Մշակութային եւ Այլազան

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Փաղանգաւոր-Ազատական Բուռն Կռիւներ Եւ Ազատական Միլիսներու Լուծարքը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Փաղանգաւոր-Ազատական Բուռն Կռիւներ Եւ Ազատական Միլիսներու Լուծարքը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արեւելեան շրջաններուն մէջ 1980-ի ամրան սկիզբը բախումները յաճախակի դարձած էին փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսներուն միջեւ: Միւս կողմէ, Վերին Մեթնի Պասքինթա եւ Զաարուր շրջաններուն մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենային փաղանգաւոր եւ ղովմի զինեալներուն միջեւ: Իսկ Պաթրունի եւ Ժիպէյլի լեռնային շրջաններուն մէջ, գլխաւորաբար` Նիհա-Տէյր Պալլա-Տումա-Պըժժէ-Մայֆուզ-Մեթրիթ-Շաննաթա գիծերուն եւ Քանաթի ու Հարտինի բարձունքներուն վրայ մարտերը իրարու հակադրած էին փաղանգաւոր եւ մարատա ուժերը: Լեռնային...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Բանակը` Արեւելեան Արուարձաններու Գլխաւոր Դիրքերուն Վրայ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Բանակը` Արեւելեան Արուարձաններու Գլխաւոր Դիրքերուն Վրայ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Հարաւը` Տաք Ռազմադաշտ Լիբանանեան հակամարտ կողմերու եւ տարբեր կազմակերպութիւններու միջեւ ընդհատ բախումները` Պէյրութի արեւելեան թէ արեւմտեան շրջաններուն եւ երկրի տարբեր վայրերու մէջ կը շարունակուէին: Միւս կողմէ, Պէյրութի եւ այլ շրջաններու կարգ մը դիրքերէ արաբական զսպիչ ուժերու հեռացման որոշում առնուեցաւ: Նաեւ` լիբանանեան կառավարութիւնը 1980 փետրուարին որոշեց երկրին ապահովութիւնը բանակին վստահիլ: Սակայն, քաղաքական հակադիր կեցուածքներու եւ վերապահութեանց բերումով` բանակին...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Պուրճ Համուտի Մէջ Անդորրութեան Հաստատումի Ճիգեր Եւ Բնականոն Կեանքի Վերադարձ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պուրճ Համուտի Մէջ Անդորրութեան Հաստատումի Ճիգեր Եւ Բնականոն Կեանքի Վերադարձ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Համակարգիչ խառն մարմինին շրջագայութիւնը հայկական թաղերէն ներս Պուրճ Համուտի եւ ընդհանուր առմամբ արեւելեան շրջաններու հայութեան դէմ 1979 սեպտեմբերին կատարուած յարձակումներէն եւ ոտնձգութիւններէն ետք, մինչ զինադուլը կ՛ամրապնդուէր եւ համակարգիչ խառն մարմինը կը հսկէր անդորրութեան եւ ապահովութեան ամրապնդման, միւս կողմէ շփումներն ու հայութեան զօրակցութեան արտայայտութիւնները կը շարունակուէին: Շաբաթ, 15 սեպտեմբերին Անթիլիասի կաթողիկոսարան այցելեց հայ կաթողիկէ համայնքի Հմայեակ Պետրոս Ժէ. Կէտիկեան...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Բարձր Մակարդակի Շփումներէ Ետք` Զինադուլի Համաձայնութիւն Պուրճ Համուտի Հայկական Թաղերէն Ներս

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Բարձր Մակարդակի Շփումներէ Ետք` Զինադուլի Համաձայնութիւն Պուրճ Համուտի Հայկական Թաղերէն Ներս

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. վեհափառներ կը դիմաւորեն Փիեռ Ժըմայէլն ու Քամիլ Շամունը Արեւելեան շրջաններու հայութեան դէմ 1979 սեպտեմբեր 10-ին շղթայազերծուած զինուորական գործողութիւնները շարունակուեցան երեք օր անընդհատ: Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 12-ի երեկոյեան, բարձր մակարդակի վրայ կատարուած շփումները յանգեցան զինադուլի առաջին լուրջ համաձայնութեան, որմէ ետք, յաջորդ օր համակարգիչ խառն մարմինը սկսաւ զինեալ երեւոյթներու եւ պատնէշներու վերացման աշխատանքներուն: Սակայն հայկական դիրքերուն...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Զինուորական Բուռն Գործողութիւններ Արեւելեան Շրջաններու Հայութեան Դէմ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Զինուորական Բուռն Գործողութիւններ Արեւելեան Շրջաններու Հայութեան Դէմ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Րաֆֆի Պալեան Եանքօ Կէրէքմէզեան Արեւելեան շրջաններուն մէջ հակահայ գրգռութիւնները իրենց գագաթնակէտին հասան 1979 սեպտեմբերին: Պուրճ Համուտի մէջ ծայր առած անախորժ միջադէպերը տարածուեցան եւ յանգեցան զինեալ բախումներու, առեւանգումներու, ռմբահարումներու, անմարդկային արարքներու եւ սպանութիւններու: Հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր 1979-էն սկսեալ, բախտախաղի վայրեր փակելու թէ նմանօրինակ երեւութական այլ պատրուակներով` զինեալ տարրեր գրգռութիւններ, միջամտութիւններ եւ ոտնձգութիւններ կատարեցին հայահոծ թաղերէն ներս: Պուրճ Համուտ թատերաբեմ...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Հակահայ Անարգ Ոճիրներ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հակահայ Անարգ Ոճիրներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Իսրայէլեան Յարձակումներ Հարաւի Վրայ Գէորգ Թէքէեան Ստեփան Մարգարեան Արագածի շրջանին մէջ 1979 մայիս 7-ի, 8-ի եւ 9-ի բախումներէն ետք հաստատուած զինադուլը ամրապնդելու նպատակով շփումները շարունակուեցան. կողմերը յանձնառու մնացին առնուած որոշումին, ինչ որ առիթ ստեղծեց Պուրճ Համուտի եւ յատկապէս Արագածի շրջանին մէջ կեանքի բնականոն պայմաններու վերահաստատման: Արագածի շրջանին մէջ տեղի ունեցած բախումներով շահագրգիռ կողմերուն ներկայացուցիչներէն կազմուած համակարգումի խառն...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Զինեալ Բախումներ Արագածի Շրջանին Մէջ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Զինեալ Բախումներ Արագածի Շրջանին Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Բանակային Միաւորներ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Լիբանանեան բանակին հարաւ մուտքը Լիբանան 1978 հոկտեմբերի ծանր ռմբակոծումներէն ետք թեւակոխեց համեմատական հանդարտութեան շրջան մը եւ Պէյրութի ու արուարձաններուն մէջ արաբական զսպիչ ուժերու դիրքերու նոր դասաւորումներ կատարուեցան: Սուրիական ուժեր քաշուեցան կարգ մը դիրքերէ եւ որոշ դիրքեր ստանձնեցին սէուտական ուժերը, իսկ 1979 մարտին սկսաւ սէուտական ուժերը լիբանանեան օրինական ուժերով փոխարինելու զինուորական ծրագիրը: Արդարեւ...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն .  Լիբանանահայութեան Վերականգնման Աշխատանքներ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն . Լիբանանահայութեան Վերականգնման Աշխատանքներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Վազգէն Ա. վեհափառ Լիբանանի հայութեան վերականգնման աշխատանքները եւ աշխարհի չորս ծագերէն օժանդակութիւնները լայն ծաւալ ստացան: Իր կարգին Վազգէն Ա. վեհափառ կոչ ուղղեց համայն հայութեան, անոնցմէ խնդրելով որ օգնեն Լիբանանի իրենց հայրենակիցներուն: «Խորունկ վիշտով իմացանք, որ բազմաթիւ հայեր մեռած են Պէյրութի մէջ, թէ 20 հազարէ աւելի անձեր կը մնան անպատսպար կամ ապրուստի միջոցներէ զուրկ, թէ եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ հայկական...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Հակահայ Գրգռութիւններուն Դէմ` Դիւանագիտական Արշաւ Եւ Աղէտեալներու Օգնութեան Աշխատանքներ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հակահայ Գրգռութիւններուն Դէմ` Դիւանագիտական Արշաւ Եւ Աղէտեալներու Օգնութեան Աշխատանքներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի արեւելեան շրջաններու եւ արուարձաններու ապահովութեան կացութեան ամրապնդումը 1978-ի նոյեմբերի սկիզբը կ՛ընթանար քայլ առ քայլ: Արաբական զսպիչ ուժերու հրամանատարութեան եւ Սին էլ Ֆիլի բնակչութեան միջեւ զինադուլ հաստատուեցաւ եւ երկու կողմերը որոշեցին վերաբանալ շրջանի գլխաւոր ճամբաները: Ճսըր Պաշայի արաբական զսպիչ ուժերու սուրիական միաւորները քաշուեցան իրենց դիրքերէն, իսկ Ճըսր Ուաթիի ուղղութեամբ երթեւեկի աշխուժացումը քաջալերեց քաղաքացիները: Այսպիսով գործածելի եղան Սալոմէի, Հայէքի...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Բողոք Եւ Ընդվզում Հակահայ Գրգռութեանց Դէմ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Բողոք Եւ Ընդվզում Հակահայ Գրգռութեանց Դէմ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Բարեսիրական Միութեանց Գործունէութիւն Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանին դէմ գործուած ոճրափորձէն (26 հոկտեմբեր 1978) ետք, Պէյրութի արեւելեան եւ արեւմտեան  թաղամասերու հայկական հաստատութիւնները նոյեմբեր 1-ին ընդհանուր գործադուլի դիմեցին, բողոքելու համար հակահայ գրգռութեանց դէմ, որուն ամէնէն ընդվզեցուցիչ արտայայտութիւնը եղաւ Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանին դէմ գործուած խափանարարական անարգ ոճիրը: Գործադուլին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հայկական կրթական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ` Հայկազեան քոլէճի, Պէյրութի Ամերիկեան...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Հայաբնակ Թաղերու Աստիճանական Վերականգնում Եւ Պիքֆայայի Նահատակաց Յուշարձանին Ռմբահարումը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայաբնակ Թաղերու Աստիճանական Վերականգնում Եւ Պիքֆայայի Նահատակաց Յուշարձանին Ռմբահարումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսներու այցելութիւնը Խալիլ Պատաուի 1978 հոկտեմբերին Պէյրութի արեւելեան շրջաններու ապահովութեան միջոցառումներու ծիրէն ներս, Նահրի կամուրջին վրայէն սուրիացի զինուորները քաշուեցան: Սուրիացի զինուորներու հեռացումէն ետք, սէուտցի եւ լիբանանցի զինուորներ եւ ոստիկաններ ստանձնեցին կամուրջին հսկողութիւնը: Կամուրջէն անդին, Նոր Հաճըն եւ Խալիլ Պատաուի հայաբնակ թաղերը իրենց կարգին ծանր վնասներու ենթարկուած էին: Հաճընի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Տագնապի Լուծման Որոշումներ Եւ Քաղաքական Ու Դիւանագիտական Աշխատանքներ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Տագնապի Լուծման Որոշումներ Եւ Քաղաքական Ու Դիւանագիտական Աշխատանքներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Ծրագիրներ Պէյթէտտինի մէջ 1978-ի հոկտեմբեր 15-էն 17 գումարուած արաբական արտակարգ ժողովէն ետք, լիբանանցի ժողովուրդը լիայոյս սպասեց, որ ժողովին կայացուցած որոշումներուն գործադրութիւնը սկսի շուտով ու իրագործուի արագօրէն, նկատի ունենալով որ լիբանանեան տագնապին քաղաքական թէ ապահովութեան հարցերուն հարթումը նպատակադրող որոշումները կու գային թարգմանը հանդիսանալու արաբական եւ լիբանանեան տրամադրութիւններուն, ու կը համապատասխանէին տագնապահար ժողովուրդի ակնկալութեանց: Ապահովութեան կացութեան բարելաւումին ձգտող...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Համատարած Աւերածութիւն Պուրճ Համուտի Եւ Շրջակայքին Մէջ Խորէն Ա. Եւ Գարեգին Բ. Վեհափառները Իրենց Հօտին Հետ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի արեւելեան շրջանները ահաւոր ցնցումներու ենթարկած 1978 հոկտեմբերի ռմբակոծումները հոկտեմբեր 7-ի երեկոյեան դադրեցան, եւ կացութիւնը հետզհետէ խաղաղեցաւ: Նախագահ Իլիաս Սարգիս, տագնապին լուծում մը գտնելու առաջադրանքով Դամասկոս այցելելէ եւ նախագահ Հաֆէզ Ասատի հետ բանակցութիւններէ ետք, ձեռնարկեց արաբական երկիրներ շրջապտոյտի մը, այցելելով Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Քուէյթ եւ Յորդանան: Սարգիս արաբ պատասխանատուներուն պարզեց Լիբանանի սպառնացող վտանգները եւ զանոնք...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Մահասփիւռ Ռմբակոծումներ Եւ Ծանրագոյն  Օրեր Պուրճ Համուտի Եւ Շրջակայքին Մէջ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Մահասփիւռ Ռմբակոծումներ Եւ Ծանրագոյն Օրեր Պուրճ Համուտի Եւ Շրջակայքին Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի արեւելեան թաղամասերը եւ շրջակայ արուարձանները 1978-ի սեպտեմբերի վերջաւորութենէն սկսեալ անխնայ կը ռմբակոծուէին: Ռումբերու որոտումին տակ, արաբական զսպիչ ուժերը եւ քրիստոնեայ միլիսները կը շարունակէին բախումները, քաղաքացիներու շարքերէն նորանոր զոհեր կը հնձուէին եւ աւերածութիւնները կը բազմապատկուէին: Շարունակուող բախումները պատերազմ չէին, այլ` միջդիրքային բախումներ` առանց հակառակորդի դիրքերու գրաւման, եւ պարզապէս` անմեղ բնակչութեան մաշեցում: Յատկապէս Նահրի կամուրջներու տիրապետութեան համար, Պուրճ Համուտի...

«Ազդակ»` Ութսունութը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Նահրի Կամուրջները` Բախումներու Առանցք Պուրճ Համուտ, Էշրեֆիէ Եւ Շրջակայքը` Կրակի Գօտի

«Ազդակ»` Ութսունութը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նահրի Կամուրջները` Բախումներու Առանցք Պուրճ Համուտ, Էշրեֆիէ Եւ Շրջակայքը` Կրակի Գօտի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ 1978-ի սեպտեմբերի վերջաւորութեան սաստկացած կռիւները եւ փաղանգաւորներու ու արաբական զսպիչ ուժերու ձեռնարկած անխնայ ռմբակոծումները ուրբաթ, սեպտեմբեր 29-ի առաւօտուն դադրեցան, բայց ընդհատ հրացանաձգութիւնները շարունակուեցան: Քանի մը ժամուան զինադուլէ ետք, ուշ երեկոյեան ծանր բախումները վերսկսան եւ Հատէթ ամբողջովին պաշարուեցաւ արաբական զսպիչ ուժերու սուրիացի չորս հազար զինուորներու կողմէ: Շուրջ 40 հազար բնակչութիւն ունեցող շրջանին ելեկտրականութեան եւ ջուրի...

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Հակահայ Գրգռութիւններ Եւ Ոտնձգութիւններ Հայահոծ Թաղերուն Մէջ

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հակահայ Գրգռութիւններ Եւ Ոտնձգութիւններ Հայահոծ Թաղերուն Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Փաղանգաւոր-Արաբական Զսպիչ Ուժեր Բուռն Բախումներ Արեւելեան Պէյրութի ռմբակոծումներէն եւ արաբական զսպիչ ուժերու ապահովութեան նոր ծրագիրի գործադրութենէն ետք, 1978-ի ամրան վերջաւորութեան, փաղանգաւոր միլիսները նոր կեդրոնացումներ կատարեցին եւ նոր դիրքեր հաստատեցին: Սակայն, արեւելեան շրջաններուն մէջ, Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղերը փաղանգաւորներու զինուորական գօտիէն դուրս կը մնային: Կուսակցական պիտակի տակ գործող զինեալներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, որոնք օրին լիբանանեան ճակատին կողմէ երրորդ...

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Նախագահ Սարգիսի Հրաժարելու Տրամադրութիւնը Եւ Արաբական Զսպիչ Ուժերու Ապահովութեան Նոր Ծրագիրը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նախագահ Սարգիսի Հրաժարելու Տրամադրութիւնը Եւ Արաբական Զսպիչ Ուժերու Ապահովութեան Նոր Ծրագիրը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ -Իմամ Մուսա Սատրի Անհետացումը Եւ Տաճատ Սրբազանի Վախճանումը Նախագահ Իլիաս Սարգիս Հանրապետութեան նախագահ Իլիաս Սարգիս, զինուորական գահավէժ ընթացքին եւ Պէյրութի արեւելեան թաղամասերու ռմբակոծումին ի տես, 1978-ի յուլիսի սկիզբը հրաժարելու տրամադրութիւն յայտնեց: Ան անդրդուելի մնաց իր հրաժարականին վրայ, որովհետեւ ներքին թէ արտաքին այն կողմերը, որոնց ուղղուած էր հրաժարականը, որեւէ տրամադրութիւն չէին ցուցաբերեր հրաժարելու երկիրը հրաբուխի վրայ պահող իրենց ուղեգիծերէն....

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Արեւելեան Պէյրութի Եւ Արուարձաններու Ռմբակոծումները Եւ Փաղանգաւոր Արաբական Զսպիչ Ուժերու Կռիւները

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Արեւելեան Պէյրութի Եւ Արուարձաններու Ռմբակոծումները Եւ Փաղանգաւոր Արաբական Զսպիչ Ուժերու Կռիւները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի կեդրոնական գօտին Ֆայատիէի եւ արեւելեան Պէյրութի կռիւներէն եւ անոր յաջորդած իսրայէլեան բանակի հարաւային Լիբանան ներխուժումէն ետք, երկրին քաղաքական իրավիճակը հետզհետէ սկսաւ սուր բնոյթ ստանալ: 9 ապրիլ 1978-էն սկսեալ Պէյրութի մէջ պատահեցան ամբողջական անդորրութիւնը խախտող միջադէպեր, որոնք իրենց անդրադարձը ունեցան դէպքերու հետագայ հոլովոյթին վրայ: Արդարեւ կիրակի, 9 ապրիլ 1978-ին Պէյրութի կեդրոնական Նահատակաց հրապարակին վրայ ծագեցաւ վէճ մը` քանի...

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.   Իսրայէլեան Ներխուժումը Եւ Հարաւի Սահմանային Գօտիի Կազմաւորումը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Ներխուժումը Եւ Հարաւի Սահմանային Գօտիի Կազմաւորումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պաղեստինցի ֆետայիներու կողմէ Իսրայէլի մէջ 11 մարտ 1978-ին կատարած ահաբեկչական գործողութենէն ետք, Իսրայէլ սպառնաց պատժել պաղեստինցիները: Զինուորական գործողութեան մը սպառնալիքը կախուեցաւ Լիբանանի գլխուն, իսկ հարաւի բնակչութեան մօտ ծայր առաւ գաղթի ալիք մը: Իսրայէլեան հակադարձութեան մը սպառնալիքը խոր մտահոգութեան մատնեց լիբանանցի ժողովուրդը եւ պետական պատասխանատուները: Տեղի ունեցան դիւանագիտական շփումներ, կանխարգիլելու համար որեւէ ժխտական անակնկալ: Չորեքշաբթի, 15 մարտ 1978-ին, կէս...

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Ֆայատիէի Կռիւները Սկիզբ` Քաղաքական Պատերազմի Երկրորդ Հանգրուանին

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Ֆայատիէի Կռիւները Սկիզբ` Քաղաքական Պատերազմի Երկրորդ Հանգրուանին

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քամալ Ժոմպլաթ Սուրիական ուժերու Լիբանան մուտքէն եւ պատերազմի դադրեցումէն ետք, 1976-ի աշնան, երկիրը թեւակոխեց համեմատական հանդարտութեան ժամանակաշրջան մը: 16 մարտ 1977-ին, Պէյրութէն Մուխթարա ճամբուն վրայ, Շուֆի մէջ, Տէյր Տուրիթի եւ Պաաքլինի միջեւ, զօրաւոր դարձուածքներու վրայ ահաբեկուեցաւ ընկերվարական յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Քամալ Ժոմպլաթ: Քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրէն իսկ Ժոմպլաթ միացած էր ձախակողմեան ճակատին եւ հրապարակ նետած քաղաքական, ընկերային եւ...

Page 34 of 35 1 … 33 34 35

Արխիւներ