Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բրիտանական «Կարտիըն» թերթի կայքը անդրադարձած է թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեամբ զբաղող հրոսակախումբերու գործած բռնարարքներուն եւ տուժածներու տառապանքներուն: Դժբախտաբար այս մաքսանենգութեան դէմ պայքարը միշտ ապարդիւն կը մնայ, որովհետեւ, այսպէս կոչուած, մեծ պետութիւնները տարեկան մեծ շահեր կ՛ապահովեն թմրեցուցիչներու տարածումէն:
Ն.
Ինչո՞ւ Քարայիպեաններու մէջ բռնութեան համաճարակ է

Յանցագործները աւելի «ստեղծագործական» ուղիներ կը մշակեն թմրեցուցիչներու մաքսանենգութիւնը քողարկելու համար: Այդ պատճառով իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները կը բախին նման նիւթերու յայտնաբերման մարտահրաւէրներու:
Բացի անկէ, կանոնաւոր կ՛արտադրուին բաղադրական (synthetic) նոր թմրեցուցիչներ, ուրեմն ոստիկանութիւնը պէտք է տեղեակ ըլլայ ապօրինի շուկայի մէջ նոր միտումներու եւ ապրանքներու մասին:
Թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութիւնը դէպի որեւէ երկիր կը շարունակէ մարտահրաւէր մնալ այնքան ժամանակ, քանի տակաւին գոյութիւն ունի յաճախորդներու պահանջը:
Յանցաւոր կազմակերպութիւնները հետեւողականօրէն կ՛աշխատին թմրեցուցիչ մաքսանենգելու տարբեր ուղիներ գտնել` զանազան երկիրներու պահանջը բաւարարելու համար:
Տնտեսական անհաւասարութիւնները եւ որոշ շրջաններու մէջ աշխատանքի տեղաւորման կարելիութիւններու բացակայութիւնը թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան ընդհանուր պատճառներէն են:
Ապօրինի գործողութիւնները ոչ միայն օգուտ կը բերեն կազմակերպուած յանցագործութեան, այլեւ անոնք կը վնասեն հանրութեան` յառաջացնելով աւելի շատ բռնութիւն, թմրամոլութիւն եւ հասարակական անկայունութիւն:
Բաղադրական թմրանիւթերը թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան ապագան են: Բուսական թմրեցուցիչները, ինչպիսիք են` քոքայինը, հերոյինը եւ մարիխուանան, կը պահանջեն ընդարձակ տարածքներ եւ բարենպաստ կլիմայական պայմաններ:
Բաղադրական թմրեցուցիչները այդպէս չեն:
Կրթութիւն եւ իրազեկում
Կրթութեան եւ իրազեկման ծրագիրները կրնան օգնել կանխարգիլելու թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութիւնը` տրամադրելով տեղեկութիւններ անոնց օգտագործման վտանգներու եւ ապօրինի շրջանառութեան հետեւանքներու մասին:
Այս ծրագրերը կրնան ուղղուած ըլլալ երիտասարդներուն, ծնողներուն եւ հանրութեան այլ անդամներուն` օգնելու նուազեցնել թմրեցուցիչներու պահանջը:
Հրոսակախումբերու հզօրացում
Ամերիկայի ամէնէն դաժան շրջաններուն մէջ յանցագործութիւնը կ’աճի հրոսակախումբերու, տնտեսական մարտահրաւէրներու եւ ընտանեկան արժէքներու վատթարացման պատճառով:
Վերջին բանը, որ Ռաքէլ Ռոտրիկես կը յիշէ այդ կէսօրէն, այն է, որ ան կը խաղար իր դրացի երեխային հետ իր տան մօտ, Թրինիտատ եւ Թոպաքոյի Պարատարիա թաղին մէջ: Այնուհետեւ լսուեցաւ ուժգին պայթիւն մը:
«Աղմուկը շա՛տ, շատ մօտ էր: Շա՛տ բարձր էր: Այսպիսով, ես կանգնեցայ այնտեղ` սառած, ձախ ձեռքս քունքիս վրայ դրած: Սկսայ մտածել, թէ ի՛նչ կը կատարուի: Ապա հասկցայ, որ աչքերս կը մթննան: Յետոյ ամբողջովին մթնցաւ», կը յիշէ ան:
Զայն հարուածած էր կորսուած փամփուշտ մը, որ մխրճուած էր անոր ձախ քունքին: Գետին իյնալէն ետք Ռոտրիկեզ դեռ կը լսէր իր ընտանիքին եւ դրացիներուն պոռչտուքը, երբ անոնք շտապեցին դէպի հիւանդանոց:

Ան փրկուեցաւ յարձակումէն սեպտեմբեր 2022-ին եւ անոր արագ ապաքինումը, որ ան կը վերագրէ աստուածային միջամտութեան, զարմացուց բժիշկները:
Բայց թէեւ երեք երեխաներու մայրը վերականգնած է իր խօսակցութիւնն ու շարժունակութիւնը, երկու աչքերն ալ պատռուած են, եւ ան ամբողջովին կոյր է:
Այժմ ան կը ձգտի հաղորդավարուհի ըլլալ, ան վճռական է մնալու ճկուն եւ կը սորվի պրելեան գիրերը եւ կ՛աւարտէ ուսումը, որ սկսած էր կրակոցներէն առաջ: Բայց Ռոտրիկեզ կ՛ըսէ, որ միջադէպը ծանր եղած է իր ընտանիքին համար, եւ ինք կ՛ուզէ գաղթել:
Ռոտրիկեզ մէկն է այն հազարաւորներէն, որոնք բռնուած են քարայիպեան աւազանին մէջ յանցագործութիւններու վերջին ալիքին ատեն, եւ շրջանը կը նկատուի Ամերիկա ցամաքամասի ամէնէն դաժաններէն մէկը:
Ղեկավարներ այս երեւոյթը անուանած են «տագնապալի համաճարակ», «աւազակային պատերազմ մը», որ Հայիթիի մէջ արիւնալի անիշխանութիւն յառաջացուցած է:
Զինուած հրոսակախումբերը իրենց հակակշիռին տակ առած են երկրի մայրաքաղաքին մեծ մասը, երբ յուլիս 2021-ին սպաննուեցաւ նախկին նախագահ Ճովենել Մոյիսը, իսկ 2024 թուականի առաջին եռամսեակին սպաննուեցաւ կամ վիրաւորուեցաւ շուրջ 2500 մարդ:

Յունիսին Փորթ-օ-Փրենս ժամանեց աւազակախումբերու դէմ պայքարող միջազգային աշխատանքային խումբի առաջին ջոկատը, բայց ցարդ այդ քիչ ազդեցութիւն ունեցած է բռնութիւններու վրայ: Իսկ յանցագործութեան աճի հետեւանքները կը զգացուին շրջանին մէջ:
Թրինիտատ եւ Թոպակօ ապրած է «արիւնոտ շաբաթավերջ»` սպանութիւններու, թմրեցուցիչներու յայտնաբերման եւ կողոպուտներու պատճառով:
Վերջերս Ճամայքան 14-օրեայ արտակարգ դրութիւն հաստատեց հարաւային Կլարենտոն թաղին մէջ եւ յայտարարեց, որ մտադիր է խստացնել զէնքի մասին օրէնքը, երբ զինուած անձեր կուրօրէն կրակած են մարդոց վրայ ծննդեան խնճոյքի ժամանակ` սպաննելով ութ անձեր, որոնց շարքին` եօթնամեայ տղեկ մը:
«Երբ Քարայիպեան 21 առաջնորդներ հանդիպեցան իրենց համայնքի` Քարիքոմ վերջին գերաստիճանին, անոնք յատկապէս անդրադարձան յանցագործութեան ալիքին», լրագրողներուն ըսաւ Կրենատայի վարչապետ Տիկոն Միտչել:
Միացեալ յայտարարութեան մէջ ղեկավարները խոր մտահոգութիւն յայտնած են «շրջանին մէջ յանցագործութեան եւ բռնութեան մակարդակին վերաբերեալ, որ մասամբ կը նպաստէ հրազէնի եւ զինամթերքի մաքսանենգութեան, յանցաւոր ցանցերու գործունէութեան ամրացման եւ պետական կառոյցներու վատթարացման»:

Յայտարարութիւնը յղում կ՛ընէ նաեւ անցեալ տարուան անոնց նախորդ յայտարարութեան, որ կը վերաբերէր գործակցութեան բազմաթիւ միջոցառումներու, ներառեալ` դրամի լուացման դէմ պայքարը եւ յարձակողական զէնքի արգիլումը` բացառութեամբ ապահովական ուժերու եւ մարզական մրցումներու:
Անոնք նաեւ խոստացած են զօրացնել կրթութեան եւ երիտասարդութեան հզօրացման ռազմավարութիւնները, որոնք կ՛ողջունեն յանցագործության դէմ պայքարող բարեգործական կազմակերպութիւնները: Անոնք կ՛ըսեն, որ աւելի ծանր միջոցները լուծում չեն, եւ կոչ կ՛ընեն աւելի մեծ ներդրումներ կատարելու կանխարգելիչ ռազմավարութիւններու մէջ` թմրամոլութեան բուժում, հմտութիւններու քաջալերում, շինարարական ծրագիրներ:
Մինչ կառավարութիւնները եւ կազմակերպութիւնները կ՛աշխատին յանցագործութեան մակարդակի աճի հիմնական պատճառները բացայայտելու եւ լուծելու ուղղութեամբ, անդին` շրջանի գիտնականները կ՛ուսումնասիրեն գաղութացման ժառանգութիւնը եւ անդրատլանտեան ստրկութեան մէջ ներառուած բռնութեան մշակոյթը:
Արեւմտեան Հնդկաստանի համալսարանի դասախօս դոկտոր Վենտել Ուոլես կ՛ըսէ, որ կլիմայական եւ այլ խոցելիութիւններով պատուած շրջանին մէջ յանցագործութեան տագնապալի վիճակագրութեան ետին «բազմաթիւ գործօններու շփոթ» կայ: Տնտեսական մարտահրաւէրները, սահմանային թոյլ հսկողութիւնը, թմրեցուցիչներու առեւտուրը, Միացեալ Նահանգներէն զէնքի ներհոսքը եւ ընտանեկան արժէքներու քայքայումը անոր ցուցակի առաջին դիրքին վրայ էին:
«Մեր տնտեսութիւնները փոքր են եւ, քանի մը պարագաներու մէջ, աւելի փոքր, քան` արտերկրի հրոսակախումբերու պիւտճէները: Այդ ինքնին շատ կը դիւրացնէ պետական պաշտօնատարներու փտածութիւնը, նաեւ` շրջան թափանցելը: Բայց եւ այնպէս, Քարայիպեան կղզիներուն մեծ մասը կը գտնուի հիւսիս-հարաւ թմրեցուցիչներու առեւտուրի կեդրոնը, ուրեմն մենք կը գտնուինք փոխադրման կէտերուն մէջ, եւ ուր որ թմրեցուցիչ կայ, զէնք ալ կայ: Եւ անով դուք անընդհատ պայքար կը մղէք դիրքի համար», ըսաւ Ուոլես:
Ան աւելցուց, որ աւազակախումբերը եւ կազմակերպուած հրոսակախումբերը կ՛օգտուին ընկերային-տնտեսական բացերէն` ապահովելով աշխատատեղեր, եղբայրութիւն եւ համայնքային արդարութեան իրենց դրոշմը:
Ան զգուշացուց, որ օրէնսդրութեան եւ կոշտ մօտեցումներու, ինչպիսին է արտակարգ դրութիւնը, աւելի ու աւելի շատ օրէնսդրական եւ կոշտ մօտեցումներ արդիւնաւէտ չեն` որպէս երկարատեւ լուծումներ:
Լաւագոյն մօտեցումը, ըստ անոր, «ոստիկանութեան կոշտ կողմի եւ ոստիկանութեան աւելի մեղմ կողմերու խելամիտ խառնուրդն էր»:
Ուոլես նաեւ առաջարկած է ստեղծել ազգային երիտասարդական ծառայութիւններ:
«Տուեալները ցոյց կու տան, որ յանցագործութեան մէջ ներգրաւուած մարդիկ, ինչպէս նաեւ` զոհերուն մեծ մասը, 15-35 տարեկան են: Այսպիսով, եթէ անոնք չեն զբաղիր արդիւնաւէտ աշխատանքով, եկէք` զանոնք ներգրաւենք ազգային երիտասարդական ծառայութեան մէջ, որ կ՛ապահովէ բարձր մակարդակի հմտութիւններու վերապատրաստում: Մենք պէտք է ներգրաւուինք դրամատնային ոլորտ, որպէսզի սկսնակ առեւտուրի համար դիւրացնենք վարկերու մատչելիութիւնը»:
Կարթ Սենթ Քլեր ըսաւ, որ շրջանի երկիրները պէտք է աւելին ընեն կախուածութեան խնդրի լուծման համար:
Այդ հարց մըն է, որ ան լաւ գիտէ. որպէս Թրինիտատ եւ Թոպակոյի պաշտպանութեան ուժերու անդամ` զինք ծանօթացուցած են քոքայինին` որպէս օգնութիւն, որ կը նպաստէ անոր` պատրաստուելու քննութիւններուն, եւ շուտով պարզած է, որ իր սպառումը դուրս եկած է վերահսկողութենէ:
«Մօրս տունէն ամէն բան գողնալէ ետք ես տունէն դուրս եկայ, դուրս եկայ փողոց եւ յայտնուեցայ բանտին մէջ», ըսաւ ան:
Բանտէն ելլելէ ետք Սենթ Քլեր որոշեց փոխել իր կեանքը` գործակցելով հաղորդակցութեան մասնագէտ Նաթաշա Նունեզի հետ, բարձրացնելու թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեան վտանգներու մասին իրազեկուածութիւնը` ձայնասփիւռային հաղորդումներու եւ մրցանակի արժանացած Trafficked շարժապատկերի միջոցով: Ինք եւ Նունեզ ցուցադրած են Թրինիտատ եւ Թոպակոյի եւ Ճամայքայի մէջ եւ կը յուսան, որ այդ կարելի կ՛ըլլայ նոյնպէս ներկայացնել քարայիպեան աւազանի այլ երկիրներու մէջ:

Eye on Dependency-ն աճող թիւով բարեգործական կազմակերպութիւններու, ոստիկանական ակումբներու եւ զանգուածային կազմակերպութիւններու շարքին մէջ է, որոնք կ՛օգտագործեն` արուեստի վրայ հիմնուած ծրագրեր, խորհրդատուութիւն, տագնապներու լուծում, հմտութիւններու եւ վստահութեան զարգացում ու համայնքային այլ մօտեցումներ` երիտասարդները աւազակախումբերու եւ թմրավաճառներու ճիրաններէն փրկելու:
Շատերուն այժմ կ՛աջակցին իրենց կառավարութիւնները, կամ միջազգային կազմակերպութիւնները:
Շրջանային մակարդակի վրայ յանցագործութեան եւ ապահովութեան Քարիքոմի ծրագրերու տնօրէն Շերվին Սթեֆենսըն ըսաւ, որ կազմակերպութիւնը կ՛աշխատի գործողութիւններու ծրագիրին վրայ` աջակցելու կառավարութիւններուն, դիմակայելու արմատական պատճառներու ամբողջ շրջանակը, ինչպէս` երեխաները կրթութեան մէջ պահելը, վերականգնումը, իրաւախախտումներ եւ հոգեկան առողջութեան կապուած խնդիրներ:
Օրինակ բերելով` ան աւելցուց. «Մենք կ՛ուսումնասիրենք ազատազրկման չկապուած պատիժի կիրարկումը` ոչ մեծ բնոյթի յանցագործութեան համար: Մարդոց համար, որոնք բանտարկուած են փոքրաքանակ թմրեցուցիչներու, յատկապէս մարիկուանայի համար, այդ մարտահրաւէր կը դառնայ յառաջ շարժելու, քանի որ, երբ անոնք կը փորձեն շահութաբեր աշխատանք գտնել, քրէական անցեալ ունենալը իսկապէս զանոնք կը մղէ այլ ուղղութեամբ»:
Նունեզ ըսաւ, որ թէեւ շրջանի կառավարութիւնները ուրախ են ծախսելով իրաւապահ մարմիններու եւ սահմաններու պաշտպանութեան վրայ, սակայն անհրաժեշտ է աւելի շատ տնտեսում` աջակցելու այնպիսի նախաձեռնութիւններու, ինչպիսիք են թմրեցուցիչներու մոլութեան բուժումի աւելի բազմաթիւ կեդրոնները:
«Մեր քարայիպեան թերութիւնը այն է, որ մենք շատ յենած ենք իրաւապահ մարմիններու վրայ, բայց բաւարար ուշադրութիւն չի դարձուիր կանխարգիլման եւ բուժման», ըսաւ ան: