Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Քսանմէկերորդ դարու ըմբոստութիւններու, յեղաշրջումներու, յեղափոխութիւններու եւ պատերազմներու մէջ հիմնական գործիքներ են ընկերային ցանցերը եւ տեղեկատուական միջոցները, որոնց ճիշդ գործածութիւնը անպայման դրական արդիւնք կու տայ, մինչ միտումնաւոր սխալ օգտագործումը կործանարար հետեւանքներ կ՛ունենայ:
Կը ներկայացնենք այս առնչութեամբ Պաղեստինի երեխաներու օգնութեան հիմնադրամի (PCRF) կայքի վերջերս հրապարակած շահեկան յօդուածը եւ MSA համալսարանի լրագրողական բաժանմունքի դասախօս փրոֆ. Մահա Թարապիշի ուսումնասիրութեան նախաբանէն հատուածներ:
Ն.
Ընկերային Ցանցերը Առանցքային Դերակատար
Թուային դարաշրջանին ընկերային ցանցը յայտնուած է որպէս առանցքային դերակատար` հասարակական ընկալման ձեւաւորման եւ ժամանակակից հակամարտութիւններու վրայ ազդելու գործին մէջ:
Ընկերային ցանցերու դերը ժամանակակից հակամարտութիւններու մէջ բազմակողմանի է` ունենալով ե՛ւ դրական ե՛ւ ժխտական ազդեցութիւններ:
Այս յօդուածը կը կեդրոնանայ այդ երեւոյթներուն վրայ` նկատի առնելով Իսրայէլի եւ Կազայի միջեւ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը որպէս դէպքի ուսումնասիրութիւն եւ կը տրամադրէ պատկերացումներ` հիմնուած համապատասխան վիճակագրութեան եւ տուեալներու վրայ:
Ընկերային ցանցերու դրական կողմերը`
հակամարտութիւններու մէջ
Տեղեկատուութեան տարածում
Ընկերային ցանցերու հիմնական առաւելութիւններէն մէկը տեղեկատուութիւնը արագ տարածելու կարողութիւնն է: Հակամարտութիւններու ժամանակ ընկերային ցանցերու հարթակները կը դառնան կարեւոր ուղիներ` նորութիւնները համաշխարհային լսարանին հասցնելու համար:
Այդ ակներեւ եղած է Իսրայէլ-Կազա հակամարտութեան մէջ, ուր թարմացումներն ու զարգացումները հրապարակուած են իրական ժամանակին:
Իրազեկութեան բարձրացում եւ մարդասիրական աջակցութիւն
Ընկերային ցանցերը նաեւ կարեւոր դեր կը խաղան հակամարտութիւններու մարդասիրական կողմերուն մասին իրազեկուածութեան բարձրացման գործին մէջ:
Շահ չհետապնդող կազմակերպութիւնները, ինչպիսին է Պաղեստինի երեխաներու օգնութեան հիմնադրամը (PCRF), կ՛ընդգծեն հակամարտութեան գօտիներուն մէջ տիրող սարսափելի հանգամանքները, որոնք յաճախ յառաջ կը մղուին ընկերային ցանցերու արշաւներով:
Ընկերային ցանցերու ժխտական ազդեցութիւնը
հակամարտութիւններու վրայ
Ապատեղեկատուութեան տարածում
Ընկերային ցանցերու ժխտական ազդեցութիւնը հիմնականին մէջ կը նկատուի ապատեղեկատուութեան տարածման մէջ:
Չստուգուած լուրերն ու քարոզչութիւնը կրնան սաստկացնել լարուածութիւնը, ինչպէս կ՛ընեն ընկերային զանազան ցանցեր տարբեր հակամարտութիւններու, ներառեալ` Իսրայէլի եւ Կազայի մէջ:
Հոգեբանական ազդեցութիւն
Հակամարտութիւններու հոգեբանական ազդեցութիւնը, յատկապէս` երեխաներու վրայ, յաճախ կը սրի ընկերային ցանցերով:
Թէեւ ընկերային ցանցը լաւ է իրադարձութիւնները իրական ժամանակին մէջ հաղորդելու համար, սակայն այդ կրնայ նաեւ երեխաներու եւ այլ անձերու բացայայտել սարսափելի նկարներ եւ ժխտական խօսակցութիւններ, որոնք կրնան ազդել անոնց միտքերուն եւ հոգիներուն վրայ:
Ընկերային ցանց եւ հակամարտութիւն
Ընկերային ցանցի հարթակները կրնան ե՛ւ արտացոլացնել ե՛ւ զօրացնել հասարակութեան լարուածութիւնը:
Պատերազմի եւ հակամարտութիւններու ծիրին մէջ այս տեսութիւնը յատկապէս այժմէական կը դառնայ: Պատերազմի եւ ընկերային լրատուամիջոցներու ներուժը կը ներառէ բարդ փոխազդեցութիւն, ուր ընկերային հարթակները կրնան ե՛ւ խթանել ե՛ւ մեղմացնել հակամարտութիւնները:
Իսրայէլ – Կազա հակամարտութեան օրինակը
Իսրայէլի եւ Կազայի միջեւ շարունակուող հակամարտութիւնը յստակ օրինակ է, թէ ինչպէ՛ս այժմ պատերազմները կապուած են ընկերային ցանցերու:
Պատերազմի ընկերային ցանցի պատկերներէն մինչեւ տարբեր շահագրգռուած ուժերու ձեւաւորած պատմութիւններու ազդեցութիւնը խոր է:
Ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը պատերազմի վրայ երկսայրի սուր է: Թէեւ ունի փոխըմբռնման եւ մարդասիրական աջակցութեան խթանման ներուժ, սակայն այդ նոյնպէս կը կրէ ապատեղեկատուութեան եւ հոգեբանական վնասի վտանգ:
Ինչպէս ցոյց կու տայ Իսրայէլ-Կազա հակամարտութիւնը, ժամանակակից պատերազմի մէջ ընկերային ցանցի դրական եւ ժխտական կողմերը հասկնալը կարեւոր է թուայնացած մարտադաշտերու մէջ պատասխանատու կերպով նաւարկելու համար:
Օգնեցէ՛ք` մարդասիրական հրատապ
օժանդակութիւն տրամադրելու Կազայի երեխաներուն
Կազայի մէջ ընթացող ճգնաժամի խորապատկերին վրայ աւելի քան մէկ միլիոն երեխայ կարիքաւոր է: Պաղեստինի երեխաներու օգնութեան հիմնադրամի խումբերը շրջանին մէջ են եւ անխոնջ կ՛աշխատին` շտապ օգնութիւն ցուցաբերելու:
Աւելի քան 30 տարուան վաստակով, որ նշանաւորուած է անսասան նուիրումով եւ փորձով, PCRF-ը Պաղեստինի մէջ մարդասիրական հիմնական կազմակերպութիւնն է, որ կ՛ապահովէ կարեւոր ու փրկարար բժշկական օգնութիւն եւ մարդասիրական օգնութիւն բոլոր կարիքաւորներուն:
Կարեւոր միջոցներու մատչելիութիւնը, ինչպիսիք են` սնունդը, մաքուր ջուրը եւ առողջապահութիւնը, խիստ սահմանափակ է:
Մարդասիրական աւելի մեծ աղէտը կանխելու համար շտապ գործողութիւններ անհրաժեշտ են:
Ձեր աջակցութեամբ մենք կրնանք շարունակել այս կենսական աշխատանքը` երաշխաւորելով, որ Կազայի մէկ միլիոնէն աւելի երեխաները ստանան իրենց անհրաժեշտ եւ արժանի հրատապ խնամքը:
Կը խնդրենք մտածել այսօր Կազայի երեխաներուն օգնելու համար նուիրատուութիւն կատարելու մասին:
Պաղեստինի երեխաներու օգնութեան հիմնադրամը (PCRF) կը շարունակէ մարդասիրական օգնութիւն եւ բժշկական օգնութիւն տրամադրել երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, գաղթականներուն, որոնք փախած են իրենց հայրենիքէն:
Այս ջանքերը կ՛օգնեն ապահովելու, որ կարիքաւոր երեխաները ստանան իրենց անհրաժեշտ կենսական օժանդակութիւնը:
PCRF-ն ունի կամաւոր բժիշկներէ եւ մասնագէտներէ կազմուած խորհուրդ մը, որ ծառայութիւններու ստեղծման, վերապատրաստման, ծրագիրներու եւ PCRF-ի ուղղորդման միջոցով կ՛աշխատի բարելաւել մանկական խնամքի որակը Պաղեստինի, Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի այլ շրջաններու մէջ:
PCRF-ը քաղաքական կամ կրօնական կազմակերպութիւն չէ: Մեր առաքելութիւնն է հաւաքական եւ անհատապէս բժշկական եւ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել արաբ երեխաներուն ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ` անկախ անոնց ազգութենէն, քաղաքականութենէն կամ կրօնէն:
Մենք կ՛ապաւինինք բարեգործական նուիրատուութեան` Պաղեստինի եւ Միջին Արեւելքի մէջ երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն բժշկական օգնութիւն, վիրահատութիւններ, անվտանգութիւն, ապաստան եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:
PCRF
Ընկերային Ցանցերու Դերը` Համալսարանի Երիտասարդներու
Շրջանակի Խաղաղութեան Ամրապնդման Եւ
Հասարակական Բռնութեան Կանխարգիլման Գործին Մէջ
Ընկերային ցանցերը կ՛օգնեն մարդոց ձեռք բերելու ընդհանուր իրազեկուածութիւն` տարբեր ընկալումներու մասին, եւ կ՛օգնեն մարդոց գործել:
Ընկերային ցանցերը հաղորդակցութեան ժամանակակից գործիք են, որոնք տեղեկատուութիւն կը տարածեն եւ իրարու կը կապեն մարդիկը շատ արագ:
Անոնք կրնան հզօր գործիք հանդիսանալ խաղաղութեան կառուցման եւ հասարակութեան բռնութեան կանխարգիլման համար` ստեղծելով իրազեկուածութիւն հանդուրժողականութեան մշակոյթի մասին, խուսափելով ատելութենէն եւ խտրականութենէ, ծնողներու կողմէ բռնութենէ:
Ընկերային ցանցերը վերեւ նշուածներուն, երեխաներու նկատմամբ բռնութեան մասին տեղեկութիւններ, փաստեր կը տարածեն եւ կը տրամադրեն` վիճակագրութիւն, լրատուական յօդուածներ, թիւեր եւ նորութիւններ:
Այսպիսով, ընկերային ցանցը կրնայ նպաստել հասարակութեան բռնութեան կանխարգիլման եւ խաղաղութեան հաստատման` մարդիկը իրազեկելով, թէ որքա՛ն կարեւոր են այս խնդիրները եւ ձեռնարկել գործողութիւններ:
Ընկերային ցանցերը կրնան հարթակ տրամադրել երիտասարդներուն` քննարկելու այս խնդիրները եւ կիսուելու իրենց փորձառութիւնը: Այս կրնայ օգնել ստեղծելու հաւաքականութեան զգացում եւ աջակցելու անոնց, որոնք տուժած են բռնութենէն, կամ որոնք աշխատանք կը տանին խաղաղութեան կառուցման համար:
Այդ կրնայ օգնել մարդոց, որոնք լուսանցքայնացուած կամ լռութեան մատնուած են, իրենց ձայնը ուժեղացնելու ընկերային ցանցերու միջոցով: Այս կրնայ ներառել անոնք, որոնք ենթարկուած են բռնութեան:
Ընդհանրապէս ընկերային ցանցերը կրնան արդիւնաւէտ միջոց հանդիսանալ խաղաղութեան կառուցման եւ հասարակութեան բռնութեան կանխարգիլման համար:
Թէեւ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ կան զանգուածային հաղորդակցութեան բազմաթիւ կառոյցներու եւ մասնագէտներու կողմէ` տարածելու խաղաղութեան մշակոյթը եւ հասարակութեան մէջ բռնութեան կանխարգիլումը հաղորդակցման տարբեր ուղիներով, սակայն խաղաղութեան տարածման եւ հասարակութեան բռնութեան կանխարգիլման հարցը բարդ եւ վիճելի է:
Այս խնդիրը կը մնայ գլխաւոր մտահոգութիւն` բոլոր այն մարդոց համար, որոնք մտահոգ են հակամարտող կողմերու միջեւ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար:
Հարցը, թէ ընկերային ցանցը ինչպէ՞ս դեր կը խաղայ խաղաղութեան հաստատման եւ հասարակական բռնութեան կանխարգիլման գործին մէջ, կարեւոր խնդիր կ՛ըլլայ յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ` նկատի ունենալով, որ երիտասարդները լայնօրէն կը գործածեն ընկերային ցանցերը` որպէս աւանդական լրատուամիջոցներու այլընտրանք:
Ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը մարդոց վրայ խիստ մտահոգիչ կ’ըլլայ տեղեկատուական ոլորտին, նաեւ լայն հասարակութեան անդամներուն, որոնք յաճախ կը կարեւորեն զանգուածային հաղորդակցութեան դերը մարդոց տեսակէտներու եւ արժէքներու ձեւաւորման գործին մէջ, քանի որ ընկերային ցանցերը կը տրամադրեն նոր միջոց մը, որով երիտասարդները կրնան փնտռել, կիսուիլ տեղեկատուութիւնը` բարձրացնելով անոնց իրազեկութիւնը, եւ միաժամանակ այդ զանոնք կ՛ուղղորդէ դէպի դրական վարք:
Խաղաղութեան կառուցման եւ հասարակութեան բռնութեան հայեցակարգը
Իրականութեան մէջ խաղաղութեան կառուցումը եւ հասարակութեան բռնութեան կանխարգիլումը սերտօրէն կապուած են, քանի որ խաղաղութեան կառուցման ջանքերը յաճախ ուղղուած են բռնութեան կանխարգիլման` նախքան անոր յառաջացումը, անդրադառնալով հակամարտութիւններու եւ բռնութեան հիմնական պատճառներուն:
Խաղաղութեան կառուցումը հոլովոյթ է, որ ուղղուած է դաժան հակամարտութիւններու բռնկման, մագլցումի շարունակման եւ կրկնութեան կանխման:
Այդ ջանքերը կրնան ներառել միջոցառումներ, ինչպիսիք են` խթանել երկխօսութիւնը եւ հաշտեցումը, լուծել հակամարտութիւններու հիմնական պատճառները, ինչպէս նաեւ` ամրապնդել հիմնարկները, կառոյցներն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը:
Այս ջանքերը ուղղուած են կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան համար պայմաններու ստեղծման:
Հասարակական բռնութեան կանխարգիլումը կը ներառէ միջոցներ ձեռնարկել` նուազեցնելու հասարակութեան ներսը բռնութեան հաւանականութիւնը:
Այս կրնայ ներառել լուծում այնպիսի հիմնախնդիրներու, ինչպիսիք են` աղքատութիւնը, անհաւասարութիւնը, ատելութիւնը եւ խտրականութիւնը, ինչպէս նաեւ խթանել կանուխ միջամտութիւնը եւ համայնքի վրայ հիմնուած միջամտութիւնները` կանխելու բռնութիւնը:
Ընկերային ցանցերը միջնորդներու համար օգտակար գործիքներ են հոլովոյթը ընդարձակելու համար` լսելով շահագրգռուած կողմերու լայն շրջանակի տեսակէտները, առանց պարտադիր ընդարձակելու բանակցային սեղանը` որպէս այդպիսին:
Ընկերային լրատուամիջոցները կրնան ծառայել խաղաղութեան եւ հանդուրժողականութեան խթանման համար, եթէ անոնք ուշադիր գործածուին:
ՓՐՈՖ. ՄԱՀԱ ԹԱՐԱՊԻՇ