Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երկար ատենէ ծանուցուած, այնքան գովերգուած ՔՈՓ 29-ի ժողովը Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ եւ…ակնկալուած արդիւնքը չտուաւ: Ոչ միայն գոհ չմնացին մասնակիցներէն շատեր, այլեւ` Ազրպէյճանի իշխանութիւնը, որ բազմաթիւ մասնակիցներու քննադատութեան թիրախ դարձաւ երկրին մէջ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն, մանաւանդ հայեր պատանդ պահելուն համար: Այլ առումով եւս ժողովը արդիւնաւէտ չէր: Այս մասին Պի.Պի.Սի.-ն հրապարակած է յօդուած մը:
Ն.
Ինչո՞ւ Ազրպէյճանի Մէջ Կայացած
Կլիմայական Ժողովը
Չարդարացուց Ակնկալութիւնները
Կլիմայական հարցերու ՄԱԿ-ի քսանիններորդ ժողովը աւարտեցաւ գրեթէ ամբողջական ձախողութեամբ: Յատկացուած երկու շաբաթը բաւարար չեղաւ համաձայնութեան հասնելու համար: Գրեթէ 200 երկիրներու պատուիրակներ երկու օր եւ երկու գիշեր եւս անցուցին բանակցութիւններու սենեակներուն մէջ, ուրկէ անոնք դուրս եկան ուժասպառ եւ զայրացած:
Ի վերջոյ փոխզիջում մը գտնուեցաւ, սակայն գրեթէ բոլորը դժգոհ մնացած են: Բարգաւաճ պետութիւնները խոստացած են մինչեւ 2035 թուականը եռապատկել աղքատ երկիրներու փոխհատուցումը մինչեւ 300 միլիառ տոլար, սակայն քիչերը այդ գումարէն խանդավառուած են:
Արեւմտեան քաղաքական գործիչներու համար կլիմայական ճգնաժամի դէմ պայքարի ծախսերու աճը կը խոստանայ ընտրական խնդիրներ իրենց երկիրներուն մէջ, քանի որ վերջին տարիներուն տնային տնտեսութիւններու եկամուտները եւ պիւտճէները խարխլած են «Քորոնա»-ին յաջորդած տարիներուն սղաճի, նաեւ ուժանիւթային ճգնաժամի եւ ռուսական ուժերու Ուքրանիա ներխուժումին պատճառով:
Կլիմայական փոփոխութեան, ջերմացումին չհաւատացող Տոնալտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու մէջ յաղթանակը «Կանաչ» օրակարգի նկատմամբ արեւմտեան ընտրողներու վերաբերմունքի վառ օրինակ է:
Բարգաւաճող երկիրները նոյնպէս դժգոհ են 300 միլիառի չափէն: Նախ` անոնք տարեկան աւելի քան մէկ թրիլիոն տոլար կ՛ակնկալէին: Երկրորդ` Արեւմուտքը գրեթէ տասնամեակ մը ուշացումով կատարեց տարեկան 100 միլիառ յատկացնելու իր նախկին խոստումները, եւ կասկածելի է, որ այս անգամ բարգաւաճ երկիրները ժամանակին եւ լիովին վճարելու դրամ կը ճարեն:
«Ոչ մէկ երկիր ստացաւ այն ամէնը, որ կ՛ուզէր, եւ մենք Պաքուէն կը հեռանանք բազմաթիւ ընելիքներով», ժողովի աւարտին ըսաւ Կլիմայի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի շրջանակային հռչակագիրի գործադիր քարտուղար Սայմոն Սթիլը:
«Հիմա յաղթանակի ռազմազեկոյցներու ժամանակը չէ, մենք պէտք է աշխատանքի լծուինք եւ ՔՈՓ 30-ի համար կրկնապատկենք մեր ջանքերը», ըսաւ ան:
2015 թուականին Փարիզի մէջ ՔՈՓ 21-ի ժողովին մէջ ստորագրուած է կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի ուղենշային համաձայնագիր: Այդ ժամանակ աշխարհի բոլոր երկիրները համաձայնեցան նուազեցնել արտանետումները եւ որոշեցին, որ բարգաւաճ երկիրները կը վճարեն բարգաւաճող երկիրներուն մաքուր ապագայի անցնելու համար, քանի որ իրենք հարստացած են ճարտարարուեստի յեղափոխութեան ժամանակ, երբ համաշխարհային ջերմացումը արագացած է:
Իսկ թէ` ճիշդ որքա՞ն վճարել, պիտի որոշուէր տասնամեակի մը ընթացքին, մինչեւ 2025 թուականը:
Ուրեմն փոխհատուցման հարցը դարձաւ Ազրպէյճանի մէջ կայացած ՔՈՓ 29 ժողովին գլխաւոր խնդիրը: Առ այսօր բարգաւաճ երկիրները տարեկան 100 միլիառ տոլարի «կլիմայական փոխհատուցում» խոստացած են: Բարգաւաճող երկիրները տարեկան մինչեւ 1,3 թրիլիոն տոլար կը պահանջեն:
Երկշաբաթեայ ժողովին վերջին օրը ամփոփիչ հռչակագիրի նախագիծին մէջ թիւի փոխարէն «X» նշուած էր: Բայց եւ այնպէս, յայտնուեցաւ 250 միլիառ տոլար գումար:
Երկու օր ետք յաւելեալ վիճաբանութիւններով այդ գումարը աճեցաւ, հասնելով 300 միլիառ տոլարի:
Ոչ նուազ վիճելի էին ապագայ գործարքի մանրամասնութիւնները. ո՞ր միջոցներէն պիտի յատկացուին գումարները, եւ բարգաւաճող ո՞ր երկիրները կրնան փոխհատուցում ստանալ:
Բարգաւաճ երկիրներու շարքին է նաեւ Չինաստանը` Միացեալ Նահանգներէն ետք աշխարհի մէջ երկրորդ ամէնէն մեծ տնտեսութիւն ունեցող պետութիւնը, եւ հարուստ նաւթային թագաւորութիւնը` Սէուտական Արաբիան: Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Լատինական Ամերիկայի աղքատ երկիրները այդ անարդար կը նկատեն:
Երկրորդ հարցը այն է, թէ ո՞վ պիտի տրամադրէ այդ գումարը: Բարգաւաճ երկիրներու իշխանութիւնները կը բանակցին փոխհատուցման շուրջը:
Սակայն այս գումարը դեռ չի ներառուիր պիւտճէներու մէջ, իսկ քաղաքական գործիչներն ու պաշտօնատարները կ՛ակնկալեն, որ Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Լատինական Ամերիկայի մէջ «Կանաչ» վերակառուցման տնտեսումին մէկ մասը կը տրամադրեն բանակցութիւններուն չմասնակցած արեւմտեան դրամատուներն ու սեփական ընկերութիւնները :
Անոր բնաւ համաձայն չեն աղքատ երկիրներու իրաւապաշտպանները, մասնաւորապէս` Asian Peoples’ Movement on Debt and Development-ը:
«Բոլորովին անհասկնալի է, որ հարուստ երկիրներու իշխանութիւնները կը համարձակին իրենք զիրենք անուանել «կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի ախոյեաններ», բայց միաժամանակ կը հրաժարին յստակօրէն նշել է, թէ որքա՛ն գումար պիտի յատկացնեն պետական պիւտճէէն, ոչ թէ որպէս վարկ, այլ` որպէս դրամաշնորհներ», Պաքուի մէջ ժողովի վերջին օրը կայացած մամուլի ասուլիսին ատեն յայտարարեց համակարգող Լիտի Նաքպիլ:
ՄԱԿ-ի կլիմայի երրորդ անընդմէջ ժողովը տեղի ունեցած է երկրի մը մէջ, որ կ՛ապաւինի քարիւղի եւ կազի արտադրութեան:
Եգիպտոսի մէջ, ՔՈՓ 27-էն ետք, անցեալ տարուան ժողովը հիւրընկալած էր Տուպայ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ: Իսկ այս անգամ` Ազրպէյճան:
Ամէն անգամ քարիւղի եւ կազի արտադրութեան ջատագովներու ձայնը աւելի բարձր կը հնչէ, քան` ջերմոցային կազերու հիմնական աղբիւր հանածոյ վառելանիւթի հակառակորդներու «խմբերգը»:
ՔՈՓ 29-ը հիւրընկալած Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մասնակիցներուն յայտնած է, որ քարիւղն ու կազը «Աստուծոյ պարգեւն են»:
Նման ղեկավարութեան ներքեւ ոչ ոք յոյս ունէր, որ կարելի կ՛ըլլայ նաւթային պետութիւնները համոզել, որ ժողովէն առաջ ընդունուած հաղորդագրութեան մէջ ներառեն հանածոյ վառելանիւթը աստիճանաբար դադրեցնելու խոստումը:
Աւելի՛ն. մոլորակի գլխաւոր նաւթային պետութիւնը` Միացեալ Նահանգներ, նախագահական ընտրութեան մէջ Տ. Թրամփի յաղթանակով կը խոստանայ Փարիզի համաձայնագրով սկսած Երկրի կանաչապատման հոլովոյթի գլխաւոր հակառակորդը դառնալ:
Թրամփ իր առաջին պաշտօնավարութեան ատեն Միացեալ Նահանգները դուրս բերաւ Փարիզի համաձայնագրէն, սակայն յետոյ ընթացակարգը ձգձգուեցաւ, եւ Միացեալ Նահանգներ դուրս մնացին կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարէն` միայն տարիով մը:
Ճօ Պայտըն այդ բոլորը վերադարձուց Սպիտակ տուն մտնելու առաջին իսկ օրը:
Հիմա ամէն բան տեղի կ՛ունենայ տարի մը ետք, եւ Թրամփ պատրաստ է աւելի հեռուն երթալու եւ հրաժարելու ոչ միայն Փարիզի պայմանագիրէն, այլեւ դատապարտել ամբողջ աշխարհի կլիմայական օրակարգի հիմնական փաստաթուղթը` Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի շրջանակային հռչակագիրը:
Փաստօրէն ատիկա Միացեալ Նահանգները կլիմայի փոփոխութեան դէմ համաշխարհային պայքարին մէջ խաղէն դուրս կը բերէ, իսկ կլիմայական համաշխարհային հանրութիւն վերադառնալու համար ապագայ նախագահին գրիչի հարուածը բաւարար չ՛ըլլար, որովհետեւ Քոնկրեսին մէջ նոր վաւերացում պիտի պահանջուի:
Հետեւաբար նաւթային երկիրները առաւելութիւն ձեռք բերին եւ ՔՈՓ 29 կլիմայական ժողովի հաղորդագրութենէն ընդհանրապէս արտանետումներու եւ կլիմայի փոփոխութեան հիմնական աղբիւրը` հանածոյ վառելանիւթերու մասին չի նշուիր:
Միայն կ՛ըսուի, թէ բոլոր 197 երկրները կը հաստատեն վերջին ՔՈՓ 28-ում ընդունուած որոշումները:
Այդ ատեն Տուպայի մէջ առաջին անգամ կարելի եղաւ վերջնական փաստաթուղթին մէջ ներառել նաւթի, ածուխի եւ այլ ածխաջրածիններու «դերակատարութեան աստիճանական նուազման» մասին արտայայտութիւնը` ուրախացնելով կարգ մը գործիչներ եւ տխրեցնելով «աստիճանական մերժումի» խիստ ձեւակերպումը տեսնել փափաքողները:
Նաւթով հարուստ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ժողովը աւելի յուսախաբ ըրաւ հանածոյ վառելանիւթի հակառակորդները:
Մինչ աշխարհի մէջ հակառակ հողմային եւ արեւային ուժանիւթի հզօրութիւններու մրցանշային գործածութեան, նաւթի եւ կազի սպառումը համաշխարհային տնտեսութեան եւ աշխարհի բնակչութեան աճի հաշուոյն կը մեծնայ: Հետեւաբար արտանետումները եւս կ՛աճին:
Մոլորակի համաշխարհային ջերմացումը կը շարունակէ իր սեւ գործը:
2015 թուականին Փարիզի մէջ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու ներկայացուցիչները համաձայնեցան այս դարուն մէջ ճարտարարուեստի մակարդակը նուազեցնել մինչեւ 2 ջերմաստիճան` սահմանափակելու համար համաշխարհային աճը:
Անկէ ետք, անցեալ տասնամեակը դիտարկումներու պատմութեան մէջ ամէնէն տաքն էր:
«2024 թուականը գրեթէ անկասկած կ՛ըլլայ մրցանշային ամէնէն տաք տարին», ժողովէն առաջ նշած էր կլիմայական Քոթերնիքուս եւրոպական ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Սամանթա Պերճես:
«Համաշխարհային ջերմաստիճանի մրցանիշներուն մէջ նոր հանգրուան արձանագրուած է, եւ այդ պէտք է ծառայէ որպէս կլիմայի փոփոխութեան ՔՈՓ 29 ժողովի յաւակնութիւններու մղիչ գործօն, նշած էր ան:
Անոր յոյսերը չարդարացան:
Ինչպէս կ՛ըսէ կլիմայի փոփոխութեան դէմ համաշխարհային պայքարի առաջատարներէն մէկը` Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ալպերթ Կոր, ՔՈՓ 29-ը խուսափեցաւ ձախողութենէ, բայց հեռու է յաջող ըլլալէ:
«Ձեռք բերուած համաձայնութիւնը բացարձակ նուազագոյնն է», յայտարարած էր Կոր:
«Ներկայիս առաջնորդները կը խուսափին պատասխանատուութենէ եւ կը նախընտրեն իրենց լիազօրութիւններէն շատ հեռու երկարատեւ նպատակներ ճշդել: Մենք պէտք է որոշումներ տանք, թէ ի՞նչ պիտի ընենք յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն, ոչ թէ տասնամեակներուն», եզրափակած էր Ալպերթ Կոր:
Կրեթա Թունպերկ. ՔՈՓ 29-ը Պոյքոթող Եւ Քննադատող
21-Ամեայ Աշխուժ Բնապահպանը Եւ Գործիչը
Կրեթա Թունպերկը ծնած է Սթոքհոլմ, Շուէտ, 2003 թուականին: Ութ տարեկանէն սկսեալ ան սկսած է սորվիլ կլիմայի փոփոխութեան մասին: Ան որքան աւելի շատ կ՛ուսումնասիրէր, այնքան աւելի կ՛անհանգստանար, թէ ինչո՛ւ այդքան քիչ բան կը կատարուի այս հարցը լուծելու համար:
2018-ի օգոստոսին Կրեթան որոշեց քայլեր ձեռնարկել: Դպրոց երթալու փոխարէն` ան պատրաստեց մեծ ցուցապաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր` «ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԴԱՍԱԴՈՒԼ ԿԼԻՄԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ», եւ հանդարտօրէն նստաւ Շուէտի խորհրդարանին առջեւ: Անոր նպատակն էր ստիպել քաղաքական գործիչները, որ ուշադրութիւն դարձնեն եւ քայլեր ձեռնարկեն համաշխարհային ջերմացումը կանգնեցնելու համար:
Շուէտական լրատուամիջոցները անդրադարձան Կրեթայի դասադուլին, եւ այդ լուրերը սկսան տարածուիլ: Շուտով տասնեակ հազարաւոր աշակերտներ ամբողջ աշխարհէն միացան անոր #FridaysforFuture դասադուլներուն` ուրբաթ օրերը դպրոց չերթալով եւ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելով կլիմայի փոփոխութեան դէմ:
Մարտ 2019-ին ամբողջ աշխարհէն կլիմայի արշաւի մասնակիցները, զորս Կրեթան ոգեշնչած էր, միացան` համախմբուելու եւ համակարգելու կլիմայի համար առաջին համաշխարհային գործադուլը: Արդիւնքը հսկայական էր. աւելի քան 1,6 միլիոն մարդ 125 երկիրներէ մասնակցեցաւ:
Կրեթան կը բարձրաձայնէ երիտասարդ սերունդներու մտահոգութիւնները` իրենց ապագայի վերաբերեալ, որ վտանգուած է համաշխարհային ջերմացումին պատճառով: Անոր միջազգային ազդեցութիւնը աննախադէպ էր իր տարիքի անձի մը համար: Time Magazine-ի կողմէ ան համարուած է աշխարհի 100 ամէնէն ազդեցիկ անձնաւորութիւններէն մէկը եւ 2019 թուականին այս ամսագրին կողմէ արժանացած է «Տարուան մարդը» կոչումին: Forbes ամսագիրը զայն ներառած է նաեւ 2019 թուականի աշխարհի 100 ամէնէն հզօր կիներու ցուցակին վրայ, եւ ան երկու անգամ առաջադրուած է Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին (2019 եւ 2020 թուականներուն):
Կրեթա Թունպերկ` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի
մարդասիրական առաջին մրցանակի դափնեկիրը
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը 2020 թուականին, առաջին անգամ ըլլալով, շնորհեց «Մարդասիրութեան համար» մրցանակը, որ յանձնուեցաւ 17-ամեայ բնապահպան գործիչ Կրեթա Թունպերկին: Կրեթա ընտրուած է 46 տարբեր երկիրներէն ներկայացուած 136 թեկնածուներէն (որոնց մէջ կային 79 կազմակերպութիւններ եւ 57 անձեր):
Ան պարգեւատրուած է շրջակայ միջավայրի պահպանման ուղղութեամբ իր տարած «յամառ պայքարին» եւ այդ պայքարին մէջ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու իր կարողութեան համար: Մրցանակը կը կազմէր գրեթէ մէկ միլիոն եւրօ: Թունպերկ յայտարարած էր, որ ամբողջ գումարը պիտի փոխանցէ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններուն եւ ծրագիրներուն: Ան արդէն այդ գումարէն 100 հազար եւրօ տրամադրեց «SOS Amazonia» ծրագիրին, որ կը զբաղի Ամազոնի անտառներու պահպանութեամբ եւ կ՛օգնէ շրջանի տեղաբնիկներուն` պայքարելու Քորոնա համաճարակին դէմ: 100 հազար եւրոյի յատկացում մըն ալ տրամադրած էր «Stop Ecocide» ծրագիրին, որուն հիմնադիրները կը ձգտին երկիրներու կողմէ բնութեան հասցուած վնասները որպէս ոճիր ճանչցնել տալ: