Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Տարածուն Ռմբակոծումներ Եւ Օտար Ուժերու Հեռացման Ու Միջազգային Խաղաղարար Ուժերու Առաքման Ծրագիրներ

Հոկտեմբեր 7, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի երկու գօտիներն ու անոնց արուարձանները, ինչպէս նաեւ` մայրաքաղաքին հարաւ-արեւելեան բարձունքներն ու մինչեւ Տըպպայա տարածուող շրջանները կիրակի, 11 յուլիս 1982-ին ապրեցան լիբանանեան տագնապի ամէնէն ծանրակշիռ` կոյր ռմբակոծումներու մթնոլորտը բնորոշող օր մը:

A photo dated 02 August 1982 of Israeli shelling on West Beirut.   AFP PHOTO DOMINIQUE FAGET

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 3:30-ին, հարաւային արուարձաններուն եւ անոնց յարակից բարձունքներուն միջեւ ծայր առած ռմբակոծումները աստիճանաբար սաստկացան ու կէսօրուան մօտ հասան այնպիսի սաստկութեան եւ տարողութեան, որ աննախընթաց էր Պէյրութի պաշարումէն ի վեր: Մէկ կողմէ` Խալտէէն մինչեւ Ուզահի եւ օդակայան, մինչեւ պաղեստինեան գաղթակայանները, Պիր Հասանէն մինչեւ Ռամլէթ Պայտա երկարող ծովեզերքը, Մազրաայի քոռնիշը, Պասթան, Պարպիր հիւանդանոցէն Թանգարան տանող գիծը, ու միւս կողմէ` Պատարոյի շրջանէն մինչեւ Հազմիէ, Հատէթ, Եարզէ, Ժամհուր եւ Շուէյֆաթ տարածուող շրջանները եղան սահմանագիծերը սաստիկ ու կոյր ռմբակոծումներու դաշտին, ուր գտնուող զինուորական դիրքեր ու բնակարանային թաղամասեր թիրախ դարձան ռումբերու տարափի մը, որ հասաւ վայրկեանը 30 պայթումի սաստկութեան, մահ ու հրդեհ ցանելով ամէնուրեք, իսկ երկնակամարը պատելով ծուխի ու փոշիի մութ խաւով մը: Արեւմուտքէն ետք, հրդեհներու բոցեր կարմիր ներկեցին այդ շրջաններու երկինքը, որոնք նաեւ կը լուսաւորուէին լուսարձակ ռումբերով:

Դժոխային այդ գօտիէն անդին, պատահական հրթիռներ ինկան նաեւ Ժսըր Պաշայի, Հըրշ Թապէթի, Սին էլ Ֆիլի, Պուրճ Համուտի, Էշրեֆիէի, Քարանթինայի, Պաուշըրիէի, Տըքուանէի եւ Տըպպայայի շրջաններուն մէջ: Ռմբակոծումները խլեցին աւելի քան հարիւր զոհ, վիրաւորներ, իսկ բնակարաններու, վաճառատուներու եւ ինքնաշարժներու քանդումի հետեւանքով արձանագրուած նիւթական վնասները անհաշուելի էին:

Սաստիկ ռմբակոծումներու ալիքներուն ընկերացան նաեւ նոր դիրքերու գրաւման փորձեր, յատկապէս` օդակայանի արեւելեան շրջանին մէջ, եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերը ետ մղեցին իսրայէլեան յառաջխաղացք մը:

Նախագահ Իլիաս Սարգիսի, ամերիկացի բանագնաց Ֆիլիփ Հապիպի, վարչապետ Շաֆիք Ուազզանիի եւ պաղեստինցի ղեկավարներու միջեւ տեղի ունեցած շփումներու հիմամբ, գիշերուան ժամը 21:00-էն ետք զինադուլ հաստատուեցաւ:

***

«Ազդակ», 10 յուլիս 1982-ի թիւով եւ «Պարտութիւն եւ… յաղթանակ» խորագիրով ակնարկով կ՛ըսէր, որ յատկապէս տագնապներու ժամանակ երեւան կու գայ, թէ քաղաքականութիւնն ալ արուեստ է, չըսելու համար բոլոր արուեստներուն ամէնէն… գիւտարարը:

Եւ քաղաքականութեան արուեստը կ՛ուզէ սորվեցնել, թէ զինուորական պարտութիւն մը կրնայ եւ պէ՛տք է վերածուի քաղաքական… յաղթանակի:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ մեր դարաշրջանի մարդը իրաւունք ունի հեգնանքով նայելու պարտութենէ մը անմիջապէս յաղթանակի անցնելու այդ «կարելիութեան» հակասութեան:

Աւելի՛ն. զինուորական պարտութեան մը համակերպելու կեցուածքը ինչպէ՞ս կրնայ յաղթանակ նկատուիլ… նոյնիսկ քաղաքականութեան մէջ:

Զինուորապէս պարտուողը բարոյապէս կը յաղթանակէ միայն այն ատեն, երբ ըստ ամենայնի կը մերժէ զիջիլ իր ազատութենէն ու իրաւունքէն, ի հարկին իմացեալ մահը ողջունելով:

Իսկ քաղաքականութեան արուեստին յայտնագործած տրամաբանութիւնը ա՛յն է, որ զինուորապէս իր պայքարը կորսնցուցած կողմ մը կրնայ յաղթանակող դառնալ, եթէ բաւարարուի յաղթական կողմին շնորհած… լուծումներով:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ քաղաքականութիւնը արուեստ կը դառնայ ա՛յն պահէն, երբ երեւոյթները չ՛ուզեր անուանել իրենց իսկական ստորոգելիներով, երբ գործնապէս կը քալէ շահերու եւ հաշիւներու ճամբէն` բայց կ՛ուզէ իր ընթացքին տալ բարոյական հիմնաւորում մը:

Ցաւալին ա՛յն է, որ պարտութեան եւ յաղթանակի այս «գիւտը» կը փորձարկուի Լիբանանի վրայ, որ այլապէս ամբողջ պատմութիւն մը ունի իր ետին, շեշտելու համար թէ իր պարագային միայն «ո՛չ յաղթականի եւ ոչ ալ պարտեալի» լուծումը կրցած է կայուն եւ խաղաղ կեանքի մը դուռը բանալ:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ կը մնայ յուսալ, որ «զինուորական պարտութենէն քաղաքական յաղթանակի տիրանալու» հրաւէրը թարգմանուի «ո՛չ յաղթականի եւ ոչ պարտեալի» լիբանանեան ոճով:

***

Israelis_10-07-15

Երկուշաբթի, 12 յուլիս 1982-ի թիւով եւ «Կը բանակցին… զէնքերով» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր, որ լիբանանեան պատերազմին հանգրուանը հասած է հո՛ն, ուր կողմերը նոյնիսկ բանակցութեանց ընթացքին պէտք է կռուին եւ կառչած մնան զէնքերու տրամաբանութեան, որովհետեւ այդ է խաղին օրէնքը: «Ազդակ» կը նշէր, որ լիբանանցին «Կարմիր կիրակի մը» ապրեցաւ եւ ռումբերը գոռացին օրն ի բուն, յաճախ աննպատակ փոխանակուելով մայրաքաղաքին մէկ կողմէն միւսը:

Ըստ երեւոյթին այդ գինը պէտք է վճարուի, որպէսզի հակամարտ կողմերը կարենան իրենց կամքը պարտադրել բանակցութեանց ընթացքին, կը շեշտէր «Ազդակ», աւելցնելով.

Փաստօրէն նոյն խաղը կը կրկնուի, ամէն անգամ որ բանակցութիւնները կը յանգին դարձակէտի: Միացեալ Նահանգները որոշեցին զինեալ ուժեր առաքել եւ… ռմբակոծումները սաստկացան: Ֆրանսական կառավարութիւնը ինք եւս համամիտ գտնուեցաւ զինուորապէս մասնակցութիւն բերելու սկզբունքին եւ… զինադուլը խախտեցաւ:

Ողբերգութիւնը ա՛յն է, որ ամբողջ աշխարհ կը խորհէր, թէ այդ խաղը միայն լիբանանցիներուն ծանօթ է, մինչդեռ փաստը ցոյց կու տայ, որ զէնքերով բանակցելու մարզին մէջ եւս  լիբանանցին պարզապէս զոհն է իր տագնապին թելերը շարժող մեծերուն… հնարամտութեան, կ՛ընդգծէր «Ազդակ», նշելով. Միաժամանակ ողբերգութենէ մը աւելին է… խաղը: Լիբանանեան տագնապը անցած է ամէն սահման եւ բոլոր կողմերն ալ կը կիրարկեն բաց խաղաթուղթի ռազմավարութիւնը, այս երկրին զաւակները ամէն իրաւունք ունին ընդվզելու, երբ դարձեալ իրենց արիւնէն եւ ինչքէն կը պահանջուի բանակցութեանց գինը, երբ քաղաքական լուծումին անունով կրակի կու տան նոյնի՛նքն փրկութիւն սպասողը:

«Ազդակ» կը պարզաբանէր ըսելով, որ լիբանանեան տագնապը պատռած է բոլոր վարագոյրները եւ յստակացուցած է ուժերու ա՛յն հաւասարակշռութիւնը, որուն վրայ պէտք է հիմնուի բանակցելի ամէն լուծում: Այլեւս ոչ ոք կրնայ ունենալ զինուորապէս նոր կացութիւն մը ստեղծելու պատրանքը, եթէ անշուշտ հետամուտ է մնայուն լուծումի: Կը մնայ որ յարգուին ուժերը եւ անոնց հետեւող իրաւունքները, կարելիին շուրջ համաձայնելու իրապաշտութեամբ: Իսկ կարելիին հասնելու ճամբան կ՛անցնի զինուորական ճակատումին վերջ տուող եւ բանակցութեանց դիմաց կանաչ լոյս բացող կայուն զինադուլի մը պահպանումէն:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ պէտք է ունենալ սեփական իրաւունքին տիրանալու նուազագոյն ապահովութիւնը, որպէսզի բանակցութիւնները իրապէս կարելի դառնան եւ վերջ տրուի զէնքերով… բանակցելու անհեթեթ խաղին:

***

Յուլիս 11-ի գիշերը հաստատուած զինադուլը յաջորդող օրերուն ընդհանուր առմամբ մնաց անխախտ: Միայն Հատէթի շրջանին մէջ տեղի ունեցան սահմանափակ հրթիռարձակումներ եւ հրացանաձգութիւններ:

Պէյրութի երկու գօտիներուն ու անոնց միջեւ անցքերուն վիճակը վերագտած էր նախորդող օրերու վիճակը: Արեւմտեան Պէյրութ կը մնար պաշարման սեղմ օղակի մէջ, դէպի արեւմտեան Պէյրութ քաղաքայիններու մուտքը` արգիլուած, իսկ Կալըրի Սըմաանի, Թանգարանի եւ Նաւահանգիստի անցքերը կը մնային բաց` միայն բարձրաստիճան զինուորականներու եւ պետական ու դիւանագիտական անձնաւորութեանց երթեւեկին դիմաց:

Արեւմտեան Պէյրութի պաշարման ու պաղեստինեան ներկայութեան կապուած առկախ հարցերուն շուրջ բանակցութիւնները աշխուժացան, թէեւ անոնցմէ սպասուող շօշափելի արդիւնքները կը մնային հեռանկարի սահմաններուն մէջ:

***

lebanon_3_10-07-15

«Ազդակ», 13 յուլիս 1982-ի թիւով եւ «Կարելին եւ անկարելին» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ լիբանանեան տագնապը պէտք ունի զինադուլի մը, որ հակամարտ կողմերը իրարմէ անջատելէ առաջ թէ ետք` յստակ գիծ մը քաշէ անոնց կարելի եւ անկարելի պահանջներուն միջեւ:

Լիբանանցին կը տեսնէ, թէ անհեթեթ այս պատերազմին միացող ամէն կողմ ինչպէ՛ս կ՛իյնայ ծուղակին մէջ, երբ կը մատնուի զէնքի ուժով անկարելին ձեռք ձգելու փորձութեան, կը նշէր «Ազդակ», աւելցնելով.

Եթէ լիբանանցիները իրե՛նք եղան այդ փորձութեան առաջին զոհերը, եթէ պաղեստինցիներն ու արաբները շուտով եւ իրենց կարգին գործեցին նոյն սխալը, ահա եկած է հանգրուանը, ուր Իսրայէլի հետ թէ անոր դէմ` նաեւ մեծերը չեն կրնար դիմադրել անկարելին կարելի դարձնելու նոյն խաղին միանալու արկածախնդրութեան:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ Լիբանան չի կրնար խտացնել ամբողջ Միջին Արեւելքի հարցերն ու հակամարտութիւնները եւ, հետեւաբար, միայն պատրանք է զայն կրակի տալու եւ շրջանը հանգիստ ձգելու, կամ` Լիբանանի մէջ զինուորական յաղթանակ արձանագրելով շրջանէն ներս կացութիւն շրջելու ռազմավարութիւնը:

Ժամանակն է որ պահանջները վերադասաւորուին կարելիի եւ անկարելիի գլուխներուն տակ, որպէսզի բանակցելի լուծումը ձեւաւորուի կարելի պահանջներու հիման վրայ, կ՛եզրափակէր «Ազդակ»:

Իսկ 14 յուլիս 1982-ի թիւով եւ «Լիբանանեան խոհանոցը» խորագիրով ակնարկով «Ազդակ» կ՛ըսէր: Կը բաւէ հետեւիլ այս կամ այն մայրաքաղաքէն ներկայացուած լուծումի առաջարկներուն եւ անոնց տրուած մեկնաբանութիւններուն, հաստատելու համար թէ ամէն ինչ դրուած է հաւանականութեանց եւ կարելիի գլխուն տակ: Տեղ մը կը խօսին Լիբանանը մանրանկար պետութեանց վերածելու եւ այդ հիման վրայ ամբողջ շրջանը վերակառուցելու կարելիութեան մասին: Այլուր կը մատնանշեն վարչաձեւեր տապալելու եւ նորեր իշխանութեան գլուխ բերելու ծրագրին նպատակայարմար բնոյթը: Նոյնիսկ չեն պակսիր անոնք, որոնք դիտել կու տան թէ Լիբանանի օրինակով շրջանի բոլոր հակասութեանց հրահրումը եւ ամբողջ երկիրներ կրակի վրայ պահելու ռազմավարութիւնը մեծերուն հանգիստ շունչ մը ընծայելու ամէնէն ձեռնտու հաւանականութիւնն է:

Բայց խոհանոցային այդ փոխաբերութեանց եւ լիբանանցիին վիճակուած կեանքի իրականութեան միջեւ տարբերութիւնը կը կայանայ հո՛ն, ուր զոհերը իրենց արիւնէն կը վճարեն գինը լուծումներու այս փորձարկումին, կը նշէր «Ազդակ» եւ կ՛եզրափակէր ըսելով.

Իսկ ողբերգութիւնը կը սկսի հոնկէ, որ նոյնինքն զոհերը չեն հրաժարիր լաւագոյն ապագայի մը իրենց սպասումէն եւ, այսքա՜ն արիւնահեղութենէ եւ քանդումներէ ետք, տակաւին պատրաստ են քիչ մըն ալ տոկալու եւ յուսալու որ իրենց ակնկալութեանց համապատասխան լուծում մը կը գտնուի:

***

Israelleb_10-07-15

Նախագահ Իլիաս Սարգիս, վարչապետ Շաֆիք Ուազզան եւ արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Պութրոս յուլիս 13-ին ամերիկացի պատուիրակ Ֆիլիփ Հապիպի եւ անոր ընկերակիցներուն հետ ժողով մը գումարեցին: Հանդիպումը գլխաւորաբար յատկացուած էր արեւմտեան Պէյրութի պարենաւորման պաշարումը վերացնելու պահանջին:

Չորեքշաբթի, յուլիս 14-ին, նախարարաց խորհուրդը որոշեց բազմազգեան խաղաղարար ուժ մը հրաւիրել Լիբանան, ապահովելու համար օտար բոլոր ուժերու Լիբանանէն հեռացումը, ՄԱԿ-ի որոշումներու տրամադրութեանց իրագործումն ու գերիշխանութեան երկրի բոլոր շրջաններուն վրայ տարածումը` բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերու տարածման ճամբով:

Նախարարաց խորհուրդը վերոյիշեալ որոշումին յանգեցաւ, ունկնդրելէ ետք նախագահին, վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ ներկայացուած զեկուցումները: Իր խօսքին մէջ, նախագահ Սարգիս անդրադարձաւ գլխաւորաբար նախորդ օրերու ծանրակշիռ ռմբակոծումներուն ու նախարարներէն պահանջեց ապահովել քաղաքացիներու առօրեայ կարիքները:

Բազմազգեան ուժեր հրաւիրելուն նպատակն էր ապահովել պաղեստինեան ուժերուն Լիբանանէն հեռացումը, արեւմտեան Պէյրութը փրկել աւերումի վտանգէն ու Լիբանանի օրինական ուժերը հաստատել երկրի ամբողջ տարածքին:

Միւս կողմէ, Նաւահանգիստի շրջանին մէջ դիրքաւորուած իսրայէլեան ուժերուն եւ սահմանագիծի արեւմտեան կողմին վրայ հաստատուած պաղեստինցի զինեալներուն միջեւ բախումներ ծայր առին: Բախումներու պահուն երկու հրթիռներ ինկան Պուրճ Համուտ-Նապաա մայր ճամբուն վրայ, երկաթուղագիծին մօտ ու խլեցին երկու զոհ եւ հինգ վիրաւոր:

Լիբանանեան ներքին համախոհութեան մը իրագործման նպատակով, քուլիսային շփումներ տեղի կ՛ունենային, նպատակ ունենալով վերականգնել հայրենիքի փրկութեան խորհուրդը, կամ` համաձայնութեան եզր մը յառաջացնել, համախոհական կառավարութեան մը կազմութեան համար, նկատի ունենալով որ Պէյրութի տագնապի լուծման  շուրջ ընդհանուր համաձայնութեան մը պարագային, լիբանանեան բեմին վրայ կրնար բաց մը ստեղծուիլ:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Հոկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Cizre… Գզիրա Հայոց

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?