Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լսելու Եւ Խօսելու Հարցեր Ունեցողներու Գիւղը

Յուլիս 19, 2024
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 

Աշխարհի զանազան վայրերու մէջ, տարբեր ժամանակաշրջաններուն եղած են եւ կան հետաքրքրական իւրայատկութիւններով յատկանշուող աւաններ եւ գիւղեր, որոնց  մասին լրագրողներ տեղեկութիւններ յաճախ կը հրապարակեն, մասնագէտներ ուսումնասիրութիւններ կը պատրաստեն: Սակայն որոշ հարցեր տակաւին լուծում չեն գտներ: «Տէյլի Պիստ» կայքի յօդուածագիրը վերջերս այցելած է Քաշմիրի Տատխայ կանաչազարդ, գեղատեսիլ գիւղը, որուն մասին ինք եւս գրած է:

Ն.

Ինչպէ՞ս Սերնդագիտութիւն Մը  Գիւղը Վերածեց
Աշխարհի Ամէնէն Լուռ  Բնակավայրին

Տատխայը, որ Քաշմիրի հեռաւոր գիւղ մըն է, լսելու եւ խօսելու հարցեր ունեցող բնակիչներու աշխարհի ամէնէն բարձր տարածքին վրայ է:

Ինչպէ՞ս այս պատահած է:

Երբ մտայ Տատխայ` հեռաւոր, գեղատեսիլ գիւղ բլուրի գագաթին, որ շրջապատուած էր հզօր Հիմալայեան լեռներով, առաջին բանը, որ նկատեցի, լռութիւնն էր: Չկան երեխաներ, որոնք կը խաղան, կը պոռան, կը ճչան: Չկան չափահասներ, տարեցներ, որոնք կը բամբասեն, կը ծիծաղին եւ կը սակարկեն: Չկան այնպիսի աշխուժ ձայներ, որոնք սովորաբար կը լսէիք Հնդկաստանի կողմէ կառավարուող որեւէ այլ գիւղի մէջ:

Այդ, այն պատճառով, որ շուրջ 300 ընտանիք ունեցող Տատխայ, ըստ տեղացիներուն, յայտնի է որպես «լուռ գիւղ»:

Աշխարհի վրայ գտնուող որեւէ այլ գիւղէ աւելի, Տատխայ ունի լսելու եւ խօսելու հարցեր ունեցող  մարդոց աւելի մեծ թիւ` իր բնակչութեան մէջ:

Կառավարութեան հովանաւորութեամբ Բժշկական հետազօտութիւններու հնդկական խորհուրդի (ICMR) 2014 թուականին իրականացուցած հետաքննութիւնը պարզած է, որ Տատխայի մէջ լսողութեան եւ խօսքի կորուստը կապուած չէ մարմինի այլ մասերու վրայ ազդող պայմաններու:Գիւղացիները կ՛ըսեն, որ այստեղ ծնած երեխաներէն շատերը չեն կրնար  խօսիլ կամ լսել:

Բնականաբար գիւղը բոլորովին այլ ձեւով կը գործէ, քան` ամբողջ աշխարհը:

Սովորական է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը նային իրարու` առանց որեւէ բառ ըսելու:

Գիւղացիները կը ճանչնան ոչ թէ անուններով, այլ անոնց մարմնին վրայ գոյութիւն ունեցող նշաններով: Նոյնիսկ անոնք, որոնք կրնան բնականոն լսել եւ խօսիլ, յարմարած են հաղորդակցութեան հանդարտ բնոյթին:

«Իւրաքանչիւր ընտանիք հարուածուած է այս անէծքէն», ըսաւ գիւղապետ Չուտարի Մոհամմատ Հանիէֆ, երբ փետրուարին Տատխայ այցելեցի:

«Առնուազն 83 անձ լսելու եւ խօսելու հարցեր ունի: Ես խնդրած եմ կառավարութենէն` այս երեխաներուն համար դպրոց տրամադրել, բայց մեր խնդրանքը ինկաւ խուլ ականջներու վրայ: Այս մարդիկը տարրական ուսումէ հեռու պահած են», աւելցուց գիւղապետը:

Հեռաւոր գիւղը շատ աղքատացած է: Բազմաթիւ տուներ ունին ծառերու ճիւղերով եւ հողով  պատրաստուած կանաչապատ տանիք: Ընտանիքներ եկամուտի համար բանջարեղէն կ՛աճեցնեն: Բժշկական փոքր կեդրոն մը կայ, բայց բժիշկ չունի: Ըմպելի ջուրը կը բերեն մօտակայ աղբիւրներէ:

Գիւղացիները իրենց ապրուստին համար մեծապէս կախուած են երկրագործութենէ, անասնապահութենէ եւ օրավարձով աշխատանքէ:

Բայց եւ այնպէս գիւղը կը շարունակէ խաղաղ մնալ:

Ըստ ոստիկանութեան հաղորդած տուեալներուն, յանցագործութեան շատ հազուադէպ դէպք կ՛արձանագրուի:

Լսելու եւ խօսելու հարցեր ունեցողներու բարձր թիւը Տատխայը յայտնի դարձուցած է:

Գիւղացիները այժմ կասկածով կը վերաբերին այցելուներուն, որոնք յաճախ կու գան լուսանկարչական սարքերով: Անոնք  բաներ մը կ՛արձանագրեն եւ իրենք զիրենք բժիշկ կ՛անուանեն:

Գիւղի բնակիչները այլեւս չեն ուզեր գործակցիլ այցելուներուն հետ` ըսելով, որ բաւական արիւն տուած են նմուշներու համար:

Այդպէս կ՛ըսէ նաեւ Հանիեֆ, որ գիւղին մէջ ունի եռայարկ տուն մը եւ  բնակիչներու մեծ մասէն աւելի բարեկեցիկ է: Հանիեֆ որոշած է պաշտպանել հարցեր ունեցող գիւղացիներուն կարիքները:

Անցեալին ան բժիշկներ հրաւիրած է Ճամմուի եւ Քաշմիրի զանազան շրջաններէն` գտնելու բուժում մը գիւղի լսելու եւ խօսելու հարցեր ունեցող երեխաներուն: Բայց հիմա ան կ՛ըսէ, որ հրաժարած է բժիշկներէն:

«Տարիներու ընթացքին բժիշկներու խումբեր այցելեցին գիւղ` մեր լսելու եւ խօսելու հարցեր ունեցող  երեխաներու արեան նմուշները առնելով: Ապա մենք ոչինչ լսեցինք անոնցմէ», ըսաւ Հանիեֆ:

Երբ ես այցելեցի Հանիեֆի տունը, անոր 34-ամեայ եւ 18-ամեայ զաւակները` Շապիր Ահմատ եւ Աֆթապ Ահմատ, դուրսը պատ կը կառուցէին բանջարանոցին շուրջը:

Հանիեֆ  ինծի ըսաւ, որ անոնք վարպետ պատողներ են, բայց անոնք չեն կրնար խօսիլ եւ լսել:

«Անոնք խուլ եւ համր են: Դուք պէտք է գիտնաք անոնց լեզուն: Որպէս ծնող` ամէն օր կը մահանաք մտածելով, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ անոնց մեր մահէն ետք»:

Ե՛ւ Շապիր ե՛ւ Աֆթապ նայեցան դէպի իրենց հայրը եւ սկսան իրարու հետ խօսիլ դէմքի եւ ձեռքի շարժուձեւերու լեզուով:

«Իրենք կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ այս բժիշկները գիւղ եկած են: Կ՛ըսեն, որ այլեւս արեան նմուշ չեն տար», ըսաւ Հանիեֆ:

Ան աւելցուց. « Բժիշկներ եկան, լրագրողներ եկան եւ  նկարահանեցին մեզ, բայց մենք լուծում չգտանք, թէ ինչպէ՛ս կասեցնել այս հիւանդութեան տարածումը մեր ապագայ սերունդին վրայ»:

Գիւղացիները առնուազն յոյս ունէին ստանալ յատուկ դպրոց, որ  յատկացուէր այստեղ մեծցած լսելու եւ խօսելու հարցեր ունեցող երեխաներու կրթութեան:

Սակայն նման դպրոց չէ կառուցուած, եւ գիւղը կրկին մոռացութեան մատնուած է:

Տասնամեակներ շարունակ Տատխայի մէջ լսելու եւ խօսելու դժուարութեան պատճառը առեղծուած էր: Սակայն գիտնականները շատ կը կասկածէին, որ ժառանգական կապ կայ:

Ըստ Սունիլ Կումար Ռայնայի (հնդիկ բժիշկ մը, որ ղեկավարած է 2014  թուականի ICMR-ի քննութիւնը), գիւղը հիմնականին մէջ բաղկացած է կուճարներէ` քոչուորներ,  որոնք  տարածուած են Հնդկաստանի, Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի մէջ:

Անոր սերնդագիտական, ժառանգական քննութիւնները գիւղի բնակչութեան վրայ, բացայայտեցին լայն տարածում այս հարցին: Այդ ժառանգական է:

Մասնագէտները կը կարծեն, որ տասնամեակներու ընթացքին գիւղէն ներս ազգակցական ամուսնութիւնները կը նշանակեն, որ այդ արագ տարածուած է սերունդ սերունդ: Կառավարութեան տուեալները ցոյց կու տան, որ առնուազն 83 անձեր, հիմնականին մէջ` կիներ, տուժած են այս դժուարութենէն, որ պատուհասած է գիւղի 55 ընտանիք:

Գիւղի ապագան փոխելու համար իշխանութիւնները այժմ կը խրախուսեն հեռաւոր այս պատմական գիւղի բնակիչները դուրս գալ իրենց մեկուսացումէն եւ փնտռել ընկերներ, որոնք ծագումով այլ գիւղերէ են:

Սուշիլ Ռազտան յայտնի բժիշկ է Հնդկաստանի ճամմու եւ Քաշմիր նահանգներէն, ան կը ղեկավարէ հետազօտական խումբը, որ կ՛ուսումնասիրէ Տատխայի մէջ այս հարցը:

«Սկիզբը` 2024 թուականին, մենք քննեցինք 120 հիւանդ, սակայն այժմ թիւը նուազած է, քանի որ բազմաթիւ ընտանիքներ դադրեցուցած են ազգականներու հետ ամուսնութիւնները», նշեց ան:

Տեղացիները կ՛ըսեն, որ լսելու եւ խօսելու հարց ունեցողներու առաջին պարագան արձանագրուած է 1901 թուականին, երբ Մերան Պաքշ անունով անձը ծնած է ընտանիքի մը մէջ, որ գիւղ գաղթած է մօտակայ Ճամմու թաղէն: Ան երկար կեանք ապրեցաւ եւ մահացաւ 1990-ին:

Բայց ի յայտ կու գայ, որ լսելու եւ խօսելու հարցը կը ծագի  առնուազն այլ աղբիւրէ մը: Ըստ  ICMR-ի սերնդագիտական քարտէսագրման քննութեան, մէկէ աւելի տոհմ պատասխանատու է:

Քանի որ Տատխայի` որպէս «լուռ գիւղի» համբաւը կը տարածուի, բժիշկները կու տան այն վարկածը, որ լսողութեան եւ խօսելու կորուստ ունեցող միւսները, որոնք այդ հարցը ունէին, կրնային տեղափոխուիլ գիւղ:

Տատխայի մէջ ես խօսեցայ այլ գիւղացիի մը` Կուլամ Նապիի հետ, որ ունի լսելու եւ խօսելու հարցեր ունեցող երկու երեխայ:

«Մենք չենք կրնար գիւղէն ելլել, քանի որ եթէ մեր երեխաները բանի մը կարիքը ունենան, ինչպէ՞ս կը հարցնեն», ըսաւ ան:

Իշխանութիւններու կողմէ աջակցութեան բացակայութիւնը կը նշանակէ, որ Տատխայի բնակիչները առանձին կը կարողանան պարզել ամէն բան` հակառակ գիւղացիներու օգնութեան խնդրանքներուն:

«Կառավարութիւնը պէտք է բանայ յատուկ դպրոցներ` լսելու եւ խօսելու հարցեր ունեցող  երեխաներու համար, որպէսզի անոնք կարողանան հիմնական կրթութիւն ստանալ,-  աւելցուց Նապի:

– Անոնք հաղորդակցելու համար կը կարողանային գործածել եւ հասկնալ շարժուձեւերու լեզուն: Պէտք է բանան որոշ աշխատանքային կեդրոններ, ուր կը կարողանան աշխատիլ, սորվիլ, ապրուստը շահիլ»:

Ռազտան համաձայնեցաւ: Թէեւ գիւղին մէջ  լսելու եւ խօսելու հարցեր ունեցողներու թիւը նուազեցնելու ուղիներ կան, բայց եւ այնպէս, պէտք է որոշ օգնութիւն ցուցաբերուի անոնց  Տատխայի մէջ:

«Լսելու եւ խօսելու հարցերը կ՛ազդեն անոնց ընկերային կեանքին վրայ: Կառավարութիւնը պէտք է վերականգնէ զանոնք», ըսաւ Ռազտան:

Նախորդը

Մեր Խօսքը. «Պատանիի Օր»-ը` Առիթ Արժեւորելու Պատանիներուն Դերը

Յաջորդը

Մարիա Մանուկ (Գաբրիէլեան) Ընտրուեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?