Մարդիկ Գո՞հ Են Իրենց Աշխատանքէն Եւ Վճարումէն
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հարցը միշտ հրատապ եղած է, սակայն արագ զարգացող արհեստագիտութիւններու այս ժամանակաշրջանին աւելի սուր բնոյթ ստացած է: «Պի.Պի.Սի.» անդրադարձած է այս երեւոյթին: Ն. Պաշտօնեաները աշխատատեղիին մէջ մտապէս կ՛անջատուին, եւ միայն գործատէրերը կրնան այդ երեւոյթը դադրեցնել Վատթարացող աշխատանքային շուկային մէջ բազմաթիւ պաշտօնեաներ մնացած են իրենց համար տհաճ աշխատատեղերու մէջ: Անոնք մտապէս կ՛անջատուին, եւ ընկերութիւնները մեծ դեր ունին խնդիրի լուծման գործին...




















