Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Ուժերու Յառաջխաղացք Եւ Ծանր Բախումներ Հատէթ-Շուէյֆաթ Առանցքին Վրայ

Սեպտեմբեր 16, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Իսրայէլեան ուժեր Հատիթէն դէպի Ժսըր Պաշա ճամբուն վրայ
Իսրայէլեան ուժեր Հատիթէն դէպի Ժսըր Պաշա ճամբուն վրայ

Իսրայէլեան ուժերու Լիբանան ներթափանցումէն եւ դէպի Պէյրութ տարածումէն քանի մը օր ետք, պատերազմական գործողութիւնները զգալի կերպով սահմանափակուեցան եւ տեղի տուին քաղաքական ճիգերու առջեւ:

Արդարեւ, մինչ իսրայէլեան ուժերը նոր յառաջխաղացք կ՛արձանագրէին, լիբանանեան պետութեան կողմէ յայտարարուեցաւ կազմութիւնը հայրենիքի փրկութեան խորհուրդի մը, որ նախագահի կողքին, կոչուած էր լուծում մը գտնելու հրատապ հարցերուն եւ երկիրը դուրս բերելու վտանգաւոր վիճակէն:

Այսպէս, 14 յունիս 1982-ին, նախագահ Իլիաս Սարգիսի եւ վարչապետ Շաֆիք Ուազզանի միջեւ տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին, ու իսրայէլեան ուժերու արձանագրած վտանգաւոր յառաջխաղացքին ստեղծած իրավիճակին լոյսին տակ, որոշուեցաւ կազմել հայրենիքի փրկութեան խորհուրդ մը, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլար, հանրապետութեան նախագահին հետ գործակցաբար, քննել եւ անմիջական դարմաններ ճշդել երկրի տագնապալի վիճակին:

Հայրենիքի փրկութեան խորհուրդի իբրեւ անդամ նկատի առնուեցան վարչապետ Շաֆիք Ուազզան, արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Պութրոս, երեսփոխան Նասրի Մաալուֆ, «Լիբանանեան  ուժեր»-ու հրամանատար շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ, ազգային շարժումի ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Ամալի ղեկավար Նեպիհ Պըրրի:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժեր կը շարունակէին դէպի հիւսիս իրենց յառաջխաղացքը, որ կանգ առած էր Պաապտա-Հատէթ գօտիին մէջ, Հազմիէի բոլորակէն առաջ:

Իսրայէլեան ուժեր Հազմիէի բոլորակին վրայ
Իսրայէլեան ուժեր Հազմիէի բոլորակին վրայ

Իսրայէլեան ուժերը յունիս 14-ի առաւօտուն շարժեցան դէպի Հազմիէ. կարգ մը հրասայլեր թեքեցան աջ եւ ուղղուեցան դէպի Ժամհուր, իսկ այլ հրասայլեր եւ զրահապատներ, անցնելով Ժսըր Պաշայէն, ու դիրք մը հաստատելէ ետք հոն, ուղղուեցան դէպի Մքալլէսի բոլորակը, ուրկէ բարձրացան դէպի Մանսուրիէ եւ Մոնթէ Վերտի, իւրաքանչիւր աւանի մէջ դիրքաւորելով քսանական հրասայլ-զրահապատ: Իսրայէլեան ուժերու յառաջապահները հասան մինչեւ Պէյթ Մերի: Այսպիսով, իսրայէլեան ուժեր իրենց հակակշիռին տակ առին նաեւ Պէյրութ-Ալէյ-Դամասկոս միջազգային գիծը ու ամբողջացուցին արեւմտեան Պէյրութի շուրջ հաստատուած պաշարման օղակը:

Իսրայէլեան ուժեր նաեւ Հատէթէն ուղղուեցան դէպի Պէյրութի օդակայան ու դիրքեր գրաւեցին անոր արեւելեան ծայրամասին մօտ, Շիահ-Պըրճ Պարաժնէ գիծին զուգահեռ: Անոնք սակայն օդակայան չմտան:

Ամբողջ օրը սահմանափակ բախումներ տեղի ունեցան Խալտէի եւ օդակայանի շրջանին մէջ:

Առաւօտեան կարճատեւ բախումէ մը ետք, յետմիջօրէի ժամը 3:30-էն մինչեւ 5:30, օդակայանի էջուղիէն մինչեւ Խալտէ ու աւելի հարաւ տարածուող շրջաններու մէջ տեղի ունեցան փոխադարձ ռմբակոծումներ, որոնց հետեւանքով, օդակայանին քաղաքային սպասարկութեան բաժանմունքներէն մէկուն մէջ մեծ հրդեհ մը ծագեցաւ:

Հատէթէն դէպի Մանսուրիէ շարժող իսրայէլեան ուժերուն եւ փաղանգաւոր միլիսներուն միջեւ գործակցութիւն հաստատուեցաւ եւ «Լիբանանեան ուժեր», շրջուն ջոկատներով ընկերացան իսրայէլեան յառաջացող ուժերուն: Ապա, Հատէթի մէջ, տեղացիները սիրայօժար կերպով ու ձրիաբար հոգացին իսրայէլացի զինուորներուն կարիքները, նկատի ունենալով որ անոնց տուած իսրայէլեան դրամը փոխանակելու առիթ չունէին:

Մինչ այդ, Իսրայէլ Լիբանանի մէջ արդէն տուած էր 170 սպանեալ, 700 վիրաւոր եւ 10 գերի:

***

Երեքշաբթի, յունիս 15-ի առաւօտուն արաբական զսպիչ ուժերը Տահր Ուահշի մէջ (Ալէյի մօտ) փակեցին Պէյրութ-Դամասկոս գիծը, նկատի ունենալով որ իսրայէլեան ուժեր հաստատուած էին Ժամհուրի մէջ: Փակուեցան նաեւ Սուք Էլ Ղարպ-Քէյֆուն, Շեմլան-Սուք Էլ Ղարպ եւ Քըմմաթիէ- Պսուս լեռնային անցքերը: Միւս կողմէ, Հազմիէ-Կալըրի Սըմաան գիծը կը մնար բաց:

Իսրայէլեան ուժերը հեռացան Պաապտայի սերայէն, սակայն ամրացած մնացին աւանի շրջակայ բարձունքներուն վրայ: Մինչ այդ, Պաապտա-Հատէթ շրջանին մէջ գտնուող իսրայէլեան ուժերուն եւ Խալտէ-Շուէյֆաթ գօտիին մէջ գտնուող պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերուն միջեւ ծայր առին ռմբակոծումներ: Պաապտայի մօտակայ բլուրներուն վրայ հաստատուած իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Հայ Սըլլոմը, Պըրճ Պարաժնէն եւ Լիբանանեան համալսարանի գիտական բաժանմունքի շրջանը:

Յետմիջօրէին Հատէթ-Քֆարշիմա-Պըրճ Պարաժնէ-Խալտէ առանցքին վրայ ծայր առին փոխադարձ սաստիկ ռմբակոծումներ եւ դիրքերու գրաւման փորձեր, որոնք շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր:

Իսրայէլեան ուժեր Պաապտայի սերային առջեւ
Իսրայէլեան ուժեր Պաապտայի սերային առջեւ

Իսրայէլեան ուժերը Հատէթ-Պաապտա շրջանէն յառաջանալով, մտան Շուէյֆաթ ու դիրք հաստատեցին օդակայանէն մէկ քլիոմեթր դէպի հարաւ:

Զինուորական վիճակի դէպի վատթարացում ընթացող հոլովոյթին դիմաց արաբական զսպիչ ուժերը երեկոյեան ամրապնդեցին Պէյրութի մէջ ու հարաւային գօտիէն ներս իրենց կարգ մը դիրքերը, մանաւանդ շեշտելով ծովեզերեայ շրջանին վրայ իրենց ներկայութիւնը:

Պէյրութի հարաւ-արեւելեան ճակատէն անկախ, Սայտայի մօտակայ Այն Հըլուէ գաղթակայանը հանդիսացաւ սաստիկ բախումներու թատերաբեմ: Հարաւային Լիբանանի մէջ ամէնէն զօրաւոր դիմադրութիւնը ցոյց տուող վերջին այդ կէտը ինկաւ յետմիջօրէին, պաղեստինցի 200 զինեալներու կողմէ բուռն ընդդիմութենէ ետք:

***

Չորեքշաբթի, յունիս 16-ին, Հատէթ-Շուէյֆաթ առանցքին վրայ ռմբակոծումները սաստկացան, երբ Հատէթէն դէպի Շուէյֆաթ շարժող իսրայէլեան ուժերը եւ անոնց ընկերակցող «Լիբանանեան ուժեր»-ը հրետանիով բախումներու սկսան Շուէյֆաթի շրջանի Լիբանանեան համալսարանի գիտական բաժանմունքին մէջ գտնուող պաղեստինեան եւ յառաջդիմական եւ արաբական զսպիչ ուժերուն հետ:

Պըրճ Պարաժնէի, Հայ Սըլլոմի եւ օդակայանի շրջաններուն համար, ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող այդ կէտը ժամը 10:00-ին գրաւուեցաւ յառաջացող ուժերուն կողմէ: Բախումներու ընթացքին հրդեհներ ծագեցան բնակարանային թաղամասերու մէջ:

Պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը ամրապնդեցին Պէյրութի հարաւային գօտիին մէջ հաստատուած դիրքերը: Միաժամանակ ականներ ցանելով Շիահի եւ Թայունէի ճամբաներուն վրայ:

Լեռնային շրջաններու մէջ փակուած ճամբաներու շարքին վրայ աւելցան Շուայա-Շուէյր եւ Պասքինթա-Պթղրին ճամբաները:

Հարաւի մէջ, մինչ պաղեստինեան դիմադրութեան գօտիներու մաքրագործումը կը շարունակուէր, Սուրի եւ Սայտայի շրջաններուն մէջ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը իսրայէլացի 14 զինուորներ սպաննեցին:

***

Հինգշաբթի, 17 յունիսին, առաւօտ կանուխ, Խալտէ-Շուէյֆաթ-Լէյլաքի շրջանին մէջ, պաղեստինեան ուժերուն եւ իսրայէլեան դիրքերու միջեւ ծայր առին փոխադարձ ռմբակոծումներ, որոնց ընթացքին հրթիռներ ինկան նաեւ օդակայանին մէջ, հրոյ ճարակ դարձնելով Միտըլ Իսթ ընկերութեան պատկանող երկու «Պոյինկ 720»-ներ եւ շուրջ տասը ինքնաշարժներ ու օթոպիւսներ:

Կէսօրին, մինչ Պէյրութի հարաւ-արեւելեան գօտիին մէջ ռմբակոծումները մեղմացած էին, բախում մը տեղի ունեցաւ Շիահի Մար Մխայէլ-Կալըրի Սըմաան գիծին վրայ, երբ արաբական զսպիչ ուժերը կրակեցին Կալըրի Սըմաանէն դէպի Շիահ ուղղուող իսրայէլեան զրահապատի մը վրայ, որ հասած էր   մինչեւ «Տաթսըն» ընկերութեան շէնքին առջեւ:

Ռմբակոծումներու երեկոյեան հանգրուանը եղաւ աւելի ծանր եւ ընդարձակ: Արդարեւ, Տոհայի շրջանի իսրայէլեան դիրքերը ռմբակոծեցին Խալտէ-Ուզահի-Մարզական աւան-Հայ Սըլլոմ-Պըրճ Պարաժնէ գօտին. ռմբակոծման մասնակցեցան նաեւ իսրայէլեան մարտանաւեր: Պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը հակադարձեցին ռմբակոծման, որ սակայն մեղմացաւ աւելի ուշ եւ դադրեցաւ ժամը 10:00-էն ետք:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը վերահաստատուեցաւ իր նախկին կարգ մը դիրքերուն վրայ, որոնց կարգին էին  Ֆայատիէն, Պաապտայի պալատին շրջակայքը եւ Շեւրոլէ ու Կալըրի Սըմաան շրջանները:

***

Իսրայէլեան ուժեր Մքալլէսի բոլորակին վրայ
Իսրայէլեան ուժեր Մքալլէսի բոլորակին վրայ

Ուրբաթ, յունիս 18-ի արեւածագէն առաջ, Խալտէ-Ուզահի շրջանը ռմբակոծման ենթարկուեցաւ իսրայէլեան հրետանիին կողմէ, իսկ շրջանին մէջ գտնուող պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը հակադարձեցին կրակին:

Կէսօրէ առաջ, ռմբակոծումները կրկնուեցան ու տարածուեցան մինչեւ Ռամլէթ Պայտա, Պըրճ Պարաժնէ եւ օդակայանի շրջանը:

Համեմատաբար հանդարտ ժամերէ ետք, կիրակի, 20 յունիսի կէսօրէ առաջ ու մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00, ռմբակոծումներ տեղի ունեցան օդակայանի շրջակայ վայրերուն մէջ, ընդգրկելով Պըրճ Պարաժնէէն մինչեւ Հատէթ ու Խալտէ տարածուող շրջանները:

Խալտէի շրջանին մէջ ռմբակոծումները վերսկսան երեկոյեան ժամը 9:00-ին ու սաստկացան ժամը 11:00-էն ետք, հասնելով մինչեւ Ռամլէթ Պայտայի շրջանը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժեր մուտք գործեցին Շհիմ ու ձեռնարկեցին հետապնդումներու, իսկ Այն Զհալթայի ու Քարաոնի շրջանին մէջ, իսրայէլեան շրջուն ջոկատներ բախումներ ունեցան, տալով քանի մը վիրաւոր:

Իսրայէլեան ուժերու գրաւման տակ գտնուող շրջաններէն ներս, Նապաթիէի մօտ, պաղեստինեան ուժեր յարձակումներ գործեցին իսրայէլեան ուժերուն վրայ, կարեւոր վնասներ պատճառելով անոնց:

Յունիս 20-էն 21 լուսցող գիշերուան ընթացքին ռմբակոծումները սաստկացան եւ շարունակուեցան երկուշաբթի: Յունիս 21-ին, ամբողջ օրը, մերթ սաստկանալով եւ մերթ մեղմանալով: Արամունի, Շուէյֆաթի եւ Շուֆի լեռնային շրջաններուն մէջ հաստատուած իսրայէլեան հրետանիին կողմէ կատարուած ռմբակոծումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին իսրայէլեան մարտանաւեր:

Պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերու հրետանին հակադարձեց ռմբակոծումներուն:

Առնուազն 20 զոհ եւ աւելի քան 70 վիրաւոր խլած ռմբակոծումներուն թիրախներն էին Խալտէն, օդակայանի մօտակայ շրջաններ, Պըրճ Պարաժնէն, Լէյլաքին, Հայ Սըլլոմը, Շաթիլան, Ֆաքհանին, Սապրան, Պիր Հասանը, Մարզական աւանը, Ռամլէթ Պայտան, Ռաուշէն, Էմիլ Էտտէ փողոցը, Մազրաայի քոռնիշն ու Մար Իլիասի վայրէջքը, ներառեալ` խորհրդային դեսպանատունն ու Հըլու զօրանոցը, Պուրճ Ապի Հայտարը, Թարիք Ժըտիտէն, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանը, Հատէթը, Տոհան եւ Արամունի շրջանները:

Երեկոյեանը ռմբակծումը այնքան սաստիկ էր, որ քաղաքային պաշտպանութեան սպասարկութիւնը քաղաքացիները հրաւիրեց ապաստանարաններ իջնելու եւ չշրջագայելու փողոցներու մէջ: Իսկ հիւանդատար ինքնաշարժներ դադար չունեցան կանուխ առաւօտէն սկսեալ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան յառաջխաղացքի փորձ մը` Խալտէ-Շուէյֆաթ շրջանին մէջ, ետ մղուեցաւ: Իսկ Ալէյի եւ Տէյր Քամար-Քֆար Նապրախ գիծին վրայ տեղի ունեցաւ հրետանիով փոխադարձ ռմբակոծում:

***

Արեւմտեան Պէյրութի մէջ տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ լեցուած էին. անոնք յաճախ թաղէ թաղ եւ փողոցէ փողոց կը տեղափոխուէին եւ շարժուն բազմութիւններու վերածուած էին: Միւս կողմէ, մայրաքաղաքի ռազմագիտական նկատուած շրջաններուն մէջ հողէ պատնէշներ կը բարձրացուէին: Այդ պատնէշները կը բարձրացուէին մասնաւորաբար ծովափի պողոտաներուն եւ այն ճամբաներուն քառուղիներուն վրայ, որոնք դէպի պաղեստինեան գաղթակայաններ կը տանէին եւ սահմանուած էին կեցնելու իսրայէլեան զրահապատները կամ անոնց արգիլելու, որ կրակեն լայն փողոցներու երկայնքին:

Պատնէշները յաճախ շրջուն բեռնակառքերով ամրացուած էին: Իսկ անոնց առջեւ փոսեր փորուած էին, ականներ զետեղելու համար:

Հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան թաղերը, որոնք մօտ էին իսրայէլեան յառաջացած գիծերուն, գրեթէ ամբողջութեամբ պարպուած էին եւ սակաւաթիւ միլիսներ հաստատուած էին այդ լքուած թաղերուն շուրջ, լուռ եւ ամայի փողոցներուն մէջ: Ամէն տեղ կը տեսնուէին իսրայէլեան ռմբակոծումներուն հետքերը: Երբեմն զինամթերքով եւ ուտեստեղէնով բեռցուած քամիոնէթ մը ցնցուելով կ՛ընթանար ծակծկուած ճամբաներու վրայ, ուր կոտրուած խողովակներէ հոսող ջուրերը լճակներ կազմած էին:

Իսրայէլի կողմէ պաշարուած արեւմտեան Պէյրութի մէջ կողք կողքի կը կռուէին պաղեստինցիներ, սուրիացիներ եւ լիբանանցիներ: Անոնց շարքերուն մէջ կային տասնհինգամեայ պատանիներ, որոնք նոր մարզուած եւ ճակատ ղրկուած էին, ինչպէս նաեւ տարեցներ, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը կռուէին: Անոնք զինուած էին այն բոլոր տեսակի զէնքերով, որ զէնքի վաճառականները կը ծախէին ամէն կողմ:

Ծանր զէնքերը հազուագիւտ էին: Կիսածանր զէնքերը եւ մանաւանդ թեթեւ զէնքերը ընդհանրապէս խորհրդային էին: Բայց կարելի էր տեսնել նաեւ ամերիկեան «Էմ. 16»-եր, զուիցերիական, գերմանական, աւստրիական եւ պելճիքական հրացաններ:

Արեւմտեան Պէյրութը պաշտպանողները կը գործէին իրարմէ անկախ եւ անոնց կը պակսէր կեդրոնական հրամանատարութիւն մը: Սուրիացիները հրաման կը ստանային Դամասկոսէն: Պաղեստինցիները` գործողութեան սենեակէն: Մնացեալ միլիսներու խմբաւորումներէն իւրաքանչիւրը` իր կազմակերպութենէն: Միլիսներու այդ խմբաւորումներէն ոմանք տարիներէ ի վեր լարուած էին իրարու դէմ, բայց իսրայէլեան վտանգին դիմաց կը կռուէին կողք կողքի:

Ամալի շիի միլիսները կը պաշտպանէին հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան գիծերը, իսկ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը դիրքաւորուած էին նաւահանգիստին մօտերը եւ Դամասկոսի ճամբուն երկայնքին:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Սեպտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?