Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զանգուածներու Կեղծ Յիշողութիւնը

Փետրուար 3, 2023
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 

Ինչպէ՞ս մարդկային զանգուածները կրնան նոյն կեղծ յիշողութիւնը ունենալ: Տարօրինակ այս երեւոյթը, որ անուանուած է «Մանտելայի տպաւորութիւն», այժմ կ՛ուսումնասիրուի մասնագէտներու կողմէ: «verywellmind» կայքը այս առնչութեամբ հրապարակած է յօդուած մը:

Ն.

«Մանտելայի տպաւորութիւն»-ը

«Մանտելայի տպաւորութիւն»-ը կը վերաբերի իրավիճակի մը, երբ մարդոց  մեծ զանգուած մը կը կարծէ, թէ իրադարձութիւնը տեղի ունեցած է, երբ ատիկա տեղի չէ ունեցած:

Եզրը ստեղծուած է 2009 թուականին, Ֆիոնա Պրումի կողմէ, երբ ան յայտնաբերեց, որ շարք մը ուրիշներու հետ կը կարծէ, թէ Նելսոն Մանտելան մահացած է 1980-ականներուն (երբ ան իրականութեան մէջ մահացաւ 2013 թուականին):

«Մանտելայի տպաւորութեան» ծագումին որոշ յայտնի օրինակներ, ինչպէս նաեւ ընկալումներու այս տարօրինակ միախառնումի որոշ հաւանական բացատրութիւններ կրնան օգնել` լոյս սփռելու այս եզակի երեւոյթին վրայ:

«Մանտելայի տպաւորութեան» ծագումը

«Մանտելայի տպաւորութիւն» եզրը առաջին անգամ 2009 թուականին օգտագործող Ֆիոնա Պրում հիմնեց կայք մը` մանրամասնելու իր ուսումնասիրութիւնը այդ երեւոյթին վերաբերեալ: Պրում խորհրդաժողովին ընթացքին կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս յիշած է Հարաւային Ափրիկէի նախկին նախագահ Նելսոն Մանտելայի մահուան ողբերգութիւնը` հարաւափրիկեան բանտին մէջ, 1980-ականներուն:

Բայց եւ այնպէս, Նելսոն Մանտելան չէ մահացած 1980-ականներուն բանտին մէջ, ան մահացած է 2013 թուականին: Երբ Պրում սկսաւ խօսիլ այլ մարդոց հետ իր յիշողութիւններու մասին, անդրադարձաւ, որ ինք մինակ չէ: Միւսները կը յիշէին, որ տեսած են անոր մահուան մասին լուրերու հաղորդումը, նոյնպէս` այրիին խօսք արտասանելը:

Պրում ցնցուած էր, որ մարդոց այդքան մեծ զանգուած մը կրնար յիշել նոյն իրադարձութիւնը այնքան մանրամասն, երբ նման բան երբեք տեղի չէ ունեցած: Իր գիրքի հրատարակիչէն խրախուսուած, Պրում հիմնեց իր կայքը` քննարկելու այն, զոր անուանեց «Մանտելայի տպաւորութիւն», եւ անոր նման այլ միջադէպեր:

«Մանտելայի տպաւորութեան» ուշագրաւ օրինակներ

Նելսոն Մանտելայի պատմութիւնը այս տեսակի կեղծ խմբային յիշողութեան միակ օրինակը չէ: Երբ «Մանտելայի տպաւորութեան» հայեցակարգը կը մեծնար Պրումի կայքին հետ, այլ խմբային կեղծ յիշողութիւններ սկսան  յառաջանալ:

Հենրի Է. կ՛ուտէ հնդկահաւի ոտքը

Մարդիկ կը յիշէին նկարը Հենրի Է.-ի, որ կ՛ուտէր հնդկահաւի պուտը, թէեւ նման նկար երբեք չէր եղած: Սակայն ստեղծուած են նման շարժուն գծանկարեր:

Լի՛ւք, ես հայրդ եմ

Եթէ դիտած էք Star Wars: Episode V-The Empire Strikes Back շարժապատկերը, հաւանաբար կը յիշէք Տարթ Վատերի արտասանած յայտնի տողը` «Լի՛ւք, ես հայրդ եմ»:

Դուք կրնաք զարմանալ, երբ գիտնաք, որ տողը իրականութեան մէջ հետեւեալն էր. «Ո՛չ, ես հայրդ եմ»: Մարդոց մեծամասնութիւնը կը յիշէ, որ առաջինն է, այլ ոչ թէ` երկրորդը:

Հայելի, հայելի պատին վրայ

Եթէ դիտած էք «Ձիւնաթոյրը եւ եօթը թզուկները» շարժապատկերը, հաւանաբար կը յիշէք` «Հայելի, հայելի պատին վրայ, ո՞վ է անոնցմէ ամէնէն գեղեցիկը» խօսքը: Դուք կրնաք զարմանալ` տեղեկանալով, որ այդ խօսքը իրականութեան մէջ սկսած է «Կախարդական հայելի պատին վրայ» արտայայտութեամբ:

Նոր Զելանտայի գտնուելու վայրը

Ո՞ւր կը գտնուի Նոր Զելանտան` Աւստրալիոյ հետ առնչուած: Եթէ նայիք քարտէսին, կը տեսնէք, որ անիկա կը գտնուի երկրին հարաւ-արեւելքը: Բայց եւ այնպէս կայ  մարդոց  զանգուած մը, որ կը պնդէ, թէ ինք կը յիշէ, որ Նոր Զելանտան Աւստրալիոյ հարաւ-արեւելքի փոխարէն` հիւսիս-արեւելքը կը գտնուի:

Շազաամ

«Մանտելայի տպաւորութեան» ամէնէն յայտնի օրինակներէն մէկը հաւաքական յիշողութիւնն է 1990-ականներուն նկարահանուած «Շազաամ» կոչուած շարժապատկերին, որուն մէջ գլխաւոր դերը ստանձնած է կատակերգակ դերասան Սինպատ:

Իրականութեան մէջ նման շարժապատկեր գոյութիւն չունի, թէեւ կար մանկական ժապաւէն մը, որ կոչուած էր «Քազաամ» եւ քանի մը այլ զուգադիպութիւններ, որոնք կրնային օգնել բացատրելու, թէ ինչպէ՛ս այս ժապաւէնը ստեղծուած (կամ յիշուած) է շատերու մտքին մէջ:

Փիքաչու

Շատեր կը նշեն, որ կը յիշեն Փիքաչուն` Փոքեմոնի կերպարը, սեւ ծայրով պոչ ունէր:

Իրականութեան մէջ կերպարը միշտ ունեցած է պինդ դեղին պոչ:

Միքի Մաուս

Միքի Մաուսը կրնայ աշխարհի ամէնէն յայտնի շարժուն գծանկարը ըլլալ, բայց նոյնիսկ Տիզնիի աշխարահռչակ մկնիկը յաճախ սխալ կը յիշուի զայն սիրողներուն մտքերուն մէջ: Մարդիկ յաճախ կը նշեն, որ կերպարը կը կրէ տաբատի ուսակալներ, երբ ան չի կրեր:

«Մանտելայի տպաւորութեան» բացատրութիւններ

Ուրեմն ինչո՞ւ կրնայ այդ ազդեցութիւնը տեղի ունենալ: Եկէք` ուսումնասիրենք.

«Մանտելայի տպաւորութեան» աւելի հաւանական
բացատրութիւնը կը ներառէ կեղծ յիշողութիւններ:

Կեղծ յիշողութիւններ

Մինչ կը քննենք, թէ ի՛նչ կը նշանակեն կեղծ յիշողութիւնները, եկէք` դիտարկենք «Մանտելայի տպաւորութեան» օրինակը, քանի որ անիկա կ՛օգնէ մեզի հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կրնայ յիշողութիւնը թերի ըլլալ (եւ կրնայ յանգեցնել այն երեւոյթին, որ մենք կը նկարագրենք):

Ո՞վ էր Ալեքսանտր Համիլթընը: Ամերիկացիներուն մեծ մասը դպրոցէն սորված է, որ ան եղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիմնադիր հայրը, բայց ան նախագահ չէ: Բայց եւ այնպէս, երբ կը հարցնեն Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն մասին, շատեր սխալմամբ կը կարծեն, թէ Հեմիլթըն նախագահ եղած է:

Ինչո՞ւ:

Եթէ դիտարկենք ջիղերու համակարգի գիտական ուսումնասիրութեան պարզ բացատրութիւնը, Ալեքսանտր Հեմիլթընի յիշողութիւնը կանոնի վերածուած (encoded) է ուղեղի մէկ հատուածին մէջ, ուր կը պահուին Միացեալ Նահանգներու նախագահներու յիշողութիւնները: Այն միջոցը, որով կը պահուին յիշողութեան հետքերը, կը կոչուին էնկրամ, իսկ շրջանակը, ուր նման յիշողութիւնները կապուած են իրարու` համացոյց ուրուագիծ (schema):

Այսպիսով, երբ մարդիկ կը փորձեն յիշել Հեմիլթընը, այդ կը յանգեցնէ ջղաբջիջներու միջեւ սերտ կապի` իրեն հետ բերելով նախագահներու յիշողութիւնը:

Երբ բան մը կը վերյիշուի, փոխանակ կատարեալ  յիշելու` անոնք այնքան կ՛ազդեն, որ ի վերջոյ կրնան սխալ դառնալ: Այս ձեւով  յիշողութիւնը անվստահելի է եւ ոչ` անսխալական:

«Անկեղծ սուտ»

Ոմանք երբեմն խօսակցութեան ատեն ակամայ  կը ստեղծեն կեղծ յիշողութիւններ իրադարձութիւններու մասին կամ կեղծ յիշողութիւններ իրենց մասին (confabulation): Անշուշտ ենթական չի մտածեր սխալ բան մը ընել, ստել: Ասիկա ձեր ուղեղը  կը մղէ լրացնելու բացերը, որոնք կը բացակային ձեր յիշողութիւններուն մէջ` անոնք աւելի շատ հասկնալու համար: Ասիկա սուտ չէ, այլ` յիշել մանրամասնութիւններ, որոնք երբեք չեն եղած: Տարիքի հետ այս երեւոյթը ընդհանրապէս կը մեծնայ:

Իրադարձութենէն  ետք  ապակողմնորոշող տեղեկութիւն

Տեղեկութիւնները, որոնք կը ստանաք իրադարձութենէն ետք, կրնան փոխել ձեր յիշողութիւնը իրադարձութիններու մասին: Ասիկա կը ներառէ իրադարձութեան նուրբ տեղեկութիւն եւ կ՛օգնէ բացատրել, թէ ինչո՛ւ ականատեսներու վկայութիւնները կրնան անվստահելի ըլլալ:

Ըստ էութեան, յիշողութիւնները ուղեղին մէջ պահուող տեղեկութեան խոցելի մասնիկներ են, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան փոխուիլ: Թէեւ մենք կ՛ենթադրենք, թէ մեր յիշողութիւնները ճշգրիտ են, բայց պարտադիր չէ, որ այդպէս ըլլայ:

Այլընտրանքային իրողութիւններ

«Մանտելայի տպաւորութեան» հիմքին տեսութիւն մը կը վերաբերի այն գաղափարին, որ իրադարձութիւններու մէկ ժամանակացոյցի մը փոխարէն` կրնան տեղի ունենալ այլընտրանքային իրականութիւններ կամ աշխարհներ եւ խառնուիլ մեր ժամանակագրութեան: Տեսականօրէն այդ կը յանգեցնէ մարդոց խումբերու, որոնք ունին նոյն յիշողութիւնները, քանի որ ժամանակացոյցը փոխուած է, երբ մենք կը տեղափոխուինք այս տարբեր իրականութիւններու միջեւ:

Շատեր կը կարծեն, թէ ասիկա անիրատես կը հնչէ: Դժբախտաբար այլընտրանքային իրականութիւններու գաղափարը անսխալական է. այսինքն ոչ մէկ ձեւ կայ հերքելու, որ այս այլ աշխարհները իրականութեան մէջ գոյութիւն չունին:

Ահա թէ ինչո՛ւ նման անհասկնալի տեսութիւնը կը շարունակուի տարածուիլ «Մանտելայի տպաւորութեան» շրջանակներուն մէջ: Դուք չէք կրնար ապացուցել, որ այդ իրական չէ, այնպէս որ, դուք չէք կրնար զեղչել անոր հնարաւորութիւնը: Շատերու համար առօրեայ կեանքի մէջ փոքր առեղծուածի մը զգացումը նոյնպէս կը յայտնուի:

Թէեւ այլընտրանքային իրողութիւններու հասկացողութիւնը կրնայ գրաւիչ ըլլալ իր առեղծուածային մթնոլորտին պատճառով, սակայն, «Մանտելայի տպաւորութեան» բազմաթիւ օրինակներ, հաւանաբար, պայմանաւորուած են հաւաքական սխալ յիշողութեամբ: Տեղեկութիւն մը սխալ յիշելը, ըստ էութեան, բաւական տարածուած է: Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ մարդոց 76 առ հարիւրը սխալած է, երբ խնդրած են յիշել տեղեկութիւնը:

Համացանցի ազդեցութիւնը

Կարելի չէ թերագնահատել համացանցի դերը զանգուածներու յիշողութիւններու վրայ ազդելու հոլովոյթին մէջ: Հաւանաբար պատահական չէ, որ «Մանտելայի տպաւորութեան» դիտարկումը մեծցած է թուայնացած այս դարաշրջանին:

Համացանցը տեղեկութեան տարածման հզօր միջոց է, եւ տեղեկութեան այս տարածումով կը յառաջանայ թիւր պատկերացումներու եւ կեղծիքներու տարածման ներուժ: Այնուհետեւ մարդիկ կը սկսին ստեղծել խումբեր` հիմնուելով այս կեղծիքին վրայ, եւ  այն, որ անցեալին եղած է երեւակայութեան մէջ, կը սկսի փաստացի թուիլ:

Իրականութեան մէջ Թուիթըրով քննարկուած աւելի քան հարիւր հազար նորութիւններու լայնածաւալ ուսումնասիրութիւնը, որ իրականացուած է 10 տարուան ընթացքին, ցոյց տուած է, որ կեղծիքներն ու ըսի-ըսաւները շուրջ 70 առ հարիւրով ամէն անգամ կը յաղթեն ճշմարտութեան: Ասիկա խարդախութեան հետեւանք չէր. իրական մարդոց իրական ստուգուած հաշիւները պատասխանատու էին կեղծ տեղեկութեան տարածման համար շատ աւելի բարձր արագութեամբ, քան` ճշմարտութիւնը:

Համացանցին մէջ  կեղծ տեղեկութեան տարածման արագութեան այս պատկերացումը կրնայ օգնել բացատրելու «Մանտելայի տպաւորութիւն»-ը:

Երբ իւրաքանչիւր անձ  կը նշէ իր սեփական փորձը կամ իրադարձութեան յիշողութիւնը, այդ կեղծ յիշողութիւնները կրնան ազդել այլ մարոց յիշողութիւններու վրայ, եւ անոնք նոյն գունաւորուած ձեւով կը յիշեն իրադարձութիւնները:

Օրինակ, Սինպատ 1990-ականներուն նկարահանուեցաւ այլ շարժապատկերներու մէջ եւ յայտնուեցաւ Houseguest ժապաւէնի որմազդին վրայ, ուր ան դուրս կու գայ նամակատուփէն: Ասիկա նման էր ոգիի (genie), որ կրնայ բացատրել «Շազաամ» ժապաւէնին հետ կապը: Սինպատ նաեւ ոգիի նման հագուած էր ձեռնարկի մը ատեն, որուն հանդիսավարն էր:

Երբ անձ մը յիշատակեց այս «Շազաամ» շարժապատկերը (հաւանաբար համացանցին մէջ), անիկա փոխեց յիշողութիւնները այլ մարդոց, որոնք կը փորձէին իրենց միտքը բերել 1990-ականներուն նկարահանուած Սինպատի շարժապատկերները: Առցանց կը տարածուէր այս տեղեկութիւնը այնքան ժամանակ, մինչեւ որ այն փաստացի երեւաց:

Այս բացատրութիւնը կը հաստատուի ապացոյցներով, որ բան մը բազմիցս յիշելը կը կերտէ ձեր վստահութիւնը յիշողութեան նկատմամբ, նոյնիսկ եթէ անիկա ժամանակի ընթացքին կը դառնայ աւելի անճիշդ: Որովհետեւ աւելի ու աւելի շատ մարդիկ սխալ մանրամասնութիւններ կը ներկայացնեն, անոնք կը դառնան այլ մարդոց յիշողութիւններու մէջ որպէս փաստեր եւ կ՛ամրապնդեն անոնց համոզումը, որ անոնք ճիշդ են:

«Մանտելայի տպաւորութիւն»-ը կը շարունակէ բուռն քննարկուիլ` հակառակ տրամաբանական ապացոյցներուն, որ աւելի հաւանական է այն բացատրել մարդկային յիշողութեան սխալականութեամբ, քան` գործող զուգահեռ աշխարհներու որոշ ձեւերով: Անշուշտ մենք ամէն բան չենք գիտեր` Քանի դեռ կը շարունակուին «Մանտելայի տպաւորութեան» աւելի շատ դէպքեր տեղի ունենալ, թերեւս անոր ծագումին աւելի շատ ուսումնասիրութիւնները լոյս սփռեն պատճառներուն վրայ:

Նախորդը

Հա՞յ, Թէ՞ Սփիւռքահայ

Յաջորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?