Մշակութային եւ Այլազան

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Պէյրութ Եւ Շրջակայքը Վայրագ Ռմբակոծումներու Տարափին Տակ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պէյրութ Եւ Շրջակայքը Վայրագ Ռմբակոծումներու Տարափին Տակ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Տագնապի Լուծման Համար Հանգրուանային Ծրագիրներ Իսրայէլեան բանակին կողմէ արեւմտեան Պէյրութի պաշարման եւ հետեւողական ռմբակոծումներու պայմաններուն տակ, քաղաքական գետնի վրայ, բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենային եւ կը քննարկուէին առաջին հերթին իսրայէլեան ուժերը Պէյրութէն 8 քիլոմեթր հեռացնելու, պաղեստինեան ուժերը Պէյրութէն առժամաբար հիւսիս եւ Պեքաա փոխադրելու, իսկ հակադիր ուժերուն միջեւ միջազգային ուժեր հաստատելու ծրագիրներ: Այնուհետեւ կը նախատեսուէր Արաբական լիկայի նախարարական ժողով մը...

Պէտք Է Գրաւիչ Ըլլայ Այն Կինը, Որ Ինծի Կը Յաջորդէ. Տալայ Լամա

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ   Թիպեթի հոգեւոր առաջնորդը սեռային խտրականութեան վէճ հրահրեց` ըսելով, որ տգեղ կին մը չի կրնար Տալայ Լամայի աշխատանքը ընել: Ստորեւ` «Պի.Պի.Սի.»-ի կայքին վրայ հրապարակուած այս հարցին անդրադարձող Քոլին Ֆրիմանի յօդուածէն հատուածներ: Արեւմուտքի մէջ իր միլիոնաւոր համակիրներուն համար ինք ապրող, շնչող մարմնացումն է մարդկայնութեան եւ կարեկցանքի: Բայց եթէ  Տալայ Լաման փոխարինելը արդէն խիստ դժուարին էր, այժմ ինք հաստատեց ...

Անն Քուլթըր. Կին Մը, Որ Կը Փորձէ  Ամերիկայի Ամէնէն Ատելի Կինը Ըլլալ

Անն Քուլթըր. Կին Մը, Որ Կը Փորձէ Ամերիկայի Ամէնէն Ատելի Կինը Ըլլալ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Անն Քուլթըր ամերիկացի մեկնաբան է, որ վիրաւորած է  ամէն ոք` նախագահ Պարաք Օպամայէն մինչեւ իր վերջին թիրախը` հրեայ ժողովուրդը: Այս մասին Պի.Պի.Սի.-ի կայքը հրապարակած է Ռաթիքա Սանխանիի յօդուածը, որ թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ: Նշենք, որ յօդուածին ցարդ արձագանգած են շուրջ 2000 անձեր, իրարու հակադրուող մեկնաբանութիւններով: Եթէ դուք բնաւ չէք լսած Անն Քուլթըրի մասին,  կրնայ ըլլալ` փառք տաք...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Իսրայէլեան Օդանաւային Ռմբակոծումներ` Արեւմտեան Պէյրութի Եւ Պեքաայի Վրայ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Օդանաւային Ռմբակոծումներ` Արեւմտեան Պէյրութի Եւ Պեքաայի Վրայ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ   Իսրայէլեան բանակին Լիբանան ներխուժումէն եւ արեւմտեան Պէյրութի պաշարումէն ետք, 1982 յուլիսի կէսերուն ստեղծուած քաղաքական եւ զինուորական սառած իրավիճակը կը մնար անփոփոխ, իսկ Պէյրութի տագնապի լուծման` պաղեստինեան ուժերու հեռացման եւ միջազգային խաղաղարար ուժի մը Պէյրութ առաքման առաջադրանքներուն գծով, Պէյրութի,  ՈՒաշինկթընի, Իսրայէլի եւ արաբական ու եւրոպական երկիրներու միջեւ տարուող ուղղակի եւ անուղղակի բանակցութիւննեը կը շարունակուէին: Իսրայէլեան օդանաւեր հինգշաբթի, 22...

Աշխարհի Կայուն Զարգացման Համաշխարհային Նոր Նպատակները

Աշխարհի Կայուն Զարգացման Համաշխարհային Նոր Նպատակները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 193 անդամներէ բաղկացած ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 25 սեպտեմբեր 2015-ին որդեգրեց կայուն զարգացման օրակարգը եւ համաշխարհային նոր նպատակներ: Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն այս քայլը նկատեց իբրեւ համաշխարհային, համալրող եւ վերափոխող տեսլական մը` աւելի լաւ աշխարհի մը համար: Ստորեւ կը ներկայացնենք 17 նպատակները. Նպատակ 1. Վերջ Աղքատութեան Իր Բոլոր Ձեւերով Ծայրայեղ աղքատութեան աստիճանը աւելի քան 50 առ հարիւրով...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Տարածուն Ռմբակոծումներ Եւ Օտար Ուժերու Հեռացման Ու Միջազգային Խաղաղարար Ուժերու Առաքման Ծրագիրներ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Տարածուն Ռմբակոծումներ Եւ Օտար Ուժերու Հեռացման Ու Միջազգային Խաղաղարար Ուժերու Առաքման Ծրագիրներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի երկու գօտիներն ու անոնց արուարձանները, ինչպէս նաեւ` մայրաքաղաքին հարաւ-արեւելեան բարձունքներն ու մինչեւ Տըպպայա տարածուող շրջանները կիրակի, 11 յուլիս 1982-ին ապրեցան լիբանանեան տագնապի ամէնէն ծանրակշիռ` կոյր ռմբակոծումներու մթնոլորտը բնորոշող օր մը: Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 3:30-ին, հարաւային արուարձաններուն եւ անոնց յարակից բարձունքներուն միջեւ ծայր առած ռմբակոծումները աստիճանաբար սաստկացան ու կէսօրուան մօտ հասան այնպիսի սաստկութեան եւ տարողութեան, որ աննախընթաց էր...

Կատա՞կ, Թէ՞ Իրաւ. 11 Բռնատէրեր

Կատա՞կ, Թէ՞ Իրաւ. 11 Բռնատէրեր

Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Տխրահռչակութենէ մինչեւ խելագարութիւն, ահաւասիկ կը տողանցեն 11 ղեկավարներ, որոնք «խոստովանած» են իրենց բռնատէր ըլլալը: Յատուկ անհատականութիւն մը պէտք է ունենալ ժողովրդավարական ընտրութեան թեկնածու առաջադրուելու, կամ նոյնիսկ երկիր մը «ստանձնելու» համար: Եւ մինչ ամբողջ պետութեան մը «պոս»-ը ըլլալը կ՛ենթադրէ ես-ի, անձնականութեան ուղեւորութիւն մը, ատիկա նաեւ  խոշորացոյցի տակ կ՛առնէ ներքին մղումները, յաճախանքները եւ բնազդային խանգարումները: Ատիկա նաեւ այս դէմքերը...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Արեւմտեան Պէյրութ Պաշարման Օղակի Մէջ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Արեւմտեան Պէյրութ Պաշարման Օղակի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Հարաւային Արուարձաններու Սաստիկ Ռմբակոծում   Լիբանանէն ներս իսրայէլեան ներխուժումէն ամիս մը ետք, Իսրայէլ 4 յուլիս 1982-ին գործադրութեան դրաւ արեւմտեան Պէյրութի շուրջ հաստատուած պաշարման օղակը սեղմելու սպառնալիքը: Արդարեւ, դէպի արեւմտեան Պէյրութ տանող անցքերէն երկուքը` Կալըրի Սըմաանի եւ Թանգարանի գիծերը փակուեցան, իսկ նաւահանգիստին անցքէն երթեւեկը մնաց գրեթէ անկարելի: Օդակայանի եւ Ուզահիի շրջաններուն մէջ բախումներ եւ փոխադարձ հրթիռարձակումներ ծայր առին,...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Սաստիկ Ռմբակոծումներ` Պէյրութէն Մինչեւ Խալտէ Եւ Գաղթակայաններ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սաստիկ Ռմբակոծումներ` Պէյրութէն Մինչեւ Խալտէ Եւ Գաղթակայաններ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Ալէյ - Պհամտուն-Համմանա Գօտին` Զինուորական Գործողութեանց Առանցք Իսրայէլեան ուժեր Մքալլէսի վերելքին վրայ Իսրայէլեան բանակին Լիբանան ներխուժումէն եւ Պէյրութի դուռերուն հասնելէն ետք, Պէյրութի հարաւային արուարձաններն ու մինչեւ օդակայանի գօտին տարածուող պաղեստինեան գաղթակայանները թատերաբեմ կը մնային իսրայէլեան սաստիկ ռմբակոծումներու եւ բախումներու: Երեքշաբթի, 22 յունիս 1982-ին Ալէյ-Պհամտուն-Մտէյրէժ գօտիին վրայ, լեռնային ճակատները բռնկեցան իսրայէլեան ու սուրիական ուժերը իրարու հակադրող ծանրակշիռ բախումներով,...

Երիտասարդները Եւ Ծերերը Կրնա՞ն Մնայուն Բարեկամութիւն Մշակել

Երիտասարդները Եւ Ծերերը Կրնա՞ն Մնայուն Բարեկամութիւն Մշակել

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ Ամէնէն հին ժամանակներէն մինչեւ այսօր մարդոց համար միշտ կենսական եղած է ընկերոջ մը, կամ ընկերներու ներկայութիւնը: Փիլիսոփաներ, տեսաբաններ եւ ընկերաբաններ վաւերական- առարկայական տեսակէտներ արտայայտած են: Արուեստի մարզին մէջ բազմաթիւ ենթակայական կարծիքներ դրսեւորուած են բանաստեղծութեան, վէպի, երգի, գեղանկարի, պալէի, թատրոնի, շարժապատկերի տեսքով: Եթէ մօտիկ անցեալին բարեկամական կապեր հաստատելն ու պահելը շատ մեծ ջանքեր չէր պահանջեր, այսօր սակայն երեւոյթը...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Իսրայէլեան Ուժերու Յառաջխաղացք Եւ Ծանր Բախումներ Հատէթ-Շուէյֆաթ Առանցքին Վրայ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Ուժերու Յառաջխաղացք Եւ Ծանր Բախումներ Հատէթ-Շուէյֆաթ Առանցքին Վրայ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Իսրայէլեան ուժեր Հատիթէն դէպի Ժսըր Պաշա ճամբուն վրայ Իսրայէլեան ուժերու Լիբանան ներթափանցումէն եւ դէպի Պէյրութ տարածումէն քանի մը օր ետք, պատերազմական գործողութիւնները զգալի կերպով սահմանափակուեցան եւ տեղի տուին քաղաքական ճիգերու առջեւ: Արդարեւ, մինչ իսրայէլեան ուժերը նոր յառաջխաղացք կ՛արձանագրէին, լիբանանեան պետութեան կողմէ յայտարարուեցաւ կազմութիւնը հայրենիքի փրկութեան խորհուրդի մը, որ նախագահի կողքին, կոչուած էր լուծում մը գտնելու հրատապ հարցերուն եւ...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Իսրայէլեան Ուժեր Պէյրութի Դուռերուն Առջեւ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Ուժեր Պէյրութի Դուռերուն Առջեւ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Տահր Պայտարի սուրիական դիրքերը Հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու ռմբակոծումներէն ետք, իսրայէլեան ուժերու Լիբանան ներթափանցումով, 6 յունիս 1982-ին ծայր առած Հարաւի պատերազմը յաջորդող օրերուն վտանգաւոր նոր անկիւնադարձներ արձանագրեց ու առաջին անգամ ըլլալով դուրս եկաւ Լիբանանի աշխարհագրական սահմաններէն, գործնական նախանշաններ ի յայտ բերելով Սուրիա-Իսրայէլ ճակատումի մը: Հարաւի գրաւումէն ետք, իսրայէլեան ուժերուն յաջորդ նպատակակէտը կը հանդիսանար Պէյրութը: Իսրայէլեան յարձակումներն...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Իսրայէլեան Բանակին Հարաւ Ներխուժումը Եւ Յառաջխաղացքը Դէպի Պէյրութ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Բանակին Հարաւ Ներխուժումը Եւ Յառաջխաղացքը Դէպի Պէյրութ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Տամուր ռմբակոծման պահուն, 7 յունիս 1982-ին Իսրայէլեան բանակը 6 յունիս 1982-ին ընդհանուր յարձակողականի մը անցաւ հարաւային Լիբանանի վրայ, պաղեստինեան հրետանին 40 քիլոմեթր դէպի հիւսիս ետ մղելու պատրուակով` հարաւը գրաւելու եւ զայն իր հակակշիռին տակ պահելու առաջադրանքով: Արդարեւ, կիրակի, 6 յունիսի յետմիջօրէին իսրայէլեան բանակը ընդհանուր յարձակողական մը շղթայազերծեց հարաւային Լիբանանի վրայ: Հարիւր հրասայլերով ու հարիւր զրահապատ կառքերով, իսրայէլացի 20...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Ծանր Բախումներ Եւ Իսրայէլեան Օդուժի Վայրագ Յարձակումներ Արեւմտեան Պէյրութի Եւ Հարաւի Մէջ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Ծանր Բախումներ Եւ Իսրայէլեան Օդուժի Վայրագ Յարձակումներ Արեւմտեան Պէյրութի Եւ Հարաւի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մարզական աւանի եւ Պիր Հասանի ռմբակոծումը 4 յունիս 1982-ին Հարաւային Լիբանանի վիճակը, քանի մը ամսուան համեմատական հանդարտութենէ ետք, 1982-ի ապրիլին դարձաւ կրկնակիօրէն մտահոգիչ: Միւս կողմէ, իսրայէլեան յարձակումի մը  հաւանականութենէն բխող մտավախութիւնները փարատելէ առաջ, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ բախումներ ծայր առին Ամալի եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն միջեւ, որոնք արձագանգ գտան եւ տարածուեցան հարաւի մէջ, պատճառելով մարդկային եւ նիւթական...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Իսրայէլեան Օդանաւային Վայրագ Ռմբակոծումներ Հարաւային Լիբանանի Վրայ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Օդանաւային Վայրագ Ռմբակոծումներ Հարաւային Լիբանանի Վրայ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պաղեստինցի գաղթականներ հարաւային Լիբանանի մէջ Լիբանանի մէջ կայուն զինադուլի մը հաստատման առաջադրանքով կազմուած արաբական քառանդամ յանձնախումբը 1981 յունիսի սկիզբը եւ ապա` յուլիսի սկիզբը Պէյթէտտինի մէջ գումարած ժողովներու ընթացքին քննարկեց շարք մը հարցեր, որոնք կեդրոնացած էին գլխաւոր քանի մը կէտերու վրայ. ա) Իսրայէլի հետ գործակցող կողմերու հարցն ու անոր նկատմամբ կեցուածքի մը ճշդումը. բ) Լիբանանեան ազգային համերաշխութեան զօրացման մեկնակէտերն...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Զահլէի Պաշարման Վերացում Եւ Ապահովութեան Ծրագիրի Իրագործում

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Զահլէի Պաշարման Վերացում Եւ Ապահովութեան Ծրագիրի Իրագործում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Զահլէէն Պէյրութ փոխադրուած «Լիբանանեան ուժեր»-ու միլիսներու դիմաւորում Պէյրութի մէջ 1981 յունիսի կէսերուն կացութիւնը աստիճանաբար սկսաւ հանդարտիլ: Պետական, ապահովութեան եւ քաղաքական պատասխանատու շրջանակներու նախաձեռնութեամբ ու անոնց միջեւ շփումներ տեղի ունեցան մայրաքաղաքի սահմանագիծը կտրող կարգ մը անցքերու վերաբացման առաջադրութեամբ: Այս ուղղութեամբ, գործնական առաջին քայլերը առնուեցան, երբ Պուլվար Քամիլ Շամուն-Կալըրի Սըմաան-Շիահ գիծին վրայ իրենց դիրքերը վերագրաւեցին լիբանանեան բանակի ու արաբական զսպիչ...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.   Պէյրութ Եւ Շրջանները Ռումբերու Տարափին Տակ.  Մահ Խաչիկ Արապեանի

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պէյրութ Եւ Շրջանները Ռումբերու Տարափին Տակ. Մահ Խաչիկ Արապեանի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի սահմանագիծին վրայ բախումները եւ մայրաքաղաքի երկու շրջաններուն միջեւ ռմբակոծումները 1982-ի մայիսի 18-էն ետք մեղմացան: Մինչ, միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը երկար թռիչքներ կ՛ընէր Պէյրութի շրջակայ պաղեստինեան գաղթակայաններուն վերեւ եւ կը դիմաւորուէր հակաօդային զէնքերու առատ կրակոցներով: Իսրայէլեան օդանաւերը սկիզբը թռիչքները կը կատարէին առաւօտուն եւ հակաօդային թնդանօթներու պայթումները կ՛արթնցնէին արեւմտեան Պէյրութի բնակիչները: Այնուհետեւ թռիչքները տեղի կ՛ունենային մայրամուտին: Արդարեւ, մութին հակաօդային...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Բուռն Բախումներ Պէյրութի Սահմանագիծին Եւ Սաննինի Բարձունքներուն Վրայ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Բուռն Բախումներ Պէյրութի Սահմանագիծին Եւ Սաննինի Բարձունքներուն Վրայ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սաննինի բարձունքները Լիբանանի մէջ 1981 ապրիլի սկիզբը բռնկած կռիւները, յատկապէս` Պէյրութի, Զահլէի եւ Հարաւի մէջ, ապրիլի վերջաւորութեան մեղմացան: Պէյրութի եւ Զահլէի մէջ ապահովական կացութիւնը զգալիօրէն բարելաւուեցաւ, ինչպէս նաեւ ապահովութեան ամրապնդման համար աշխատանքներ տարուեցան: Հակամարտ կողմերու ուժերու յարաբերակցութիւնը, 1981 ապրիլի տուեալներով, հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէր: ա) Արաբական զսպիչ ուժերը կ՛ընդգրկէին սուրիացի 25 հազար զինուորներ: Անոնք օժտուած էին հրասայլերով, հրետանիով,...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Ծանր Բախումներ Պէյրութի Սահմանագիծին Վրայ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Ծանր Բախումներ Պէյրութի Սահմանագիծին Վրայ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Օրհասական Կացութիւն Զահլէի Մէջ «Լիբանանեան ուժեր»-ու միլիսներ Զահլէի մէջ Զահլէի եւ Պէյրութի մէջ 2 ապրիլ 1981-ին ծայր առած ծանրակշիռ բախումները եւ բուռն ռմբակոծումները յաջորդող օրերուն շարունակուեցան ամենասաստիկ կերպով: Զահլէի անդամալոյծ ու մեկուսացած վիճակին հետեւանքով, սննդանիւթի եւ առօրեայ կարիքներու տագնապը իր գագաթնակէտին հասաւ: Պէյրութի մէջ, սահմանագիծին վրայ արձակազինութիւնը կը շարունակուէր առանց ընդհատումի: Թանգարանի գիծը կը մնար փակ ու...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն,  Անխնայ Ռմբակոծումներ Եւ Ծանր Բախումներ Զահլէի Եւ Պէյրութի Մէջ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն, Անխնայ Ռմբակոծումներ Եւ Ծանր Բախումներ Զահլէի Եւ Պէյրութի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ «Լիբանանեան ուժեր»-ու միլիսներ Զահլէի մէջ Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը եւ յատկապէս հարաւի մէջ լարուածութիւնը նոր մագլցում արձանագրեցին 1981-ի յունուարի վերջաւորութեան: Արդարեւ, իսրայէլեան օդանաւեր յունուար 29-ին անխնայ ռմբակոծեցին Սայտան, Սուրը, Նապաթիէն եւ Պոֆոր դղեակի շրջանները, խլելով բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ: Փետրուար 22-էն 23 լուսցող գիշերուան ընթացքին հարաւը անգամ մը եւս թատերաբեմ դարձաւ իսրայէլեան յարձակումի մը: Կէս գիշերէն կարճ ատեն մը...

Page 33 of 35 1 … 32 33 34 35

Արխիւներ