Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սաստիկ Ռմբակոծումներ` Պէյրութէն Մինչեւ Խալտէ Եւ Գաղթակայաններ

Սեպտեմբեր 23, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Ալէյ – Պհամտուն-Համմանա Գօտին`
Զինուորական Գործողութեանց Առանցք

DSC00097
Իսրայէլեան ուժեր Մքալլէսի վերելքին վրայ

Իսրայէլեան բանակին Լիբանան ներխուժումէն եւ Պէյրութի դուռերուն հասնելէն ետք, Պէյրութի հարաւային արուարձաններն ու մինչեւ օդակայանի գօտին տարածուող պաղեստինեան գաղթակայանները թատերաբեմ կը մնային իսրայէլեան սաստիկ ռմբակոծումներու եւ բախումներու:

Երեքշաբթի, 22 յունիս 1982-ին Ալէյ-Պհամտուն-Մտէյրէժ գօտիին վրայ, լեռնային ճակատները բռնկեցան իսրայէլեան ու սուրիական ուժերը իրարու հակադրող ծանրակշիռ բախումներով, որոնց ընթացքին իսրայէլեան ուժերը նոր յառաջխաղացք արձանագրեցին:

Լեռնային ճակատներուն վրայ վիճակը վատթարացաւ երբ իսրայէլեան ուժեր յարձակման անցան դէպի Պհամտուն եւ Ալէյ, Դամասկոս-Պէյրութ միջազգային գիծը նոր կէտերու վրայ կտրելու առաջադրանքով: Հրետանիի սաստիկ կռիւներէ ետք, իսրայէլեան ուժերը մուտք գործեցին Մանսուրիէթ Պհամտուն գիւղը, իսկ միւս կողմէ, Ալէյի եւ Պհամտունի մուտքերուն, անոնք բախումներ ունեցան արաբական զսպիչ ուժերու միաւորներուն հետ:

Մինչ այդ իսրայէլեան այլ զօրաբաժիններ փորձեցին շարժիլ Այն Զհալթայէն դէպի Մտէյրէժ: Այդ յառաջխաղացքները կատարուեցան իսրայէլեան օդուժին կողմէ կատարուած ռմբակոծումներու հովանիին տակ, որ տարածուած էր Սուք էլ Ղարպէն մինչեւ Ալէյ, Պհամտուն, Մտէյրէժ, Տահր Պայտար եւ Համմանա: Յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն ետք իսրայէլեան օդանաւեր ռմբակոծեցին Մթէյնը, Քմմաթիէն եւ Ֆալուղան, իսկ այնուհետեւ անոնք շարունակեցին այդ շրջաններուն վերեւ թռիչքները, հասնելով մինչեւ Տհուր Շուէյր եւ Պթղրին:

Պէյրութի մէջ կացութիւնը վատթարացաւ յատկապէս յետմիջօրէին: Մայրաքաղաքի հարաւային գօտին կը մնար թատերաբեմ կարճատեւ եւ երկարատեւ ընդհատումներով կատարուած հրետանիի փոխադարձ ռմբակոծումներու:

Պաղեստինեան գաղթակայաններու եւ անոնց մօտակայ թաղամասերու վրայ կեդրոնացած ռմբակոծումները կը կատարուէին հրետանիով եւ իսրայէլեան մարտանաւերէ արձակուած ռումբերով. բայց յետմիջօրէին անոնց միացաւ նաեւ իսրայէլեան օդուժը: Ու Խալտէէն մինչեւ Պիր Հասան, Սապրա, Ռամլէթ Պայտա, Մազրաայի քոռնիշ, Ֆաքհանի, Շաթիլա, Լիբանանեան համալսարանի շրջան, Պուրճ Պարաժնէ եւ Հայ Սըլլոմ շրջանները սաստկօրէն ռմբակոծուեցան, պատճառ դառնալով մարդկային նոր զոհերու, վիրաւորներու եւ նիւթական անհաշուելի վնասներու: Ռմբակոծման թիրախ դարձած շրջաններուն մէջ շէնքեր փուլ եկան եւ հրդեհներ ծագեցան:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին ռմբակոծուեցաւ նաեւ Զինուորական բաղնիքը, ուր հաստատուած լիբանանեան բանակի ջոկատը տուաւ 2 զոհ եւ 9 վիրաւոր:

Պէյրութի եւ լեռնային շրջաններու մէջ, բախումներն ու ռմբակոծումները մեղմացան ժամը 7:00-էն ետք, իբրեւ արդիւնք` Իսրայէլի վարչապետի փոխանորդ Սիմհա Էրլիխի այն յայտարարութեան, թէ ամերիկեան առաջարկի մը վրայ, Իսրայէլ կ՛ընդունի զինադուլ հաստատել Լիբանանի մէջ:

Իսրայէլ զինադուլ յայտարարեց, առիթ տալու համար որ լիբանանեան բեմին վրայ հարցերու լուծման որոնումը շարունակուի դիւանագիտական եւ քաղաքական շփումներու ճամբով:

***

Իսրայէլեան ուժեր դէպի Ժսըր Պաշա
Իսրայէլեան ուժեր դէպի Ժսըր Պաշա

Իսրայէլի կողմէ յայտարարուած զինադուլը 24 ժամուան կեանք իսկ չունեցաւ եւ պայթեցաւ չորեքշաբթի, յունիս 23-ի կէսօրէ առաջ, Պեքաայի եւ Պէյրութ-Դամասկոս միջազգային ճամբուն լեռնային կարգ մը շրջաններու մէջ:

Պեքաայի մէջ, կէսօրէ առաջ հրետանիի մարտեր ծայր առին Քարաոնի լիճի արեւելեան շրջանին մէջ: Սուրիական հրասայլային զօրաբաժին մը փորձեց յառաջանալ եւ գրաւել իսրայէլացիներու կողմէ գրաւուած դիրք մը: Սուրիացի երկու զինուորներ սպաննուեցան եւ քանի մը հրասայլեր քանդուեցան: Իր կարգին Իսրայէլ տուաւ 5 զոհ եւ կորսնցուց քանի մը հրասայլ:

Լեռնային շրջաններուն մէջ, Ալյէ-Պհամտուն-Համմանա-Մտէյրէժ-Տահր Պայտար առանցքը եղաւ զինուորական գործողութեանց ծանրութեան կեդրոնը: Իսրայէլեան հրետանին, ապա նաեւ` օդանաւեր նախամիջօրէէն սկսեալ ու մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, կարճատեւ ընդհատումներով, հանգրուան առ հանգրուան ռմբակոծեցին վերոյիշեալ շրջանները, իսկ Ազունիէի շրջանին մէջ, իսրայէլեան ուժեր փորձեցին նոր յառաջխաղացք արձանագրել: Երեկոյեան, Ֆայատիէի շրջանին մէջ գտնուող իսրայէլեան դիրքերը սպառնալիք ուղղեցին Ժամհուրի եւ Լուէյզիի շրջաններուն մէջ գտնուող արաբական զսպիչ ուժերուն, որ հեռանան այդ գօտիէն:

Վերոյիշեալ յարձակումներուն զուգահեռ, նաեւ սուինամարտեր տեղի ունեցան Պհամտունի մօտակայ շրջաններու մէջ, իսկ երեկոյեան, իսրայէլեան եւ սուրիական օդանաւերու միջեւ, Շթորայի վերեւ ճակատում մը տեղի ունեցաւ:

Պէյրութի մէջ, հարաւային արուարձանները, յատկապէս` քուէյթեան դեսպանատան եւ Պուրճ Պարաժնէի շրջանները թիրախ դարձան հրետանիի եւ մարտանաւերէ արձակուած ռումբերու:

***

Իսրայէլեան ուժերու յառաջխաղացք
Իսրայէլեան ուժերու յառաջխաղացք

Հինգշաբթի, 24 յունիսին Պէյրութ եւ հարաւային արուարձանները անցուցին տաք ու ծանրակշիռ յետմիջօրէ մը: Պուրճ Պարաժնէէն մինչեւ Ռամլէթ Պայտա եւ օդակայանին մօտակայ շրջանները, ապա նաեւ` Մազրաայի քոռնիշն ու Ֆաքհանին ու շրջակայ թաղամասեր յետմիջօրէին թիրախ դարձան նախ` հրետանիի, ապա նաեւ օդանաւային ռմբակոծումներու, մինչ ժամը 1:15-էն սկսեալ ու մօտաւորապէս կէս ժամ, իսրայէլեան մարտանաւեր ռմբակոծեցին Զինուորական բաղնիքէն մինչեւ Ռիվիերա պանդոկ տարածուող գօտին, իսկ աւելի ուշ` Ռաուշէն եւ Ռամլէթ Պայտան:

Պեքաայի մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ օդանաւային ճակատում մը. սուրիական երկու «Միկ»-եր վար առնուեցան եւ «Սամ» հրթիռներու խարիսխներ քանդուեցան:

Ալէյ-Պհամտուն-Մտէյրէժ-Համմանա-Ֆալուղա գօտին հանդիսացաւ ռազմագիտականօրէն ամէնէն կարեւոր ճակատը ու արեւածագէն առաջ իսկ, հրետանիի մարտեր իրարու հակադրեցին իսրայէլեան եւ արաբական զսպիչ ուժերու միաւորները: Աւելի ուշ, իսրայէլեան օդուժը եւս միացաւ յարձակումներուն: Մարտերը շարունակուեցան մինչեւ երեկոյ, ու արեւամուտէն ետք մեղմացան: Իսրայէլեան ուժերը գրաւեցին Պհամտունը եւ կտրեցին Պէյրութ-Դամասկոս միջազգային ճամբան:

***

Ուրբաթ, յունիս 25-ի առաւօտէն սկսեալ ու մինչեւ ուշ երեկոյ, Պէյրութ բռնուեցաւ սաստիկ ռմբակոծումներու տարափի մը տակ, որ կրակէ օղակի մը մէջ առաւ մայրաքաղաքին հիւսիս-արեւմտեան ծովեզերքէն մինչեւ հարաւային արուարձաններ տարածուող շրջանները, ծովեզերեայ եւ ներքին բնակարանային թաղամասերուն եւ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ ստեղծելով աւերում եւ հրդեհներ, որոնք մինչեւ ուշ գիշեր լուսաւորեցին բազմաթիւ շրջաններու երկինքները:

Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ հրետանիի ռմբակոծումներուն եկան միանալու իսրայէլեան օդանաւեր, կէսօրուան մօտ, իսկ յետմիջօրէին, իսրայէլեան մարտանաւեր ամբողջացուցին զինուորական գործողութեանց պատկերը:

Յատկապէս կէսօրին ու երեկոյեան սաստիկ բնոյթ ստացած ռմբակոծումներու թիրախ դարձան Ամերիկեան համալսարանի հիւսիսային քոռնիշէն սկսեալ մինչեւ Զինուորական բաղնիք ու Ռաուշէ երկարող շրջանները, ինչպէս նաեւ` Ռամլէթ Պայտան եւ Ուզահին, որոնք առաւելաբար ռմբակոծուեցան մարտանաւերէ: Յատկապէս քոռնիշի շրջանին մէջ, բազմաթիւ ծառեր տապալեցան ու բնակարանային շէնքեր վնասուեցան: Միւս կողմէ, հրետանիի ու օդանաւային ռմբակոծումներու թիրախներն էին նախընթաց օրերուն արդէն իսկ մեծ մասամբ կիսաքանդ դարձած շրջաններ, սկսելով Պուրճ Պարաժնէէն եւ օդակայանի մօտակայ շրջաններէն, անցնելով Լէյլաքիէն, Հայ Սըլլոմէն, Շաթիլայէն, Սապրայէն, Պիր Հասանէն, Ֆաքհանիէն եւ Արաբական համալսարանի շրջաններէն ու հասնելով մինչեւ Մազրաայի քոռնիշ, Ապու Շաքէր թաղամաս եւ Պասթա: Յետմիջօրէին, քանի մը հռթիռներ ինկան նաեւ Համրա փողոցի շրջանին մէջ, խլելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Ռմբակոծուեցան նաեւ Հատէթի եւ Արամունի կարգ մը շրջաններ:

Լեռնային ճակատներուն վրայ գրեթէ անընդհատ շարունակուող բախումները յանգեցան մինչ այդ գրեթէ անշարժ մնացած հակադիր գիծերու փոփոխութեան, երբ իսրայէլեան ուժեր գրաւեցին Ժամհուրէն մինչեւ Պհամտուն երկարող գիծը, անցնելով Ալէյէն, որ գրաւուեցաւ արաբական զսպիչ ուժերու երկու զօրաբաժիններու յիշեալ շրջաններէն հեռացումէն ետք:

Արաբական զսպիչ ուժեր դէպի Պեքաա հեռացան նաեւ Համմանա-Ֆալուղա եւ Մթէյն-Մրուժ շրջաններէն, ինչ որ կը նշանակէր լեռնային ռազմագիտական բազմաթիւ դիրքերու վիճակի փոփոխութիւն:

Միւս կողմէ, «Լիբանանեան ուժեր»-ը գրաւեցին Ժամհուրը, հասնելով Ժամհուրէն մինչեւ «Սիալ» ընկերութիւն (Եարզէէն քիչ մը անդին): Նշենք, որ «Լիբանանեան ուժեր»-ը չմասնակցեցան կռիւներուն, այլ անոնք շրջան մտան արաբական զսպիչ ուժերու հեռացումէն ետք, «կացութիւնը հակակշռելու եւ լիբանանեան բանակի շրջանէն ներս մուտքը նախապատրաստելու համար»:

Քաղաքական բեմի վրայ, Ազգային շարժումի ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտարարեց հայրենիքի փրկութեան խորհուրդէն իր հրաժարումը, որ գործնապէս նկատուեցաւ հայրենիքի փրկութեան խորհուրդի քայքայումը: Կարճ ատեն մը ետք, վարչապետ Շաֆիք Ուազզան յայտարարեց, որ իր հրաժարականը դրած է նախագահ Իլիաս Սարգիսի տրամադրութեան տակ, նկատի ունենալով որ «Լիբանան կը գտնուի միջազգային դաւադրութեան մը սպառնալիքին դիմաց, իսկ քաղաքական շփումներն ու ճիգերը զինուորական գործողութեանց անընդհատ սաստկացման ճնշումին տակ` շանթաժի առարկայ են»:

***

Իսրայէլեան ուժեր Մոնթէ Վերտիի մէջ
Իսրայէլեան ուժեր Մոնթէ Վերտիի մէջ

Արեւմտեան Պէյրութի շուրջ օղակը հետզհետէ կը սեղմուէր, իսկ քանդումները օրըստօրէ աւելի մեծ տարողութիւն կը ստանային:

Իսրայէլեան ներխուժումի առաջին օրերուն, միայն պաղեստինցիներու կողմէ բնակուած թաղամասերը, գաղթակայանները կը ռմբակոծուէին: Բայց յաջորդող օրերուն այլեւս ոչ մէկ թաղամաս զերծ մնացած էր ռմբակոծումներէն եւ ականուած ինքնաշարժներու պայթումներէն, որոնք կ՛աւելցնէին քաղաքային զոհերուն թիւը:

Հարաւ-արեւելեան արուարձանները, ուր հոծ թիւով շիի լիբանանցիներու կողքին կը բնակէին քանի մը հազար պաղեստինցիներ, թիրախ դարձած էր օդէն, ծովէն եւ ցամաքէն կատարուած իսրայէլեան ռմբակոծումներուն: Այդ արուարձանները գրեթէ աւերակի վերածուած էին: Հազուադէպ էին այն բնակարանները, որոնք չէին վնասուած: Այդ փլատակներուն միակ բնակիչները ծերեր եւ զինեալներ էին:

Ֆաքհանի եւ Արաբական համալսարանի թաղամասերը եւս վնասուած էին: Օդային, ծովային եւ ցամաքային հրետանիներուն հանապազօրեայ ռմբակոծումները բնակելի եւ փարթամ շրջանը անրջային եւ մահամերձ քաղաքի մը վերածած էին:

Ծանրօրէն վնասուած շէնքերը կը ցցուէին փլատակներու մէջ: Հոն աւազէ պարկերուն ետեւը զինեալներ դիրք բռնած էին:

Մազրաա թաղամասը եւս ծանրօրէն վնասուած էր ռմբակոծումներէն: Նախկին շէն այդ թաղամասը ծանրօրէն ռմբակոծուեցաւ եւ տասնեակ մը շէնքեր քանդուեցան, իսկ ուրիշներուն պատերը փուլ եկան: Փողոցները քարերով եւ երկաթի կտորներով ծածկուած էին:

Պէյրութի կեդրոնական եւ մարդաշատ, սիւննիներով բնակուած Պասթա թաղը նոյն երեւոյթը կը ներկայացնէր: Իսրայէլեան ռմբակոծումը աւերներ գործեց 500 մեթր շառաւիղով շրջանակի մը մէջ:

Իսկ մայրաքաղաքին ծովեզերեայ գօտին, Ուզահիէն մինչեւ Մանարայի շրջանը անընդհատ կը ռմբակոծուէր իսրայէլեան մարտանաւերու կողմէ: Այն դեսպանատուները եւ պանդոկները, որոնք կը գտնուէին ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ, իրենց ճակատէն զարնուած էին:

Աւելի ապահով նկատուած թաղերն իսկ զերծ չէին մնացած վնասներէ: Այդ թաղամասերուն մէջ երեք շաբթուան ընթացքին տասը ականուած ինքնաշարժներ պայթած էին: Այդ թաղմասերուն մէջ է, որ խռնուած էր պէյրութցիներուն մեծագոյն մասը:

* * *

Ուրբաթ, յունիս 25-ի երեկոյեան Իսրայէլ զինադուլ յայտարարեց, որ անխախտ մնաց յաջորդ օր եւ բազմաթիւ օրերու անընդհատ ռմբակոծումներէ ետք, Պէյրութի կռիւներու բեմ դարձած շրջանները խաղաղ շաբաթավերջ մը անցուցին, որուն ընթացքին ի յայտ եկաւ տեղի ունեցած ռմբակոծումներու հետեւանք` մարդկային ու նիւթական կորուստներու ահաւորութիւնն ու ահագնութիւնը:

Կիրակի, յունիս 27-ին իսրայէլեան օդանաւեր արեւմտեան Պէյրութը քաղաքային բնակիչներէ  պարպելու կոչեր բովանդակող թռուցիկներ թափեցին արեւմտեան Պէյրութի մէջ, խուճապի վիճակ մը ստեղծելով մայրաքաղաքի արեւմտեան գօտիին մէջ: Ծայր առաւ դէպի արեւելեան Պէյրութ եւ ապահով նկատուած վայրեր խոյս տալու հոսանք մը, որուն միացան երկօրեայ խաղաղ վիճակէն օգտուող եւ իրենց  բնակարանները վերադարձած բազմաթիւ քաղաքացիներ: Երթեւեկը ծանրացաւ միակ բաց անցքին` Թանգարանէն Պարպիր տանող  ճամբուն վրայ, թէեւ սահմանագիծին երկու կողմերուն վրայ հաստատուած անցարգելները չէին դիւրացներ երթեւեկը:

Լեռնային ճակատներուն վրայ, ընդհանուր առմամբ կացութիւնը կը մնար հանդարտ. միայն Սոֆարի մօտակայ Քըրէյա շրջանին մէջ տեղի ունեցած ու մէկ ժամ տեւած ռմբակոծումը եղաւ զինադուլը խախտող միակ միջադէպը:

Մինչ այդ իսրայէլեան ուժեր կարեւոր ուժ փոխադրեցին Համտունէն դէպի Համմանայի շրջանը, միաժամանակ ամրապնդելով Համտունի բարձունքներուն վրայ իրենց հրասայլային եւ թնդանօթային դիրքերը:

Նախագահ Իլիաս Սարգիս Լիբանանի բոլոր բարեկամներուն կոչ մը ուղղեց, որ սփռուեցաւ լիբանանեան պատկերասփիւռի եւ պետական ձայնասփիւռի կայանին կողմէ: Կոչը սրտաճմլիկ երանգ մը ունէր եւ կը համապատասխանէր յատկապէս արեւմտեան Պէյրութի ու ընդհանրապէս Լիբանանի ծանրակշիռ վիճակին:

Իր կոչին մէջ նախագահ Սարգիս Լիբանանի բարեկամ պետութիւնները հրաւիրեց անյապաղ ընդառաջելու Լիբանանի ու մանաւանդ Պէյրութի փրկութեան իր հրաւէրին: Ան ընդգծեց, որ Պէյրութ կը գտնուի աւերումի, իսկ անոր բնակչութիւնը` հաւաքական սպանութեան սպառնալիքին տակ: Անմիջական միջոցառումներու չդիմելու պարագային, կը շեշտէր նախագահը, Պէյրութ պիտի մատնուի այն ճակատագիրին, որուն պատմութեան ընթացքին յաճախ մատնուած են քաղաքակրթութեան օրրան եղող քաղաքներ եւ շրջաններ:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Սեպտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?