Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Սոֆիա Լորեն, որ երկու անգամ արժանացած է լաւագոյն դերասանուհիի Օսքար մրցանակին, 20 սեպտեմբերին Հռոմի մէջ նշեց իր ծննդեան 90-ամեակը: Այս առիթով միջազգային հեղինակաւոր թերթեր գովասանական յօդուածներ հրապարակեցին: Կը ներկայացնենք հատուածներ Vogue, Il Corriere della Sera եւ La Repubblica թերթերէն:
Ն.
Սոֆիա Լորեն չի դանդաղիր
«90-ի շեմին երբեք չեմ հասկցած, որ տարիքը հոգեվիճակ է», կ՛ըսէ Սոֆիա Լորեն: Տարիներու ընթացքին իր առաջին հարցազրոյցին մէջ ան բարձր տրամադրութեամբ կ՛աւելցնէ. «Ես կ՛արթննամ, եւ ինծի համար դժուար է պատկերացնել, որ ես այս մոլորակին վրայ եղած եմ գրեթէ մէկ դար, քանի որ դեռ կրնամ տեսնել իմ առջեւս երկար ճամբայ, բազմաթիւ ընելիքներով, նոր վայրեր տեսնելով, մարդոց հանդիպելով: Անկեղծ խօսելով` ես կ՛ուզէի, որ իմ ծունկերս եւ մէջքս նոյն ձեւով զգան, քանի որ անոնք միակն են ինծի յիշեցնելու, որ ես այս տարիքին եմ»:
Սեպտեմբերին, իր 90-ամեակէն քանի մը ամիս առաջ եւ մէկ տարիէն ալ նուազ այն դէպքէն ետք, երբ ինկաւ եւ կոտրեց ազդրը, Լորեն ինքն իրեն կազդուրուած կը զգայ: Վերջերս ան Զուիցերիոյ իր տունէն երկար ճամբորդութիւն մը կատարեց դէպի Լոս Անճելըս` նշելու իր թոռնուհիին ծննդեան տարեդարձը եւ երկրորդական վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալը:
«Այդ ճամբորդութիւն մըն էր, որուն մասին ան կը պնդէր», ըսած է անոր որդին` Էտուարտօ Փոնթի եւ աւելցուցած` հպարտութեամբ. «Դուք տեսա՞ծ էք անոր նկարները Cipriani-ի մէջ: Այո՛, ան կը քալէր ձեռնափայտով, բայց ան հանրութեան մէջն էր: Սքանչելի տեսք ունէր, ամուր եւ երջանիկ, անոր կարմրագոյն մազերը հիանալի սանտրուած էին: Ան կին մըն է, որ հաւատարիմ է կեանքի իւրաքանչիւր մարտահրաւէրին, որ կը ցցուի իր առջեւ»:
Քանի մը ամիս առաջ Լորենի ուշագրաւ կեանքն ու ասպարէզը ներկայացնող «Sophia Loren. La Signora di Napoli» 13 շարժապատկերէ բաղկացած յետահայեաց շարքը ցուցադրուեցաւ Նիւ Եորքի Լինքըլն կեդրոնին մէջ` կազմակերպութեամբ իտալական CinecittՈ միութեան:
Ցուցադրուածներու շարքին էր անոր ամէնէն անմոռանալի շարժապատկերներէն, 1960-ականներուն պատրաստուած Two Women ժապաւէնը, որ զայն դարձուց առաջին անձը, որ արժանացաւ Օսքար մրցանակի` ոչ անգլիալեզու դերի համար: Շարքը նոյնպէս կը ներառէ Arabesque (1966) եւ Too Bad She’s Bad (1954) կատակերգութիւնները` սքանչելի նոր 4K վերականգնումներով: Վերջինս ոչ միայն Լորենի առաջին գլխաւոր դերն է պաստառին վրայ, այլեւ` դերասան Մարչելօ Մասթրոյանիի հետ բազմաթիւ գործակցութիւններէն մէկը:
«Ես այնպիսի անձ մը չեմ, որ կը մնամ անցեալին մէջ,- ըսաւ Լորեն` ակնարկելով փառատօնին: – Ես կը կեդրոնանամ այսօրուան եւ վաղուան վրայ: Բայց երբեմն կարեւոր է կանգ առնել, նայիլ ետ եւ հաշուել այն, որ ըրած էք մինչեւ հիմա»:
Լորենի շարժապատկերներու ապշեցուցիչ ցանկը վալս մըն է Հոլիվուտի պատմութեան մէջ: Անոր ժապաւէնները կը ներառեն զուարճալի սիրային կատակերգութիւններ, ինչպիսին է 1963-ի Yesterday, Today and Tomorrow-ն, որ կը ներկայացնէ անոր յատկանշական սթրիփթիզը, եւ մինչեւ հանդիսաւոր լուրջ գործեր, ինչպիսին է A Special Day-ը (1977):
Կեդրոնացած իտալական ֆաշականութեան դաժան վերելքի վրայ` Է. Սքոլայի այդ ժապաւէնը կը կրկնօրինակէր Լորենի իրականութիւնը տասնամեակներ առաջ, երբ Լորեն եւ իր ընտանիքը յայտնուեցան սովամահ եւ խճճուած Նափոլիի շուրջը գտնուող երկաթուղային գետնուղիներուն մէջ, Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ռմբակոծումէն խուսափելու համար:
«Իւրաքանչիւր ժապաւէն իւրայատուկ արկած եղած է», կ՛ըսէ Լորեն:
«Անոնք բոլորը իմ կեանքիս այն փուլերն են, ուր դասեր քաղուած են, արցունքներ թափուած են եւ յաղթահարուած` մարտահրաւէրներ»:
Փոնթի, որուն հանգուցեալ հայրը` Քարլօ Փոնթին, արտադրած է Լորենի պաստառային մեծ յաղթանակներէն շատերը, նոյնքան զգացմունքային կը վերանայէր այդ ժապաւէնները: «Իւրաքանչիւր դերի մէջ ինքզինք ամբողջութեամբ կը յանձնէր այդ գործընթացին: Ես այս չեմ ըսեր, որովհետեւ ան իմ մայրս է, բայց իսկապէս եւ առարկայականօրէն անոր հաւասարը չկայ», կ՛ըսէ Փոնթի:
Ի վերջոյ, այս կին մըն է, որ սկսած է աշխատիլ որպէս լուսանկարիչի բնորդ` իտալական հրատարակութիւններու շարքերու համար, որոնք յայտնի էին մինչեւ պատկերասփիւռի տարածումը, եւ մինչեւ հիմա ան մնացած է համապատասխան մշակութային ուժ` հասնելով սթրիմինկի ժամանակաշրջանը (Փոնթի նկարահանած է Լորենը 2020-ի Նեթֆլիքսի The Life Ahead ժապաւէնին մէջ` արժանանալով գնահատանքի):
«Դուք չէք գիտեր, թէ շաբաթական քանի նամակ կը ստանար բոլոր սերունդներու համակիրներէն, բայց հիմնականին մէջ` երիտասարդներէն, կ՛ըսէ Փոնթի: – Մօրս համար բացառիկն այն է, որ իր կեանքի իւրաքանչիւր տասնամեակին համար ինք արժանի աշխատանք ստեղծած է եւ այդ ճամբուն վրայ յուզած է իւրաքանչիւր սերունդ»:
Իտալիոյ յետպատերազմեան ծաղկումի ժամանակ փայլեցնելով իր պաստառային անձնաւորութիւնը` Լորեն օգնեց տարածելու իտալական մշակոյթի գրաւչութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ: Անոր ժապաւէնները կը ծառայէին Միացեալ Նահանգներ գաղթած իտալացիներուն որպէս կապ հին երկրին եւ մասնաւորապէս իր հայրենի Նափոլիին: Այդ գաղափարը լաւագոյնս դրսեւորուած է անոր յայտնի դերակատարութեան Tu Vuo Fa L’Americano-ի, 1960 թուականի It Started in Naples դասական կատակերգութենէն:
Անշուշտ Լորենի ապշեցուցիչ գեղեցկութիւնը եւս զայն դարձուցած է աշխարհի ամէնէն յայտնի սեքս խորհրդանիշներէն մէկը: 1961 թուականին ամերիկեան Vogue-ի կողքի իր առաջին նկարէն ետք, Լորէն նկարահանուեցաւ ամսաթերթին համար այնպիսի մարդոց կողմէ, ինչպիսիք են Ռիչարտ Աւետոն եւ Պըրթ Սթերն: 1994-ին Լորեն յարմարեցուց իր դերասանութեան եւ նորաձեւութեան իր անկեղծ դրսեւորումները Ռոպերթ Ալթմանի «PrՍt-Ո-Porter» երգիծական կատակերգութեան մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ Փարիզի Նորաձեւութեան շաբթուան ընթացքին:
«Իմ ամէնէն հաճելի յիշողութիւններէս մէկը Vogue-ի նկարահանումներէն է: Լորտ Սնուտոն` լուսանկարիչը, եկաւ իմ տունս զիս եւ տղաս` Քարլոն լուսանկարելու: Որոշուեցաւ, որ մենք պատրաստուինք լուսանկարուելու հռոմէական լոգարանին մէջ: Երանի՜ միայն այդքան պարզ ըլլար: Այնտեղ ջուրը պաղ էր, եւ մենք կը սառէինք: Երեք տարեկան տղաս բացարձակապէս կ՛ատէր այդ գաղափարը: Մենք փորձեցինք ծիծաղեցնել զայն, եւ այն, որ սկսաւ որպէս տանջանք, հրաշալի յիշողութիւն մը դարձաւ»:
«Հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին գտնուիլը եւ նման աշխատանքը այնքան գրաւիչ են, որ բազմաթիւ դերասաններու համար այդ կը յայտնուի ընտանիքէն առաջ, հակառակ անոր որ անոնք կը ձեւացնեն, թէ այդ այդպէս չէ,- կ՛ըսէ Էտուարտօ: – Բայց մօրս պարագային այդ իսկապէս այդպէս չէ: Կեանքին մէջ անոր ամէնէն մեծ ցանկութիւնը ընտանիք ունենալն էր, ուստի մենք երբեք մեզ երկրորդական չզգացինք: Այդ օգնեց մեզի կեդրոնացնել եւ վստահութիւն ներշնչել մեր օրերուն` յաղթահարելու մեր սեփական խոչընդոտները: Սէրը մեծ զրահ է»:
Վերջերս Լորենի ճամբորդութիւնը Լոս Անճելըս` իր սիրելիներու կողքին ըլլալու համար, մինչ ան կ՛ապաքինէր իյնալէն ետք բազմաթիւ կոտրուածքներու համար վիրահատութենէն, բացառիկ էր: «Ես գիտէի, որ եթէ ուզեմ շարունակել այն կեանքը, որ ես ունէի մինչեւ իյնալս, ես պէտք էր կատարէի ֆիզիքական ծանր վարժանք, որպէսզի կարենամ նորէն քալել,- կը բացատրէ ան: – Այսպիսով, հիմնականին մէջ ամիսներէ ի վեր ես շաբաթը հինգ օր կ՛այցելեմ բնաբուժի (physiotherapist): Փոնթին կ՛աւելցնէ. «90-ին մօտ քանի՞ մարդ կրնայ երեք շաբաթով ճամբորդել աշխարհով մէկ` ընտանիքին կողքին ըլլալու համար: Զարմանալի է»:
«Ան 100 տոկոսով կ՛ուզէ շարունակել աշխատիլ, եւ մենք կը փնտռենք յաջորդ նախագիծը: Մենք պէտք է շատ զգուշ ընտրենք այդ, քանի որ չենք ուզեր, որ յաջորդը փոքր գործ ըլլայ: Մենք պէտք է համոզուինք, որ յաջորդը ստեղծագործական ու նաեւ հանդիսատեսին համար ալ աւելի բաւարար ըլլայ: Ժամանակ կը պահանջէ գնահատելու առաջարկուող տարբեր բեմագրութիւնները եւ կերպարները, որոնք ան կ՛ուզէր խաղալ», կ՛ըսէ Փոնթի:
Միաժամանակ, ծննդեան 90-ամեակին, Սոֆիա Լորեն լեցուած է պսպղուն ժառանգութեան փայլով, փառատօնը կը ծառայէ որպէս քաղցր յիշեցում այն մասին, թէ որքա՛ն հեռու հասած է Նափոլիի հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը:
«Իմ կեանքիս այս պահերը կարողանալ բաժնեկցիլը բոլորին հետ` խորապէս կը յուզէ զիս»:
Vogue
Սոֆիա Լորեն Կ՛ըսէ…
– Սեռային հմայքը 50 առ հարիւրն է ձեր ունեցածին եւ` 50 առ հարիւրը, որ մարդիկ կը կարծեն, թէ դուք ունիք:
– Սխալները լիարժէք կեանքի համար վճարուող տուրքերու մէկ մասն են:
– Երկու մեծ առաւելութիւնները, որոնք ես ունէի ծնունդիս ժամանակ, այն էր, որ ծնած եմ իմաստուն եւ աղքատութեան մէջ:
– Դժուար մասնագիտութեան մէջ յառաջանալը կը պահանջէ հաւատք` ձեր հանդէպ: Ահա թէ ինչո՛ւ միջակ տաղանդ ունեցող, բայց մեծ ներքին մղում ունեցող որոշ մարդիկ շատ աւելի հեռու կ՛երթան, քան` չափազանց բարձր տաղանդ ունեցող մարդիկ:
– Խոհարարութիւնը սիրոյ արարք է, նուէր, ուրիշներու հետ կիսելու փոքր գաղտնիքները` «piccoli segreti»-ն, որոնք կ՛եփին կրակին վրայ:
– Կնոջ զգեստը պէտք է փշալար ցանկապատի նման ըլլայ, ծառայէ իր նպատակին` չխանգարելով տեսադաշտը:
– Շատերը կը կարծեն, թէ կ՛ուզեն բաներ, բայց իրականութեան մէջ ուժ, կարգապահութիւն չունին: Անոնք թոյլ են: Ես կը հաւատամ, թէ դուք կը ստանաք այն, որ կ՛ուզէք, եթէ այդ շատ հաստատ, անկեղծ կ՛ուզէք:
– Կեանքի փաստը այն է, որ պատերազմ տեսած երեխան չի կրնար համեմատուիլ այն երեխային հետ, որ չի գիտեր, թէ ի՛նչ է պատերազմը, բացի պատկերասփիւռէն:
– Ես երբեք չեմ փորձած փակել անցեալի յիշողութիւնները, թէեւ որոշ մասերը ցաւալի են: Ես չեմ հասկնար այն մարդիկը, որոնք կը պահուըտին իրենց անցեալէն: Այն, որ դուք կ՛ապրիք, կ՛օգնէ ձեզի դառնալ այնպիսին, ինչպէս հիմա էք:
– Ես կ՛ատէի հայրս ամբողջ կեանքիս ընթացքին, բայց անոր վերջին օրերուն ես ներեցի զայն այն բոլոր տառապանքներուն համար, որոնք ան պատճառեց մեզի: Երբ կը մեծնաս, կ՛ամուսնանաս եւ երեխաներ կ՛ունենաս, դուն կը սորվիս եւ կը մոռնաս: Ես դիւրաւ չեմ մոռնար, բայց կը ներեմ:
– Երիտասարդութեան աղբիւր կայ. այդ ձեր միտքն է, ձեր տաղանդը, ստեղծագործութիւնը, որ դուք կը բերէք ձեր կեանքին եւ այն մարդոց, որոնց կը սիրէք: Երբ դուք սորվիք գործածել այս աղբիւրը, դուք իսկապէս կը յաղթահարէք տարիքը:
– Երիտասարդ դերասանուհիները պէտք է սորվին համբուրուիլ: Հիմա անոնք կը համբուրուին այնպէս, կարծես կը լափեն զիրար: Անոնք պէտք է տեսնեն, թէ ինչպէս կը համբուրուին Ինկրիտ Պերկմանի եւ Կերի Կրանտի նման մարդիկ: Իրար երե՞ս կ՛ուտեն: Ո՛չ:
– Երբ դուն մայր ես, երբեք իսկապէս մինակ չես քու մտքերուդ հետ: Դուք կապուած էք ձեր երեխային եւ բոլոր անոնց հետ, որոնք կը շօշափեն ձեր կեանքը: Մայրը միշտ պէտք է երկու անգամ մտածէ` մէկ անգամ իր եւ մէկ անգամ իր երեխային համար:
– Սխալ է կարծել, որ դպրոցը աւարտելէն ետք երբեք նոր բան սորվելու կարիք չկայ:
– Դուք բոլորդ պէտք է հաւատաք, որ ունիք յատուկ գեղեցկութիւն, որ նման չէ ուրիշներուն, եւ այնքան արժէքաւոր է, որ պէտք չէ լքեք զայն: Իսկապէս դուք պէտք է սորվիք փայփայել այդ:
– Ես ունիմ մարդը չափելու իմ իւրօրինակ չափանիշս. ան քաջութիւն ունի՞ լալու վիշտի պահուն: Ան կարեկցանք ունի՞ անասունի որս չընելու համար: Կնոջ հետ յարաբերութիւններուն մէջ ան նո՞ւրբ է: Իրական տղամարդկութիւնը կը սնանի բարութեան եւ հեզութեան մէջ, որոնք ես կը կապեմ խելքի, ըմբռնման, հանդուրժողականութեան, արդարութեան, կրթութեան եւ բարձր բարոյականութեան: Եթէ միայն տղամարդիկ հասկնային, թէ որքան դիւրին է բարութեամբ բանալ կնոջ սիրտը, եւ թէ` որքա՛ն կիներ կը փակեն իրենց սիրտը տոնժուաններու յարձակումներու դէմ:
– Շպարուելու սեղանին իւրաքանչիւր կին ունի նկարչուհի ըլլալու հնարաւորութիւն, իսկ արուեստը, ինչպէս կ՛ըսէր Արիստոտէլ, «Կը լրացնէ այն, որ բնութիւնը կիսատ ձգած է»:
– Եթէ երիտասարդ կինը գեղեցիկ է, բայց չունի կարգապահութիւն, ան կը կորսնցնէ իր տեսքը, երբ մեծնայ: Եթէ պարզ կինը կարգապահ է, ան անկասկած ժամանակի ընթացքին աւելի գեղեցիկ կը դառնայ:
– Դուք պէտք է հաւատաք ամուսնութեան եւ պէտք է հաւատաք երկու անձերու յարաբերութեան: Եթէ կեանքի մէջ իսկապէս կը մտածէք, որ գտած էք ճիշդ մարդը, պէտք է հաւատարիմ մնաք անոր, թէեւ վերելքներ ու վայրէջքներ կան: Եթէ դուք իսկապէս կը հաւատաք ձեր միութեան, պէտք է սնուցանէք այն եւ աշխատիք անոր համար, ապա դուք իսկապէս կրնաք յաւերժ միասին անցընել ձեր կեանք:
– Յաջողութիւնը ձեզ կը ծանօթացնէ աշխարհին, բայց ձախողութիւնը ձեզի կը ներկայացնէ աշխարհը:
– Ես ապրեցայ իմ կեանքս, որքան որ կրնայի, թաքնուած` ամչկոտութեան բարակ, բայց ամուր շղարշի ետին: Այո՛, ես գիտեմ, որ դժուար է հաւատալ, բայց ես իսկապէս ամչկոտ էի, գուցէ` մեր վիճակին պատճառով. հայրս կը բացակայէր, իսկ մայրս չափազանց շիկահեր էր, չափազանց բարձրահասակ, չափազանց աշխուժ եւ առաջին հերթին` չամուսնացած: Անոր արտառոց, չափէն դուրս գեղեցկութիւնը զիս ամչցուց: Ռաքազա մատրէ էր, աղջիկ-մայրիկ, ինչպէս կ՛ըսեն: Ես կ՛երազէի բնականոն, յուսադրող մօր մը մասին` սեւ մազերով, ծալքաւոր գոգնոցով, կոշտ ձեռքերով եւ աչքերը յոգնած, ինչպէս` Mamma Luisa-ն, որ ես կրկին կը գտնէի քանի մը տասնամեակ ետք A Special Day ժապաւէնին մէջ, ուր ես մարմնաւորեցի Անթոնիեթա անունով կերպար մը, որ վեց երեխաներու մայր էր:
Բարի Տարեդարձ
Սոֆիա Լորեն Իտալիոյ մայրաքաղաքի պատմական կեդրոնի շքեղ պանդոկներէն մէկուն մէջ կազմակերպուած յատուկ երեկոյթի ժամանակ 90 մոմ փչեց:
Հռոմի շարժապատկերի սրահին մէջ Cinecittà սթիւտիոյի եւ մշակոյթի նախարարին կազմակերպած ձեռնարկէն ետք, դերասանուհին 150 ընկերներու, գործընկերներու եւ ընտանիքի անդամներուն հետ ընթրեց պանդոկին մէջ, միաժամանակ բացումը կատարեց ի պատիւ իրեն իր անունով կոչուած շքեղ յարկին:
Այդ առիթով Լորեն հագած էր իր ընկեր ու սիրելի ձեւագէտ Ճիորճիօ Արմանիի պատրաստած զգեստը:
Իտալիոյ գլխաւոր թերթերը հրապարակումներ նուիրեցին Հոլիվուտի ոսկեայ դարաշրջանի վերջին կենդանի դերասանուհիներէն մէկուն` Լորենի երկարամեայ ասպարէզին, որուն ընթացքին ան խաղացած է այն ժամանակուան ամէնէն մեծ դերասաններու հետ` Անթոնի Քուինէն եւ Քլարկ Կէյպլէն մինչեւ Մարլոն Պրանտօ, Քերի Կրանտ, Փիթեր Սելլըրս, Ճոն Ուէյն եւ Ֆրանք Սինաթրա:
Corriere della Sera
La Repubblica թերթը Սոֆիա Լորենի ծննդեան տարեդարձը համեմատած է Պրիժիթ Պարտոյի ծննդեան օրուան հետ: Պրիժիթ 28 սեպտեմբերին կը նշէ իր 90-ամեակը: «Վեհապանծ իննսուն տարեկաններ», կը գրէ թերթը եւ կը յայտնէ, որ զոյգը «նախասահմանած է 20-րդ դարու կանացի երեւակայութիւնը»: