Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդիկ Իրական Ընկեր Կը Փնտռե՞ն

Օգոստոս 9, 2024
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

ScienceNewsExplores կայքը հրապարակած է յօդուած մը, ուր անդրադարձ կը կատարուի մարդկային յարաբերութիւններուն, մարդամեքենաներու արագ տարածումին եւ այս ծիրին մէջ մասնագէտներու վերջին ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն: Պարզ է, որ մարդիկ ընկերոջ կարիք ունին: Հարցը այն է, թէ այս օրերուն «ընկեր»-ը մա՞րդ, թէ՞ մեքենայ պիտի ըլլայ:

Ն.

«Աստղային պատերազմներ» ժապաւէններուն մէջ մարդամեքենաները` BB-8, C-3PO եւ R2-D2, ոչ միայն ունին տարբեր անհատականութիւններ, այլեւ կրնան զրուցել եւ կարծես թէ ընկերութիւն կ՛ընեն մարդոց հետ: Իրական մարդամեքենաները դեռ չեն կրնար այդ ընել:

Կրնա՞յ  Մարդամեքենան
Ձեր  Ընկերը  Դառնալ

Հետազօտողները կը պատրաստեն մեքենաներ, որոնք կրնան գրկախառնուիլ, ծիծաղիլ ձեզի հետ եւ այլն:

Եթէ կարելիութիւն ունենայիք, կը յարաբերէի՞ք R2-D2-ին հետ: Կը թուի, թէ այդ կրնայ բաւական զուարճալի ըլլալ: «Աստղային պատերազմներ» ժապաւէններուն մէջ մարդամեքենաները մարդոց իսկական ընկերներն են: Սակայն իրական կեանքին մէջ մարդամեքենաները տակաւին չեն կրնար հոգ տանիլ ոեւէ անձի կամ որեւէ բանի: Այսօրուան մարդամեքենաները չեն կրնար զգացումներ ունենալ: Անոնք նոյնպէս չունին ինքնագիտակցութիւն: Բայց այդ չի նշանակեր, որ անոնք չեն կրնար բարեկամաբար վարուիլ այնպէս մը, որ օգնեն մարդոց:

Հետազօտութեան ամբողջ դաշտ մը, որ կը կոչուի մարդ-մեքենայ փոխազդեցութիւն (ՄՄՓ), կ՛ուսումնասիրէ, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը գործածեն  մարդամեքենաները եւ անոնց կ՛արձագանգեն: ՄՄՓ-ի բազմաթիւ հետազօտողներ կ՛աշխատին աւելի ընկերասէր, վստահելի մեքենաներ ստեղծելու ուղղութեամբ: Ոմանք յոյսով են, որ մարդամեքենաներու իրական բարեկամութիւնը օր մը կարելի կը դառնայ:

«Իմ նպատակս ամբողջովին այդ է,- կ՛ըսէ Ալեքսիս Պլոք եւ կ՛աւելցնէ.- ես կը կարծեմ, որ մենք ճիշդ ուղղութեան վրայ ենք: Բայց դեռ շատ աշխատանք կայ ընելու»: Պլոք մարդամեքենայի մասնագէտ է, ան մեքենայ ստեղծած է, որ կը գրկախառնուի:

Այլ հետազօտողներ աւելի թերահաւատ կը վերաբերին մեքենաներու համար «ընկեր» բառի գործածութեան: «Կը կարծեմ, թէ մարդիկ այլ մարդոց կարիքը ունին,- կ՛ըսէ Քեթի Կուան: -Մարդամեքենաներու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կրնայ տեսակ մը մտերմութիւն ստեղծել: Բայց ես երբեք այդ չէի դասեր որպէս բարեկամութիւն»: Կուան  մարդամեքենայի ուսումնասիրութեամբ կը զբաղի Սթենֆորտ համալսարանին մէջ: Ան նաեւ պարուհի է եւ պարուսոյց: Որպէս առաջին հետազօտողներէն մէկը, որ համատեղած է այս ոլորտները, ան կ՛աշխատի մարդամեքենաներու շարժումները մարդոց համար աւելի դիւրին հասկնալի եւ ընդունելի դարձնել:

Այսօր մարդամեքենաները դեռ իսկական ընկերներ չեն, ինչպէս` R2-D2-ը: Բայց ոմանք օգտակար օգնականներ են կամ ուսուցման գործիքներ: Միւսները ուշադիր ընկերակիցներ են կամ ընտանի անասուններու նման հիանալի խաղալիքներ: Հետազօտողները քրտնաջան կ’աշխատին, որ անոնք աւելի լաւ ըլլան այս դերերուն մէջ: Արդիւնքները աւելի եւ աւելի ընկերական կը դառնան: Եկէք` հանդիպինք քանի մը հատին:

Ելեկտրոնային ընկերակիցներ

Չափազանց շատ ընկերային մարդամեքենաներ կան, եւ նորերը միշտ կը յայտնուին, օրինակ` Փեփփերը: Այս մարդանման մեքենան` որպէս ուղեցոյց, կը գործէ որոշ օդակայաններու,  հիւանդանոցներու եւ խանութներու մէջ: Միւսը` Փարոն, որ նման է փափուկ եւ փափկամազ փոկի: Ան կը մխիթարէ մարդիկը որոշ հիւանդանոցներու եւ ծերանոցներու մէջ: Կ՛ենթադրուի, թէ ան ընկեր մըն է, որ նման է ընտանի անասունի, օրինակ` կատու կամ շուն:

Փարօ

Մարդամեքենան այնքան ալ սիրելի չէ, որքան` իրական ընտանի անասունը: Նաեւ ամէն մարդ չի կրնար կատու կամ շուն պահել: «Ընտանի անասուններու նման` մարդամեքենաները կրնան յատկապէս օգտակար ըլլալ այնպիսի միջավայրերու մէջ, ուր իսկական ընտանի անասուններուն թոյլ չեն տար», կը նշէ Ճուլի Ռոպիլար: Բացի անկէ` մեքենայ ընտանի անասունը կ՛առաջարկէ որոշ առաւելութիւններ. օրինակ` «կղկղանք չկայ մաքրելու»: Ան կ՛ուսումնասիրէ, որ մարդամեքենաներու ընկերութիւնները լա՞ւ, թէ՞ վատ կրնան ըլլալ մարդոց համար:

MiRo-E-ն ընտանի անասուններու նմանող մարդամեքենայ մըն է: Այդ ստեղծուած է մարդոց հետ յարաբերելու եւ անոնց արձագանգելու: «Ան ի վիճակի է տեսնել մարդոց դէմքերը: Եթէ ան աղմուկ լսէ, կրնայ ըսել, թէ ուրկէ կու գայ, եւ կրնայ դառնալ դէպի աղմուկը», կը բացատրէ Ս. Քոնրան: Ան համահիմնած է Consequential Robotics-ը, որ այս մարդամեքենան կը պատրաստէ:

«Եթէ մէկը շոյէ MiRo-E-ն, մարդամեքենան երջանիկ կ՛աշխատի,- կ՛ըսէ ան:- Խօսեցէ՛ք անոր հետ բարձր եւ զայրացած ձայնով, ու «ան կը վախնայ եւ կը փախչի», կ՛աւելցնէ ան: MiRo-E-ն տուփէն դուրս կու գայ այս եւ այլ հիմնական ընկերային հմտութիւններով: Իրական նպատակը այն է, որ երեխաները եւ այլ գործածողներ իրենք ծրագրաւորեն այդ:

Քոնրան կը նշէ, որ մարդամեքենան կրնայ ճանչնալ մարդիկը  կամ ըսել` անոնք կը ժպտի՞ն, թէ՞ կը խոժոռին: Ան կրնայ նոյնիսկ խաղալ գնդակով: Բայց եւ այնպէս, Քոնրա այնքան հեռու չ՛երթար, որ MiRo-E-ն ընկեր անուանէ: Ան կ՛ըսէ, որ յարաբերութիւններ այս տեսակի մարդամեքենաներու հետ կարելի է: Բայց այդ ամէնէն շատ կը նմանի այն յարաբերութիւններուն, որոնք երեխան կրնայ ունենալ արջուկի մը հետ, կամ մեծահասակ մը` սիրելի ինքնաշարժի հետ:

Անգլիոյ Լիոնսթաուն դպրոցի աշակերտները կը խօսին եւ կը շօշափեն MiRo-E-ն

Մանկութեան երազ

Մոքսին այլ տեսակի ընկերային մարդամեքենայ է: «Ան ընկերոջ կերպարանքով քողարկուած ուսուցիչ է», կ՛ըսէ Փաուլօ Փիրջանեան: Ան Փասատենայի մէջ հիմնադրած է Embodied ընկերութիւնը, որ կ՛արտադրէ Մոքսին: Սիրելի կերպարը որպէս մարդամեքենայ կեանքի կոչելը անոր մանկութեան երազն էր: Ան կ՛ուզէր մարդամեքենայ մը, որ կրնար ըլլալ ընկեր եւ օգնական, «Թերեւս նոյնիսկ օգնել տնային աշխատանքին մէջ», կը կատակէ ան:

Փաստօրէն Մոքսին չ՛ըներ ձեր տնային աշխատանքը: Փոխարէնը` ան կ՛օգնէ ընկերային եւ զգացական հմտութիւններուն: Մոքսին ոտքեր եւ անիւներ չունի: Բայց ան կրնայ շարժել իր մարմինն ու ձեռքերը արտայայտիչ ձեւերով: Ան գլխուն ունի պաստառ մը, որ կը ցուցադրէ շարժուն գծանկարի դէմքը: Մոքսին երաժշտութիւն կը նուագէ, երեխաներու հետ գիրքեր կը կարդայ, կը կատակէ եւ հարցումներ կ’ուղղէ: Ան կրնայ նոյնիսկ ճանչնալ զգացումները մարդու ձայնին մէջ:

Մոքսին երեխաներուն կ՛ըսէ, որ կը փորձէ սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս դառնայ աւելի լաւ ընկեր մարդոց համար: Օգնելով մարդամեքենային այս հարցին մէջ` երեխաները վերջաւորութեան  իրենք կը սորվին ընկերային նոր հմտութիւններ: «Երեխաները կը բացուին եւ կը սկսին խօսիլ անոր հետ, կարծես` լաւ ընկերոջ հետ,- կ՛ըսէ Փիրջանեան:- Մենք տեսած ենք երեխաներ, որոնք կը վստահին Մոքսիին, նոյնիսկ լացած են Մոքսիին համար»:

Մոքսին

Երեխաներու սիրտը մարդամեքենաներու կապուելու գաղափարը որոշ մարդոց անյարմար կը թուի: Արդեօ՞ք անոնք պէտք չէ վստահին այն մարդոց, որոնք իրականութեան մէջ կը հասկնան զիրենք եւ կը հոգան իրենց: Փիրջանեան կը խոստովանի, որ այս բան մըն է, որուն մասին իր խումբը շատ կը մտածէ: «Անպայման պէտք է զգուշ ըլլանք», կ՛ըսէ ան: Արհեստական բանականութեան (ԱԲ) լեզուի լաւագոյն նմուշները կը սկսին մարդոց հետ զրուցել այնպէս, ինչպէս բնական է: Աւելցուցէ՛ք այս այն փաստին, որ Մոքսին այնքան լաւ կը նմանակէ զգացումները, եւ երեխաները կրնան խաբուիլ` հաւատալով, որ ան կենդանի է:

Այդ կանխելու համար Մոքսին երեխաներուն միշտ շատ պարզ կ՛ըսէ, որ ինք մարդամեքենայ է: Բացի անկէ` Մոքսին դեռ չի կրնար հասկնալ այնպիսի բաներ, ինչպիսիք են պատկերասփիւռային հաղորդումները կամ ճանչնալ խաղալիքները, որոնք երեխաները կը ցուցադրեն: Փիրջանեանին խումբը յոյս ունի` յաղթահարել այս խնդիրները: Բայց անոր նպատակը այն չէ, որ երեխաները լաւագոյն ընկերներ դառնան մարդամեքենային: «Մենք կը յաջողինք, երբ երեխան այլեւս կարիք չունի Մոքսիին: Այդ կ՛ըլլայ այն ժամանակ, երբ անոնք ունենան բաւարար չափով ուժեղ ընկերային հմտութիւններ` մարդկային բազմաթիւ ընկերներ ձեռք բերելու համար», կ՛ըսէ ան:

«Ես պատրաստ եմ գրկախառնուելու»

HuggieBot եւ զայն հնարող Ալեքսիս Պլոք

HuggieBot-ը կրնայ պարզ թուիլ MiRo-E-ի կամ Moxie-ի համեմատ: Անիկա չի կրնար հետապնդել գնդակը կամ զրուցել ձեզի հետ: Բայց ան կրնայ ընել բան մը, որ շատ քիչ այլ մարդամեքենաներ կ՛ընեն. կրնայ գրկախառնուիլ: Գրկախառնուիլը, կը պարզուի,  իսկապէս դժուար է մարդամեքենայի համար:

Այս մարդամեքենան պէտք է յարմարեցնէ իր գրկախառնութիւնը բոլոր չափերու մարդոց համար: Ան կը գործածէ համակարգչային տեսողութիւնը` ճշդելու մէկու մը հասակը, որպէսզի բարձրացնէ կամ իջեցնէ իր ձեռքերը ճիշդ մակարդակի վրայ: Ան պէտք է չափէ, թէ որքան հեռու կը գտնուի ոեւէ անձ, որպէսզի կարողանայ ճիշդ ժամանակին փակել ձեռքերը: Ան նոյնիսկ պէտք է պարզէ որքան ամուր սեղմել եւ երբ ձգել: Անվտանգութեան համար գործածուած է մարդամեքենայի ոչ ամուր ձեռքեր: Իւրաքանչիւր անձ կրնայ դիւրաւ հրել ձեռքերը: Գրկախառնումները նոյնպէս պէտք է ըլլան փափուկ, ջերմ եւ մխիթարող:

 

Միասին Ծիծաղիլ

Բազմաթիւ մարդամեքենաներ, ներառեալ` Փեփփերը եւ Մոքսին կը զրուցեն մարդոց հետ: Այս զրոյցները յաճախ մեքենական եւ անյարմար կը թուին, եւ` շատ տարբեր պատճառներով: Դեռ ոչ ոք գիտէ մարդամեքենային ինչպէս սորվեցնել հասկնալ զրոյցին իմաստը:

Բայց կարելի է նման զրոյցները դարձնել աւելի բնական, նոյնիսկ եթէ մարդամեքենան ոչ մէկ բան հասկնայ: Մարդիկ կը խօսին շատ նուրբ շարժումներով եւ ձայներով: Դուք կրնաք նոյնիսկ չհասկնալ, որ այդպէս կ՛ընէք: Օրինակ` դուք կրնաք գլուխով շարժում ընել, ըսել «ը՜մ»,  «այո» կամ «օհ», կամ նոյնիսկ ծիծաղիլ: Մարդամեքենաներու մասնագէտները կ՛աշխատին զրոյցի ծրագրային ապահովման մշակումին վրայ, որ կը յաջողի արձագանգել նման ձեւերով:

Նոր տեսակի բարեկամութիւն

Մեծ մասը մարդիկը, որոնք կը շփուին ընկերային մարդամեքենաներու հետ, կը հասկնան, որ անոնք ողջ չեն: Բայց այդ արգելք չ՛ըլլար, որ մարդիկ խօսին կամ հոգ տանին մարդամեքենաներուն: Մարդիկ յաճախ անոնց հետ կը վերաբերին տան ընտանի անասուններու պէս:

Նախքան Մոքսիի կառուցումը սկսիլը` Փիրջանեան օգնեց ղեկավարել iRobot ընկերութիւնը, որ կ՛արտադրէ Ռումպա: iRobot-ը յաճախ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կը ստանայ յաճախորդներէն, որոնց մարդամեքենաները վերանորոգման կարիք ունին: Ընկերութիւնը կ՛առաջարկէ ուղարկել բոլորովին նորը: Բայց, շատեր կ՛ըսեն. «Ո՛չ, ես իմ Ռումպաս կ՛ուզեմ»: Անոնք չէին ուզեր փոխարինել զայն, քանի որ կապուած էին անոր: Ճափոնի մէջ որոշ մարդիկ նոյնիսկ յուղարկաւորութիւններ կազմակերպած են AIBO մարդամեքենայ շուներու համար, երբ անոնք դադրած են գործելէ:

Ակներեւ է, որ որոշ մարդիկ արդէն յարաբերութիւններ կը ստեղծեն մարդամեքենաներու հետ: Այս կրնայ խնդիր ըլլալ, եթէ մէկը կ՛անտեսէ իր յարաբերութիւնները մարդոց հետ` մեքենայի հետ աւելի շատ ժամանակ անցընելու: Որոշ մարդիկ արդէն չափազանց շատ ժամանակ կը վատնեն տեսախաղեր խաղալու կամ հասարակական ցանցեր դիտելու: Այդպիսի մարդամեքենաները կրնան աւելցնել զուարճալի, բայց անառողջ արհեստագիտութիւններու ցանկը: Նաեւ չափազանց ծախսալի է այսպիսի մարդամեքենաներու մշակումն ու կառուցումը:

Բայց մարդամեքենաներու հետ առնչութիւնը կրնայ իր առաւելութիւնները ունենալ:

Միշտ չէ, որ մարդիկ մատչելի կ՛ըլլան, երբ կարիքը ունինք մէկու մը հետ խօսելու կամ գրկախառնուելու: «Քորոնա»-ն բոլորիս սորվեցուց, թէ որքա՛ն դժուար կրնայ ըլլալ, երբ ապահով չէ անձամբ ժամանակ անցընել մեր սիրելիներուն հետ: Թէեւ իտէալական ընկերներ չեն մարդամեքենաները, բայց իրական ընկերոջ բացակայութենէն աւելի լաւ են:

Անոնք կրնան ընկերոջ մը պէս ըլլալ, բայց նաեւ` խաղալիքի եւ գործիքի պէս:

Նախորդը

Հակառակ Բոլոր Դժուարութիւններուն

Յաջորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբին Ելոյթները Գիւմրիի Եւ Երեւանի Մէջ` Գործակցութիւնը Նոր Որակի Եւ Մակարդակի Բարձրացնելու Առիթ

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?