Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
– Բրիտանիոյ Պանդոկի Մը Տարածքին Մէջ Յայտնաբերուած Է 7-րդ Դարու Հսկայ Գերեզմանատուն-
– ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցուցակին Մէջ Ներառուած Հին Յունական Սրբավայրը Կը Խորտակուի Եգէական Ծովուն Մէջ
– Իսրայէլի Մէջ 13-Ամեայ Պատանին Պատահաբար Գտած Է 1800-Ամեայ Մատանի` Հռոմէական Չաստուածուհիի Պատկերով
– Վատիկանի Յոբելեանի Տօնակատարութեան Պատրաստուելու Ատեն Պատահաբար Յայտնաբերուած Են Կալիգուլայի Պարտէզին Աւերակները
– Նեղոսի Ջուրերուն Տակ Յայտնաբերուած Են Ժայռապատկերներ Հին Եգիպտացի Փարաւոններու Պատկերներով
– Մարդիկ Արժանթին Ժամանած Են Մօտաւորապէս20.000 Տարի Առաջ Եւ Հաւանաբար Սնանած Են Կարծրամորթ Հսկայ Անասուններո
Բրիտանիոյ Պանդոկի Մը Տարածքին Մէջ
Յայտնաբերուած Է 7-րդ Դարու Հսկայ Գերեզմանատուն
Հնագէտները յայտնաբերած են մարդկային մնացորդներ, որոնք աւելի քան 1000 տարեկան են:
Ըստ հաղորդագրութեան, «24 ճանաչելի կմախքներ» յայտնաբերուած են Բրիտանիոյ Մալմսպերի աբբայութեան դրացնութեամբ գտնող «Օլտ Պել» պանդոկին մէջ պեղումներու ժամանակ:
Թաղումները կը թուագրուին 7-րդ դարով, իսկ անկլօ-սաքսոնական կմախքները, ինչպէս կ’ենթադրուի, կը թուագրուին ՔԵ 670-940 թուականներուն:
Cotswold Archaeological Survey-ի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ արտասովոր չէ եկեղեցւոյ մօտ գերեզմաններ գտնելը, սակայն յայտնաբերուած գերեզմաններու թիւը ապշեցուցիչ է:
«Հակառակ ակնկալուածին` այս գերեզմանները կը գտնուին ոչ թէ միջնադարեան գերեզմանոցի առաջարկուող վայրին մէջ, աբբայութենէն հարաւ, այլ` նախկին վանքերէն արեւմուտք: Նոյնիսկ աւելի զարմանալի է սաքսոնական մնացորդներու նմանութիւնը, առաջինը` Մալմսպերիի համար, ուր նախապէս վանական կեանքի ոչ մէկ ֆիզիքական ապացոյց յայտնաբերուած էր:
«Օլտ Պելի» պանդոկին շէնքը կառուցուած է 1220 թուականին:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցուցակին Մէջ Ներառուած Հին Յունական
Սրբավայրը Կը Խորտակուի Եգէական Ծովուն Մէջ
Միքոնոսի աշխուժ գիշերային կեանքէն նաւով կարճատեւ զբօսանքով մը կը հասնիք հին յունական եւ հռոմէական աշխարհի ամէնէն կարեւոր սրբավայրերէն մէկը` Տելոս, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ներառուած է:
2000-ամեայ շինութիւնները` շրջապատուած վառ կապոյտ ջուրերով, հելլենական եւ հռոմէական ժամանակաշրջաններու առօրեայ կեանքի մասին տեղեկատուութեան փոքր տիեզերք կը հաղորդեն:
Սակայն տասնամեակներու ընթացքին կլիմայի փոփոխութեան պատճառով ծովուն մակարդակը բարձրացաւ: Այժմ այդ վայրը, որ յայտնի է քարակերտ առիւծներով հսկուող տաճարներով, կրնայ ընդմիշտ անհետանալ, կը զգուշացնեն գիտնականները:
«Տելոս կրնայ անհետանալ շուրջ 50 տարի ետք», կ՛ըսէ հետազօտող Վերոնիք Չանքովսքին Աթէնքի ֆրանսական հնագիտութեան դպրոցի (EFA) ղեկավարը, որ վերջին 150 տարիներու ընթացքին պեղումներ իրականացուցած է յունական պետութեան արտօնութեամբ:
Կառոյցին ամէնէն մեծ վնասը տեսանելի է այն տարածքին մէջ, ուր ՔԱ առաջին եւ երկրորդ դարերուն եղած են առեւտուրի եւ պահեստային շինութիւններ, որոնք անմատչելի են այցելուներու համար:
«Ձմեռը ջուրը կը յայտնուի պահեստանոցին մէջ: Անիկա կը քայքայէ պատերուն հիմքը», կ՛ըսէ Ժան-Շարլ Մորետին` Տելոս կղզիին ֆրանսական առաքելութեան տնօրէն եւ Հնագոյն ճարտարապետութեան ուսումնասիրման ֆրանսական պետական հիմնարկի (IRAA) հետազօտող:
Վերջին 10 տարիներու ընթացքի կղզիի որոշ հատուածներուն մէջ ծովու մակարդակը բարձրացած է 20 մեթր, կ՛ընդգծեն գիտնականները:
Անցեալ տարի Թեսաղոնիկէի (Սալոնիք) Արիստոտէլիօ համալսարանին պատրաստած ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ ջերմաստիճանի բարձրացումը, զուգորդուած` խոնաւութեան բարձր մակարդակի հետ, կրնայ զգալիօրէն ազդել մշակութային ժառանգութեան վայրերուն մէջ օգտագործուող որոշ նիւթերու քիմիական կազմին վրայ:
Իսրայէլի Մէջ 13-Ամեայ Պատանին Պատահաբար Գտած Է
1800-Ամեայ Մատանի` Հռոմէական Չաստուածուհիի Պատկերով
Իսրայէլի հիւսիսը պատանի մը անսպասելիօրէն յայտնաբերած է հռոմէական չաստուածուհիի պատկերով 1800-ամեայ մատանի մը: Չաստուածուհիին ձեռքին թուր եւ գեղարդ կայ:
Պրոնզէ մատանիին վրայ պատկերուած է Միներուան` յունական Աթէնասի հռոմէական նմանակը, միայն սաղաւարտով:
Միներուան, որուն շրջանին մէջ կ՛երկրպագէին հռոմէական դարաշրջանին, «կը նկատուի նաեւ պատերազմի, ռազմավարութեան եւ իմաստութեան չաստուածուհին», նշուած է Իսրայէլի Հնութիւններու վարչութեան թալանի կանխման բաժինի յայտարարութեան մէջ:
13-ամեայ Եայիր Ուայթսըն մատանին գտած է հօրը հետ, Հայֆա արշաւի ժամանակ: Անոնք կը զբօսնէին Քարմել լերան հնագոյն քարահանքի մօտ, երբ Եայիր, որ կը սիրէ հետաքրքրական քարեր հաւաքել, հողին վրայ նկատած է փոքր կանաչ առարկայ մը: Անոր ընտանիքը արժէքաւոր գտածոն յանձնած է Իսրայէլի Ազգային գանձերու վարչութեան:
Ըստ հետազօտողներու, փոքր մատանին շատ հաւանաբար, պատկանած է կնոջ կամ աղջկան մը, որ ապրած է հին հռոմէական դարաշրջանին (ՔԱ. Գ. դարուն): Անիկա գտնուած է Հիրպեթ Շալալայի մէջ, հնագիտական յուշարձան բլուրի գագաթին, քարահանքի կողքին, ուր կը գտնուին հռոմէական ժամանակաշրջանի մնացորդները:
Վատիկանի Յոբելեանի Տօնակատարութեան
Պատրաստուելու Ատեն Պատահաբար Յայտնաբերուած Են
Կալիգուլայի Պարտէզին Աւերակները
Վատիկանի` 2025 թուականի յոբելեանի տօնակատարութիւններուն պատրաստուիլը վերածուած է ժամանակի մէջ երկարատեւ ճաբորդութեան, երբ նկարահանող խումբը Տիբեր գետի ափին յայտնաբերած է Հռոմէական կայսրութեան ժամանակաշրջանի պարտէզին մնացորդները:
Իտալիոյ մշակոյթի նախարարությունը գտածոն «ուշագրաւ շինուածք» անուանած է:
Պարտէզը բաղկացած է կրաքարէ պատնէշէ, որ սանդուղներով կը հասնէր Տիբեր գետը, սիւնազարդ սրահի հիմքէն եւ մեծ բաց հարթակէն, որ մասնագէտները որպէս պարտէզ անուանած են:
Հնագէտները այս յայտնագործութիւնը ըրած են յոբելենական ձեռնարկներուն պատրաստուելու ատեն գլխաւոր հետիոտնային փողոցի` Փիացա Փիայի (նախկին` Փիացա Լուիճի Սապաթինին, Հռոմի նահանգի Ալպանօ Լացիալէ քաղաքի պատմական գլխաւոր հրապարակի) բարեկարգման ծրագիրի ծիրին մէջ:
Ըստ պարտէզներու բարեկարգման վերաբերեալ նախարարութեան հրապարակած տուեալներուն, աւերակներուն մէջ հնագէտներուն յայտնաբերած ջուրի կապարէ խողովակին վրայ նշուած է պարտէզին սեփականատիրոջ անունը:
Ուսումնասիրելով մակագրութիւնը, որ գրուած է «C(ai) Caesaris Aug (usti) Germanici», մասնագէտները յանգած են այն եզրակացութեան, որ այս վայրը կ՛առնչուի հռոմէական զօրավար Գերմանիկոսի եւ Ագրիպինայի որդիին` ՔԵ 37-41 թուականներուն գահակալած հռոմէական կայսր Հուլիոս Կեսար Օգոստոս Գերմանիկոսին, որ յայտնի է Կալիգուլա անունով:
Հնագոյն գրական փաստաթուղթերը կը հաստատեն, որ Կալիգուլան ունէր Տիբեր գետի ափին բացուող հսկայ պարտէզ մը, որ կը բաժնէր գետը փառահեղ սրահէն:
Պարտէզը Գերմանիկոսի շքեղ նստավայրին մէկ մասն էր, որ անկէ ժառանգած էր Ագրիպինա: Բնականաբար, վերջինիս մահէն ետք, սեփականութիւնը անցած է Կալիգուլային:
Մասնագէտները պարզած են, որ Կալիգուլայի օրով վերանորոգման մնայուն աշխատանք կատարուած է: Այդ մասին կարելի է եզրակացնել ճարտարապետութեան աննշան փոփոխութիւնները տեսնելով:
Շատ հաւանաբար Ագրիպինայի պարտէզը Փիացա Փիայի միակ նոր յայտնագործութիւնը չէ:
Նկարահանող խումբը յայտնաբերած է նաեւ դիցաբանական տեսարաններով զարդարուած յախճապակեայ մնացորդներ, որոնք ի սկզբանէ գործածուած են պարտէզին կառոյցները զարդարելու նպատակով, ապա կրկին գործածուած` լուացքատան կոյուղագիծերու երեսի պատումին համար:
Նեղոսի Ջուրերուն Տակ Յայտնաբերուած Են
Ժայռապատկերներ
Հին Եգիպտացի Փարաւոններու Պատկերներով
Եգիպտացի հնագէտները Նեղոս գետի խորունկ հատուածին մէջ ուսումնասիրութեան ատեն յայտնաբերած են ժայռապատկերներ` քանի մը փարաւոններու պատկերներով եւ եգիպտական նշանագրերով (hieroglyph)` հիերոկլիֆներով:
Անոնց մէջ են Ամենհոթեպ Գ.ը (կառավարման տարիները` ՔԱ 1390-1352թթ.), Թութմոս Դ-ն (1400-1390թթ.), Փսամետիհ Բ.-ը (ՔԱ 595-589թթ.) եւ Ափրիոն (589-570թթ.):
Ֆրանսական-եգիպտական միացեալ խումբը յայտնաբերած է ժայռապատկերները Ասուանէն հարաւ` այն շրջանին մէջ, որ հեղեղուած էր Ասուանի ամբարտակի կառուցման ժամանակ` 1960-1970 թուականներուն:
Մինչ այդ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ղեկավարութիւնը իրականացուցած էր, որքան կարելի է շատ, հնագիտական մնացորդներու արձանագրութիւն եւ տեղափոխում այս շրջանէն: Սակայն բազմաթիւ նմուշներ չէ յաջողած ժամանակին տեղափոխել, եւ անոնք մնացած են շինարարական նախագիծին տակ:
Ասուան կարեւոր էր հին եգիպտացիներու համար, քանի որ այդ ժամանակներուն գտնուած է երկրին հարաւային սահմանին մերձ, իսկ մօտակայքը գտնուած են շարք մը կարեւոր տաճարներ: Անոնցմէ է Ապու Սիմպոլը, ուր կը գտնուին Ռամսէս Բ.ի (1303-1243) չորս հսկայ արձանները, իւրաքանչիւրը` 21 մեթր բարձրութեամբ:
Ասուանի մէջ կը գտնուի նաեւ Ֆիլէ տաճարներու համալիրը, ուր ՔԱ 394 թուականին գրուած է հերոկլիֆներով վերջին եգիպտական գրութիւնը:
«Գիտնականներու խումբին աշխատանքը ուղղուած է այժմ ջուրին տակ գտնուող վիմագրութիւնները եւ փորագրութիւնը պարզելու եւ արձանագրելու, որ այժմ կը գտնուի ջուրի տակ», նշուած է Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան եւ հնութիւններու նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Անոր համար խումբին անդամները կը սուզուին նմուշներու մօտ եւ կ՛արձանագրեն, կը նկարահանեն հետագային գործածելու համար:
Մարդիկ Արժանթին Ժամանած Են Մօտաւորապէս20.000 Տարի Առաջ
Եւ Հաւանաբար Սնանած Են Կարծրամորթ Հսկայ Անասուններով
Վերջին սառցադաշտային ժամանակաշրջանին` մօտ 26 հազար տարի առաջ, սառցաշերտերը եւ սառցադաշտերը ծածկած են մոլորակին մեծ մասը:
Մինչ հնագէտները նախապէս կը կարծէին, թէ առաջին ամերիկացիները այստեղ ժամանած են 13 հազար տարի առաջ, Սիպերիան Ալասքային միացնող ցամաքային կամուրջով: Վերջին տասնամեակին Ամերիկայի մէջ յայտնաբերուած հնագիտական վայրերը ցոյց տուած են, որ մարդիկ այդ շրջանին մէջ շատ աւելի կանուխ եկած են:
Հրապարակուած նոր ուսումնասիրութեան մէջ հետազօտողները յայտնած են, որ յայտնաբերած են կոտրուածքի հետքեր glyptodont-ի բրածոյ մնացորդներու վրայ, որ յայտնի է որպէս Neosclerocalyptus:
Այս ոսկորները, որոնք յայտնաբերուած են Արժանթինի Պամպասի մէջ, կրնան ըլլալ Հարաւային Ամերիկայի հսկայ անասուններով(megafauna) հետ մարդու փոխազդեցութեան ամէնէն կանուխ օրինակներէն մէկը:
Պուէնոս Այրեսի մօտ գտնուող Ռեկոնկիստա գետի ափին յայտնաբերուած անասունի մը ոչ ամբողջական կմախքը կը ներառէր կոնքի եւ պոչի մասեր, պատեանի մաս մը` ոսկորներ, որոնք կը ծածկէին անասունի մարմնին վերին մասը:
Գիտնականները կոնքի ոսկրային հատուածը ուսումնասիրելով` հաստատած են, որ անասունը գոյութիւն ունեցած է շուրջ 21 հազար տարի առաջ:
Որոշելու համար, թէ արդեօ՞ք կոտրուած հետքերը եղած են մարդոց կողմէ, հետազօտողները լուսանկարած եւ ստեղծած են անասունի ոսկորներու երեք ուղղութեամբ պատկերներ: Որոշ նշաններ ունէին V-ձեւով ճեղքեր, որոնք կը յուշէին քար կոտրող գործիքներու հետքերու մասին: Գիտնականները անասունին ոսկորներուն վրայ հաշուած են 32 կոտրուածք:
Գործածելով զանազան վիճակագրական մեթոտներ` նմուշները դասակարգելու եւ քանակապէս համեմատելու համար, անոնք եզրակացուցին, որ կոտրուածքները կատարուած են մարդոց կողմէ, որոնք օգտագործած են գործիքներ:
Հետազօտողները եզրակացուցած են, որ մարմնի տարբեր մասերու կոտրուած հետքերու նախշը ցոյց կու տայ մորթելու յաջորդականութիւնը եւ կ՛ենթադրէ, թէ հին մարդիկ մեծաքանակ միս կը ստանային եւ կ՛օգտագործէին այդ հսկայ անասուններու կոնքի մկաններէն եւ պոչէն: