Սմարթֆոնը` Երեխաներու Ձեռքին
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բրիտանական «Ինտիփենտընտ» թերթին կայքը հրապարակած է ծնողներու եւ մասնագէտներու մասնակցութեամբ բանավէճ մը` երեխաներու սմարթֆոնի գործածութեան նիւթով: Կը ներկայացնենք երկու մայրերու կարծիքներ: Ն. Արգիլե՞Լ Երեխաներուն Սմարթֆոներ Գործածել. «Այո՛, Ճի՛Շդ» «Երեխաները կը զարգանան, երբ պատասխանատուութիւն կը կրեն,- կը գրէ երեք երեխաներու մայր Ֆիոնա Սքոթ: - Անոնց հեռաձայնները խլելը ոչ միայն զանոնք աւելի մեծ վտանգի կ՛ենթարկէ, այլեւ կ՛ազդէ անոնց իրենք զիրենք...




















