Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Տխրահռչակութենէ մինչեւ խելագարութիւն, ահաւասիկ կը տողանցեն 11 ղեկավարներ, որոնք «խոստովանած» են իրենց բռնատէր ըլլալը: Յատուկ անհատականութիւն մը պէտք է ունենալ ժողովրդավարական ընտրութեան թեկնածու առաջադրուելու, կամ նոյնիսկ երկիր մը «ստանձնելու» համար: Եւ մինչ ամբողջ պետութեան մը «պոս»-ը ըլլալը կ՛ենթադրէ ես-ի, անձնականութեան ուղեւորութիւն մը, ատիկա նաեւ խոշորացոյցի տակ կ՛առնէ ներքին մղումները, յաճախանքները եւ բնազդային խանգարումները: Ատիկա նաեւ այս դէմքերը կը մղէ իրենց քմահաճոյքներն ու բռնադատութիւնները ամբողջովին նոր մակարդակի մը վրայ դնելու դիրքին: Այս դէմքերը յաճախ համեստ ծագումով սկսած են, ապա միայն բարձրացած են դէզին վրայ, հրահրուած` իրենց դրոշմը ամբողջ երկրին եւ պատմութեան վրայ ձգելու իղձէն: Բազմաթիւ պարագաներու, այս դէմքերը իշխանութիւն եւ ճանաչում կը տենչան` խթանելով անհատի պաշտամունքը, որ իրենց կու տայ ժողովուրդին աչքին աստուածանման յատկանիշներով երեւնալու կարելիութիւնը:
Պերլուսքոնի
Իտալիոյ 78-ամեայ նախկին վարչապետ, գործարար, լրատու գործակալութիւններու սեփականատէր Սիլվիօ Պերլուսքոնիի քաղաքական ասպարէզը անփառունակ վախճան մը ունեցաւ, երբ 2013-ին մեղադրուեցաւ սեռային յարաբերութեան համար անչափահաս մարմնավաճառի մը վճարելու եւ իր պաշտօնը շահագործելու յանցանքներուն համար: Լրատու գործակալութիւններու ցանցի եւ Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի ակումբի սեփականատէրը շատոնց տխրահռչակ է իր առնչութիւններով իտալական մաֆիային եւ այլ տհաճ, անընդունելի անձերու: Գեղեցիկ կիներու եւ ընկերային հաւաքոյթներու հանդէպ իր սէրը զինք մղած են յաճախ կազմակերպելու հաւաքոյթներ, Միլանէն դուրս գտնուող իր դղեակին մէջ, ուր ըստ տարաձայնութեանց ափրիկեան ոճի պունկա պունկա ծէսերու կը մասնակցին շուրջ 20 մերկ աղջիկներ: Կը պնդուի, որ Իլ Քաւլիերը (ինչպէս որ ինք ծանօթ է), մարոքցի պորտապարուհի, մարմնավաճառ Քարիմա Մահրուկի (նաեւ ծանօթ` Ռուպի Ռուպաքուրի) ծառայութիւններուն համար վճարած է 5 միլիոն տոլարի կոկիկ գումար մը: Մինչ իր դատական վճիռը բեկանուած է, Պերլուսքոնի վստահաբար աւելի պիտի յիշուի իր պունկա պունկա հաւաքոյթներով, քան` Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք Իտալիոյ ամէնէն երկար պաշտօնավարած վարչապետը ըլլալու հանգամանքով:
Լէոնիտ Պրեժնեւ
Պատմութեան տարեգիրքերուն մէջ Լէոնիտ Պրեժնեւի տեղը ապահովուած է շնորհիւ անոր դիրքին` իբրեւ Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղար (1964-1982): Ռուսական ընտրութիւններուն մէջ անոր անունը կը գլխաւորէր 20-րդ դարու ամէնէն ժողովրդական ռուս ղեկավարներու ցանկը, հակառակ այն իրողութեան, որ անոր վարած քաղաքականութիւնները յառաջացուցին լճացումի ժամանակաշրջանը: Հասարակաց կարծիքով, ունայնամիտ, դատարկ մարդ մը, որ մեծութեան համբաւ կերտելու եւ պահպանելու մարմաջը ունէր, կ՛աստիճանազրկէր բոլոր անոնք, որոնք անկարող էին իր տաղանդը նշմարել: Պրեժնեւ կիրք մը ունէր հանդէպ կարգավիճակային խորհրդանիշներու, յատկապէս` շքանշան-պատուանշաններու (որոնցմով ինք պարգեւատրուեցաւ 100-է աւելի առիթներով, թէեւ ընդհանրապէս` անարժան): Լէոնիտ Պրեժնեւ հոգի կու տար արտասահմանեան արագ ընթացող ինքնաշարժներու (իտէալական ձեւով իրեն նուիրուած` օտար պետութիւններու ղեկավարներու կողմէ):
Սատտամ Հիւսէյն
Իրաքի հինգերորդ նախագահը, որ այդ պաշտօնին վրայ մնացած է 1973-էն մինչեւ 2009: Սատտամ Հիւսէյն կը փայփայէր իր երկրին մէջ անհատի պաշտամունքը հաստատելու մարմաջ մը: Զինք փառաբանելու համար նկարիչներու յանձնարարուած են անհամար դիմանկարներ, արձանագործներու` արձաններ, երգահաններու` երգեր… զինք շատ ուրախացնելով: Իրաքի ղեկավարին այս «սրբապատկերներուն» նպատակն էր ժողովուրդին աչքին իր անձին իտէալականացումը եւ իր վարչակարգին ի նպաստ քարոզչութիւնը: Սատտամ Հիւսէյնի ժողովրդականութեան գագաթնակէտին իր պատկերները (քաշողական` այլազան ակնդիրներու, շնորհիւ հագած տարբեր տարազներուն` պետեւիներու տարազներէն մինչեւ վարպետ դերձակներու կարած պաշտօնական զգեստները) բառացիօրէն ամէն տեղ էին` ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, թէ ինք կը դիտէ իւրաքանչիւր շարժում: Ինչպէս յայտնի է, Հիւսէյն յանձնարարած է «Արեան Քուրան»-ը գրել` իր արիւնէն 27 լիթր օգտագործելով, ի նշան շնորհակալութեան Աստուծոյ` զանազան վտանգներէ իր կեանքը պահպանելուն համար:
Ստալին
Խորհրդային Միութեան բռնապետը, որ իշխեց 1925-էն մինչեւ իր մահը` 1953, պատասխանատու էր միլիոնաւոր մարդոց մահուան: Սարսափի եւ կեդրոնացեալ հսկողութեան միջոցով ինքզինք իբրեւ առաջնորդ պարտադրելու մարմաջը այնքան բուռն էր իր մէջ, որ հաստատեց անհատի պաշտամունքի մշակոյթի ցուցանիշը, եւ բազմաթիւ վայրեր կոչուեցան իր անունով, ինչպէս նաեւ` «Ստալին» մրցանակը եւ «Ստալին» խաղաղութեան մրցանակը: Ան վեհանձնօրէն ընդունեց, որ ժողովուրդը զինք կոչէ` «Մարդկութեան փայլուն հանճարը»: Հեգնականօրէն, հանճարի այս յատուկ ծինը ուզած է յիշուիլ մեծ մարդոց համեստութեան համար: Քարոզչութեան բազմաթիւ, զանազան եւ զարմանազան արուեստի գործեր, ներառեալ` գրականութիւն, երաժշտութիւն, գեղանկարչութիւն, շարժապատկեր յանձնարարուած են, որպէսզի համախմբեն ժողովուրդին զօրակցութիւնը: Կ՛ենթադրուի, թէ Ստալին ունեցած է իրեն նմանող անձ մը` Ռաշիտ, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, երբ Ստալինի առողջութիւնը խանգարուած է, անոր փոխարէն կանգնած է շքերթներու եւ պատկերասփռուող հանդիսութիւններու ընթացքին:
Ներոն
Պատմական Հռոմի անառակ որդին, որ փառամոլութեան անվերջանալի փնտռտուքի ընթացքին քանդեց իր պաշտած քաղաքը, գանձերը, ինքզինք եւ անհամար քաղաքացիներ: Ներոն կայսրը մեղադրուած է Հռոմի Մեծ հրդեհը հրահրելու յանցանքին համար, որպէսզի «մաքրէ» տարածութիւն մը` ատոր վրայ կառուցելու համար տպաւորիչ ըլլալու կոչուած պալատական ամփիթատրոն մը: Նոյն անձը, որ ըստ տարաձայնութիւններու, քրիստոնեաները կը մխրճէր իւղի մէջ եւ զանոնք կ՛այրէր, իր գիշերները լուսաւորելու նպատակով, նաեւ մահապատիժի ենթարկած է բազմաթիւ հռոմէացիներ, ներառեալ` իր մայրը: Նաեւ կ՛ենթադրուի, թէ ան թունաւորած է իր խորթ եղբայրը` իշխանութեան հասնելու մարմաջով: Ներոնին եսը սահմաններ չէր ճանչնար: Մարտական կառքեր վարելու իր սէրը մղած էր զինք մասնակցելու Ողիմպիական խաղերուն (այնքան «տաղանդաւոր» էր, որ կառքէն շպրտուեցաւ եւ մազապուրծ փրկուեցաւ ստոյգ մահէ): Հակառակ իբրեւ կայսր իր դիրքին` հեղինակած է երգեր եւ անձամբ ներկայացուցած է հանրութեան, որպէսզի աճի իր ժողովրդականութիւնը: Ի վերջոյ, վախնալով, որ կրնայ հանրութեան թշնամի յայտարարուիլ, անձնասպան եղած է:
Չաուչեսքու
Ռումանական պետութեան առաջնորդը (1967–1989) իր կնոջ հետ դատապարտուած եւ մահապատիժի ենթարկուած է, երբ յանցաւոր ճանչցուած է ցեղասպանութեան եւ ապօրինի հարստութիւն կուտակելու համար: Ինքնիրեն «Կարպաթեան տաղանդ» տիտղոսը տուած բռնապետին համար արքայական մական` գաւազան մը պատրաստուեցաւ, երբ Ռումանիոյ նախագահ ընտրուեցաւ: Ասիկա մղեց արուեստագէտ Սալվատոր Տալին Չաուչեսքուին յղելու հեռագիր մը, սուր հեգնանքով զայն շնորհաւորելու` «Նախագահական մական»-ը հնարելուն համար: Իրեն հանդէպ հաւատարմութիւն երաշխաւորելու նպատակով Չաուչեսքու ընտանիքի շարք մը անդամներ նշանակեց կառավարական դիրքերու վրայ: Ունայնութեան, սնափառութեան այլ զոհի մը` Չաուչեսքուի պաշտօնական նկարները զինք միշտ պատկերացուցած են… 40 տարեկան:
Քազզաֆի
Լիպիացի յեղափոխականը եւ քաղաքական գործիչը բարձրացած է շատ համեստ ենթահողէ մը` ըլլալով պետեւի հովիւի մը զաւակը: Հակառակ իշխանութեան սանդղակին վրայ իր զարմանալի բարձրացումին` ան աւելի պահպանեց հանրային համեստ անձնաւորութեան մը երեւոյթը, բացառութեամբ իր շռայլ հանդերձարանին: Իբրեւ լուրջ մարդու, բարեպաշտի, ընտանիքի հօր իր կերպարը ամբողջովին կը հակադրուէին այն տարաձայնութիւններուն, թէ ինչեր տեղի կ՛ունենային Թրիփոլիի մօտ գտնուող իր ընդարձակ ամրոցի փակ դռներուն ետին: Ըստ ֆրանսական «Լը Մոնտ» թերթին` Քազզաֆի կնամոլ եւ բռնաբարող մըն էր, որ իր տրամադրութեան տակ ունեցած է կանանոց մը: Իր ամազոնեան թիկնապահները նոյնիսկ զերծ չէին մնար իր բռնութիւններէն: Քազզաֆիի «զենկա զենկա» հաւաքոյթները կ՛ըսուէր, թէ Պերլուսքոնիի սեռային գունաւորումներով հաւաքոյթներուն կիսամերկ կիներ հայթայթած են: Կ՛ենթադրուի, թէ Իտալիոյ նախկին վարչապետին մտերիմ հաւաքոյթները ներշնչուած են նոյնինքն Քազզաֆիէն:
Քիմ Եոնկ Իլ
Նաեւ ծանօթ` իբրեւ «Սիրելի առաջնորդը», Քիմ Եոնկ-իլ 1994-2011 թուականներուն գերագոյն առաջնորդն էր Քորէայի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան: Քիմ Եոնկ-իլ ձեւաւորուած է իբրեւ անհատի պաշտամունքի առարկայ, ատիկա ժառանգելով իր հօրմէն (Հիւսիսային Քորէայի նախկին ղեկավարը) եւ աւելի զարգացուցած է պետութեան քարոզչական մեքենան, այնպէս մը, որ իր ժողովուրդին աչքին ունեցած է աստուածանման իրավիճակ մը: Անոր հանդէպ հերոսի պաշտամունքի տարողութիւնը այն աստիճանի հասած է, որ մարդիկ կը հաւատան, թէ X-Men’s Storm-ի նման կը կառավարէ եղանակային պայմանները: Երբ իր առողջութեան մասին տարաձայնութիւններու ալիքը բարձրացաւ, եւ ինք չկրցաւ Փիոնկեանկի մէջ 2008-ի Ողիմպիական ջահի արարողութեան ներկայ գտնուիլ, Հիւսիսային Քորէայի կառավարութիւնը ստիպուած եղաւ բացայայտելու, որ պարզապէս մահկանացու ըլլալով, Եոնկ-իլ սրտի կաթուած մը անցուցած է: Ըստ տարաձայնութիւններու, Եոնկ-իլ օգտագործած է նմանակ մը, որպէսզի քողարկէ առողջութեան հարցերու պատճառած հետքերը եւ շարունակէ սնուցանել իր անմահութեան պատրանքը:
Քիմ Եոնկ Ուն
Քիմ Եոնկ Ուն Հիւսիսային Քորէայի ղեկը ստանձնեց 2011-ին` իր հօր մահէն ետք: Այդ պաշտօնը ի սկզբանէ նախատեսուած էր իր աւագ եղբօր, որ յամենայն դէպս, դժգոհ ձգած էր հայրը Թոքիոյի Տիզնիլենտ այցելելու նպատակով կեղծ անցագիրով մը ճամբորդելուն համար: Աւելի կրտսեր Եոնկ ոչ միայն ժառանգած է իր հօր պաշտօնը, այլեւ` դէմքի իւրայատկութիւնները, մարմինի կազմը եւ անհատականութիւնը: Եոնկ դպրոցին մէջ Մայքըլ Ճորտընի մեծ համակիր մըն էր եւ յաճախ մատիտով գծած է մարզիկին մանրամասն դիմանկարները: Ան նաեւ պասքեթպոլի, համակարգիչի խաղերու եւ Էրիք Քլափթոնի համակիր է: Կը սիրէր ընկերային կեանքը, ոգելից ըմպելիները, հաւաքոյթները: Իր դղեակին մէջ տեղադրած էր ներածուած ժաքուզի մը, որպէսզի ապաքինի ալքոլով հրահրուած գիշերներէ:
Իլհամ Ալիեւ
Ազրպէյճանի ալիեւեան մաֆիայի քլանի արժանաւոր զաւակը, որ նախագահական աթոռը 2003-ին իր հօրմէ` Հայտար Ալիեւէն ժառանգեց «արդար եւ թափանցիկ» ընտրութեամբ: 2009-ին Իլհամ վերընտրուեցաւ` ստանալով քուէներու 87 առ հարիւրը, իսկ 2013-ի նախագահական «թափանցիկ» ընտրութեամբ, Իլհամին արդար բաժին ինկաւ քուէներուն 85 առ հարիւրը: Անոր իշխանութեան օրով բանտարկուած են մարդկային իրաւանց գործիչներ եւ լրագրողներ, իսկ Հունգարիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն մասնակցող հայ սպան դաժանօրէն սպաննած ազերի ոճրագործը հայրենիք վերադարձին հերոսի կոչում ստացած է բռնապետէն, որ «Թուիթըր» օգտագործող է, սակայն գլխաւորաբար` խծբծելու համար Հայաստանը, օրինակ` «Ինչպէս որ մենք հայերուն յաղթած ենք քաղաքական եւ տնտեսական ճակատներու վրայ, կրնանք անոնց յաղթել նաեւ պատերազմի դաշտին վրայ», գրած է Ալիեւ Հայաստանի մասին, որուն դէմ 20-րդ դարուն շղթայազերծած 4 պատերազմներն ալ անփառունակ վախճան ունեցած են:
Էրտողան
Ֆութպոլիստի ասպարէզէն բարձրացաւ Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնին, սակայն հանգիստ չմնաց այդ աթոռին վրայ. կրօնական ատելութիւն հրահրելուն համար 1998-ին բանտարկուեցաւ: Ասիկա ըլլալու է պատճառը, որ երբ վարչապետ, ապա նախագահ եղաւ, բանտերը լեցուց լրագրողներով, իրաւապաշտպաններով, իր ընդդիմախօսներով: Արգիլեց «Թուիթըր»-ը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի քողին տակ կը հարուածէ քիւրտերը… Այժմ կը դրսեւորէ սուլթանական մարմաջներ…
Օգտագործուած աղբիւրներ`
Top Men’s Magazine եւ այլ կայքէջեր