Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամէն Բան Կորսուած Է` Տունը, Իրերը, Ինքնաշարժները, Բայց Ես Կը Վերադառնամ, Նոյնիսկ Եթէ Այնտեղ Ապրիմ Վրանի Մէջ». Ալմա Շաապի Բնակիչ

Յունիս 28, 2024
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 

Միջազգային հանրութիւնը եւ մանաւանդ լրատուամիջոցները իրենց հրահանգները նոյն տեղէն ստանալով` հակամարտութիւնները կը ներկայացնեն եւ կը մեկնաբանեն ի նպաստ «ընտրեալին», մինչ զոհին մասին քար լռութիւն կը պահեն` նոյնիսկ զոհը որպէս դահիճ ներկայացնելով: Պարբերաբար զգուշաւոր հաղորդումներ եւ հրապարակումներ կը յայտնուին մակերեսային մօտեցումով` առանց հիմնականը ըսելու: Այդպիսին է բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»-ի յօդուածը, ուր ոչինչ կ՛ըսուի հիմնական բռնագրաւողին եւ քանդողին մասին:

Ն.

Ինչո՞ւ 800 Մարդ  Փախած  Է
Միջերկրականեան Արեւածագ  Գիւղէն

Ալմա Շաապը եւ շրջակայքը 2020 թուականի գարնան, հեռուն`  Միջերկրական ծովը

«Ինչո՞ւ,  ինչո՞ւ մենք», կը ճչայ Միլատ Իտ: Անոր վիշտը զգալի է` հակառակ ընդհատուող հեռաձայնային հաղորդակցութեան:

Ժամ մը առաջ ան կը մարէր իսրայէլեան հրթիռով հարուածուած տան հրդեհը: Մինչ ան այդ կ՛ընէր,  ռումբը հարուածեց այլ տուն մը:

Անոր գիւղը` Ալմա  Շաապ, կը գտնուի հարաւային Լիբանանի մէջ, Իսրայէլի սահմանէն միայն մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Անցեալ տարուան հոկտեմբերէն գիւղը մնացած է Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի փոխադարձ ռմբակոծումներու միջեւ:

Առնուազն 800 բնակիչ փախած է, եւ այժմ մնացած է շուրջ 100 անձ, կ՛ըսեն պաշտօնատարները:

«Ոչ ոք գիտէ, թէ ինչո՛ւ անոնք կը յարձակին մեր տուներուն վրայ,- կ՛ըսէ պարոն Իտ:- Այդ մեր պատերազմը չէ»:

2024  թուականի ապրիլին Ալմա Շաապի` իսրայէլեան ռմբակոծումի ժամանակ ծուխի սիւներ ժայթքած են

Լիբանանի միջերկրականեան ծովեզերքը զարդարուած է գեղատեսիլ քաղաքներով եւ գիւղերով, ուր գունագեղ ծաղիկները կը կախուին ոլորապտոյտ փողոցներու վրայ:

Ալմա Շաապ, ըստ անոր բնակիչներուն, բոլորէն գեղատեսիլն է:

Մեծամասնութեամբ շիի իսլամական հարաւին մէջ գտնուող միակ քրիստոնէական գիւղն է Ալմա Շաապ: Բլուրին վրայ անոր դիրքը կը բանայ հիանալի տեսարաններ դէպի շրջակայ գիւղերը, մինչեւ ծովը` հեռաւորութեան վրայ:

Այդ յստակ տեսանելի է նաեւ հիւսիսային Իսրայէլէն:

Սահմանամերձ ըլլալուն պատճառով գիւղը վերջին ինը ամիսներուն յաճախ թիրախաւորուած է իսրայէլեան ուժերու կողմէ: Իսրայէլի Հանիթա ռազմական դիրքը Ալմա Շաապէն շուրջ 2 քմ հեռաւորութեան վրայ է:

7 հոկտեմբերին Իսրայէլի վրայ Համասի յարձակումէն օր մը ետք Հըզպալլա եւ անոր դաշնակիցները Լիբանանէն հրթիռային կրակահերթեր արձակեցին սահմանի երկայնքով վիճելի տարածք` ակներեւօրէն ի նշան պաղեստինցիներուն աջակցութեան:

Իսրայէլ հակադարձեց անօդաչու սարքերու հարուածներով եւ այդ օրէն երկու կողմերն ալ կտրուկ սրեցին յարձակումներու ծաւալները եւ յաճախականութիւնը` իսրայէլ-լիբանանեան երկայնքին:

Ըստ Beirut Urban Lab-ի` հետազօտական կեդրոն մը, որ կ՛օգտագործէ Զինեալ հակամարտութիւններու տեղորոշման եւ իրադարձութիւններու տուեալներու նախագիծի (Acled) տուեալները, իսրայէլեան ուժերը մինչեւ մայիսի վերջաւորութեան Ալմա Շաապը հարուածած են 188 անգամ:

Իսրայէլեան բանակը կ՛ըսէ, որ կը թիրախաւորէ Հըզպալլայի մարտիկներն ու ենթակառոյցները եւ պատասխան հարուածներ կը հասցնէ Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող իրենց բանակի խարիսխներուն վրայ յարձակումներուն:

Սակայն Լիբանանի որոշ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մեղադրած են Իսրայէլը հրկիզուած հողի մարտավարութիւն իրականացնելու համար, ամբողջ տարածքը անմարդաբնակ դարձնելու համար:

Գիւղացիները, որոնց հետ զրուցած է «Պի.Պի.Սի.»-ն, դժկամութեամբ քննարկած են, թէ արդեօ՞ք Հըզպալլա կամ այլ զինեալ խումբեր կ՛օգտագործեն Ալմա Շաապը Իսրայէլի վրայ յարձակելու:

Ալմա Շաապի մէջ ոչ ոք զոհուած է:

Սակայն ցարդ Իսրայէլի ռմբակոծումները ամբողջութեամբ քանդած են 10 տուն, վնասներ պատճառած են 120 տուներու եւ հարուածած` քաղաքի ջրամբարը, ըստ փոխ քաղաքապետ Հատտատի:

Ան կ՛աւելցնէ, որ հրկիզուած է շուրջ 12 քառակուսի քիլոմեթր երկրագործական եւ անտառային տարածք:

Հրշէջ մը կը մարէ Ալմա Շաապի մէջ պայթումի պատճառով յառաջացած կրակը

Սովորաբար Ալմա Շաապի բնակչութեան թիւը 900 է, իսկ ամրան` շուրջ 1500,  երբ գաղթողները կը վերադառնան իրենց պապենական գիւղին մէջ  ժամանակ անցընելու, հանգստանալու համար:

Այժմ մնացած  է միայն 100 մարդ, երեխաներ չկան, կ՛ըսէ Հատտատ: Անցեալի հակամարտութիւններու յիշողութիւնը մեծապէս կախուած է օդին մէջ:

Մարդիկ կը յիշեն` 1982 թուականին Իսրայէլի ներխուժումը Լիբանան եւ անոր յաջորդած հարաւի բռնագրաւումը մինչեւ 2000 թուականը, 2006 թուականի Իսրայէլ-Հըզպալլա պատերազմը եւ անհամար բախումները:

«Ալմա Շաապի բնակչութեան 90 առ հարիւրը (8 հոկտեմբերէն ետք) օրուան մը մէջ հեռացած է, քանի որ անոնք չեն ուզեր զգալ այն, որ ապրած են 2006 թուականին», կ՛ըսէ  Հատտատ:

Մարիա Շայան Ալմա Շաապի մէջ կը նայի  մօտակայ հովիտին 2020  թուականի օգոստոսին

Երեսունամեայ Մարիա Շայան կը խօսի յարձակումներու եւ պայթումներու մանկութեան մասին, իր տան շուրջը բռնութեան մնայուն վախով: Ան 18 տարեկանին մեկնած է Պէյրութ` ուսանելու:

«Չեմ յիշեր ժամանակ մը, երբ հակամարտութիւն չէ եղած»:

Ան կրնայ մանրամասնօրէն յիշել ռումբերու, անօդաչու սարքերու եւ կործանիչներու ձայնը: Բայց վերջին տարիներուն տուն այցելութիւններու ժամանակ անոր «ուղեղը կը նախընտրէ ատիկա չլսել»: Անկէ ետք ան չայցելեց հօրը, որ կը մերժէ լքել գիւղը:

Այդ ցաւալի իրականութիւն է, որ կը հակասէ Մարիա Շայանի հպարտութեան` այդ վայրին վերաբերող:

«Ես կը սիրեմ Ալման,- կ՛ըսէ ան:- Այնտեղի օդը տարբեր կը բուրէ: Գիւղը այնքան կանաչ եւ փարթամ է, որ դուք շրջագայելով այդ վայրին մէջ` ամէն վայրկեան ուտելու բան կը գտնէք»:

Կիտրոնի ծառերու տակ իր մեծ մօր, մեծ հօր եւ զարմիկներուն  հետ ժամանակ անցընելը այժմ հեռաւոր յիշատակ է: Ան, ինչպէս` հարիւրաւոր ուրիշներ, չի գիտեր, թէ ե՞րբ կը կարողանան վերադառնալ:

«Մենք չենք ուզեր պատերազմի մէջ ըլլալ,- կ՛ըսէ ան: – Ես պարզապէս կը կարօտնամ տուն գալը»:

Ներկայիս հակամարտութիւնը շատ կը տարբերի նախկիններէն,- կ՛ըսէ Հատտատ:

«Այն, որ տեղի ունեցաւ 2006 թուականին, աւարտեցաւ 30 կամ 33 օրուան մէջ,¬ կ՛ըսէ Հատտատ: – Հիմա եօթը ամիս եղաւ եւ դեռ կը շարունակուի: Ոչ ոք գիտէ, թէ որքա՞ն կրնայ տեւել»:

7 հոկտեմբերէն ի վեր Իսրայէլ աւելի քան 5300 յարձակում իրականացուցած է Լիբանանի մէջ` ըստ Beirut Urban Lab-ի: Հըզպալլա եւ անոր դաշնակիցները Իսրայէլի վրայ յարձակած են շուրջ 1200 անգամ:

Իսրայէլի բանակի բանբերը 6 յունիսին յայտնած էր, որ Լիբանանի տարածքէն Իսրայէլի ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 4850  հրթիռ: Ապրիլին կ՛ըսուէր, որ իսրայէլեան ուժերը Լիբանանի մէջ հարուածած են «Հըզպալլայի աւելի քան 4300 թիրախ»:

Երկու կողմերն ալ կ՛ըսեն, որ նպատակ կը հետապնդեն միայն ռազմական թիրախներ հարուածել, սակայն կռիւներէն մեծապէս տուժած են ե՛ւ լիբանանցի ե՛ւ իսրայէլացի քաղաքայիններ:

Ըստ ՄԱԿ-ի մայիսի վերջաւորութեան տուեալներու, Լիբանանի մէջ առնուազն 88 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, աւելի քան 93 հազար անձեր տեղահանուած են:

Սահմանէն այն կողմ իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ 10 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, շուրջ  60 հազար ուրիշներ  տեղահանուած են:

Բռնութիւնը մտաւոր, ֆիզիքական եւ տնտեսական վնաս կը պատճառէ Ալմա Շաապի բնակիչներուն, որոնց մեծ մասը փախած է Պէյրութ եւ Սայտա քաղաքներ:

Անոնք, որոնք երկրորդ տուն կամ հարազատ ունին, բախտաւոր եղած են, կ՛ըսէ  փոխքաղաքապետը: Միւսները ստիպուած տուներ վարձած են` յաճախ ապրելով երկու կամ երեք այլ ընտանիքներու հետ:

Շատեր կ՛ըսեն, որ եկամուտը ցամքած է, իսկ երեխաները չեն կարողանար դպրոց երթալ:

Միլատ Իտ Պի.Պի.Սի.-ի հետ խօսելէ քանի մը վայրկեան առաջ տեսաւ երկու տուն ռմբակոծուած

Որոշ բնակիչներ կը պնդեն, որ պիտի մնան` անկախ ամէն բանէ: Միլատ Իտ անոնցմէ մէկն է:

«Դուք չէք գիտեր, թէ ե՛րբ ամպերը կը յարձակին ձեր վրայ, կամ բան մը կը յարձակի ձեր վրայ», կ՛ըսէ ան:

Բայց եթէ Իտ հեռանայ, ան կը վախնայ, որ պիտի մատնուի  պաղեստինցիներու ճակատագիրին, երբ անոնք լքեցին իրենց երկիրը»:

Միլատ Իտ նկատի ունի այն, ինչ որ պաղեստինցիներուն յայտնի է որպէս Նակպա կամ Աղէտ:

14 մայիս 1948-ին Իսրայէլը անկախութիւն հռչակեց, եւ յաջորդ օրը սկսած պատերազմի ժամանակ այդ հողին վրայ բնակող  750 հազար պաղեստինցիներ փախան կամ վտարուեցան իրենց տուներէն:

Ո՛չ անոնց, ո՛չ ալ անոնց սերունդներուն Իսրայէլ թոյլ տուած է վերադառնալ:

«Անոնք դարձան գաղթական եւ դեռ 70 կամ 75 տարի ետք կու լան  իրենց երկրին, իրենց գիւղերուն եւ իրենց տուներուն համար», կ՛ըսէ ան:

Այսօր, երբ խօսքը  կը վերաբերի Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին, միջազգային դիտորդներու մեծ մասը դադրած է իրավիճակը անուանել համապարփակ պատերազմ:

Բայց այնտեղ ապրողներուն համար այլ բան չի կրնար ըլլալ:

Եարին

Եարին

Եարինը միայն 1 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի ՄԱԿ-ի նշանակած Կապոյտ գիծէն` Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ խիստ անկայուն, ոչ պաշտօնական սահմանէն:

Գիծին մօտ գտնուող իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ կան նման վայրեր. շէնքերը քանդուած են կամ անհետացած են  աւերածութիւններու մէջ: Անոնց կողքին` շէնքեր, որոնք վնասուած են, ապա` անվնաս մնացած տուներու շարքեր, որոնց կը  յաջորդեն աւելի շատ աւերածութիւններ:

«Մենք կը վճարենք այս բոլորին գինը», կը ցաւի 75-ամեայ Նատիմ Սայահ:

Անոր շքեղ բնակարանին մնացորդները կը մնան պարտէզին մէջ, ուր նոյնպէս կան քանդուած ինքնաշարժներ: Կանգուն մնացած է միայն ցանկապատը, որ այժմ  կը շրջապատէ փլատակներու կոյտը: Պայթումներու ուժգնութենէն փշրուած են մօտակայքը գտնուող տուներու պատուհաններու ապակիները:

Սայահ ըսաւ, որ ինք միշտ վառած կը պահէր լոյսերը` յոյս ունենալով, որ այդ կրնար խնայել ընտանիքի տունը հարուածներէն:

Հարաւ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերու զինուորը ըսաւ, որ հրթիռ մը այս բոլորը քանդեց:

Նատիմ Սայահ կ՛ըսէ.

«Ամէն բան կորսուած է` տունը, իրերը, ինքնաշարժները: Բայց ես կը վերադառնամ, որքան կարողանամ, նոյնիսկ եթէ այնտեղ ապրիմ վրանի մէջ»:

Նախորդը

Մեր Խօսքը

Յաջորդը

Թատերական Պահեցողութիւն

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?