Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արհեստական Բանականութիւնը Կ՛արշաւէ

Սեպտեմբեր 20, 2024
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Պարզ է, որ գիտութեան ներկայ ընթացքը գլխապտոյտ պատճառելու չափ արագ է, եւ լրատուամիջոցներ նոյնիսկ չեն հասնիր նոր արհեստագիտութիւններու մասին ժամանակին տեղեկացնել, մինչ ոմանց համար նորութիւնները անմիջապէս ըմբռնելի չեն ըլլար: Ամէն պարագայի, արհեստական բանականութեան (ԱԲ) նորութիւններու մասին միջազգային լրատու կայքերէ քաղուած քանի մը տեղեկութիւններ կը ներկայացնենք այս էջով:

Ն.

Երկրորդ սերունդի մարդամեքենայ, որ պատրաստ է
ճարտարարուեստի մէջ աշխատելու

Figure AI ընկերութիւնը ներկայացուցած է իր երկրորդ սերունդի մարդամեքենան` Figure 02-ը, որուն մէջ «բարելաւուած են իր նախորդի` Figure 01-ի   բոլոր տարրերը»: Ընկերութիւնը յայտարարած է, որ ստիպուած եղած է ամբողջութեամբ «վերանախագծել» իր մարդամեքենան` ապահովելու համար, որ ան կարողանայ դիմակայել արտադրութեան ոլորտին մէջ աշխատանքի խիստ փորձառութիւնները:

Իր նախորդին համեմատ` ամէնէն ակներեւ փոփոխութիւնը երկրորդ սերունդի մարդամեքենայի տեսքն է: Առաջին բանը, որ կը գրաւէ ուշադրութիւնը, մարդամեքենայի մակերեսի անթափանց սեւ ծածկոյթն է եւ դուրսը գտնուող լարերու եւ սենսըրներու բացակայութիւնը: Ի տարբերութիւն Fugure 01-ի` նոր մարդամեքենան կարծես պատրաստ արտադրութիւն ըլլայ:

Figure 02-ն ունի երեք անգամ աւելի շատ հաշուողական հզօրութիւն` արհեստական բանականութեան աջակցութեամբ, որուն շնորհիւ մարդամեքենան իրական առաջադրանքները կը կատարէ ինքնիրեն: OpenAI-ի հետ գործակցութիւնը կարելիութիւն տուած է արագ վարժեցնել մարդամեքենան` ձայնային հրամաններու միջոցով մարդու հետ հաղորդակցելուն, ներկառուցուած խօսափողերու եւ բարձրախօսներու միջոցով: Նոր տիպը ամբողջացած է վեց գունաւոր տեսախցիկներով, որոնք մարդամեքենան կը գործածէ շրջապատը ընկալելու եւ առարկաները ճանչնալու:

Figure AI-ի վերջին տարբերակը ունի շարժումի 16 աստիճան ազատութիւն եւ ունակ է մինչեւ 25 քկ բեռ տեղափոխել: Մարդամեքենային «ձեռքը» նման է մարդու ձեռքին, եւ Figure AI-ին նպատակն է հասնիլ անոր, որ անիկա ունենայ մարդու ձեռքի բոլոր ունակութիւնները: Իւրաքանչիւր մատ կը շարժի համարկուած սենսըրով եւ շարժիչային միաւորով:

Figure AI ցարդ յաջողած է ներգրաւել 675 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորում եւ գործակցութեան պայմանագիր կնքել OpenAI-ի հետ: Ընկերութիւնը արժանացած է RBR50 Innovation Award 2024 մրցանակին` 2023-ին մարդամեքենայի շինութեան զարգացման արագ ընթացքին համար:

Այս տարեսկիզբին Figure-ն իր մարդամեքենան տեղակայած էր BMW-ի` Քարոլինայի գործարանին մէջ, այդ փորձարկելու, տուեալներ հաւաքելու եւ արհեստական բանականութեան իր բնօրինակը ուսուցանելու: Ընկերութիւնը յաջողութեամբ փաստած է, որ իր համակարգը արդիւնաւէտ է եւ կը յաջողի ուսուցանուիլ ճարտարարուեստի  մարզին մէջ աշխատելու համար:

Արհեստական Բանականութիւնը Պիտի Փոխէ
Տեղեկատուական Մարզը Եւ Տնտեսութեան Կառոյցը

Արհեստական բանականութիւնը պիտի փոխէ ե՛ւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզը ե՛ւ տնտեսութեան կառոյցը:

ԱԲ-ի ազդեցութեան մասին խօսելով` պէտք է նկատի առնել, որ մետալը ունի երկու կողմ. առաջինը կը վերաբերի հնարաւորութիւններուն, որ ԱԲ-ն կրնայ ընձեռել:

Ասիկա կը վերաբերի բոլոր մարզերուն տնտեսութեան կառոյցին` առողջապահութիւն, երկրագործութիւն, հանքագործութիւն, ուժանիւթ, բոլոր ոլորտները: Անիկա մեզի կ՛առաջարկէ նոր լուծումներ, մեր կեանքը աւելի դիւրին կը դարձնէ, անշուշտ այդ ակներեւ է:

Մետալին միւս կողմը կը վերաբերի վախերուն, թէ ԱԲ-ն ինչպիսի՛ վտանգներ իրեն հետ կրնայ բերել, օրինակ` ԱԲ-ն պաշտպանութեան ոլորտ բերելու եւ այդ զէնք դարձնելու վերաբերեալ վախերը եւ այսպիսի քննարկումները շատ տարածուած են տարբեր երկիրներու  մէջ եւ հարթակներու վրայ:

Անդրադառնալով խնդիրին, թէ ի՛նչ մարտահրաւէրներ ԱԲ-ն կը յառաջացնէ աշխատանքային շուկային մէջ, մասնագէտներ կը նշեն, թէ տեղին են վախերը, որ ԱԲ-ն շատերը կը փոխարինէ իրենց աշխատանքին մէջ, յատկապէս` տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ, որ բաւական զարգացած է: Մտավախութիւնը յատկապէս իրական է զանազան համակարգերու կառավարման եւ այլ մասնագիտութիւններու մարդոց համար:

Այսպիսի տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներուն համար շատ վտանգներ կան: ԱԲ-ն պիտի փոխէ ամբողջ ոլորտը, տնտեսութեան կառոյցը: Այդ պատճառով ընկերութիւնները իրենց աշխատողները կը վերապատրաստեն, որպէսզի անոնք պատրաստ ըլլան այս փոփոխութիւններուն:

Տեսողական Հաշուարկները Աւելի Արդիւնաւէտ Դարձած Են.
Գիտնականները Նուազեցուցած Են ԱԲ Ուժանիւթի Սպառումը

Լոզանի մէջ  գիտնականները մշակած են տեսողական հաշուարկներու նոր կառոյց, որ կրնայ նուազեցնել արհեստական բանականութեան համակարգերու ուժանիւթի սպառումը: Այս յայտնագործութիւնը կրնայ յեղափոխել այս ոլորտը եւ ԱԲ-ն աւելի արդիւնաւէտ դարձնել:

ԱԲ ժամանակակից համակարգերը զգալի ծաւալի ուժանիւթ կը պահանջեն վերապատրաստման եւ տեղադրման համար: Ըստ որոշ գնահատականներու, եթէ ուժանիւթի սպառումի աճի ներկայիս կշռոյթները շարունակուին, մինչեւ 2027 թուական ԱԲ մոտելներու համար սըրվըրներու տարեկան ուժանիւթի սպառումը կրնայ աւելին ըլլալ այն ծաւալէն, որ տարեկան կը սպառէ որեւէ փոքր երկիր:

Հետազօտողները առաջարկած են տեսողական հաշուարկներու նոր մօտեցում, որ տուեալներու մշակումին համար լուսանկարներ կը գործածէ: Ասիկա թոյլ կու տայ հաշուարկները կատարել շատ աւելի արագ եւ արդիւնաւէտ, քան` աւանդական ելեկտրոնային համակարգերը: Բայց եւ այնպէս, մինչեւ այսօր տեսողական համակարգերը չեն կրցած կատարել ցանցերուն մէջ տուեալներու դասակարգման համար անհրաժեշտ ոչ գծային փոխակերպումները:

Գիտնականները մշակած են պարզ լուծում, որ թոյլ կու տայ ոչ գծային փոխակերպումներ իրականացնել տեսողական ձեւով: Այս լուծումը կը պահանջէ 100 միլիոն անգամ նուազ ուժանիւթ, քան` աւանդական ելեկտրոնային համակարգերը:

«Մեր ձեւը կարելի է ծաւալուն դարձնել, եւ ուժանիւթային առումով 1000 անգամ աւելի արդիւնաւէտ է, քան` ժամանակակից խոր թուային ցանցերը», ըսած է մասնագէտ Տիմիթրի Փսալտիս:

Զուիցերիոյ ազգային գիտական հիմնադրամի Sinergia դրամաշնորհի աջակցութեամբ կատարուած հետազօտութիւնը հրապարակուած է Nature Photonics ամսագիրին մէջ: Գիտնականները արդէն այժմ կը մշակեն թուային տուեալները, որոնք  տեսողական համակարգերը կրնան գործածել:

Այս բացայայտումը կրնայ փոխել արհեստագիտութիւնը եւ ԱԲ-ն աւելի նուազ ուժանիւթ սպառող դարձնել: Բայց եւ այնպէս, այդ ծաւալուն դարձնելու համար անհրաժեշտ է հետագայ հետազօտութիւն:

Մասք Յայտարարած Է, Որ 2025-ին Թեսլայի Մէջ
Կը Սկսին Մարդամեքենաներ Կիրարկել

Թեսլայի գործադիր տնօրէն Իլոն Մասք յայտարարած է, որ յաջորդ տարի ընկերութիւնը կ՛արտադրէ «իսկապէս օգտակար» մարդամեքենաներ, որոնք կ՛աշխատին իր գործարաններուն մէջ:

Մասք գրած է. «Յոյս ունիմ նաեւ ընդարձակել մարդամեքենաներու արտադրութիւնը ու այդ հասցնել այնպիսի մակարդակի, որ 2026-ին արդէն կարենանք զանոնք վաճառել այլ ընկերութիւններու»:

Մասք, որուն կը պատկանի X-ը, եւ որ` նաեւ SpaceX-ի ղեկավարն է, նախապէս համարձակ պնդումներ ըրած է, թէ ե՛րբ Օփթիմուս կոչուող մարդամեքենան պատրաստ կ՛ըլլայ գործածութեան համար:

2021-ին Մասք, որուն հարստութիւնը «Ֆորպս» թերթը  կը գնահատէ 250 միլիառ տոլար, ըսած էր, թէ կ՛ակնկալէ, որ յաջորդ տարի այս մարդամեքենան պատրաստ կ՛ըլլայ Թեսլայի գործարաններուն մէջ գործածութեան համար:

2022-ին ձեռնարկի մը ատեն Մասք, որ կը պնդէր, թէ Թեսլայի մարդամեքենաներու գործարքը օր մը աւելի սուղ կ՛արժէ, քան` իր ինքնաշարժներու առեւտուրը, ցուցադրած էր մարդամեքենայի նախատիպ, որ կը քալէր բեմի վրայ եւ ձեռքով կը բարեւէր հանդիսատեսին:

Աւելի ուշ ցուցադրուած էր տեսանիւթ մը, թէ ինչպէ՛ս մարդամեքենան արկղ կը տեղափոխէ, բոյսեր կը ջրէ եւ մետաղեայ ձողեր կը տեղափոխէ ինքնաշարժ արտադրողի գործարանին մէջ:

Մասք նաեւ նախապէս ըսած է, թէ իր նպատակն է, որ մարդամեքենաներու զանգուածային արտադրութիւն սկսի, եւ որ` իւրաքանչիւրի արժէքը չգերազանցէ 20 հազար տոլարը:

Օփթիմուս մարդամեքենային հասակը շուրջ մէկ մեթր եօթանասուն սանթիմեթր է եւ կը կշռէ 56 քկ: Այդ նախատեսուած է «ձանձրանալի, կրկնուող եւ վտանգաւոր» աշխատանք կատարելու համար:

Կուկըլի Մարդամեքենան
Փինկ–Փոնկ Կը Խաղայ Մարդու Պէս

Վերջերս հրապարակուած յօդուածին մէջ Google-ի DeepMind Robotics խումբը ներկայացուցած է մարդամեքենայ մը, որ կրնայ մարդու պէս փինկ-փոնկ խաղալ:

Փորձարկման ժամանակ մարդամեքենան կարողացած է յաղթել  բոլոր սկզբնական մակարդակի խաղացողներուն, իսկ միջին մակարդակի խաղացողներու պարագային կրնայ յաղթել անոնց 55 առ հարիւրին: Սակայն, հակառակ տպաւորիչ արդիւնքներուն, մարդամեքենան պարտուած է արհեստավարժ խաղացողներու հետ բոլոր մենամարտերուն մէջ: Ընդհանրապէս մարդամեքենան յաղթած է կայացած 29 մրցումներուն 45 առ հարիւրին:

Համակարգի հիմնական խնդիրը արագ գնդակներուն ուշացած արձագանգը եղած է, նաեւ` պեքհենտ խաղալու, բարձր եւ ցած գնդակները ընդունելու եւ գնդակի պտոյտը գնահատելու կապուած դժուարութիւնները: Մշակողները կ՛առաջարկեն ուսումնասիրել կառավարման յառաջադէմ ալկորիթմներ` լուծելու համար ուշացումի սահմանափակումները, որոնք թոյլ չեն տար, որ մարդամեքենան արագ կողմնորոշուի եւ համապատասխանաբար արձագանգէ:

DeepMind-ի խումբը վստահ է, որ իր մշակումը խոստմնալից է` այդ նկատելով որպէս փոքր քայլ դէպի մարդամեքենայի շինութեան հին նպատակի իրականացում. հասնիլ անոր, որ մարդամեքենան ունենայ մարդու մակարդակի արդիւնաւէտութիւն` իրական աշխարհի մէջ հանդիպող շատ օգտակար հմտութիւններու հարցով:

Մշակողները կը նախատեսեն շարունակել աշխատիլ բազմաթիւ օգտակար առաջադրանքներ կատարող համաշխարհային մարդամեքենաներու ստեղծումին վրայ: Մարդամեքենաներ, որոնք միաժամանակ մարդոց հետ հմտօրէն եւ ապահով կը հաղորդակցին:

Նախորդը

Սրբադասման Ուղիին Վրայ Գտնուող Երջանկայիշատակ Աստուծոյ Ծառային` Կարտինալ Աղաճանեանի Մարմնին Լիբանան Վերադարձը Նոր Յոյս Կը Ներշնչէ Լիբանանցիներուն Եւ Նոր Սուրբ Մը Կը Շնորհէ Մայրիներու Երկրին

Յաջորդը

Արցախցի Ազատամարտիկ-Երգիչ Արթուր Խաչենցի Երգահանդէսը

RelatedPosts

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
«Թրքական Գրականութեան Մէջ Մեծ Լռութիւն Կայ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին»   Կ՛ըսէ Էլիֆ Շաֆաք
Մշակութային եւ Այլազան

«Թրքական Գրականութեան Մէջ Մեծ Լռութիւն Կայ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին» Կ՛ըսէ Էլիֆ Շաֆաք

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?