Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Արեւային ուժանիւթը արդէն տարածում գտած է եւ իր բարեբեր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ճիշդ գործածուելու պարագային: Սակայն երբեմն փտածութիւնը կը խոչընդոտէ այդ մէկը: «Կարտիըն» անդրադարձած է այս երեւոյթին:
Ն.
Արեւային վահանակները դիւրացուցած են երեկոյեան ժամերուն Փիյուլակա գիւղի բնակիչներուն հաւաքուիլը
Անոնց վառելանիւթի պաշարները շատոնց թալանուած են ուրիշներու կողմէ, մինչ ազգային ցանցերը չեն կարողացած միացնել անոնք: Այժմ արեւային վահանակները բնակիչներուն կրնան տալ աւելին, քան` ելեկտրական հոսանքը:
Մթնշաղին Փիյուլակա գիւղը կը սկսի արթննալ:
Ընտանիքները կը հաւաքուին իրենց խրճիթներուն մուտքերուն մօտ, երեխաները կը խաղան եւ կը շրջագային հեծանիւով, պրազիլական երաժշտութիւնը կը լեցնէ օդը, երբ լոյսերը կը պլպլան Պրազիլի Մաթօ Կրոսոյի Սինկու բնիկներու տարածքին մէջ գտնուող փոքր բնակավայրին մէջ:
Շարք մը բնակիչներ պատկերասփիւռ կը դիտեն, իսկ միւսները կը հանգչին օրօրոցներուն մէջ` իրենց բջիջայիններով: Գիւղը լուսաւորուած է տարածքին մէջ գտնուող լուսարձակներով: Լոյսը մատչելի դարձած է միայն քանի մը շաբաթ առաջ` իւրաքանչիւրի տան վրայ արեւային նոր վահանակներու տեղադրման շնորհիւ:
Վերջին տարիներուն արեւային ծրագիրները բազմապատկուած են Ամազոնի քանի մը երկիրներու հեռաւոր գիւղերուն մէջ` քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու տնտեսումով, օգնելով Լատին Ամերիկայի ցանցէն դուրս շրջաններուն մէջ ելեկտրական հոսանքի ժողովրդականացման:
Պրազիլի, Քոլոմպիոյ, Էքուատորի եւ Փերուի Ամազոնի շրջանները ելեկտրական հոսանքի ամէնէն ցած մատակարարումը ունին:
Հակառակ շրջանին մէջ ելեկտրակայաններու եւ նաւթի արդիւնահանման առատութեան` այս մեկուսացուած տարածքներու բնակիչներուն մեծ մասը անջատուած է ազգային ցանցերէն եւ կ՛ապաւինի թանկարժէք, ապականող աղբիւրներուն` ջերմաելեկտրակայաններ եւ մազութով բանող ելեկտրածինները (generators), որոնք քիչ օգուտ կը քաղեն իրենց հողերէն արդիւնահանուող հարստութենէն:
Բայց եւ այնպէս, օրինակները, ինչպիսիք են Փիյուլակայի մէջ արեւային վահանակներու տեղադրումը, ցոյց կու տան, որ նոր ուժանիւթային զարգացումներու օգուտները կրնան կիսուիլ` փոխելով կեանքը եւ ստեղծելով նոր կարելիութիւններ:
Մասնագէտները կ՛ըսեն, որ արեւային վահանակները, ինչպիսիք են Փիյուլակա գիւղին մէջ, աւելի աժան, կանաչ եւ մաքուր են, քան` ուժանիւթի այլընտրանքային ձեւերը:
Ըստ մասնագէտներու, արեւային փոքր համակարգերը աւելի աժան են, ունին շրջակայ միջավայրի վրայ աւելի փոքր ազդեցութիւն եւ կը պահանջեն աւելի նուազ սպասարկում, քան` ուժանիւթի այլ աղբիւրները, խուսափելով ապականող կազերու արտահոսքէն: Բացի անկէ` անոնք կը մատնանշեն, որ շրջանին մէջ արեւը գրեթէ միշտ կը շողայ:
«Հեռաւոր շրջաններուն մէջ արեւային ուժանիւթի ընտրութիւնը ունի ընդհանուր համաձայնութիւն», կ՛ըսէ Վինիսիուս Օլիվէյրան` ղեկավարը Ուժանիւթի եւ շրջակայ միջավայրի հիմնարկին, ոչ առեւտրական կազմակերպութիւն մը, որ կը խթանէ ուժանիւթի եւ փոխադրամիջոցի հանրային քաղաքականութիւնը:
«Բայց խնդիրը մեծ ծաւալով լուծելու համար անհրաժեշտ են բազմաթիւ աղբիւրներ եւ պարտաւորութիւն, հակառակ պարագային, դուք կախեալ կ՛ըլլաք նուիրատուներէ,- կ՛ըսէ Օլիվէյրան:- Այդ հնարաւոր է միայն հանրային քաղաքականութեան միջոցով»:
Պրազիլի գրեթէ բոլոր մեկուսացուած համակարգերը, տարածքները, որոնք միացուած չեն ազգային ցանցին, կը գտնուին Ամազոնի մէջ: Այնտեղ բնակող 3 միլիոն մարդ կ՛ապաւինի ջերմաելեկտրակայաններուն, եւ հազիւ մէկ միլիոնը ելեկտրական հոսանք ունի` հիմնականին մէջ մազութով բանող ելեկտրածիններու շնորհիւ:
2020 թուականին, նախկին նախագահ Ժայիր Պոլսոնարոյի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ, մեկնարկեց «Աւելի լոյս Ամազոնի համար» ծրագիրը` մեկուսացուած տարածքներուն մէջ վերականգնուող ուժանիւթը ընդլայնելու համար, սակայն յառաջընթացը դանդաղ եղաւ:
Ըստ հանքերու եւ ուժանիւթի նախարարութեան տուեալներու վերլուծութեան, մինչեւ 2022 թուականի աւարտը 13 հազար բնակարան, խոստացուած 70 հազարէն, 20 առ հարիւր նուազ ելեկտրական հոսանք ունեցաւ:
2023 թուականին այս նախաձեռնութիւնը համարկուեցաւ Light for All-«Լոյս բոլորին համար» քաղաքականութեան, որ ներկայացուցած է նախագահ Լուիս Ինասիօ Լուլա տա Սիլվան: Այդ ժամանակէն ի վեր գործընթացը արագացած է. 31 հազար բնակարան Ամազոնի հեռաւոր շրջաններուն մէջ ստացած է ելեկտրականութիւն, թէեւ «Լոյս բոլորին համար»-ին ծրագիրը նախատեսուած է 228 հազար միաւոր` մինչեւ 2026 թուականը:
Վերականգնուող ելեկտրականութիւնը հասած է Սինկուի տարածքի գիւղերուն մեծ մասին` Պրազիլի ամէնէն հին բնիկ արգելոցը, որ եղած է արեւային նախագիծներու նախատիպը:
Փիյուլակա գիւղը. ելեկտրականութիւն` տարին միայն քանի մը շաբաթ
2009 թուականին Instituto Socioambiental (ISA), որ սերտ գործակցութեան պատմութիւն ունի սինկու ժողովուրդներու հետ, սկսաւ արեւային վահանակներ տեղադրել 2,6 միլիոն հեկտար տարածքի ռազմավարական կէտերուն մէջ, որոնք մինչ այդ կախեալ էին մազութով բանող ելեկտրածիններէ:
«Ամէն բան եղած է հաւաքականութեան ծառայելու համար», կ՛ըսէ ISA-ի մասնագէտ Մարսելօ Մարթինս` նշելով, որ դպրոցները, առողջապահական կեդրոնները եւ ջրմուղ սարքերը մաքուր ուժանիւթ ստացած են:
Հիմա Սինկի մէջ արեւային ուժանիւթի նոր փուլ մը կը սկսի. տեղական ուժանիւթի ցրուիչը, կառավարութեան տնտեսումով, Փիյուլակա գիւղի իւրաքանչիւր տուն կը սարքաւորէ վահանակներով:
Թափիյաւա Ուորայի նոր խրճիթը դեռ կը կառուցուի, ուստի անոր ընտանիքը դեռ չէ տեղափոխուած, բայց արեւային ուժանիւթը արդէն կը լիցքաւորէ բջիջային հեռաձայնները եւ ելեկտրական գործիքները: Ան դպրոցական ճաշերու պատասխանատուն է եւ նոր տեղադրուած սառնարանէն կը հանէ ձուկ կամ սիրամարգի միս: «Առաջ անոնք պէտք էր ուղղակի փուռ մտնէին: Հիմա ես կրնամ զանոնք պահել սառնարանին մէջ աւելի երկար ժամանակ», կ՛ըսէ ան:
Սառնարանը, բջիջային հեռաձայնները եւ լուսարձակները այժմ գիւղի ամէնէն շատ գործածուող եւ արժէքաւոր գործիքներէն են:
«Թէեւ արհեստական լոյսի աճով գիշերային երկինքը այլեւս այնքան աստղային չէ, սակայն արեւային վահանակները բազմաթիւ ելեկտրածիններով փոխարինելը լռութիւն յառաջացուցած է եւ չքացուցած` վառելանիւթի հոտը», կ՛ըսեն բնակիչները:
Գիւղին մէկ անկիւնը գտնուող հեռաձայնի խուցը այլեւս չ՛աշխատիր: Գրեթէ բոլորը բջիջային հեռաձայն ունին:
Համացանցին այս անսահման կապը վայրի մը մէջ, ուր մինչեւ վերջերս քիչ մատչելիութիւն կար, ուր լեզուն եւ աւանդական ծէսերը կարեւոր են, իրեն հետ մտահոգութիւններ յառաջացուցած է ղեկավարներու շրջանակին մէջ:
Բայց եւ այնպէս, մարդիկ կ՛ըսեն, որ ետդարձ չկայ:
«Արհեստագիտութիւնը կու գայ խնդիրներով, բայց այդ օգտակար կ՛ըլլայ անոնց համար, որոնք տեղեակ են», կ՛ըսէ Եանահին Վաուրան` տեղական Թուլուկայ ընկերութեան նախագահը:
Այլ երկիրներ
Casuarito արեւային ագարակ` Քոլոմպիոյ Վիչատա քաղաքին մէջ, ուր ելեկտրականութեան տագնապ յառաջացած է դրացի Վենեզուելայի հետ 2019 թուականի վէճէն ետք:
Փերուական Ամազոնին մէջ նախաձեռնութիւնը նոյնպէս կը գործածէ արեւային ուժանիւթի միջոցով հնարաւոր կապը` հողերու պաշտպանութիւնը զօրացնելու համար: 2023 թուականէն Փերուի անձրեւային անտառներու զարգացման ընկերակցութիւնը կը ղեկավարէ նախագիծ մը, որ կը տեղադրէ արեւային վահանակներ եւ արբանեակային ալեհաւաքներ Փերուի հիւսիս-արեւելքը ելեկտրական հոսանք չունեցող գիւղերուն մէջ:
Արեւային ուժանիւթը կարելիութիւն կու տայ լիցքաւորել ելեկտրոնային գործիքները` բջիջային հեռաձայններ, անօդաչու սարքեր եւ արբանեակային ալեհաւաքներ, որոնք կը բարելաւեն գիւղի բնակիչներուն միջեւ հաղորդակցութիւնը եւ ցամաքային հսկողութիւնը: Համակարգերը կրնան տեղացիները զգուշացնել տարածքային ներխուժումներու կամ արտաքին կողմերու հետ բախումներու մասին: Իւրաքանչիւր միջադէպ կը վաւերագրուի եւ կը պահուի կեդրոնացուած համակարգին մէջ:
Կազմակերպութիւնը կը համարկէ իրական ժամանակի հարթակ, որ բնապահպան գործիչներուն կարելիութիւն կու տայ վաւերագրել տարածքային սպառնալիքները: Այս տուեալները կը վերբեռնուին եւ կը պահուին Aidesep-ի ազգային գրասենեակի կողմէ:
Արդէն տեղադրուած գործիքներու օգնութեամբ Aidesep-ը կը վերլուծէ` բացայայտելու իւրաքանչիւր շրջանի այն գիւղերը, որոնք ելեկտրականութիւն չունին:
«Կառավարութիւնը շահագրգռուած չէ աջակցելու այն ծառայութիւններուն, որոնք կ՛օգնեն գիւղերուն, բայց արեւային ուժանիւթը այլընտրանք է», կ՛ըսէ Aidesep-ի պատասխանատու մը:
Նման նախագիծը նոյնպէս յաջողած է Էքուատորի Ամազոնին մէջ: Ceibo Alliance կազմակերպութիւնը, որ կը միաւորէ սեքոյա, սիոնա, քոֆան եւ Ուարոնի բնիկ ժողովուրդները, 16 գիւղերու մէջ տեղադրած է արեւային համակարգեր, որոնց շնորհիւ տարածքային պահակները կը գործածեն մաքուր ուժանիւթ` լիցքաւորելու իրենց անօդաչու սարքերը, GPS-ը եւ այլ հսկողութեան սարքերը:
«Մենք պիտի իրականացնենք այնպիսի ծրագիրներ, որոնք օգուտ կը բերեն գիւղերուն, ստեղծելով ինքնավարութիւն եւ չվնասելով շրջակայ միջավայրին ու մշակոյթին», կ՛ըսէ Ceibo Alliance-ի համահիմնադիր Էրնան Փայակուաճէ:
Բայց եւ այնպէս, այս նախագիծները առայժմ համեստ են` համեմատելով հանածոյ վառելանիւթի ելեկտրածինները փոխարինելու հետ, որոնք դեռ հիմնական այլընտրանքն են այս շրջաններուն մէջ:
Հակառակ անոր որ Էքուատորեան Ամազոնը երկրի նաւթային պլոքներու մեծ մասի եւ անոր հիմնական ջրաելեկտրակայանի ամբարտակի տունն է, սակայն անոր բնիկ գիւղերու աւելի քան 70 առ հարիւրը ազգային ցանցի մատչելիութենէն դուրս է, ինչպէս` իրենց պրազիլցի դրացիներու իրավիճակը: Այս ցուցանիշը նման է Փերուի Ամազոնին, որ կը բախի աւելի մեծ մարտահրաւէրներու, քանի որ անոր տարածքը քանի մը անգամ աւելի մեծ է, քան` Էքուատորինը:
Սակայն ուժանիւթային եւ բնապահպանական անկախ խորհրդատու Խոսէ Սերրա Վեկայի համար դժուարութիւնը կը գերազանցէ տեղի, վայրի սահմանները: «Ամազոնին կը վերաբերին այնպէս, կարծես այդ հեռաւոր կամ օտար երկիր ըլլայ,- կ՛ըսէ փերուցի մասնագէտը:- Ամազոնի նկատմամբ հետաքրքրութիւն չկայ, գիտելիքներու պակասի պատճառով, եւ քանի որ անոր բնակիչները քաղաքական քիչ կշիռ ունին»:
Մեկուսացուած գիւղերը միակ խումբերը չեն, որոնք կը բախին Ամազոնի ելեկտրական հոսանքի անկայուն մատչելիութեան: Բազմաթիւ գիւղեր եւ մեծ տարածքները կապուած չեն ազգային ելեկտրական համակարգին:
Քոլոմպիոյ Վիչատա նահանգը, որ կը գտնուի Վենեզուելայի հետ սահմանին եւ դէպի Ամազոն տանող երկրի դարպասներէն է, այդպիսի տարածքներէն մէկն է, որ կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ:
Այս հարիւր հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքը կը մնայ անջատուած ազգային ցանցէն, ներառեալ` մայրաքաղաք Փուէրտօ Կարենյոն` շուրջ 22 հազար բնակիչ ունեցող ձկնորսական եւ երկրագործական քաղաքը, որուն համար կենսական են ջերմաելեկտրակայանները, որոնք յաճախ կը դադրին գործելէ:
«Երբեմն ամբողջ օրեր, շաբաթներ առանց հոսանքի կը մնան»,- կ՛ըսէ Սոնիա Փրաթան` ուսուցիչ եւ գործիչ մը, որ քարոզարշաւ կ՛իրականացնէ Վիչատայի մէջ ելեկտրական ծառայութեան բարելաւման համար: Փուէրտօ Կարենոյի այլ բնակիչներու հետ Փրաթան մասնակցած է ելեկտրականութեան բացակայութեան դէմ բողոքի ցոյցերուն:
Քոլոմպիան այդ տարածքին համար ելեկտրականութեան հոսանք կը գնէր Վենեզուելայէն, որ ունէր աւելի զարգացած ենթակառոյցներ:
Բայց այս գործակցութիւնը խաթարուեցաւ 2019 թուականին դիւանագիտական հակամարտութեան եւ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման պատճառով:
Վիչատայի ուժանիւթային գերիշխանութեան մեծ յոյսերէն մէկը Վերականգնուող ուժանիւթի հետազօտական կեդրոնն էր (Ciner): Ծրագիրը, որուն նպատակն է արտադրել արեւային ուժանիւթ եւ ծառայել որպէս ուսումնական հանգոյց, սկսած է շինարարութիւնը աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, բայց երբեք չէ աշխատած: Անոր միաւորները, կեդրոնները լքուած են, պատուած են փտածութեան եւ շուրջ 7 միլիոն տոլար մսխելու մեղադրանքներով:
«Այդ անպէտք զանգուած մըն է»,- կ՛ըսէ Խուլիօ Սեզար Իտալկոն` Փուէրթօ Կարենօ քաղաքի տեղական ղեկավար եւ դպրոցի տնօրէնը: «Տխուր է տեսնել, թէ որքան այդ լքուած է»: