Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բրիտանական «Ինտիփենտընտ» թերթին կայքը հրապարակած է ծնողներու եւ մասնագէտներու մասնակցութեամբ բանավէճ մը` երեխաներու սմարթֆոնի գործածութեան նիւթով: Կը ներկայացնենք երկու մայրերու կարծիքներ:
Ն.
Արգիլե՞Լ Երեխաներուն
Սմարթֆոներ Գործածել. «Այո՛, Ճի՛Շդ»
«Երեխաները կը զարգանան, երբ պատասխանատուութիւն կը կրեն,- կը գրէ երեք երեխաներու մայր Ֆիոնա Սքոթ: – Անոնց հեռաձայնները խլելը ոչ միայն զանոնք աւելի մեծ վտանգի կ՛ենթարկէ, այլեւ կ՛ազդէ անոնց իրենք զիրենք գնահատելու ունակութեան վրայ»:
Երեխաներու եւ սմարթֆոներու շուրջը բանավէճը կը շարունակուի մօտաւորապէս այնքան ժամանակ, որքան անոնք գոյութիւն ունին: Բայց, այսպէս կոչուած, սմարթֆոներու անվճար մանկութեան «դաշինքը», որ այժմ մեծ թափ կը ստանայ առցանց, որուն քարոզիչները Բրիտանիոյ կրթութեան նախարարը կը համոզեն քայլեր ձեռնարկել դպրոցներուն մէջ սմարթֆոներու օգտագործումը զսպելու համար, զիս յատկապէս զայրացուցած է:
Արգելքը ոչ միայն կամայական կ՛ըլլար, այլեւ բոլորովին կեղծաւորութիւն` առանց նշելու գրեթէ անկարելիի իրականացումը եւ ոստիկանութիւնը: Անկախ անկէ թէ մենք կը ցանկանք այդ խոստովանիլ, թէ ոչ, սմարթֆոները մեր կեանքի անբաժանելի մասն են եւ եղած են առնուազն վերջին տասնամեակին:
Հակառակ անոր որ մեզմէ շատերը չեն մեծցած բջիջային հեռաձայններով, առաւել եւս` համացանցով եւ ընկերային ցանցերով, մեր երեխաները մեծցած են:
Այնպէս որ, այս արտօնութենէն զրկելը շատերու համար բաւական կոպիտ եւ անհանգստացնող կ՛ըլլայ: Այդ կ՛ենթադրէ նաեւ վստահութեան պակաս: Երեխաները կը զարգանան, երբ անոնց կը տրուին պարտականութիւններ, ցոյց կու տան, որ չափահասները կը վստահին:
Ուսումնասիրութիւնները հաստատած են, որ չորս տարեկան երեխաներուն տարբեր առաջադրանքներ եւ արտօնութիւններ վստահիլը ոչ միայն կը բարելաւէ անոնց վստահութիւնը եւ ինքզինք գնահատելու ունակութիւնը, այլեւ` անոնց ակադեմական եւ ընկերային հմտութիւնները, կեանքէն բաւարարուածութիւնը:
Ուրեմն ինչո՞ւ մենք չենք կարողանար նոյն տրամաբանութիւնը կիրարկել որոշ ծէսերու նկատմամբ, ինչպէս` մուտքի դրան բանալին ունենալը, հետագային հսկողութեան տակ ըլլալը, կամ, իսկապէս, սմարթֆոն ունենալը:
Անշուշտ, ես չեմ կարծեր, որ երեխաներուն պէտք է թոյլ տալ ամբողջ օրը պտտիլ իրենց հեռաձայններով, շեղելով զանոնք ուսումէն եւ թոյլ չտալով ներկայ գտնուիլ:
Բայց որպէս երեք զաւակներու ծնող (ամէնէն փոքրը այժմ 17 տարեկան է եւ քոլեճ կը յաճախէ)` ես համոզուած եմ, որ հեռաձայնէն օգտուիլը կարեւոր է:
Կարեւոր է, որ ես կրնամ կապուիլ իմ երեխայիս հետ: Իմ երեխաներս իրենց առաջին հեռաձայնները ունեցան 6-րդ դասարանին, միջնակարգ դպրոց երթալէ անմիջապէս առաջ:
Ես ցերեկը անոնց չեմ հեռաձայներ, անոնք ալ ինծի չեն հեռաձայներ: Բայց երկու կողմերուն համար ալ յուսադրող էր հասկնալ, որ այդ գործիքը արտակարգ իրավիճակի պարագային պէտք է գործածել:
Այն թռիչքը, որ երեխան կը կատարէ նախակրթարանէն միջնակարգ դպրոց երթալով, հսկայական է եւ` կարեւոր փոփոխութիւն մը, որուն ան կը բախի. այդ անոնց ճամբորդութիւնն է:
Ոմանց համար այդ կրնայ ըլլալ առաջին անգամը, երբ անոնք առանձին կ՛երթան եւ կը վերադառնան դպրոց: Միւսներուն համար այդ կրնայ ներառել շատ աւելի երկար քալել, հեծանիւ կամ հանրակառք գործածել:
Իտէալական աշխարհի մէջ մենք ստիպուած չենք ըլլար մտահոգուիլ անոնց անվտանգութեան համար, բայց, ցաւօք, այդ իրականութիւն չէ:
Կարողանալ ստուգել, որ անոնք այնտեղ են, ուր անոնք նախատեսուած են, եւ որ` անոնք կրնան մեզի հետ հաղորդակցիլ, եթէ որեւէ բան պատահի, կ՛ապահովէ այնքան անհրաժեշտ մտքի խաղաղութիւնը:
Այս յատկապէս ճիշդ էր ինծի համար, երբ իմ երկու դուստրերս կը մեծնային, եւ ես կրնամ միայն պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս կը զգան յատուկ կարիքներ ունեցող կամ առողջական խնդիրներ ունեցող երեխաներու ծնողները:
Հիմա ես գիտեմ, որ շատերը կրնան պնդել, թէ հեռաձայն ունենալը երեխաները կը բանայ շարք մը այլ վտանգներու առջեւ, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի անծանօթներու հետ առցանց հաղորդակցութեան կամ ընկերային ցանցերու հոգեկան առողջութեան ազդեցութեան: Բայց ես իսկապէս կը հաւատամ, որ եթէ սորվեցնեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գործածել բջիջային հեռաձայնը պատասխանատու կերպով եւ զգուշացնեն հնարաւոր վտանգներու մասին, երեխաները ճիշդ որոշումներ կու տան:
Կը գտնուին նաեւ անոնք, որոնք կը պնդեն, թէ սմարթֆոն ունենալը անտեղի լարուածութիւն կը ստեղծէ տարեկիցներու միջեւ: Բայց ինչպէս երեխաները կրնան ընկճուիլ կամ դժուարանալ, եթէ անոնք ունին Samsung, իսկ անոնց ընկերները iPhone-եր, միշտ կայ հաւանականութիւնը, որ անոնք բախում ունենան գրեթէ ամէն բանի շուրջը:
Ճիշդ թէ սխալ, այս անհաւասարութեան ապացոյցները միշտ կան: Այդ պարզապէս կեանքն է:
Աւելի՛ն. ուսուցիչներու վրայ պէտք չէ ըլլայ այս սահմանափակումներու կատարումը: Անոնք արդէն կանոնաւոր կը բախին տարբեր խոչընդոտներու. ա՛լ չեմ ըսեր, որ դպրոցները թերի անձնակազմեր ունին եւ տնտեսապէս ինքնաբաւ չեն:
Արգելքները ունին ուսուցիչներու եւ աշակերտներու միջեւ ամէնօրեայ վէճեր ստեղծելու ներուժ (իմ ուսուցիչ ընկերներէս երկուքը հաստատած են նոյնը), անոնք պահանջած են աւելի շատ վարիչներ եւ զգալի ճնշում գործադրած են անձնակազմի վրայ, երբ խօսքը կը վերաբերի թանկարժէք հեռաձայնները անվտանգ պահելուն:
Գործնականին մէջ այս մղձաւանջ կ՛ըլլար բոլոր ներգրաւուածներու համար եւ կը ստեղծէր տարօրինակ, շատ խիստ մթնոլորտ:
Ես չեմ հաւատար, որ մանկավարժներուն գործն է մեր երեխաներուն սորվեցնել հեռաձայնի վարուելակարգը. պատասխանատուութիւնը ուղղակի կ՛իյնայ ծնողներու ուսերուն:
Բազմաթիւ ծնողներ իրենք յանցաւոր են, որ հեռաձայնով չափազանց շատ կը խօսին, ուրեմն երեխաներու այդպիսի վարուելակերպին պատճառ կը դառնայ:
Այս «դաշինքը» ինքնին կը տարածուի առցանց, եւ բազմաթիւ ծնողներ կը ստեղծեն WhatsApp խումբեր` քննարկելու «հարցը»:
Եթէ մենք իսկապէս կը ցանկանք, որ մեր երեխաները աւելի նուազ զրուցեն իրենց հեռաձայններով եւ աւելի քիչ կախուած ըլլան ընկերային ցանցերէն, մենք պէտք է օրինակ տանք եւ յստակ կանոններ գործադրենք:
Իմ ընտանիքիս մէջ մենք թոյլ չենք տար հեռաձայններով ներկայ գտնուիլ ճաշի սեղանին: Փոխարէնը` մենք ճաշի ատեն իրարու հետ կը խօսինք:
Մենք նաեւ կը կարեւորենք ընտանեկան ժամանակի անհրաժեշտութիւնը եւ կ՛ունենանք առնուազն մէկ գործունէութիւն, օրինակ` շարժապատկերի երեկոյ կամ զբօսանք, շաբաթ մը, ուր մեր հեռաձայնները կը բացակային: Նոյնիսկ եթէ մեր որդին իր հեռաձայնը կը գործածէ որպէս զարթուցիչ, մենք կը խնդրենք իրմէ այդ տեղադրել սենեակին միւս կողմը, որպէսզի ան կարողանայ հանգիստ քնանալ:
Առաւելագոյնը, կը կարծեմ, դպրոցները կրնան եւ պէտք է ուրուագծեն սպասելիքները նոր տարեշրջանի սկիզբէն:
Ճիշդ այնպէս, ինչպէս անոնք ունին գրաւոր կանոններ տարազի եւ վարքի վերաբերեալ, անոնք պէտք է ծնողներուն եւ աշակերտներուն տեղեկացնեն, թէ ի՛նչ կանոններ կան հեռաձայններու վերաբերեալ (թերեւս նոյնիսկ` գրաւոր պայմանագիրի տեսքով):
Ի վերջոյ, սմարթֆոներու արգելքը ոչինչ կը լուծէ. այդ պարզապէս կը ստեղծէ խուսափելու վիճակ մը եւ շատ աւելի նուազ մխիթարական կ՛ըլլայ ծնողներու եւ երեխաներու համար:
Մեր Երեխաները Չեն Կրնար Առանց Սմարթֆոներու Աշխատիլ.
Ժամանակն Է, Որ Մենք Արգիլենք Անոնց Գործածութիւնը Դպրոցներուն Մէջ
«Զարմանալի՞ է, որ որոշ երեխաներ չեն կրնար նայիլ ձեր աչքերուն մէջ կամ զրուցել, երբ այդքան կախուած են իրենց գործիքներէն», կը հարցնէ Էմմա Ռիտ:
Վերջերս ես ուրախացայ, երբ երկար տեւած տպաւորութենէն ետք չափահասները սկսած են կանգնիլ երեխաներուն վրայ սմարթֆոնի ժխտական ազդեցութեան դէմ:
Հերթֆորտշայրի մէջ հարիւրաւոր ծնողներ ստորագրած են Ծնողներու պայմանագիրը, որ Smartphone Free Childhood արշաւին մէկ մասն է, խոստանալով իրենց երեխաներուն սմարթֆոն չգնել մինչեւ 14 տարեկան:
Քարոզարշաւի մասնակիցները բաց նամակ ղրկած են կրթութեան նախարարին` կոչ ընելով անոր քայլեր ձեռնարկելու այդ հարցին շուրջը, դպրոցներուն մէջ սմարթֆոներու օգտագործումը սահմանափակելով:
Այս տարեսկիզբին Ofcom-ի հետազօտութիւնը ցոյց տուաւ, որ երեքէն չորս տարեկան երեխաներուն 25 առ հարիւրը ունէր սմարթֆոն, իսկ մինչեւ 13 տարեկան երեխաներուն 50 առ հարիւրը ընկերային ցանցերու մէջ է: Աւելի քան տասնեակ մը նահանգներ դատական հայց ներկայացուցած են թմրեցուցիչի ազդեցութիւն հրահրող կարճ տեսահոլովակի` ԹիքԹոքի դէմ, պնդելով, որ գործածողներուն հոգեկան առողջութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունի:
Զարմանալի՞ է, որ երեխաները կը սկսին դպրոցը` փորձելով անտեսել գիրքը, կամ ընկերային ցանցերը նոր բառեր կը սորվեցնեն բառարանէն անկախ. Hello, «mewing»:
Ես չէի արտօներ իմ երեխաներուս ունենալ սմարթֆոն, մինչեւ անոնք չհասնէին երկրորդական վարժարան, հակառակ անոր որ իրենց դասարանին մէջ շատերը ունէին այդ գործիքները նախակրթարանի դասարաններուն մէջ: Իմ երկու տղաներս այն ատեն 13 տարեկան էին, իսկ դուստրս` 11: Տարբերութիւնը, որ ես տեսած եմ քիչ մը աւելի կանուխ հեռաձայն ունենալու մէջ, շօշափելի է:
Մեծ տղաս կրեց աւելի դաժան վերաբերմունքի բեռը: Մենք անոր սկիզբէն սմարթֆոն չենք տուած: Երբ մենք հասկցանք, որ այդ ընկերային մահ է, անոր տուինք մեր հին սմարթֆոներէն մէկը:
Զաւակներս երբեք բոլորովին նոր հեռաձայն չեն ունեցած: Անոնք ունին մեր հին սարքերը, որոնք կու տան իրենց անհրաժեշտ ամէն բան, նոյնիսկ եթէ բարդը (պաթըրին) աւելի արագ կը սպառի: Անոնք նաեւ, դժբախտաբար, տեղեակ են, որ Apple-ի վերջին կրկնօրինակումը զանոնք կը դարձնէ գողութեան դիւրին թիրախ:
Հետաքրքրական է տեսնել, թէ դպրոցները այս առնչութեամբ ի՞նչ կ՛ընեն:
Տղուս դպրոցը վերջերս ներկայացուցած է հեռաձայնը փակող պահարան: Դպրոցական օրուան սկիզբէն առաջինէն հինգերորդ դասարանի բոլոր աշակերտները իրենց հեռաձայնները կը զետեղեն այդ պահարանին մէջ եւ կը կղպեն, օրուան վերջաւորութեան միայն կը բանան: Գոնէ դասերու ժամանակ անոնք հեռաձայն չեն գործածեր:
Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են աւելի շատ աշակերտներու ներգրաւուածութիւն, ակադեմական յաջողութիւններու աճ եւ իրական ընկերային փոխազդեցութիւն զբօսանքի ատեն:
Որպէս ծնողներ` մեզմէ կը գանձուի պահարանի համար (շուրջ 25 սթերլինկ), եւ եթէ մենք չենք ուզեր պահարան գնել, ընդհանրապէս չ՛արտօնուիր հեռաձայն բերել դպրոց:
Ես տպաւորուած եմ այն ձեւով, որով դպրոցները լրջօրէն կը վերաբերին խնդրին, բայց անօգուտ է, եթէ մենք` որպէս ծնողներ, չաշխատինք անոնց հետ: Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ դպրոցներուն աւելի ու աւելի շատ կը վստահին ամէն բան ընելու համար, անոնք կ՛առնեն աշակերտներուն հեռաձայնները, մինչ դասախօսներ կը բերեն` խօսելու սեռային յարաբերութիւններու եւ ընկերային ցանցերու մասին, քանի որ ծնողները աւելի ու աւելի կը խուսափին դժուար խօսակցութիւններէ կամ խնդիրներէ:
Այդ դիւրին չէ: Ես ունիմ շատ ընկերներ, որոնք փորձելով սահմաններ հաստատել հեռաձայնի օգտագործման` ենթարկուած են իրենց երեխաներու զայրոյթին, որ նախապէս չէին տեսած:
Իմ կանոններս այն են, որ հեռաձայն չըլլայ սեղանին շուրջը, երբ նստինք, կամ երբ մենք ընկերութեան մէջ ենք: Բայց եւ այնպէս, ինչպէ՞ս կրնանք արդիւնաւէտ կառավարել սահմանները, երբ մենք կը պայքարինք անոնք ստեղծելու համար:
Այնտեղ, ուր անգամ մը մենք կը մտահոգուէինք մեր երեխաներու կողմէ չափազանց շատ քաղցրեղէն ուտելու մասին (թէեւ այդ մտահոգութիւնը դեռ կայ), անոնց ափերուն մէջ գտնուող հեռաձայնը անսահման աւելի կախուածութիւն կը յառաջացնէ, թմրամոլութեան նման:
Ըստ անհրաժեշտութեան, համաճարակը բոլորին ստիպեց աւելի շատ ապաւինիլ արհեստագիտութեան, եւ նոյնիսկ բազմաթիւ չափահասներ կը խոստովանին, որ կրկին անձամբ հաղորդուիլը դժուար էր: Բայց եւ այնպէս, մենք մեր փոքր տարիքին անձամբ զարգացուցած էինք այդ հմտութիւնները:
Ես կը տեսնեմ երեխաներ, որոնք չեն կարողանար նայիլ ձեր աչքերուն մէջ կամ տարրական խօսակցութիւն վարել: Սովորական է, երբ ընկերները տուն կու գան, կը հեռաձայնեն կամ քանի մը բառ կը գրեն` փոխանակ դրան զանգը զարնելու եւ չափահասի մը հետ շփուելու:
Որպէս մեծեր` մենք նոյնքան մեր սմարթֆոներուն ստրուկներն ենք, բայց գոնէ մեր ուղեղը հնարաւորութիւն ունէր զարգանալու` նախքան այդ գործիքներուն մեզի հասնիլը:
Երեխաներուն մեղքը չէ, հակառակ անոր որ մենք կը ցաւինք այդ պատճառով: Մե՛նք այդ ըրած ենք անոնց եւ մե՛նք պէտք է օգնենք անոնց:
Ծնողը պարզապէս գոյական չէ. այդ նաեւ բայ է: