Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Բանակին Հարաւ Ներխուժումը Եւ Յառաջխաղացքը Դէպի Պէյրութ

Սեպտեմբեր 2, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Տամուր ռմբակոծման պահուն, 7 յունիս 1982-ին
Տամուր ռմբակոծման պահուն, 7 յունիս 1982-ին

Իսրայէլեան բանակը 6 յունիս 1982-ին ընդհանուր յարձակողականի մը անցաւ հարաւային Լիբանանի վրայ, պաղեստինեան հրետանին 40 քիլոմեթր դէպի հիւսիս ետ մղելու պատրուակով` հարաւը գրաւելու եւ զայն իր հակակշիռին տակ պահելու առաջադրանքով:

Արդարեւ, կիրակի, 6 յունիսի յետմիջօրէին իսրայէլեան բանակը ընդհանուր յարձակողական մը շղթայազերծեց հարաւային Լիբանանի վրայ: Հարիւր հրասայլերով ու հարիւր զրահապատ կառքերով, իսրայէլացի 20 հազար զինուորներ քանդեցին լիբանանեան եւ իսրայէլեան հողամասերը իրարմէ բաժնող փշաթելերը, խորտակեցին «Ֆինիւլ»-ին հաստատած սահմանագիծը եւ երեք գլխաւոր ուղղութիւններով, արեւելքէն, կեդրոնական գօտիէն եւ ծովեզերքէն շարժեցան դէպի հիւսիս, օդանաւային ու հրետանիի սաստիկ ու անընդմէջ ռմբակոծումներու հովանոցի մը ներքեւ:

Ներխուժումի գործողութենէն առաջ, յունիս 4-էն սկսեալ, իսրայէլեան օդանաւերու լայնածիր ու յաջորդական ռմբակոծումները տարածուած էին Պէյրութէն մինչեւ հարաւ, կործանելով բնակարաններ ու հրոյ ճարակ դարձնելով երկրագործական բերքեր:

Ընդհանուր յարձակողականին շղթայազերծումէն ետք, զինուորական գործողութիւնները ստացան աննախընթաց սաստկութիւն, ծաւալ ու տարողութիւն:

Բացի հարաւէն ներս ուղղակի թափանցումէն, իսրայէլեան ուժեր զուգահեռաբար ցամաքահանում կատարեցին Սայտայի հարաւը, Զահրանիի զտարանին մօտ (որ բախումներու հետեւանքով կրաւ առաւ), Սուրի հարաւը` Ռաշիտիէի մօտ, ինչպէս նաեւ ուղղաթիռներով` Նապաթիէի ու Պոֆոր դղեակի շրջանին մէջ: Շրջանի պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերուն հետ, բազմաթիւ գիւղերու մէջ, իսրայէլեան յարձակող ուժերը սաստիկ բախումներ ունեցան:

Ամէնէն տաք ճակատումները տեղի ունեցան Սուրի հարաւային մուտքին մօտ, ուր ցամաքահանումէն ետք յառաջխաղացքը զսպուեցաւ: Իսրայէլեան ուժերը տուին 50-է աւելի զոհ ու վիրաւոր եւ քանդուեցան 18 հրասայլ ու 22 զրահապատ: Իսրայէլեան ուժերը, իրենց կարգին, քանդեցին պաղեստինեան 80 կեդրոն:

Ցամաքային բախումներու տարողութիւնն ու հորիզոնները ընդարձակուեցան երեկոյեան, երբ Ժըրմաքի մօտ դիրք հաստատած արաբական զսպիչ ուժերու ծանր հրետանին ռմբակոծեց իսրայէլեան յառաջացող ուժերը: Սուրիական ուժերը հարաւի մէջ երեք կէտերու վրայ դէմ յանդիման եկան իսրայէլեան ուժերուն:

Շուրջ հարիւր քիլոմեթր երկարութեամբ ճակատի մը վրայ մղուող կռիւներուն զուգահեռ, տեղի ունեցան այլ իրադարձութիւններ: Նապաթիէի մօտ վար առնուեցաւ իսրայէլեան «Ֆէնթըմ» օդանաւ մը, որուն վարորդը գերի բռնուեցաւ պաղեստինցիներուն կողմէ, հրթիռարձակ ուղղաթիռ մը, որուն երկու վարորդները կորսուած նկատուեցան, իսկ Պեքաայի վերեւ, «Սամ» հրթիռով մը առանց օդաչուի լրտես օդանաւ մը վար առնուեցաւ:

Պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը անխնայ ռմբակոծեցին հիւսիսային Իսրայէլը, իսկ երեկոյեան ժամը 8:00-էն ետք հակայարձակողականի անցան: Միւս կողմէ, «Ֆինիւլ»-ի ուժերը յաջողեցան արգիլել արեւելեան գօտիին մէջ իսրայէլեան յառաջխաղացքը:

***

Մարզական Աւանի շրջանը ռմբակոծման պահուն
Մարզական Աւանի շրջանը ռմբակոծման պահուն

Հարաւի վրայ իսրայէլեան յարձակման լոյսին տակ «Ազդակ», 7 յունիս 1982-ի թիւով եւ «Լիբանան կը վճարէ գինը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Իսրայէլի հարաւ ներխուժումը ցնցեց ամբողջ Լիբանանը:

Լիբանանի հարաւէն մինչեւ հիւսիս տարածելով ոճրային իր գործողութեան դաշտը, թշնամին իր ռումբերուն տարափը զգալի դարձուց Պէյրութէն մինչեւ Սայտա, Սուր, Նապաթիէ եւ այլ քաղաքներ ու աւաններ, ուր խիտ բնակչութեամբ շրջաններ արիւնով ու ծուխով վճարեցին գինը իսրայէլեան յարձակումին, կ՛ըսէր «Ազդակ» եւ կ՛աւելցնէր.

Միամիտ պէտք է ըլլալ, չտեսնելու համար Իսրայէլի քայլերը առաջնորդող բուն դիտաւորութիւնը: Իսրայէլեան հաշիւներուն մէջ Լիբանան ա՛յն թիրախն է, ուր խտացած են միջին արեւելեան տագնապին բոլոր հանգոյցները եւ կը բաւէ զայն հարուածել, որպէսզի կարելի ըլլայ խանգարել շրջանային թէ միջազգային այն բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք արաբեւիսրայէլեան հարցի լուծման համար զիջումներու պարտաւորութեան տակ կը դնեն նաեւ իսրայէլեան կողմը:

Իսրայէլեան օդուժի վերջին գործողութիւնը իրողապէս կը պատահի այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ մէկէ աւելի պատճառներով լիբանանեան հորիզոնին վրայ կ՛երեւին լուծումի յուսատու նշաններ, կը շեշտէր «Ազդակ», նշելով որ Լիբանանի հակամարտ ուժերը իրե՛նք կը պարզեն ազգային համերաշխութեան գալու եւ իրենց տարակարծութիւններուն քաղաքական լուծում մը գտնելու տիրական հոսանքը:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ քաղաքական սակարկութեանց սեղանին զինուորական ուժեղ դիրքերէ ներկայանալու ռազմավարական հաշիւներուն կը ծառայէ իսրայէլեան ներխուժումը: Իսկ Լիբանան, իր ժողովուրդով ու պաղեստինցիներով, կը վճարէ արեան ահաւոր գինը իսրայէլեան քաղաքականութեան լակոնական այդ տրամաբանութեան:

***

Երկուշաբթի, յունիս 7-ին պատերազմական գործողութիւնները յատկանշուեցան իսրայէլեան ուժերու կողմէ ռազմագիտական կարգ մը դիրքերու գրաւումով, իսկ Պէյրութի պարագային, հարաւային արուարձաններու օդանաւային սաստիկ ռմբակոծումով ու մայրաքաղաքին վերեւ սուրիական ու իսրայէլեան օդանաւերու միջեւ ճակատումով մը:

Իսրայէլեան ուժեր կէսօրէ առաջ գրաւեցին Պոֆոր դղեակն ու Հասպայան: Պոֆորի գրաւումը տեղի ունեցաւ ժամեր տեւած բուռն կռիւներէ ետք, որուն ընթացքին շուրջ 50 զինեալներ ամուր կերպով պաշտպանեցին հարաւի կարեւորագոյն միջնաբերդերէն մէկը: Յետմիջօրէին իսրայէլեան ուժերը հասան Նապաթիէ եւ փողոցներու մէջ ու թաղէ թաղ մղուած կռիւներէ ետք գրաւեցին զայն: Երեկոյեան իսրայէլացիք գրաւեցին Սուրը:

Սայտայի վիճակը աւելի քան ողբերգական էր: Հարաւի մայրաքաղաքին հիւսիսն ու հարաւը ցամաքահանում կատարելէ ետք, իսրայէլեան ուժեր օդէն, ցամաքէն ու ծովէն ամբողջ օրը ռմբակոծեցին քաղաքը: Սայտայի վրայ արձակուեցան նաեւ անձնատուութեան կոչեր բովանդակող թռուցիկներ:

Սայտայի ծովափին կատարուած ցամաքահանումէ մը ետք, իսրայէլեան ուժեր գրաւեցին համայնքային վարժարան մը ու անկէ փորձեցին թափանցել քաղաքէն ներս, ինչ որ ծայր տուաւ թաղէ թաղ մղուող կռիւներու: Իսրայէլեան ուժերու նպատակներէն մէկն էր գրաւել Սայտայի պաղեստինեան հրամանատարական կեդրոնը:

Սայտայի ճակատին վրայ լիբանանեան բանակի միաւորներ բախում ունեցան իսրայէլեան ուժերուն հետ: Յետմիջօրէի ժամը 4:45-ին բանակային  միաւորներ կրակ բացին արեւելքէն դէպի Սայտա յառաջացող իսրայէլեան ուժերուն վրայ ու ետ մղեցին զանոնք: Իսրայէլեան ուժերը հակադարձեցին ու Մաղտուշէի շրջանէն ռմբակոծեցին Մոհամէտ Զղէյպ զօրանոցը:

Սայտայի ռմբակոծման զուգահեռ, իսրայէլեան օդանաւեր երեկոյեան յարձակումի անցան Տամուրէն մինչեւ Պէյրութ տարածուող ծովեզերեայ շրջաններու վրայ: Ռմբակոծուեցան Ժիէն, Նաամէն, Արամունը եւ Շուֆի կարգ մը շրջաններ, ինչ որ պատճառ դարձաւ ելեկտրականութեան ցանցի խանգարումի եւ ելեկտրականութեան հոսանքի ընդհատման:

Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն ռմբակոծումը եղաւ վայրագ: Մարզական աւանէն մինչեւ Ֆաքհանի, Արաբական համալսարան, Թարիք Ժըտիտէ եւ Ապու Շաքէր, պաղեստինեան գաղթակայաններ եւ քաղաքային բնակարաններ թիրախ դարձան երեք հանգրուաններով կատարուած կոյր ու բարբարոս ռմբակոծումի, որ խլեց աւելի քան 60 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:

Յետմիջօրէին, Պէյրութէն մինչեւ Քեսրուան տարածուող շրջաններուն երկնակամարը բեմ եղաւ իսրայէլեան եւ սուրիական օդանաւերու միջեւ ճակատումի մը: Բախումին հետեւանքով, սուրիական օդանաւ մը ինկաւ Պաապտաթի շրջանին մէջ: Օդանաւորդը փրկուեցաւ եւ բժշկական խնամք ստանալէ ետք,  «Լիբանանեան ուժեր»-ուն կողմէ գիշերը Թանգարանի շրջանին մէջ արաբական զսպիչ ուժերուն յանձնուեցաւ:

***

Իսրայէլեան ուժեր Պէյթէտտինի մուտքին, 8 յունիս 1982-ին
Իսրայէլեան ուժեր Պէյթէտտինի մուտքին, 8 յունիս 1982-ին

Լիթանիէն դէպի հարաւ տարածուող շրջանները մեծ մասամբ իրենց հակակշիռին ենթարկելէ ետք, իսրայէլեան ուժերը երեքշաբթի, 8 յունիսին ձեռնարկեցին դէպի հիւսիս յառաջացումի, ծովեզերեայ եւ լեռնային երկու առանցքներու վրայ:

Ծովեզերքին, իսրայէլեան յառաջխաղացքը կատարուեցաւ Սուրէն դէպի Սայտա ուղղութեամբ, մինչ Տամուրի, Նաամէի, Սաատիաթի մօտակայ ծովեզերեայ շրջաններուն վրայ ցամաքահանումներ եւ ցամաքահանումի փորձեր տեղի ունեցան, որոնցմէ Պէյրութի ամէնէն մօտիկը տեղի ունեցաւ Խալտէի ծովեզերքին վրայ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, սակայն ետ մղուեցաւ արաբական զսպիչ ուժերուն կողմէ:

Ծովեզերեայ ճակատին վրայ, Սայտայի ռմբակոծումը անընդհատ շարունակուեցաւ ամբողջ օրը: Հարաւի մայրաքաղաքին դուռերուն մօտ տեղի ունեցան սաստիկ կռիւներ:

Սայտայի կողքին, ծանրակշիռ բախումներ տեղի ունեցան նաեւ պաղեստինեան գաղթակայաններուն շուրջ:

Պաշարուած Սայտայի ու ընդհանրապէս իսրայէլեան ուժերու օղակին մէջ առնուած շրջաններու մէջ ապրուստի պայմանները դարձան անտանելի, սպասարկութեանց անդամալուծութեան ու սննդանիւթերու եւ բժշկական օժանդակութեանց տագնապներուն պատճառով:

Իսրայէլեան օդանաւեր յաճախակի թռիչքներ կատարեցին Պէյրութի վերեւ, իսկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին ռմբակոծեցին մարզական աւանէն Ֆաքհանի, ինչպէս նաեւ` Խալտէ, Արամուն եւ Շուֆ տարածուող շրջանները:

Ռազմական գործողութեանց երկրորդ ճիւղը երկարեցաւ Ժեզզինէն Պէյթէտտին, Մուխթարա, Սաֆա եւ Պարուք երկարող գիծին վրայ, Մտէյրէժ հասնելու եւ Պէյրութ-Դամասկոս միջազգային ճամբան հակակշիռի տակ առնելու նպատակով: Ժեզզինի շուրջ սաստիկ բախումներ տեղի ունեցան իսրայէլեան եւ արաբական զսպիչ ուժերուն միջեւ:

Դէպի հիւսիս յառաջխաղացքին օժանդակելու համար, իսրայէլեան ուժեր ուղղաթիռներով էջք կատարեցին լեռնային կարգ մը շրջաններու, յատկապէս Պարուքի եւ Պէյթէտտինի մօտ: Այդ կեդրոններէն, իսրայէլեան ուժերը յառաջացան քանի մը ուղղութիւններով. անոնց մէկ ճիւղը ուղղուեցաւ դէպի Տամուր, որ ուշ գիշերին սաստիկ կերպով ռմբակոծուեցաւ ծովէն ու լեռնայիւն շրջաններէ, իսկ երկրորդ ճիւղ մը շարժեցաւ դէպի Շուֆի կարեւոր աւանները, Պէյթէտտին, Մուխթարա, Պարուք, Սաֆա, Այն Զհալթա, Տէյր Քամար եւ Պաաքլին, որոնք գրաւուեցան յաջորդաբար:

Ուշ գիշերին Մտէյրէժի մէջ գտնուող արաբական զսպիչ ուժերը ռմբակոծեցին Այն Տարա եւ Պարուք հաստատուած իսրայէլեան ուժերը, որոնք իրենց կարգին ռմբակոծեցին Մտէյրէժն ու բանակի Համմանայի զօրանոցը:

Սուրիական եւ իսրայէլեան օդանաւերուն միջեւ տեղի ունեցան օդային չորս ընդհարումներ, որոնցմէ մէկը` Իսրայէլի հիւսիսային գօտիին վերեւ:

Առաջին բախումը տեղի ունեցաւ Ժեզզինի շրջանին վերեւ: Սուրիական կողմը վար առաւ իսրայէլեան «Սքայհոք» մը, իսկ սուրիական երկու օդանաւեր վնասուեցան:

Երկրորդ ընդհարումը տեղի ունեցաւ հիւսիսային Գալիլիոյ վերեւ, ուր ինկան սուրիական երկու «Միկ»-եր: Իսրայէլ գերի բռնեց օդանաւորդներէն մէկը, որ անկարգելով փրկուած էր:

Երրորդ ընդհարումը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի վերեւ: Սուրիական «Միկ 23» մը ինկաւ Նաասի շրջանին մօտ, իսկ անոր օդանաւորդը, որ անկարգելով փրկուած էր, «Լիբանանեան ուժեր»-ուն կողմէ արաբական զսպիչ ուժերուն փոխանցուեցաւ:

Չորրորդ ընդհարումը տեղի ունեցաւ Պեքաայի վերեւ, ուր ինկաւ սուրիական օդանաւ մը:

Լիբանանի ռմբակոծումներուն հետեւանքները քննելու համար, ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը երեկոյեան գումարեց նիստ մը: Պաղեստինցիք ընդունեցին, իսկ Իսրայէլ մերժեց ապահովութեան խորհուրդի թեւ 509 որոշումը, որ իսրայէլեան ուժերու անմիջական եւ առանց նախապայմանի հեռացումը կը պահանջէր Լիբանանէն:

Պատերազմը դադրեցնելու համար Իսրայէլ անհրաժեշտ նկատեց քանի մը նախապայմաններու իրագործումը.

ա) Սուրիական ուժերու եւ հրթիռներու հեռացումը Լիբանանէն:

բ) Հարաւային Լիբանանի պաղեստինեան «մանր պետութեան» վերացումը եւ սահմանագիծէն 40-էն 60 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ ապազինեալ գօտիի մը ստեղծումը:

գ) Լիբանանեան գերիշխանութեան հաստատումը հարաւի վրայ:

***

Գաղթ դէպի Արամուն
Գաղթ դէպի Արամուն

Չորեքշաբթի, յունիս 9-ին, ռազմական գործողութիւնները ծաւալեցան: Պեքաայի մէջ հաստատուած սուրիական հրթիռները ռմբակոծուեցան ու անկէ ետք տեղի ունեցան օդանաւային մեծ բախումներ, ապա նաեւ Դամասկոսի մէկ արուարձանը ռմբակոծուեցաւ: Միւս կողմէ, Իսրայէլ պահեստի ուժերը փոխադրեց Կոլան, որեւէ ժխտական հաւանականութիւն դիմագրաւելու պատրուակով: Հերմոն լերան կողքին գտնուող Քաթանա գիւղը նկատուեցաւ արգիլեալ գօտի: Իր կարգին, Սուրիա զօրակոչի ենթարկեց իր պահեստի ուժերը եւ բանակը ամբողջական զօրաշարժի վիճակի մէջ դրաւ:

Պեքաայի վերեւ օդանաւային բախումին ազդանշանը հանդիսացաւ Պեքաայի արեւելեան գօտիին մէջ հաստատուած սուրիական հրթիռներուն վրայ ժամը 15-ին տեղի ունեցած օդանաւային ռմբակոծում մը, որ կրկնուեցաւ աւելի ուշ: Հրթիռներու 17 խարիսխներ քանդուեցան յարձակումներուն ընթացքին:

Օդանաւային մարտին մասնակցեցան սուրիական 62 «միկ»-եր եւ իսրայէլեան 96 «Էֆ. 15»-եր եւ «Էֆ. 16»-եր: Հակամարտ կողմերէն ինկան 35 օդանաւեր:

Օդանաւային երեք այլ բախումներ տեղի ունեցան կէսօրէ առաջ, առաջինը` Ալէյ-Քահալէ, երկրորդը` Քարաոնի լիճին, իսկ երրորդը` Այնթուրայի շրջաններուն վերեւ:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (2 Սեպտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Հունգարիոյ Հայ Համայնքը Երկրի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Պատասխանին Կը Սպասէ

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?