Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բեղմնաւորութեան Համաշխարհային Ճգնաժամ

Նոյեմբեր 29, 2024
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Աշխարհի բնակչութեան թիւը պիտի աւելնա՞յ, թէ՞ նուազի: Ենթադրութիւնները տարաբնոյթ են, եւ ամէն գլուխէ ձայն մը կ՛ելլէ: Նաեւ պարզ է, որ կան ընդհանրական մտահոգութիւններ, որոնց մասին կը գրեն մասնագէտներ: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթի կայքը այս հարցին անդրադարձող յօդուած մը հրապարակած է վերջերս:

Ն.

Աւելի Նուազ Թիւով Երեխաներ Լա՞ւ Են,
Թէ՞ Վատ. Մասնագէտները Տարակարծիք Են

Բրիտանիոյ ծնելիութեան մակարդակը կը գտնուի բոլոր ժամանակներու ամէնէն ցած դիրքի վրայ, եւ բազմաթիւ այլ երկիրներ կը բախին նման անկումներու` ստեղծելով ծերացող բնակչութիւն:

Բայց կրնա՞ն աւելի քիչ մարդոց կենսոլորտային օգուտները գերազանցել ստեղծուած հասարակական խնդիրները:

Ըստ այս ոլորտի յառաջատար մասնագէտի մը, վերջերս ամէնէն հետեւողական յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերէր ապագայ հարկային եկամուտներու պահանջներուն, պիւտճէին մէջ չէր գտնուեր:

Փոխարէնը` այդ վիճակագրութիւն մըն էր, որ հրապարակած էր Ազգային վիճակագրութեան գրասենեակը. ծնելիութեան միջին մակարդակը այժմ կնոջ մը համար կը կազմէ 1,44 երեխայ, եւ այս  ամէնէն ցած արձանագրուած ցուցանիշն է սկսելէն ի վեր:

«Ոչ ոք մնացած է. ինչո՞ւ աշխարհին աւելի շատ երեխաներ պէտք են» գիրքի հեղինակ Փոլ Մորլանտի համար այդ երկարատեւ եւ մտահոգիչ միտումի վերջին փուլն է:

«Արդէն 50 տարիէ ի վեր մենք ունինք վերարտադրողական մակարդակէն ցած ծնելիութեան տուեալներ,- կ՛ըսէ ան: – Մենք այժմ ունինք աւելի շատ մահեր, քան` ծնունդներ, եւ մենք առանձին չենք»:

Աշխարհի երկիրներու մեծամասնութեան մէջ փոխարինող բեղմնաւորութիւնը ցած է:

Բրիտանիոյ մէջ այդ կը կազմէ մէկ երեխայ` կնոջ մը համար, եւ քիչ մը աւելի բարձր` այն երկիրներու մէջ, ուր մանուկներու մահերու դէպքերը աւելի մեծ վտանգ կը ներկայացնեն:

Բացառութիւն է Սահարայէն հարաւ գտնուող Ափրիկէն, ուր ծնելիութեան բարձր ցուցանիշները տակաւին տարածուած են, թէեւ կը նուազին:

Պատճառը այն է, որ հասարակութիւնները կը հարստանան եւ աւելի աշխարհիկ կը դառնան, իսկ կիները ձեռք կը բերեն աւելի մեծ ազատութիւն, ծնելիութեան մակարդակը կը նուազի:

Մորլանտ կը խորհի, որ աշխարհը կը գտնուի բնակչութեան փլուզման եզրին:

Բրիտանիոյ մէջ ծնելիութեան մակարդակը արձանագրուած ամէնէն ցածն է սկսելէն ի վեր:

Բայց անոնց համար, որոնք մտահոգ են գերբնակեցումով, մարդոց սպառումի աճով եւ կլիմայի փոփոխութեամբ, ծննդաբերութեան թիւի բարձրացումին կողմնակից ըլլալը տագնապալի է եւ անտարբեր է մոլորակի վրայ անընդհատ ընդլայնուող մարդկութեան ձգած ազդեցութեան նկատմամբ:

«Վայրի բնութեան համաշխարհային հիմնադրամը կ՛ըսէ, որ մենք կորսնցուցած ենք մեր վայրի բնութեան բնակչութեան 73 առ հարիւրը վերջին 50 տարուան մէջ», կը յայտնէ Էմի Եանկեւիչ` Բնակչութեան հարցեր կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնը, որ կը զօրակցի կայուն մարդկային բնակչութեան:

«Բեղմնաւորութեան մակարդակի անկումը ուրախանալու առիթ է», կ՛ըսէ ան: Ինչպէս ան կը նշէ, Բրիտանիոյ ներկայի բնակչութիւնը կը կազմէ 69 միլիոն, եւ կ՛ակնկալուի, որ մինչեւ 2050 թուականը կը հասնի 78 միլիոնի:

«Այդ կայուն չէ», կը գրէ Էմի Եանկեւիչ:

Բայց այդ վերնագիրներու ետին այլ պատկեր մը ի յայտ կու գայ.

Բրիտանիոյ եւ մնացեալ Եւրոպայի ժողովրդագրական կազմը, նկատի չառնելով  հիւսիսային Ամերիկայի եւ Ասիոյ մեծ մասը, արմատապէս կը փոխուի:

Եւ ճիշդ այս գործօնը կը գտնուի պիւտճէի եկամուտներու եւ պետական ծախսերու հարցերուն կեդրոնին:

Ճգնաժամ է ոչ միայն բեղմնաւորութեան մակարդակի նուազումը, այլեւ` երկարակեցութիւնը:

Մենք կը ծերանանք` որպէս ազգ եւ համաշխարհային հասարակութիւն:

Այս ծերացումը յայտնի է` որպէս ծերութեան կախուածութեան յարաբերակցութիւն (OADR), որ կենսաթոշակային տարիքի մարդոց թիւն է աշխատունակ տարիքի մարդոց թիւին համեմատ:

Կամ այլ խօսքով` հարկ վճարողներուն թիւը ընդդէմ կենսաթոշակային աջակցութիւն ստացողներու թիւին, ինչպէս նաեւ` խնամքի ծառայութիւններու անհամաչափ քանակի:

Բրիտանիոյ մէջ OADR-ը 20 առ հարիւրէն ցած էր 1950-ականներուն. իւրաքանչիւր թոշակառուի հաշուով կար աւելի քան հինգ աշխատող, մինչ այսօր այդ աւելի քան 30 առ հարիւր է (կամ միայն երեք աշխատող` իւրաքանչիւր թոշակառուի համար):

Մորլանտ կը նշէ, որ դարավերջին այդ կը մօտենայ 60 առ հարիւրի, որ կը կազմէ 1,7 աշխատող` իւրաքանչիւր թոշակառուի համար: Այդ նոյնպէս, շատ հաւանաբար անկայուն կ՛ըլլայ:

Փեքինի մէջ  քայքայուող որմնանկար, որ կը ծանուցէ Չինաստանի նախորդ  քաղաքականութիւնը` մէկ երեխայ իւրաքանչիւր ընտանիքի համար:

Պարզապէս նայեցէ՛ք NHS-ին (Ազգային առողջապահութեան ծառայութեան): Երբ այն ստեղծուեցաւ, կը գրէ Մորլանտ, Բրիտանիոյ մէջ կար շուրջ  քառորդ միլիոն մարդ` 90 եւ աւելի բարձր տարիքի:

Այս խումբի անդամները կը պահանջեն վեցէն եօթը անգամ աւելի շատ առողջապահական ծախսեր, քան` իրենց կեանքի ծաղկումի շրջանին մէջ գտնուողները:

Այսօր, ըստ անոր, այդ տարիքային խումբին մէջ կայ աւելի քան 1,5 միլիոն, իսկ դարավերջին կը կանխատեսուի, որ այդ թիւը կը կազմէ գրեթէ վեց միլիոն:

Ահաւասիկ` վիճակագրութիւն մը եւս. Իտալիոյ մէջ 1950 թուականին 80 տարեկանէն բարձր իւրաքանչիւր անձին դէմ մինչեւ 10 տարեկան 17 երեխայ կար:

«Այսօր երկու խումբերը կը համընկնին մօտաւորապէս մէկ-մէկ: Պատահական չէ, որ առաւել ծերացող բնակչութիւն ունեցող երկիրները, ինչպիսիք են` Յունաստանը, Իտալիան եւ Ճափոնը, ունին պետական պարտքի ամէնէն վատ մակարդակը», կը գրէ Մորլանտ:

Աշխատուժի այս աճող պակասին համար Եւրոպայի լուծումը գաղթն է:

Բրիտանիոյ բնակչութիւնը այժմ կը նուազէր, եթէ չըլլար գաղթականներու զանգուածային թիւը: Անոնք կը պահպանեն սպասարկման, առողջապահութեան եւ խնամքի ոլորտները:

Մորլանտ կը պնդէ, որ այս քաղաքականութիւնը պահպանելու համար Բրիտանիոյ բնակչութեան գրեթէ կէսը պետք է 21-րդ դարու վերջաւորութեան ծնած ըլլայ օտար երկրի մը մէջ:

Եանկեւիչ կը հակադարձէ, որ գաղթականներու լաւ բանը այն է, որ անոնք չեն աւելցներ աշխարհի բնակչութիւնը, այլ պարզապէս կը փոխեն անոր բաշխումը:

Լայնածաւալ գաղթը, սակայն, կը նշուի Եւրոպայի մէջ աջակողմեան կուսակցութիւններու աճի, Բրիտանիոյ Պրեքզիտի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի ժողովրդականութեան համար:

Աւելի՛ն, կ՛ըսէ Մորլանտ, բարգաւաճ աշխարհը միշտ կը զրկէ բարգաւաճող աշխարհը իր գործուն մարդոցմէ, բան մը, որ կը նշանակէ յետգաղութային յարձակում այդ տնտեսութիւններուն վրայ:

Ամէն պարագայի, շատ ժամանակ չ՛անցնիր, երբ Ափրիկէն, ինչպէս` Հնդկաստանը եւ Չինաստանը, անցնի նոյնքան ցած  ծնելիութեան մակարդակի, կ՛աւելցնէ Մորլանտ:

Այսպիսով, ո՞րն է պատասխանը: Կասկած չկայ եւ հիմնաւոր է, որ աշխարհի բնակչութիւնը չի կրնար անվերջ աճիլ:

Սակայն, ի տարբերութիւն տնտեսութեան գրեթէ բոլոր միւս կենսական երեւոյթներու, ժողովրդավարական պետութիւնները գրեթէ ոչ մէկ մասնակցութիւն ունին ծնելիութեան մակարդակի վրայ, անոր բարձրացման կամ նուազումին մէջ:

Երեխայ ունենալու որոշումը իրաւամբ սեփական որոշում է, որ սովորաբար կը կայանայ երկու հոգիի միջեւ: Չափազանց կասկածելի է, որ ոեւէ զոյգ երբեւէ փորձած է երեխայ ունենալ` ապագայ աշխատուժի պակասը լուծելու համար:

Այսպիսով, ծնողական որոշման վրայ ազդելու պետական որեւէ փորձ կրնայ միջամտութիւն թուիլ,  եւ այդ անցեալին դաժան եղած է:

Կիներ Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ունին մօտ երեք քառորդով աւելի քիչ երեխայ, քան անոնք կ՛ըսեն, որ կը ցանկան:

Չինաստան յայտնի է, որ 1979-2015 թուականներուն իրականացուց մէկ երեխայի քաղաքականութիւնը` առաջքը առնելու երկրի բնակչութեան աճին: Այդ իր քաղաքացիներու մարդկային իրաւունքներու բացայայտ կրճատումն էր:

Երբ բեղմնաւորութեան մակարդակը կը նուազի, ծնած աղջիկներուն թիւը ակներեւօրէն կը նուազի (նոյնիսկ աւելի շատ` Չինաստանի նման երկիրներու մէջ, ուր իգական սեռի բեղմնաւորութիւնը աւելի յաճախ կ՛ընդհատուի, քան` արականինը):

Այդ կը նշանակէ, որ վերարտադրողական տարիքի կիներ կ՛ըլլան աւելի քիչ, որ իր կարգին կը նշանակէ, թէ բնակչութեան  պահպանման համար անհրաժեշտ ծնելիութեան մակարդակը ա՛լ աւելի  բարձրանայ:

Բնակչութեան արագ անկումը անխուսափելի հետեւանք է…

Եանկեւիչի համար այս միայն լաւ բան կրնայ ըլլալ: «Որքան քիչ մարդ, այնքան լաւ մենք մեզ կը պաշտպանենք», կ՛ըսէ ան:

Նոյնիսկ Մորլանտ կ՛ընդունի, որ մարդկութիւնը պէտք է ունենայ բնակչութեան սահմանափակում: Բայց ան կը պնդէ, որ անոր անկումը պէտք է աւելի լաւ կառավարուի եւ պէտք է յետաձգուի, մինչեւ ԱԲ-ն եւ մարդամեքենաները փոխարինեն աշխատաւորները:

Ան կոչ կ՛ընէ «մշակութային յեղափոխութեան», ուր աւելի մեծ ընտանիքներ ունենալու գաղափարը կը դիտուի որպէս ցանկալի:

Ի վերջոյ, կը նշէ ան, «Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կիներ մօտ երեք քառորդով աւելի քիչ երեխայ ունին, քան անոնք կ՛ըսեն, որ կը ցանկան»:

Ան կ՛ընդգծէ, որ մշակութային որեւէ փոփոխութիւն պէտք է ենթադրէ ծնողներու միջեւ երեխաներու խնամքի պարտականութիւններու հաւասար բաժանում:

Բայց թէեւ բազմազաւակ տղամարդը կրնայ դիտուիլ` որպէս հայր, ընտանիքի հզօր կերպար կամ մէկը, ինչպիսին Իլոն Մասքն է, շատ պատրաստակամ զուգընկերներով, կան բազմաթիւ օրինակներ կիներու համար. վեց երեխաներու մայր ներդրումային գործարար Նիքոլա Հորլիքն իր դայեակներուն հետ, կամ թերեւս Եորքշայրի հոգեւոր հովիւ Ամանտա Օուէն` իր ինը երեխաներուն հետ:

Անոնք հանրածանօթ են, քանի որ անոնք ապշեցուցիչ բացառութիւններ են:

Բեղմնաւորութեան տարօրինակութիւնը այն է, որ այդ ամէնէն բարձրն է աղքատ երկիրներու մէջ, սակայն բարգաւաճ երկիրներու մէջ մարդիկ կը նշեն բարձր ծախսերը` որպէս երեխաներ սահմանափակելու կամ չունենալու հիմնական պատճառներէն մէկը:

Կարգ մը պետութիւններ փորձած են մեղմել խնդիրը` հովանաւորելով երեխաներու խնամքը, առաջարկելով երկարաձգուած ծնողական արձակուրդ եւ տարբեր հարկային արտօնութիւններ ընտանիքներու համար:

Բայց եւ այնպէս, թէեւ կան նշաններ, որ նման միջոցները կրնան փոքր ազդեցութիւն ունենալ, սակայն անոնք այնպիսին չեն, որոնք կը փոխեն ընթացիկ միտումները:

Այս խնդրին դիւրին պատասխաններ չկան, եւ նոյնիսկ հարցերը բարդ են:

Բայց հանրային բանավէճ մը կը պահանջուի, քանի որ բնակչութեան նուազումին (կամ իսկապէս աճի) հետեւանքները չափազանց մեծ են, որպէսզի պատահականութեան ձգուին:

Բրիտանական կառավարութիւնը իրաւացի է, ան կը խուսափի քաղաքացիներուն իրենց սերունդի ընտրութեան վերաբերեալ խորհուրդ տալէ:

Բայց պէտք է հասկնալի ըլլայ, թէ ի՛նչ հետեւանքներ կը սպասուին յաջորդ սերունդներուն:

Նախորդը

Նշմար. Մեծ Բանավէ՞ճ, Թէ՞ Մեծ Խեղկատակութիւն

Յաջորդը

Փիւնիկը Կրկին Կը Բարձրանայ

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?