Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Քիչ մը տարօրինակ է խօսիլ բարեկամութեան մը մասին, որ կրնայ վնաս պատճառել: Եթէ վնասակար է, ուրեմն բարեկամութիւն չէ: Մարդիկ արդէն իսկ սկսած են վարժուիլ նոր տեսակի եւ որակի բարեկամութիւններու: Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) մասնագէտներու ենթադրածէն շատ աւելի արագ կը զարգանայ: Պարզ է, որ պէտք է քայլ պահել հետը, սակայն միշտ գերադասելով մարդկային յարաբերութիւնները: ԱսանաԼոճ կայքը հրապարակած է ԱԲ-ի հետ բարեկամութեան մասին յօդուած մը:
Ն.
Արհեստական Բանականութեան Հետ
Բարեկամութիւնը Կրնա՞յ Վնասակար Ըլլալ
Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) փոխած է կարելի բաներու բուն իմաստը` դռներ բանալով նոր գաղափարներու եւ լուծումներու, որոնց մասին ժամանակին միայն կրնայինք երազել: Անիկա կը փոխակերպէ տարբեր ոլորտներ, կարելիութիւն կու տայ աւելի լաւ որոշումներ տալ եւ ստեղծել մարտահրաւէրները դիմակայելու նորարարական ուղիներ: Հետաքրքրական է, սակայն, որ ԱԲ-ն կ՛առաջարկէ նաեւ ընկերակցութեան ձեւ մը: Այդ կրնայ ձեւացնել բարեկամութիւններ, որոնք զարմանալիօրէն իրական կը թուին:
Բայց կա՞յ բացասական կողմ: Կրնա՞ն այս թուային բարեկամութիւնները վնասակար վարք, կենցաղ խրախուսել:
Ի՞նչ է ԱԲ-ի բարեկամութիւնը
ԱԲ-ի բարեկամութիւնը, ըստ էութեան, յարաբերութիւն է, զոր մարդը կը կառուցէ արհեստական բանականութեան հետ: Իսկ արհեստական բանականութիւնը, մեր օրերուն, կրնայ նշանակել շատ բաներ, որոնց մասին աւելի մանրամասն կը բացատրենք ստորեւ: ԱԲ-ի բարեկամութիւնը կը ներառէ մարդոց փոխադարձ ազդեցութիւնը ծրագիրի մը հետ, որ նախատեսուած է խօսակցութիւնը նմանակելու, ընկերակցութիւն ապահովելու կամ նոյնիսկ աջակցութիւն եւ խորհուրդներ առաջարկելու համար:
Այլ խօսքով, անոնք կը դառնան ուղեկիցներ եւ կրնան ծրագրաւորուիլ` հասկնալու, արձագանգելու, լսելու եւ մարդիկը զրոյցներու ներգրաւելու համար, այնպէս, որ ընդօրինակեն այն, որ մենք կ՛ընկալենք իբրեւ մարդկային զգացումներ եւ յուզական բանականութիւն: Այսպիսով, օրինակ, այս կրնայ նմանիլ հարցումներ ուղղելուն, պատասխաններ տալուն եւ նոյնիսկ նախորդ փոխադարձ ազդեցութիւններէն մանրամասնութիւններ յիշելուն, որպէսզի խօսակցութիւնը աւելի անձնաւորուած ըլլայ:
Ինչո՞ւ մարդիկ ընկերութիւն կ՛ընեն արհեստական բանականութեան հետ
Բազմաթիւ անձեր բարեկամութեան համար կը դիմեն արհեստական բանականութեան ընկերներուն: Վերջին ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ատիկա կրնայ յատկապէս ճիշդ ըլլալ, եթէ մարդիկ առանձին, մեկուսացած կը զգան: Ուսումնասիրութեան մասնակիցները նշած են, որ իրենց աւելի շատ կ՛աջակցին ԱԲ-ի համակարգերը, քան իրենց հարազատները, սիրելիները:
ԱԲ-ն, ըստ էութեան, կրնայ ապահովել լսող ականջ, ցերեկը կամ գիշերուան որեւէ ժամանակ, առանց տրտնջալու: Արհեստական բանականութեան որոշ հարթակներ նախատեսուած են նաեւ կեանքի տարբեր բնաբաններու վերաբերեալ հաղորդագրութիւններ կամ խորհուրդներ առաջարկելու: Այս կրնայ մխիթարական ըլլալ անոնց համար, որոնք կը պայքարին ուրիշներու հետ ընկերութիւն ստեղծելու եւ/կամ պահպանելու հարցին մէջ:
ԱԲ-ի հետ հաղորդակցելու համար շատ ժամանակ վատնելը ամէն պարագայի կրնայ ազդել մեր հասարակական հմտութիւններու եւ իրական մարդոց հետ յարաբերելու վրայ: Օրինակ, մենք կրնանք սկսիլ ակնկալել նոյն տեսակի անյապաղ պատասխաններ կամ համաձայնութիւն, որ մենք կը ստանանք ԱԲ-էն, մինչ իրական յարաբերութիւնները այդպէս չեն գործեր:
Իրական յարաբերութիւնները կը պահանջեն համբերութիւն, հասկացողութիւն եւ ընդունիլ, որ երբեմն մենք համակարծիք չենք ըլլար, չենք համաձայնիր:
Կա՞ յ ԱԲ-ի բարեկամութեան աճ
Այո՛: Բայց այդ համեմատաբար նոր բնաբան է հետազօտութեան առումով, ուրեմն տուեալները եւ այն, որ մենք ցարդ գիտենք, որոշ չափով սահմանափակ են: Բայց եւ այնպէս, մեր գիտցածը այն է, որ առցանց խումբերու եւ ֆորումներու մարդիկ կը յայտնեն, որ իրենք զգացականօրէն կապուած են չէթպոթերու, որոնք նախատեսուած են ընկերակցութիւնը նմանակելու:Այս հնարաւորութիւնը որոշ ժամանակ եղած է հետազօտողներու միտքին մէջ:
Օրինակ է Փիու հետազօտական կեդրոնը: Անոնք ուսումնասիրեցին, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ եւ արհեստական բանականութիւնը կրնան միասին աճիլ 2024 թուականին եւ կանխատեսել, որ քանի որ ԱԲ-ն աւելի կը լաւանայ, անիկա պիտի յաջողի ընդօրինակել այն երեւոյթները, զորս մենք կը փնտռենք մարդկային յարաբերութիւններու մէջ, եւ որոնց մեքենայական ուսուցումով անիկա կրնայ մարդոց հետ բովանդակալից խօսակցութիւններ վարել:
Մեր հիմա տեսածը ճիշդ ա՛յս է:
ԱԲ-ի ո՞ր տեսակներու հետ մարդիկ ընկերութիւն կ՛ընեն
Կան բազմաթիւ տեսակի արհեստական բանականութեան համակարգեր, որոնք նախատեսուած են «ընկերութիւն» առաջարկելու եւ մարդկային զգացումներն ու զրոյցը ընդօրինակելու համար:
Որոշ օրինակներ.
- «Ռեփլիքա» – Replika
ԱԲ-ի ընկերակից մը, զոր կը գործածեն արձանագրուած 10 միլիոն անձեր: Ասիկա նախատեսուած է մարդոց հետ զրուցելու անոնց օրուան, զգացումներուն եւ միտքերուն մասին: Կրնայ իր ձայնը ընտրել եւ սորվիլ անհատի հետ ունեցած փոխադարձ ազդեցութիւններէն, ժամանակի ընթացքին աւելի անհատականացած պատասխաններ տրամադրելու:
- «Հետսփէյս» – Headspace
Ասիկա հիմնականին մէջ կառավարուող մտախոհութեան (meditation) յաւելուած մըն է, բայց ունի ԱԲ անհատականացնելու համար մտախոհութեան փորձառութիւնները` մարդոց արձագանգներու եւ յառաջընթացի հիման վրայ: Այս կը նշանակէ, որ գործածողները կրնան մշակել ընթացիկ բաներ, որոնք իբրեւ ընկեր կրնան նկատի ունենալ:
- «Քալմ» – Calm
«Հետսփէյս»-ի նման, «Քալմ»-ը կը գործածէ արհեստական բանականութիւնը մտախոհութեան, քունի եւ հանգիստի վերաբերեալ առաջարկներ ստեղծելու` հիմնուած անձերուն նախասիրութիւններուն եւ սովորութիւններուն վրայ: Անոր նպատակն է դառնալ ընկեր` ճնշուածութիւնը կառավարելու եւ քունի որակը բարելաւելու:
- Ընկերային ցանցերու չէթպոթեր
Որոշ հարթակներու վրայ այժմ իբրեւ գործառոյթ աւելցուած են չէթպոթեր: Օրինակ. Snapchat-ի մէջ կարելի է զրուցել ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը վարուէին յաւելուածին մէջ գտնուող ընկերոջ հետ, բացառութեամբ, որ այս ԱԲ է:
- Չաթ Ճի. Փի. Թի.
Լեզուական գործիք, որ կրնայ ապահովել շարունակական խօսակցութիւն տարբեր բնաբաններու շուրջը: Այս հարթակը միայն վերջին տարուան ընթացքին շատ տարածուած է, եւ այժմ 180 միլիոն անձեր կը գործածեն այս հարթակը:
Կապը ԱԲ-ի բարեկամութեան եւ
կախուածութիւն յառաջացնող վարքի միջեւ
ԱԲ-ի բարեկամութեան յաւելուածներու եւ կախուածութիւն յառաջացնող վարքին միջեւ կապը կ՛ուսումնասիրեն հետազօտողները եւ համալսարանները, յատկապէս այն պատճառով, որ այս յաւելուածները դիւրաւ մատչելի են եւ միշտ պատրաստ են զրուցելու ու ազդելու: Այս ունակութիւնը կրնայ մարդիկը մղել զարգացնելու սովորութիւններ, որոնք կ՛արտացոլեն կախուածութիւն ունեցողներու մէջ նկատուող վարքը:
Ըստ Սարէյ համալսարանի ուսումնասիրութեան, ԱԲ-ի յայտնի յաւելուածները կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ մարդոց բարեկեցութեան վրայ եւ կը յաջողին կախուածութիւն յառաջացնել անոնց մէջ, որոնք առաւել խոցելի են: Այս տեսակի կախուածութիւնը կը սկսի այն ժամանակ, երբ մարդիկ կը սկսին նախընտրել ԱԲ ընկերներու պարզ եւ արագ արձագանգները, քան մարդկային յարաբերութիւններու աւելի բարդ եւ անկանխատեսելի բնոյթը: ԱԲ ընկերները միշտ դրական արձագանգներ կու տան ներգրաւուած մնալու համար, ինչ որ կրնայ մարդիկը ստիպել աւելի եւ աւելի շատ ժամանակ անցընելու այս հարթակներուն վրայ: Այս կրնայ նշանակել, որ անոնք աւելի քիչ ժամանակ կը տրամադրեն իրենց մարդկային յարաբերութիւններուն:
Խնդիրը այն է, որ ԱԲ յաւելուածները նախատեսուած են յաճախորդներ որսալու համար: Այդ յաւելուածները կ՛օգտագործեն «ալկորիթմ»-ներ, որոնք կը սորվին, թէ ի՛նչ բան կը հետաքրքրէ մարդիկը, եւ կը փորձեն աւելի շատ տալ անոնց: Այս կրնայ դժուարութիւններ յառաջացնել մարդոց համար հաւասարակշռել իրենց ժամանակը վիրչուըլ եւ իրական փոխադարձ ազդեցութիւններու միջեւ:
Ինչպէ՞ս հաւասարակշռութիւն պահպանել արհեստական բանականութեան եւ
մարդկային փոխադարձ ազդեցութիւններու միջեւ
ԱԲ-ի գործածութեան եւ մարդկութեան կապուած մնալու միջեւ ճիշդ հաւասարակշռութիւն գտնելը ժամանակի ընթացքին կրնայ աւելի դժուար դառնալ, յատկապէս, երբ ԱԲ համակարգերը կը զարգանան այդքան արագ կշռոյթներով:
Բայց, հաստատ կարելի է.
– Ուշադիր ըլլալ, թէ որքան ժամանակ կը յատկացնէք ԱԲ-ի հետ ամէն օր կամ շաբաթ:
– Յաւելեալ ջանքեր գործադրել ձեր սիրելիներուն հետ մօտիկ մնալու:
– Փորձել որոշ ժամանակ տրամադրել այնպիսի բաներու, որոնք չեն ներառեր պաստառներ կամ ԱԲ:
– Սկսիլ ԱԲ-ն դիտել որպէս միայն որոշ առաջադրանքներու համար յարմար գործիք, եւ ոչ թէ իրական մարդիկը փոխարինող սարք:
– Եթէ կը դժուարանաք հսկել ԱԲ-ի ձեր օգտագործումը, եւ այդ կ՛ազդէ ձեր կեանքին վրայ, դիմեցէ՛ք հոգեկան առողջութեան մասնագէտի, որ կրնայ օգնել ձեզի գտնելու աւելի լաւ հաւասարակշռութիւն:




