Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անկասկած անփոխարինելի են ծնողները, սակայն յառաջացած արհեստագիտութիւններու ճիշդ գործածութիւնը ծնողներուն կողմէ, շատ օգտակար կրնայ ըլլալ երեխաներուն համար: «Միտիում» կայքի յօդուածը այս մասին կը խօսի:
Ն.
Պատկերացուցէք աշխարհ մը, որ շատ նման է մերինին, բայց աւելի մեծ կախուածութեամբ` թուային լուծումներէն: Աշխարհ մը, ուր երեխան, եկէք, զայն կոչենք Զօ, դպրոցէն տուն կը շտապէ ոչ թէ ծնողներու ջերմ գրկախառնութեան, այլ զարգացած արհեստական բանականութեան (ԱԲ) համակարգի` իր ԹՈՒԱՅԻՆ (DIGITAL) ծնողի հանգստացնող, նմանակուած ձայնին մօտ:
Այս բեմագրութիւնը կրնայ ձեզի յիշեցնել «Ան» ժապաւէնը, ուր առանձին տղամարդը մխիթարութիւն եւ, ի վերջոյ, սէր կը փնտռէ արհեստական բանականութեան համակարգի ձայնով:
Կարելի է մտածել, թէ արդեօ՞ք այս կը գերազանցէ վիպապաշտ ընկերակցութիւնը: Նմանապէս, հնարաւո՞ր է, որ Զոյի նման երեխան գտնէ ծնողական ջերմութիւն եւ առաջնորդութիւն` քոտի եւ ալկորիթմներու մէջ:
Արհեստական բանականութեան ներխուժումը մեր կեանքը ոչ այլ ինչ էր, քան` յուզիչ երթեւեկ: Քսան տարիէ աւելի ԱԲ-ն ներթափանցած է մեր կեանքի բոլոր ոլորտները` սկսած մեր հեռաձայններէն եւ տուներէն, մինչեւ մեր աշխատատեղիներն ու ինքնաշարժները: Այդ կը վերասահմանէ հնարաւորութիւնները եւ կը վերացնէ այն պատնէշները, որոնք մենք ժամանակին կը համարէինք, որ անյաղթահարելի են: Բայց հիմա, քանի որ այդ կանգնած է մարդկային ամէնէն խոր փորձառութիւններէն մէկուն` դաստիարակութեան եզրին, մենք մնացած ենք հրատապ հարցումի մը դիմաց. արհեստական բանականութիւնը կրնա՞յ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ծնողները: Բայց նախ, եկէ՛ք, խօսինք այն մասին, թէ ի՛նչ է ծնողքի դաստիարակութիւնը եւ ինչպէս այդ կը գործէ:
Ծնողքի դաստիարակութեան առաջադրանքներէն անդին
Ծնողքի դաստիարակութիւնը աւելին է, քան` պարզապէս առաջադրանքներ կատարելը. այդ կը պահանջէ բազմազան մօտեցումներ: Ծնողները կը կառավարեն ոչ միայն իրենց երեխաներու հիմնական կարիքները` կերակրելը, լոգանք առնելը եւ հագուիլը, այլեւ` անոնց յուզական եւ հոգեբանական զարգացումը, որ կը ձեւաւորէ անոնց անհատականութիւնը:
Դաստիարակութիւնը կը ներառէ բնազդով հասկնալ եւ արձագանգել երեխային ցանկութիւններուն եւ զգացումներուն: Այդ կը պահանջէ ճանչնալ անոնց մտահոգութիւնները, օգնել անոնց` յաղթահարելու հիասթափութիւնները եւ աջակցելու անոնց իւրայատուկ հետաքրքրութիւններուն: Այդ կը վերաբերի` կարեկցանքի, բարոյականութեան, ինքնագնահատականի եւ ճկունութեան ուսուցման: Ծնողները վստահութիւն, յարմարաւէտութիւն եւ անվտանգութիւն կը ստեղծեն երեխաներուն համար` աշխարհը բացայայտելու:
Բացի անկէ` ծնողք-երեխայ յարաբերութիւնները կը զարգանան ընդհանուր փորձառութիւններու, ինքնաբուխ ծիծաղի, մխիթարական գրկախառնութիւններու եւ անվերապահ սիրոյ` շնորհիւ մարդկային նուրբ փոխազդեցութիւններու, որոնք կը դաստիարակեն երեխայի անվտանգութեան եւ պատկանելիութեան զգացումը:
Հակառակ ԱԲ-ի աճող ազդեցութեան` կ՛արժէ ուսումնասիրել, թէ արդեօ՞ք ԱԲ-ն կրնայ վերստեղծել դաստիարակութեան այս մտերիմ երեւոյթները` յուզական խորութիւնը, բարդ յոյզերուն կարեկցելու եւ արձագանգելու կարողութիւնը եւ սնուցանող բնազդը:
Ինչո՞ւ ԱԲ-ն պատասխանն է «Ի՞նչ բան կրնայ փոխարինել ծնողները» հարցումին
ԱԲ-ի ուսուցումն ու յարմարելու ունակութիւնը զայն կը դարձնեն ծնողները փոխարինող:
Արհեստական բանականութեան ժամանակակից համակարգերը կրնան մշակել եւ սորվիլ մեծաքանակ տուեալներ` բարձրացնելով տարբեր իրավիճակներուն արձագանգելու անոնց կարողութիւնը, ներառեալ` երեխաներու խնամքը:
Արհեստական բանականութեան գործիքները կրնան ապահովել կրթական աջակցութիւն, հմուտ կատարել սովորական առաջադրանքները եւ նոյնիսկ յարմարեցնել փոխազդեցութիւնները` հիմնուած երեխայի նախասիրութիւններուն եւ զարգացման վրայ, արդիւնաւէտ յարմարելով անոնց իւրօրինակ ուսուցման ոճերուն եւ կշռոյթներուն:
Արհեստական բանականութեան կանխատեսման հնարաւորութիւնները կրնան նաեւ օգնել կանխատեսելու մարտահրաւէրները կամ վտանգները` թոյլ տալով կանխարգելիչ միջոցառումներ, որոնք կրնան բարելաւել երեխաներու անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը: Աւելի՛ն. ԱԲ գործիքները կրնան ամբողջ օրը մատչելի ըլլալ, բան մը, որ դժուար է բազմաթիւ պարտականութիւններով զբաղող մարդկային ծնողներու համար:
Թէեւ այս հնարաւորութիւնները արհեստական բանականութիւնը կը դարձնեն հետաքրքրական թեկնածու, սակայն կարեւոր է նշել, որ այդ դեռ շատ հեռու է մարդիկը խնամողները ամբողջութեամբ փոխարինելէ: Բայց եւ այնպէս, այդ մեզ կը մղէ մտածելու, թէ որքանո՛վ ԱԲ-ն պէտք է դերակատար ըլլայ երեխաներու խնամքի գործին մէջ: Երբ մենք կը գործածենք ԱԲ-ի առաւելութիւնները դաստիարակութեան մէջ, հրամայական կը դառնայ անդրադառնալ այն բարոյագիտական եւ հոգեբանական ազդեցութիւններուն, որոնք ԱԲ-ն ունի երեխաներու վրայ, երեւոյթ մը, որ արժանի է զգուշ դիտարկման` նկատի առնելով ԱԲ-ի աճող ազդեցութիւնը:
Բարոյագիտական մտահոգութիւնները եւ հաւանական հոգեբանական ազդեցութիւնը երեխաներու վրայ
Մինչ ԱԲ-ն աւելի մեծ դեր կը ստանձնէ ծնողք դառնալու մարզին մէջ, կը յառաջանան բարոյագիտական եւ հոգեբանական մտահոգութիւններ: Բարոյագիտական տեսանկիւնէն հետեւանքները լայնածաւալ են:
Ո՞վ պատասխանատու է, եթէ ԱԲ համակարգը սխալ մը գործէ:
Որքա՞ն հեղինակութիւն պէտք է ունենայ մեքենան երեխայի մը կեանքին վրայ:
Հաւանական է, որ ԱԲ-ն կարողութիւն չունի տալու այնպիսի կարեւոր որոշումներ, որոնք հիմնական նշանակութիւն ունին երեխաներու դաստիարակութեան համար, եւ ծրագրաւորման կողմնակալութիւնները կրնան ազդել այդ որոշումներուն վրայ:
Հոգեբանօրէն երեխաները կը պահանջեն աւելին, քան` հրահանգներ, որպէսզի վերածուին լաւ անհատներու. անոնք կը պահանջեն զգացմունքային ըմբռնում եւ խնամք: Յուզական զարգացումը երեխաներու, որոնց դաստիարակութեան վրայ էականօրեն կ՛ազդեն ԱԲ համակարգերը, կրնայ վտանգուիլ: Օրինակ, արհեստական բանականութեան անկարողութիւնը` ստեղծելու իսկական զգացմունքային կապ, կրնայ յանգեցնել կապուածութեան եւ հաղորդակցութեան կապուած խնդիրներու: Աւելի՛ն. այդ կրնայ նաեւ շեղել մարդկային փոխյարաբերութիւններու վերաբերեալ անոնց ըմբռնումը:
Թէեւ արհեստական բանականութիւնը կրնայ աջակցիլ դաստիարակութեան, մասնաւորապէս` պատկերացումներ տրամադրելու եւ կրթական ջանքերուն աջակցելու հարցին մէջ, իրական յուզական խորութեան բացակայութիւնը կարելի չէ անտեսել:
Քանի որ ԱԲ-ի դերը դաստիարակութեան մէջ կը մեծնայ, շատ կարեւոր է ուշադիր դիտարկել բարոյագիտական եւ հոգեբանական հետեւանքները` երեխաներու լաւագոյն շահերը պաշտպանելու համար:
Ի վերջոյ, ԱԲ-ն մեքենայ է… Իսկ մեքենաները կը ձախողին: Իսկ ի՞նչ կը պատահի, եթէ ԱԲ-ն խանգարուի` փորձելով ծնողք ըլլալ: Այդ կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ:
Երբ ԱԲ-ն ձախողի…
Պատկերացուցէք այս. մինչ ծնողները հանգիստ կը քնանան քովի սենեակին մէջ, Պելլան` ԱԲ դայեակը, կը հետեւի նորածինի լացին: Սենսըրի խանգարումի մը պատճառով ան սխալ կը մեկնաբանէ կաթի ջերմաստիճանը, երբ ան կը պատրաստէ շիշը: Պելլան կը կերակրէ երեխան կաթով, որ կ՛այրէ անոր բերանը:
Կամ` այս. 5-ամեայ Լիլին, որ միայն ԱԲ ուսուցիչ Պոտ-Էտի ընկերակցութեամբ տունը դաս սորված ատեն խաղալիք մը կը մնայ կոկորդը, մինչ Պոտ-Էտ կը շարունակէ դասը` անտեսելով արտակարգ իրավիճակը:
Հակառակ այն հանգամանքին, որ այս երեւակայական բեմագրութիւնները ցոյց կու տան հնարաւոր վտանգները, անոնք բնորոշ չեն: Գործածելով արհեստական բանականութեան հնարաւորութիւնները, կը մշակուին ծնողական բազմաթիւ օժանդակ միջոցներ` հաւասարակշռուած, պատասխանատու մօտեցման անհրաժեշտութիւնը, ԱԲ-ն դաստիարակութեան ներառելու հարցին մէջ:
Եկէ՛ք, ուսումնասիրենք, թէ ինչպէ՛ս արհեստական բանականութեան վրայ աշխատող ծնողական գործիքները կը վերափոխեն ժամանակակից դաստիարակութիւնը:
Ինչպէ՞ս ԱԲ գործիքները կը փոխակերպեն ժամանակակից դաստիարակութիւնը:
Այսօր ծնողները աւելի ու աւելի կ՛ապաւինին ԱԲ-ին` երեխաներու խնամքի խնդիրներուն աջակցելու համար: Կան բազմաթիւ ԱԲ գործիքներ, որոնք կը նպաստեն երեխաներու համար աջակցող, գրաւիչ եւ ապահով միջավայրի ստեղծման:
Google Read Along-ը արհեստական բանականութեան յաւելուած մըն է, որ նախատեսուած է երեխաներու ընթերցանութեան հմտութիւնները բարելաւելու համար: Այդ կը խթանէ հաճելի եւ կրթական փորձը ընթերցանութեան միջոցով:
Նմանապէս, Արիանա ԱԲ-ն կը գործէ որպէս վիրչուըլ օգնական, որ կը վերահսկէ երեխաներու վարքագիծը եւ գործողութիւնները` ծնողներուն տրամադրելով անոնց առօրեայի համապարփակ պատկերացում:
Luca & Friends-ը, Galaxy Kids-ը եւ Langotalk-ը բոլորը կ՛ապահովեն ուսուցման լուծումներ: Langotalk-ը երեխաները կը ներգրաւէ խօսակցական լեզուի ուսուցման մէջ ԱԲ հրահանգիչներու հետ, բան մը, որ նոր լեզուներու իւրացումը կը դիւրացնէ: Ուղեկից մարդամեքենաները, ինչպիսիք են Miko ԱԲ-ն եւ Moxie ԱԲ-ն, կ՛առաջարկեն ընկերակցութեան եւ կրթական բովանդակութեան գրաւիչ խառնուրդ մը:
Ժամանակի ընթացքին այս մեքենաները կը յարմարին երեխայի նախասիրութիւններուն` դիւրացնելով անոնց մօտեցումը անհատականացուած ուսուցման հնարաւորութիւններ ապահովելու համար:
Teddy ԱԲ-ն կը նպաստէ յուզական ուսուցման` զրոյցներու միջոցով բարձրացնելով երեխաներու յուզական բանականութիւնը:
ԱԲ-ի վրայ աշխատող հսկողութեան, ուսուցման եւ զարգացման այս գործիքները կը դառնան ժամանակակից դաստիարակութեան անբաժանելի մասը: Նպատակն է օգտագործել այս գործիքները` օգնելու մեղմել ծնողներու որոշ առօրեայ մարտահրաւէրները, որպէսզի ծնողները կարողանան կեդրոնանալ իրենց ընտանիքներու հետ որակեալ ժամանակ անցընելու վրայ:
Բայց եւ այնպէս, կրնա՞ն անոնք օր մը փոխարինել կենսական զգացմունքային կապը եւ բնազդային ըմբռնումը, որոնք ծնողները կը կիսեն իրենց երեխաներու հետ: Կրնա՞ն ծնողները ամբողջովին անոնց վստահիլ իրենց երեխաներու դաստիարակութիւնը:
Ո՛Չ: Դե՛ռ ոչ:
Անդրադառնալով արհեստական բանականութեան եւ ծնողքի դաստիարակութեան` յառաջ նայիլ
Ծնողք ըլլալը բնածին մարդկային փորձառութիւն է` սիրոյ, դաստիարակութեան, կարգապահութեան եւ առաջնորդութեան խառնուրդ: Թէեւ ԱԲ-ն կրնայ աջակցիլ այս փորձառութեան` կառավարելով առաջադրանքները, կրթելով երեխաները եւ նոյնիսկ տրամադրելով յուզական աջակցութիւն, սակայն այդ չի կրնար փոխարինել դաստիարակութեան մէջ մարդկային տարրը:
ԱԲ-ն ունի ներուժ` մեղմելու ծնողական մարտահրաւէրները եւ, եթէ խելամիտ գործածուի, կրնայ էապէս մեղմել ճնշուածութիւնը: Բայց եւ այնպէս, անոր լաւագոյն գործածութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ զարգացնէ ծնողներու հմտութիւնները եւ արդիւնաւէտութիւնը, այլ ոչ թէ` փոխարինէ մարդկային ընկերակցութիւնը:
ԱԲ գործիքներու առաջադրանքներու վրայ հիմնուած գործածութիւնը կրնայ ծնողները ազատել առօրեայ աշխատանքէն եւ աւելի որակեալ ընտանեկան ժամանակ տրամադրել: Բայց եւ այնպէս, շատ կարեւոր է գտնել հաւասարակշռութիւն, որ կը գործածէ ԱԲ-ի օգուտները` չփոխարինելով ծնողական դաստիարակութեան հիմնական երեւոյթները` երեխաներու խնամքը, ուսուցումը եւ կապը: