Երեխաները Զէնքէ Պաշտպանել
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Երեխաներ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը զոհուին զինեալ մարդասպաններու կողմէ, բայց ազդեցիկ ոչ մէկ կարծիք կայ այն մասին, թէ այս տագնապը ինչպէ՛ս պէտք է դիմակայել: Պարզ է, որ զէնքի գործարանները, վաճառականները, արտադրողները բաւական պաշտպանուած են իշխանութեան զանազան խաւերու մէջ գտնուող բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ: Զարմանալի է, որ անհատ մը զէնք ձեռք կը ձգէ եւ հաւաքականութեան մը մէջ (երբեմն` դպրոց կամ...




















