեւ` լիբանանեան գիւղի միւս կողմէն:

Այստեղ պայմանները միշտ չէ, որ նպաստաւոր եղած են  զբօսաշրջութեան համար: Գիւղը ժամանակ մը թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեան նախընտրելի ուղի էր:

Շրջանին մէջ տեղի ունեցած են քանի մը կռիւներ Հըզպալլայի` լիբանանեան շիա հզօր զինեալ խմբաւորումին եւ քաղաքական շարժումին ու իսրայէլեան բանակին միջեւ:

Սակայն, հակառակ իր փոթորկոտ պատմութեան, տեղւոյն պաշտօնատարները կ՛ըսեն, որ Ղաժարի բացումէն ի վեր գիւղ կու գայ օրական մինչեւ 4000 այցելու, որոնցմէ  շատերը հետաքրքրուած են նախապէս արգիլուած վայրով:

Փողոցային նոր տաղաւարներուն մէջ զբօսաշրջիկներուն կը վաճառեն սուրճ եւ թեթեւ ուտելիքներ, նոյնպէս` աշնանային խնձորներ եւ շանկլիշ: Գիւղի մուտքի նոր ճաշարանը կը կոչուի «Սահմանին վրայ Ֆալաֆել»:

Քարմել շրջանէն 44-ամեայ Պեթիան, որ կ՛այցելէր իր ամուսինին եւ  երեխաներուն հետ, սառոյցով թէյ կը խմէր` նայելով Հասպանիի եւ Մազարեհ Շպաայի` միայն քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ:

«Ես միշտ ուզած եմ այցելել Ղաժար եւ վերջապէս հնարաւորութիւն ունեցայ գալ եւ զգալ այս իւրայատուկ վայրը: Տեղացիները աներեւակայելի հիւրասէր են: Շատ գունագեղ, մաքուր եւ ծաղիկներով զարդարուած վայր մըն է:

«Տարօրինակ չէ այնտեղ տեսնել լիբանանցիներ,- ըսաւ ան: – Մենք այցելած ենք Յորդանան եւ Եգիպտոս: Կը յուսանք, որ օր մը խաղաղութիւն կ՛ըլլայ»:

Սահմանափակումներու վերացումէն ետք ղաժարցիները կը պատրաստուին հարսանիքի

Այցելուներու անսպասելի հոսքը որոշ չափով ճնշող եղած է  Ղաժարի բնակիչներուն համար:

Քաղաքապետարանը դժուարացած է զբօսաշրջիկներու ինքնաշարժներուն համար բաւարար կառատուներ գտնել եւ  առայժմ կը գործածէ գիւղին ֆութպոլի դաշտը:

Քաղաքապետարանը այցելուներէն կը խնդրէ ըլլալ մաքուր եւ կոկիկ, յարգել Ղաժարի մշակոյթը եւ հեռանալ ամէնէն ուշը երեկոյեան ժամը 8:00-ին:

«Բացումէն շաբաթ մը առաջ խօսակցութիւններ կային, բայց ոչ ոք գիտեր, որ այդ տեղի կ՛ունենայ: Կ՛ենթադրեմ, որ անոնք ոչ մէկ հաղորդում ըրած են նոյնպէս 2000 թուականին, երբ փակեցին գիւղը», ըսաւ Ճամալ Խաթիպ, որ 2021 թուականին սկսած է շրջագայութիւններ կազմակերպել այցելուներու փոքր խումբերու համար:

«Օգուտները ակներեւ են. այդ այցելութիւնները գումարներ պիտի մտցնեն շրջան: Բայց օրական 4000-ը մեծ թիւ է, եւ պէտք է ծրագիր մշակուի: Թերեւս  հանդարտի, բայց որոշ մարդիկ արդէն երրորդ կամ չորրորդ այցելութիւնը կու տան: Մենք չենք գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ըլլայ: Գիւղը տակաւին ռազմականացուած գօտի է: Այստեղ ամէն բան կրնայ որեւէ պահու փոխուիլ»:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան

Յաջորդը

Մեր Ապաւէնը` Գաղափարին ու Հայրենիքին Ծառայող Երիտասարդութիւնն Է (132-Ամեակ) Ե.

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?