Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Պեղումներ, Հետաքրքրական Բացայայտումներ

Դեկտեմբեր 13, 2024
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մարդիկ որքան պեղումներ կ՛իրականացնեն, այնքան նոր եւ հետաքրքրական բացայայտումներ կ՛ըլլան: «Անթիքիթի» եւ «Լայվ Սայընս» թերթերու կայքերը անցեալ շաբաթ գրեցին Իրաքի մէջ հնագէտներու վերջին աշխատանքին մասին:

Ն.

Իրաքի մէջ աշխարհի առաջին
կառավարութիւններէն մէկուն խորհրդաւոր փլուզման
5000-ամեայ վկայութիւն յայտնաբերուած է

Իրաքի հիւսիս-արեւելքի մէջ գտնուող Շահի Քորա հնագիտական վայրին մէջ պեղումները յայտնաբերած են բնակավայր մը, որ հնագէտներու կարծիքով, գոյութիւն ունեցած է Քրիստոսէ առաջ հինգերորդ հազարամեակին:

Նոր հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ տասնեակ հնագոյն կաւէ ամանները կը վկայեն աշխարհի ամէնէն առաջին պետական կառոյցներէն մէկուն գոյութեան մասին:

Կ՛ենթադրուի, թէ այս ամանները, որոնք յայտնաբերուած են Իրաքի հնագիտական պեղումներու վայրին մէջ, գործածուած են հին Միջագետքի մէջ աշխատաւորներուն  համեղ կերակուրներ պատրաստելու համար. այս կեդրոնացուած իշխանութեան ձեւ մըն էր, հաւանաբար, այն տեսակը, որ յանգեցուց հին Միջագետքի քաղաք-պետութիւններու զարգացման:

Սակայն այս վայրը ի վերջոյ լքուած է, եւ այդ  կը վկայէ, որ տեղւոյն բնակիչները մերժած են կեդրոնացեալ իշխանութիւնը:

Այս վաղնջական կառավարութեան անկումէն ետք 1500 տարի պահանջուեցաւ, մինչեւ որեւէ կեդրոնացեալ իշխանութիւն վերադառնայ շրջան, կը նշեն հետազօտութեան հեղինակները:

Գիտնականները յայտնաբերած են Շահի Քոր` հնագիտական պեղումներու վայրը, Քալարէն հարաւ-արեւմուտք, հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանին մէջ, որ ենթադրաբար Քրիստոսէ առաջ հինգերորդ հազարամեակին թուագրուող բնակավայրի մնացորդներ կը  պարունակէ:

Հետազօտութեան արդիւնքը հրապարակած է «Անթիքիթի» թերթը:

Մասնաւորապէս Շահի Քորի մէջ պեղումներու ժամանակ իւրայատուկ կաւէ մեծաքանակ ամաններ յայտնաբերուած են:

Կարգ մը ամաններու մէջ մնացորդներու ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ շատեր գործածուած են միս պատրաստելու համար, հնարաւոր է` արգանակի կամ շոգիով խաշած միսի տեսքով: Այս  թոյլ կու տայ ենթադրել, որ այդ նպատակով հնագոյն բնակավայրի մօտակայքի մէջ ոչխարի եւ այծի հօտեր պահուած են:

Հետազօտողները կ՛ենթադրեն, թէ այդ կը վկայէ անոր մասին, որ մարդիկ ժամանած են Շահի Քոր` աշխատելու տեղական «հիմնարկային տնտեսութիւններու մէջ», եւ պեղումները ցոյց տուած են, որ տնտեսական շինութիւններէն առնուազն մէկուն մէջ սիւներ եւ կոյուղիի համակարգեր կային:

Սակայն պեղումները միաժամանակ ցոյց կու տան, որ այդ վայրը լքուած է Քրիստոսէ առաջ չորրորդ հազարամեակի վերջաւորութեան` առանց բռնութեան կամ շրջակայ միջավայրի ազդեցութեան որեւէ նշաններու:

Ըստ գիտնականներու, ուրեմն տեղւոյն բնակիչները մերժած են իշխանութեան կեդրոնացեալ համակարգի գաղափարը եւ վերադարձած են իրենց ընտանեկան երկրագործութիւնն ու ագարակները զարգացնելու:

Հետազօտողները այս յայտնագործութիւնը ըրած են հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի Քալարէն հարաւ-արեւմուտք գտնուող Շահի Քորա հնագիտական վայրին մէջ, ուր կը պահուին բնակավայրի մնացորդներ` Քրիստոսէ առաջ հինգերորդ հազարամեակէն:

«Մեր պեղումները Շահի Քորայի մէջ եզակի, շրջանային նոր պատուհան կու տան կեդրոնացեալ եւ պետական, կազմակերպութիւններու կապուած ամէնէն առաջին փորձերու զարգացման եւ, ի վերջոյ, մերժման», կ՛ըսէ Կլասքոյի համալսարանի հնագէտ Քլոտիա Կլաց:

Ան  2019 թուականէն կը ղեկավարէ այս պեղումները եւ կը հանդիսանայ գլխաւոր հեղինակը նոր հետազօտութեան, որ վերջերս հրատարակած է «Անթիքիթի»-ն:

Ուրուկի (ներկայիս` Վարկա) քաղաքի ընդարձակում

Ուրուկ քաղաքը հարաւային Միջագետքի մէջ, աւելի քան 355 քիլոմեթր դէպի հարաւ:

Կլացի եւ անոր գործընկերներու պեղումները Շահի Քորայի մէջ յայտնաբերած են քանի մը դար տեւողութեամբ կառոյցներ: Խեցեղէնի բեկորները եւ այլ մշակութային իրերը կը վկայեն այնտեղ ապրող հողագործներու սկզբնական տեղական աւանդութիւններէն մինչեւ աւելի ուշ գերիշխանութիւնը:

Նման յառաջընթացներ նկատուած են հին Միջագետքի այլ վայրերուն մէջ: Կարգ մը հնագէտներ կ՛ենթադրեն, թէ  անոնք «Ուրուկի ընդարձակման» նշաններ են, ուր Ուրուկի նորարարութիւնները, ներառեալ` քաղաքաշինութիւնը, շրջանային առեւտուրը եւ կանուխ շրջանի գրչութիւնը, ներկայացուած են աւելի հեռաւոր շրջաններու մէջ, ուր մարդիկ ճամբորդած են:

Ըստ հնագէտներու, «Ուրուկի ժամանակաշրջանը» շումերական քաղաքակրթութեան ամէնէն կանուխ փուլն է` ՔԱ 4000-էն մինչեւ 3100 թուականները:

Մասնաւորապէս Շահի Քորայի պեղումները յայտնաբերած են մեծ թիւով իւրայատուկ կաւէ ամաններ, որոնք կը կոչուին փորուած եզրաքարեր (beveled-rim bowls):

Պեղումները յայտնաբերած են մեծ թիւով տարբերուող «փեղկաւոր եզրային թասեր»` աշխատաւորներուն ուտելիք մատուցելու:

Նուիրապետութիւնը մերժուած

«Վերէն վար նուիրապետական կառավարման ձեւերը անխուսափելի չէին հին ժամանակաշրջանի բարդ հասարակութիւններու զարգացման մէջ,- ըսաւ Կլաց: – Տեղական համայնքները միջոցներ գտած են դիմակայելու եւ մերժելու կեդրոնացեալ իշխանութեան միտումները»:

Հնագէտները նաեւ յայտնաբերած են տարբեր ժամանակներուն մէջ կառուցուած սիւներով քանի մը  կառոյցներ, որոնք կը վկայեն հարաւային Միջագետքի Ուրուկ քաղաքի ազդեցութեան մասին:

Վաղ հասարակութիւն

Պերինի ազատ համալսարանի հնագէտ եւ Միջագետքի առաջին պետութիւններու եղափոխութեան մասնագէտ Սիւզան Պոլոք, որ ներգրաւուած չէր նոր ուսումնասիրութեան մէջ, կ՛ըսէ. «Հարիւրաւոր մարդիկ հաւանաբար հաւաքուած են Շահի Քորայի մէջ` որեւէ պահու աշխատելու:

«Այլ պեղումները կը հաստատեն, որ այդ ժամանակաշրջանին շատ փոքր բնակավայրեր կային: Այս ցոյց կու տայ, որ մարդիկ այնտեղ չէին տեղափոխուած կեդրոնացեալ վայրերուն մէջ ապրելու, թէ` քաղաքայնացումի ակնկալուող միտումը չէ իրականացած», ըսաւ ան:

Բայց անհրաժեշտ էր յաւելեալ հետազօտութիւն` պարզելու համար, թէ արդեօ՞ք այդ կը նշանակէ կեդրոնացեալ իշխանութեան միտումնաւոր մերժում, թէ՞ աւելի ընդարձակ բնակավայրի անկման այլ պատճառ կայ:

Ըստ Ճոնս Հոփքինսի համալսարանի հնագէտ Կլեն Շուարցի, Շահի Քորայի պեղումներու սահմանափակ չափը կը  դժուարացնէ վստահ ըլլալ, թէ արդեօ՞ք անոնք յայտնաբերած են կազմակերպուած նուիրապետութեան հետքեր:

Շահի Քորայի մէջ յայտնաբերուած տարբերուող փեղկաւոր թասերը յայտնաբերուած են նաեւ հին Միջագետքի այլ հնագիտական վայրերուն մէջ:

«Անոնք Ուրուկի ժամանակաշրջանի տեսակ մը փոլիստիրոլի գաւաթներ էին (Styrofoam cup)»,  ըսաւ ան:

Հնագէտները երկար ժամանակ կը վիճէին, թէ ի՛նչ սնունդ կրնային պարունակել ամանները, եւ այն բացայայտումը, որ շատերը միս պահած էին, «հետաքրքրական» արդիւնք էր:

Իրաքի Մէջ Յայտնաբերուած Է 4500-Ամեայ
Շումերական Տաճար` Նուիրուած Հզօր Ամպրոպի Աստուծոյ

Իրաքի մէջ հնագէտները յայտնաբերած են մնացորդները 4500-ամեայ շումերական տաճարի, որ նուիրուած է Նինկիրսուին`  Միջագետքի գարնանային ամպրոպի աստծուն: Այս մասին կը յայտնէ Բրիտանական թանգարանը:

Շատոնց կորսուած տաճարը կառուցուած է ցեխի աղիւսէ եւ եղած է հնագոյն Կիրսու քաղաքի տպաւորիչ կեդրոնը, որ այժմ հնագիտական վայր է, յայտնի` որպէս Տելլօ:

«Կիրսու քաղաքի սրտին մէջ մենք յայտնաբերած ենք եւ տակաւին ներկայիս կը պեղենք հնագոյն Միջագետքի ամէնէն կարեւոր սրբազան տարածքներէն մէկը` տաճար մը, որ նուիրուած է Կիրսուի գլխաւոր աստծուն», կ՛ըսէ Սեպաստիան Ռէյ, որ հնագոյն գիտութիւններու համադրողն է:

Միջագետքի եւ Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանի յառաջատար հնագէտը գտածոները ներկայացուցած է լրագրողներուն:

Կիրսուն աշխուժ մշակութային կեդրոն էր Միջագետքի սրտին մէջ. ընդարձակ տարածք` Եփրատ եւ Տիգրիս գետերու միջեւ, ներառեալ` Իրաքը,  արեւելեան Սուրիան, հարաւարեւելեան Թուրքիան, արեւմտեան Իրանի եւ Քուէյթի մէկ մասը` բնակեցուած առաջին քաղաքակրթութիւններէն մէկ քանին: Շումերները աշխարհի ամէնէն հին քաղաքակրթութիւնն էին եւ առաջինը, որ հաստատեցին կրօնն ու օրէնսգիրքը:

Ֆրանսացի հնագէտ Էռնեստ տը Սարզեք 1877 թուականին յայտնաբերեց Կիրսուի մնացորդները, որոնց շարքին` 4000-ամեայ արձանը շումերական թագաւոր Կուտիայի, որ կը կառավարէր քաղաքը Քրիստոսէ առաջ երրորդ հազարամեակի վերջաւորութեան:

Շատեր կը կարծէին, թէ պեղելու բան չէ մնացած: Բազմաթիւ հակամարտութիւններու   ժամանակաշրջանները նաեւ թոյլ չեն տուած գիտնականներուն` մուտք գործել հարաւային Իրաքի Տի Քար նահանգի տարածք:

Ռէյ եւ անոր խումբը, սակայն, չկարողացան խախտել այն միտքը, որ Կիրսուն աւելի շատ գաղտնիքներ ունէր բացայայտելու:

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն եւ աւելի ուշ Իրաքի մէջ ընթացող հակամարտութիւններէն ետք, Կիրսուի վայրը մոռցուեցաւ,- ըսաւ Ռէյ: – «Այսօր կարելի է ըսել, որ Կիրսուն աշխարհի ամէնէն կարեւոր ժառանգութեան վայրերէն մէկն է, որուն մասին շատ քիչեր գիտեն»:

Այժմ, աւելի քան դար մը ետք այն բանէն, երբ հնագէտները վերջին անգամ ուսումնասիրած են ուշագրաւ վայրը, Ռէյի խումբը յայտնաբերած է հսկայական տաճարը:

Հնագէտները գործածած են յատուկ սարքեր եւ միջոցներ` աւազի եւ այլ հանքավայրերու տակ թաղուած վայրին իւրայատկութիւնները բացայայտելու համար: Անոնք նաեւ ստեղծեցին բարձրութեան թուային մոտելներ` հասկնալու համար, թէ ինչպէ՛ս փոխուած է տարածքը 19-րդ դարու պեղումներէն ետք:

«Տաճարի վայրին մէջ երկարատեւ պեղումներէն ետք մենք կրցանք բացայայտել այս հնագոյն սրբավայրին մեծ տարածքը, ներառեալ` ներքին սրբարանը, ծիսական հրապարակը, ներքին պատը, որ կը պարունակէր դարպաս: Մենք կրցանք նաեւ բացայայտել եւ պեղել կրօնական համալիրի փակ պատի մէկ մասը, ներառեալ` հսկայ դարպասը», ըսաւ Ռէյ:

Տաճարէն ներս, որ հնագոյն արձանագրութիւններուն մէջ կը յիշատակուի որպէս Էննինու կամ «Սպիտակ ամպրոպ», կը գտնուէր սրբազան արձանը  ամպրոպի հերոս աստուծոյ Նինկիրսուի, որ շումերական պանթէոնի ամէնէն կարեւոր աստուածներէն է:

Շումերները կը կարծէին, թէ Նինկիրսուն կը տիրապետէ գարնանային ամպրոպի, անձրեւներու եւ ջրհեղեղներու, ինչպէս նաեւ կը ղեկավարէ հողամշակումը:

Յատկանշական է, որ սրբավայրը շրջապատող նոր յայտնաբերուած պատերը ամբողջովին կը համընկնին Կուտէա թագաւորի արձանի վրայ փորագրուած քարտէսին, որ գտնուած է կանուխ  պեղումներու ժամանակ:

«Էննինուն` Սպիտակ ամպրոպը, ամէնէն հին տաճարն է, որուն համար մենք ունինք մանրամասն արձանագրութիւններ` թագաւորի արձանի վրայ փորագրուած յատակագիծ,- ըսած է Ռէյ: Մենք կրցանք ստուգել մեր տեսութիւնը`  շարք մը պեղումներու ուսումնասիրութեամբ եւ բացայայտելով, օրինակ, տաճարի դարպասին հիմքերը ճիշդ այնտեղ, ուր մենք կանխատեսած էինք, որ տաճառի դարպասը կ՛ըլլայ, ըստ  4000-ամեայ ծրագիրի»:

Նախորդը

Արարատը` Հայ Ժողովուրդի Լինելութեան ու Յաւերժութեան Պիպլիական Առհաւատչեան

Յաջորդը

Նորութիւն. «Իմ Արցախ» Եւ «Իմ Հայաստան» Գրքոյկները` Կաղանդի Լաւ Նուէրներ

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?