Աֆղանիստանի Երգող Քոյրերը Պուրքայի Տակէն Մարտահրաւէր Կը Նետեն Թալեպաններուն
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Նորութիւն չէ, որ երգը միշտ եղած է պայքարի միջոց, սակայն Աֆղանիստանի մէջ երկու քոյրերու նախաձեռնութիւնը հետաքրքրական եւ յուզիչ է: Բրիտանական «Պի.Պի. Սի.»-ն այս մասին հրապարակած է յօդուած մը` առանց նշելու քոյրերուն իսկական անունները, հասկնալի պատճառներով: Ն. Քոյրերը դարձած են հասարակական ցանցերու նոր երեւոյթ Մինչ աշխարհը կը հետեւէր թալեպաններու իշխանութեան վերադարձին, օգոստոս 2021-ին, Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ բնակող...



















