Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ալեն Տըլոնի Կեանքէն
Մահացաւ ֆրանսացի դերասան Ալեն Տըլոն : Ան 88 տարեկան էր:
«Խոր վիշտով Ալեն Ֆապիենը, Անուշքան, Անթոնին եւ անոր շունը Լուպոն, կը յայտնեն իրենց հօր մահուան մասին: Ան խաղաղ մահացաւ Տուշիի իր տան մէջ` շրջապատուած իր երեք զաւակներով եւ ընտանիքի անդամներով»,-կ՛ըսուի անոր զաւակներուն յայտարարութեան մէջ:
Ալեն Տըլոն սիրելին էր արդիապաշտներուն, որոնք էին` Լուճինօ Վիսքոնթին, Ժան-Փիեր Մելուիլը եւ Միքելանճելօ Անթոնիոնին, որոնց կը գայթակղեցնէր անոր անհաւատալի գեղեցիկ արտաքինը եւ պաղ անտարբերութեամբ տեսքը:
Ալեն Ֆապիեն Մորիս Մարսել Տըլոն ծնած է 8 նոյեմբեր 1935-ին: Ան շատ արագ յայտնի դարձաւ, եւ 23 տարեկանին զայն կը համեմատէին ֆրանսացի այնպիսի դերասաններու հետ, որոնք են` Ժերար Ֆիլիփը եւ Ժան Մարէն, ինչպես նաեւ` ամերիկացի դերասան Ճէյմս Տինը: Զայն նոյնիսկ կ՛անուանէին «տղամարդ Պրիժիթ Պարտօ»:
Տըլոն իր ամբողջ ասպարէզի ընթացքին աշխատած է բազմաթիւ յայտնի բեմադրիչներու հետ, որոնց շարքին` Լուճինօ Վիսքոնթիի, Ժան-Լիւք Կոտարի, Ժան-Փիեր Մելուիլի, Միքելանճելօ Անթոնիոնիի եւ Լուի Մալի:
Ֆրանսացիներուն համար Տըլոնը կը մնայ մեծ գիշատիչ-գայթակղիչի ամէնէն մեծ մարմնաւորումը, որ մեծ արձագանգ գտած է Եւրոպայի մէջ 1960-ական թուականներուն: Ան հանդիսատեսը հիացուցած է այնպիսի գլուխ գործոց ժապաւէններով, ինչպէս` «Յովազը», «Ռոքքոն եւ անոր եղբայրները», «Լիալուսին»-ը, «Սամուրայ»-ը, «Լողաւազան»-ը, «Պարոն ՔլԷյն»-ը եւ ուրիշներ:
Տըլոն երեք զաւակ ունէր երկու տարբեր կիներէ, որդիներ` Անթոնի եւ Ալեն-Ֆապիեն եւ դուստրը` Անուշքան: Ան երգիչուհի Նիքոյէն ունէր նաեւ երրորդ տղայ մը, զոր դերասանը չճանչցաւ եւ, որ կը տառապէր թմրամոլութենէ եւ մահացաւ 2023 թուականին:
Տըլոնի մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը հեռու էին անհոգ ըլլալէ: Թերեւս անցեալի ծանր իրադարձութիւնները այնքան խոր հետք ձգած էին անոր հոգիին մէջ, որ ան չկրցաւ կանոնաւոր յարաբերութիւններ հաստատել զաւակներուն հետ:
Ան ծնած է Փարիզի ծայրամասը, 1935 թուականին: Չորս տարեկանին, ծնողներու բաժանումէն ետք, ան ստիպուած էր ապրիլ խնամատար ընտանիքի մը մէջ: Դպրոցը չէր սիրեր եւ յաճախ կը բացակայէր: Ան զօրակոչուեցաւ բանակ եւ մասնակցեցաւ հնդկաչինական պատերազմին, սակայն ճիփ գողնալու համար կանգնեցաւ ռազմական ատեանին առջեւ:
1950-ականներու վերջաւորութեան վերադառնալով Փարիզ` Տըլոն կ՛ապրէր մարմնավաճառներու ու կանկըսթերներու միջավայրին մէջ, բայց ապա իր արտասովոր արտաքինին շնորհիւ` մուտք գործեց շարժապատկերի աշխարհ:
«Լը Մոնտ» գրած է. «Կասկած չկայ, որ այդպէս ալ անոր կողմէ մինչեւ վերջ անգիտակից հսկայական ինքնահաւանութիւնը ստիպած էր իր զաւակները դիտարկել որպէս հաւանական հակառակորդներ, որոնց հաւակնութիւնները անհրաժեշտ էր սկիզբէն խեղդել»:
Գաղտնիք չէ, որ Տըլոն շատ դաժան վարուած է իր որդիներուն հետ: Հետեւանքը եղած է այն, որ անոնք թմրամոլ եղած են, զէնք օգտագործած եւ օրէնքի հետ խնդիրներ ունեցած են: Բայց աղջկան հետ ամէն բան տարբեր էր: 2008-ին ան Անուշքայի մասին ըսած է. «Ոչ մէկ կնոջ այդքան յաճախ ըսած եմ, որ կը սիրեմ զայն»:
Տըլոնի երրորդ տղան ամէնէն անբախտը եղած է: Անոր մայրը գերմանացի ռոք աստղ Նիքոն էր (Velvet Underground-ի անդամներէն մէկը): Արի Պուլոն ծնած էր 1962 թուականին, սակայն Տըլոն երբեք չէ ճանչցած իր հայրութիւնը: Տըլոնի մայրը օգնած է մեծցնելու տղան, որովհետեւ վստահ էր, որ ան իսկապէս իր թոռն է: Արին մահացաւ անցեալ տարի Փարիզի մէջ` թմրեցուցիչի չափազանց օգտագործումի պատճառով:
Ըստ Տըլոնի կտակին, իր հարստութեան կէսը կը մնայ Անուշքային, իսկ միւսը կը բաժնուի երկու տղաներուն :
Վերջին 20 տարուան ընթացքին Ալեն Տըլոն գրեթէ ամէն հարցազրոյցի մէջ լրագրողներուն կ՛ըսէր, որ շատ յոգնած է կեանքէն, աշխարհէն, ուր տեղի կ՛ունենան միանգամայն անտանելի բաներ, ու նաեւ ինքն իրմէ` հիւանդութիւններէն, առանձնութենէն, յիշողութիւններէն: «Ամէն բան անցեալի մէջ է, ամէն բան աւարտած է», ըսած է ան Քաննի փառատօններու պալատի բեմէն, երբ 2019 թուականին կը ստանար պատուոյ «Ոսկեայ արմաւենիի ճիւղը»:
Տըլոն դերասանական ասպարէզը աւարտելու մասին յայտարարած է 2017 թուականին: 2019 թուականին ան կաթուածահար եղած է: Վերջին տարիներուն դերասանը կը պայքարէր քաղցկեղի դէմ, ինչպէս նաեւ կը տառապէր ջղային խանգարումներէ:
Կաթուածէն ետք Տըլոն շուէտական «L՛Illustre»պարբերաթերթին ըսած էր, որ դէմ չէ հեշտամահութեան (euthanasia): 2022 թուականի մարտին դերասանի որդին` Անթոնի Տըլոն, տեղեկացուց, որ կ՛ուղեկցի հօրը, եթէ ան որոշէ առնել այս քայլը:
2024 թուականի յունուարին դատարանը սահմանափակեց Տըլոնի գործունէութիւնը եւ անոր նկատմամբ խնամակալութիւն հաստատեց: Ըստ վճիռին, դերասանը կրնար կատարել միայն առօրեայ գործեր, սակայն աւելի բարդ գործերը, օրինակ` անշարժ գոյքի վաճառքը, ոչ:
Տըլոն Հայաստանի Մէջ
Ալեն Տըլոն Հայաստան այցելած է դեկտեմբեր 2012-ին` ներկայ գտնուելու «Շնորհաւոր Նոր տարի, մայրեր» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութեան:
Ալեն Տըլոն հանդիպած է օրուան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ եւ այցելած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդ:
Ան իր զարմանքը եւ երախտագիտութիւնը յայտնած է հայ ժողովուրդի ջերմ ընդունելութեան համար:
2020 թուականի արցախեան պատերազմին Տըլոն աջակցութիւն ցուցաբերած է Արցախին եւ Հայաստանին:
«Այն Որ, Ես Այսօր Ունիմ, Պարտական Եմ Կիներու»
Ալեն Տըլոնի Սիրավէպերը
Շատերը կը խօսին ֆրանսացի դերասանի գեղեցկութեան մասին, անոր անունը դարձած է յայտնի եւ կը գործածուի բոլոր գեղեցիկ տղամարդիկը նկարագրելու համար: Բնականաբար Տըլոն սիրուած էր կիներու կողմէ, իսկ ինք, իր կարգին, կը սիրէր կիները: Եթէ որպէս դերասան զայն կը պաշտեն ամբողջ աշխարհի մէջ, որպէս տղամարդ, կը պարզուի, որ ան, մեղմ խօսքով, իտեալական չէր: Տըլոն քանի մը անգամ յարաբերութիւններու մէջ եղած է` չաւարտելով նախորդները եւ խաբելով իր ընտրածները:
Յիշենք դերասանի ամէնէն վառ սիրավէպերը, որոնք յաւերժ կը մնան պատմութեան մէջ:
Ալեն Տըլոն եւ Ռոմի Շնայտըր
Ռոմի Շնայտըր գերմանական ծագումով դերասանուհի է: Ռոմին եւ Ալենը նշանուած էին, բայց այդ չաւարտեցաւ ամուսնութեամբ: Զոյգին յարաբերութիւնը տեւած է չորս տարի, իսկ բաժանումը նախաձեռնած է դերասանը, որ Ռոմիին հրաժեշտի նամակ գրած է: Անոր մահէն ետք Տըլոն Ռոմին անուանած էր «իր կեանքի սէրը»:
Ալեն Տըլոն եւ Նիքօ Պեֆկեն
Նիքո Պեֆկեն ծագումով գերմանացի երգչուհի եւ դերասանուհի է: Դերասանը անկէ ունի որդի` Քրիստիան Ահարոն Պուլոն, որ Տըլոն երբեք չէ ճանչցած: Նիքոյի թմրամոլութեան պատճառով Քրիստիանը մեծցուցած են Տըլոնի ծնողները, որոնք անոր տուած են իրենց մականունը: Թէ ինչո՛ւ դերասանը երբէք չէ ճանչցած իր տղան, որ ջուրի կաթիլի պէս իրեն կը նմանէր, տակաւին յայտնի չէ: Դերասանի որդին մահացած է մայիս 2023-ին:
Ալեն Տըլոն եւ Նաթալի Պարթելեմի
Նաթալի Պարթելեմին (Տըլոն) դերասանուհի է, որ դարձած է դերասանին միակ կինը: Տըլոն հանդիպած է Նաթալիին, երբ արդէն նշանուած էր Ռոմիի հետ: Նաթալին յղի էր, երբ ան եւ Տըլոն ամուսնացան: Ան լոյս աշխարհ բերած է դերասանի որդին` Անթոնին: Հինգ տարուան ամուսնութենէն ետք զոյգը բաժնուած է:
Ալեն Տըլոն եւ Միրէյ Տարք
Միրէյ Տարք բնորդ եւ դերասանուհի է, որուն Տըլոն հանդիպած է աշխատանքի բերումով: Դերասանը դեռ չէր բաժնուած կնոջմէն` Նաթալիէն: Տըլոնի յարաբերութիւնը Միրէյի հետ դարձաւ ամէնէն երկարը` 15 տարի:
Ալեն Տըլոն եւ Տալիտա
Տալիտան յայտնի փոփ երգչուհի է, որուն հետ Տըլոն երկարատեւ սիրավէպ ունէր, երբ դեռ ամուսնացած էր Նաթալիին հետ եւ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ան արդէն կը հանդիպէր Միրէյի հետ: Տալիտան դերասանին հետ ձայնագրած է «Parole parole» յայտնի երգը:
Ալեն Տըլոն եւ Ռոզալի վան Պրեմեն
Ռոզալի վան Պրեմեն նետըրլանտցի բնորդ է, որուն հետ Տըլոն ծանօթացած է տեսահոլովակի նկարահանման ատեն: Անոնց յարաբերութիւնը տեւեց 14 տարի եւ զոյգը ունեցաւ դուստր` Անուշքա եւ մանչ` Ալեն-Ֆապիենի:
Ալեն Տըլոն եւ Հիրոմի Ռոլան
2021 թուականին իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ան ըսած էր, որ կը հանդիպէր Հիրոմի Ռոլան անունով ճափոնուհիի մը հետ, որուն հետ դերասանին զաւակները հետագային խնդիր ունեցած են:
«Այն բլորին համար, որոնք ես այսօր ունիմ, պարտական եմ կիներուն, այն կիներուն, որոնք կը սիրէին զիս, զորս ես կը սիրէի»,- ըսած է դերասանը:
Նուազ Յայտնի Տուեալներ
Ալեն Տըլոնի Մասին
Ալեն Տըլոն` Ֆրանսական շարժապատկերի սեքս-խորհրդանիշը, մահացած է երկարատեւ հիւանդութենէ ետք:
Մանկութենէն Ալեն ունեցած է անտանելի բնաւորութիւն, որուն պատճառով ալ զայն հեռացուցած են 6 տարբեր գիշերօթիկներէ: 14 տարեկանին ծնողները տղուն սորվեցուցած են մսագործութիւն: Ան աւարտած է ուսումը, ստացած է վկայական եւ ժամանակ մը աշխատած է մսագործի խանութի մը մէջ: 18 տարեկանին Ալենը ձգած է այդ աշխատանքը եւ զինուորագրուած` ծովային հետեւակի ուժերուն` մեկնելով պատերազմի Հնդկաչինի մէջ: Ծառայութեան ընթացքին ան նոյնպէս բազմիցս պատժուած է անկարգութեան պատճառով:
Ծառայութենէն ետք Ալենը կարճ ժամանակով աշխատած է որպէս մատուցող Փարիզի մէջ, բայց շուտով ձգած է այդ գործը եւ սկսած է շարժապատկերներու մէջ նկարահանուելու համար քննութիւններու երթալ: Պարբերաբար մերժուած է իր գեղեցիկ արտաքինին պատճառով: Ի վերջոյ Ալենն ու ընկերը կ’որոշեն երթալ Քանն, որպէսզի այնտեղի արտադրողները նկատեն զիրենք:
Ալեն Տըլոն դերասանական ոչ մէկ կրթութիւն ստացած է: Ան ամբողջովին ինքնաշխատութեամբ յաջողած է շարժապատկերի ասպարէզին մէջ:
Խորհրդային շարժապատկերին մէջ մարմնաւորած է ֆրանսացի տեսուչը: 80-ականներուն հրապարակուած է «Թեհրան» ոստիկանական շարժապատկերը, որուն բեմադրիչն է Վլատիմիր Նաումով: Ալենը ժապաւէնին մէջ խաղացած է Արմէն Ճիկարխանեանի եւ Նաթալիա Պելոխվոստիքովայի հետ:
Հակառակ բազմաթիւ սիրավէպերուն` Տըլոն ամուսնացած է միայն մէկ անգամ` ֆրանսացի դերասանուհի Նաթալի Պարթելեմիի հետ, որմէ ունեցած է որդի` Անթոնին: Թէեւ ամուսնութիւնը երկար չէ տեւած, սակայն Ալեն պաշտօնապէս չէ արձանագրած իր միւս յարաբերութիւնները, քանի որ կը կարծէր, թէ պէտք է, ըլլայ մէկ ամուսնութիւն: Իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ դերասանը ըսած է. «Մատամ Տըլոնը միայն մէկ հատիկ է եւ ես անոր հետ շատ ամուր կապեր ունիմ»:
Ժան-Փոլ Պելմոնտոն Ալեն Տըլոնին մտերիմ ընկերն էր: Դերասաններու ընկերութիւնը սկսած է անոնց երկուքին ասպարէզին լուսաբացին` Sois belle et tais-toi (1958) ժապաւէնի նկարահանումով:
Ալեն շատ կը սիրէր անասունները եւ ստեղծած էր քանի մը ապաստարաններ կատուներու եւ շուներու համար: Դերասանը թաղած է իր բոլոր ընտանի անասունները, որոնցմէ աւելի քան 45-ը` սեփական կալուածի տարածքին մէջ, այնտեղ կառուցելով մատուռ: Ալեն խոստովանած է, որ ուզած է թաղուիլ իր մահացած ընտանի անասուններու կողքին եւ նոյնիսկ պաշտօնական արտօնութիւն ստացած է իշխանութիւններէն:
Հակառակ անասուններու հանդէպ իր անսահման սիրոյն, Ալեն Տըլոն շատ դաժան ու կոպիտ էր մարդոց հետ: Բազմաթիւ դերասաններ եւ բեմադրիչներ գիտեն անոր կռուազան կերպարի մասին: Տըլոն ինքզինքին արտօնած է ֆիզիքական բռնութեան ենթարկել իր կիները: Այս փաստը կը հաստատէ դերասանի որդին` Ալեն Ֆապիան: Ան ըսած է, որ Տըլոն ծեծած է իր մայրը` Ռոզալին:
2005 թուականին Ալեն Տըլոն Մոսկուայի մէջ «Սիրոյ դէմքեր» շարժապատկերի միջազգային փառատօնի փակման ժամանակ արժանացած է պատուոյ մրցանակի` համաշխարհային շարժապատկերին մէջ ունեցած ներդրումին համար:
Օգտագործուած աղբիւրներ`
BBC, Forbes, RTVI