ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու ռմբակոծումներէն ետք, իսրայէլեան ուժերու Լիբանան ներթափանցումով, 6 յունիս 1982-ին ծայր առած Հարաւի պատերազմը յաջորդող օրերուն վտանգաւոր նոր անկիւնադարձներ արձանագրեց ու առաջին անգամ ըլլալով դուրս եկաւ Լիբանանի աշխարհագրական սահմաններէն, գործնական նախանշաններ ի յայտ բերելով Սուրիա-Իսրայէլ ճակատումի մը:
Հարաւի գրաւումէն ետք, իսրայէլեան ուժերուն յաջորդ նպատակակէտը կը հանդիսանար Պէյրութը:
Իսրայէլեան յարձակումներն ու յառաջխաղացքը 9 յունիս 1982-ին ստացան Սուրիա-Իսրայէլ ճակատումի մը ուղղութիւնը, երբ Պեքաայի մէջ հաստատուած սուրիական հակաօդային հրթիռները առաջին անգամ ըլլալով ուղղակի ռմբակոծուեցան իսրայէլեան օդուժին կողմէ, ինչ որ ծայր տուաւ Սուրիա-Իսրայէլ օդանաւային մեծ բախումի մը:
Օդանաւային ընդհարումներուն զուգահեռ, ցամաքային մարտերը շարունակուեցան երեք գլխաւոր առանցքներու վրայ` ծովեզերք, լեռնային շրջաններ եւ Պեքաա, ուր իսրայէլեան ուժեր շարունակեցին կամ փորձեցին շարունակել դէպի հիւսիս յառաջխաղացքը:
Ծովեզերեայ առանցքին վրայ արձանագրուած յառաջխաղացքներն ու ընդհարումները եղան ամէնէն ծանրակշիռը: Սուր եւ Սայտա մնացին սաստիկ բախումներու դաշտ` իսրայէլեան բանակին եւ կարգ մը կէտերու վրայ դիմադրութիւնը շարունակող պաղեստինեան ուժերուն միջեւ: Իսրայէլեան ուժերը մեծ մասամբ գրաւեցին Սայտան, սակայն Այն Հըլուէի եւ այլ գօտիներու մէջ սաստիկ բախումները կը շարունակուէին:
Սայտայէն հիւսիս, Տամուր, Նաամէ, Սաատիաթ, Խալտէ, Ուզահի եւ Արամուն ամբողջ օրը սաստկօրէն ռմբակոծուեցան: Յետմիջօրէին իսրայէլեան ուժեր գրաւեցին Տամուրն ու Նաամէն:
Խալտէի պարագային, կէսօրին ցամաքահանման փորձ մը ձախողութեան մատնուեցաւ: Երեկոյեան ցամաքահանում մը կատարուեցաւ, որմէ ետք Ռատիօ Օրիանի եւ շիի համայնքապետարանի շրջանը պաշարուեցան: Ամալն ու պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը ուժգին բախումներ ունեցան իսրայէլեան ուժերուն հետ: Ծովեզերքէն իսրայէլեան ուժերը ետ մղուեցան:
Թրիփոլիի պաղեստինեան գաղթակայանը ռմբակոծուեցաւ, իսկ Պէյրութի արեւմտեան եւ հիւսիսային ծովեզերքին դիմաց իսրայէլեան բազմաթիւ ռազմանաւեր նկատուեցան:
Շուֆէն դէպի Մտէյրէժ ուղղուող իսրայէլեան ուժերը Համմանայէն, Տահր Պայտարէն ու Մտէյրէժէն ռմբակոծման ենթարկուելով, մնացին Այն Զհալթայի մօտ, իսկ Պեքաայի հարաւ-արեւմուտքը հրասայլային սաստիկ մարտեր տեղի ունեցան:
Երեկոյեան ռմբակոծուեցաւ արաբական զսպիչ ուժերու Շթորայի կեդրոնը:
*
* *
Հինգշաբթի, 10 յունիսի առաւօտէն սկսեալ, ու ամբողջ օրուան ընթացքին Պէյրութի հարաւային գօտին, արուարձանները, մինչեւ օդակայան, Խալտէ եւ Արամուն տարածուող շրջանները եղան իսրայէլեան յաջորդական ռմբակոծումներու եւ ցամաքահանման փորձերու գլխաւոր թիրախը: Օդանաւային, հրասայլային եւ մարտանաւերէ կատարուած ռմբակոծումները այնքան սաստիկ ու տարածուն եղան, որ անոնք աննախընթաց էին, բաղդատմամբ նախորդող օրերու յարձակումներուն:
Ռմբակոծումներու առաջին` առաւօտեան հանգրուանը սկսաւ Պէյրութի օդակայանի շրջանէն, ապա տարածուեցաւ դէպի հարաւ եւ հիւսիս, մէկ կողմէ հասնելով մինչեւ Արամունի բարձունքները եւ Տամուր երկարող ծովեզերեայ շրջանները, իսկ միւս կողմէ մինչեւ Պուրճ Պարաժնէ, Մարզական աւան եւ Ռամլէթ Պայտայի ծովեզերքը: Կէսօրին, ռմբակոծումները սաստկացան ու տարածուեցան մինչեւ Հարըթ Հրէյք, Թարիք Ժտիտէ, Ֆաքհանի եւ Արաբական համալսարանի շրջան: Նոյն պահուն, Խալտէի մէջ ցամաքահանման նոր փորձ մը կատարուեցաւ, որ սակայն բուռն ընդդիմութեան հանդիպելով ձախողութեան մատնուեցաւ: Կարճ ատեն մը ետք, իսրայէլեան նաւեր նկատուեցան Այն Մըրէյսէի դիմաց ու երկու ռումբ արձակեցին, որոնք սակայն ցամաք չհասան:
Պէյրութի հարաւային գօտիին, ինչպէս նաեւ մինչեւ Նաամէ տարածուող շրջաններուն ռմբակոծումը բազմաթիւ հանգրուաններով կրկնուեցաւ մինչեւ արեւամուտ:
Զինուորական ճնշումին դիմաց, իսրայէլեան ուժեր նաեւ քարոզչական եւ հոգեբանական ճնշումի դիմեցին: Այսպէս, Պէրութի վրայ թռուցիկներ նետուեցան, որոնք արաբական զսպիչ ուժերուն Պէյրութէն հեռանալու կոչեր կը բովանդակէին:
Պէյրութի եւ մօտակայ շրջաններէն անկախ, ծովեզերեայ ճակատի այլ գօտիներ եւս մնացին տաք: Սայտայի մօտակայ Այն Հըլուէ գաղթակայանը եղաւ սաստիկ բախումներու բեմ:

Լեռնային ճակատներու վրայ, Շուֆէն Մտէյրէժ երկարող առանցքին վրայ իսրայէլեան ուժերը հասան մինչեւ Պարուքի դիտարանի շրջանը ու սպառնացին Շթորայէն դէպի հարաւային Պեքաա տանող գիծին: Այս ճակատին վրայ զինուորական գործողութիւնները յատկանշուեցան փոխադարձ ռմբակոծումներով: Իսրայէլեան օդանաւեր մասնակցեցան Տահր Պայտարի եւ Ռուէյսաթ Սոֆարի ռմբակոծման: Միւս կողմէ, հրետանիով փոխադարձ ռմբակոծումներ տեղի ունեցան Պէյթէտ տին – Պաաքլին եւ Տահր Ուահշ-Քահալէ շրջաններուն միջեւ:
Հարաւի մէջ, պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը Նապաթիէի եւ ծովեզերեայ կարգ մը շրջաններու մէջ սկսան հակայարձակման գործողութիւններու եւ կարեւոր վնասներ հասցուցին այդ շրջաններուն մէջ հաստատուած իսրայէլեան ուժերուն:
Պեքաայի մէջ, Այն Աթայի, Ռաշայայի հովիտին եւ Սըհմորի շրջաններուն մէջ հրասայլային մարտեր մղուեցան: Սուրիական ուժեր հասան այդ շրջանները:
Իսրայէլեան օդանաւային յարձակումները տարածուեցան դէպի նոր շրջաններ: Այսպէս, իսրայէլեան օդանաւեր ռմբակոծեցին Այնթուրայի արաբական զսպիչ ուժերու դիրքերը, իսկ աւելի ուշ ռմբակոծեցին նաեւ Պոլոնիայի եւ Տուարի կարգ մը շրջանները:
Պեքաայի շրջանին մէջ կրկնուեցան սուրիական հրթիռներու խարիսխներուն վրայ յարձակումներն ու անոնց ընկերացող օդանաւային բախումները: Սուրիական 25 «միկ»եր եւ չորս ուղղաթիռներ վար առնուեցան:
Իսրայէլեան օդանաւեր նաեւ յարձակում կատարեցին լիբանեւսուրիական Ժուսի սահմանային կայանին վրայ: Յարձակումին հետեւանքով սպաննուեցան 57 քաղաքացիներ եւ 75 ուրիշներ վիրաւորուեցան:
*
* *
Ուրբաթ, յունիս 11-ին Խալտէ-Ուզահի-Արամուն շրջանին մէջ պատերազմական գործողութիւններն ու ռմբակոծումները սաստկացան:
Տամուրի եւ Շուէյֆաթի շրջաններուն մէջ հաստատուած իսրայէլեան հրետանիին եւ մարտանաւերու կողմէ ժամը 15:00-ին ծայր առած ռմբակոծումները նախ կեդրոնացան Խալտէ-Ուզահի-Արամուն-Շըմլան շրջանին վրայ: Աւելի ուշ, իսրայէլեան օդուժը եւս իր մասնակցութիւնը բերաւ ծովեզերեայ եւ լեռնային շրջաններու վրայ կատարուող ռմբակոծումներուն, որոնց գօտին տարածուեցաւ մինչեւ օդակայան, Պուրճ Պարաժնէ, Հայ Սըլլոմ, Սուք Էլ Ղարպի մօտակայ բլուրները, Տահր Պայտար եւ Արամուն, որոնց դիմաց, ռմբակոծման ենթարկուեցան Տամուրի մօտակայ իսրայէլեան դիրքերը: Փոխադարձ ռմբակոծումներուն եւ հրետանիի մարտերուն ընկերացան իսրայէլեան ցամաքահանումի փորձեր, որոնք սակայն ետ մղուեցան Ամալի եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն կողմէ: Շիի համայնքապետարանի շրջանին մէջ, իսրայէլեան զօրաբաժին մը պաշարման տակ առնուեցաւ:
Խալտէ- Արամուն շրջանին վրայ օդանաւային եւ նաւային յարձակումներէն անդին, իսրայէլեան օդուժը շարունակեց կրակ ու մահ սփռել Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ, յարձակումներու գօտին ընդարձակելով մինչեւ Թարիք Ժըտիտէ, Պասթա, Նուէյրի եւ Պուրճ Ապի Հայտար: Օդակայանի մայրուղիի շրջանէն մինչեւ Ռամլէթ Պայտա, Մարզական աւան, Ֆաքհանի եւ Պուրճ Պարաժնէ տարածուող շրջաններուն կողքին, ռմբակոծուեցան նաեւ Թարիք Ժըտիտէն եւ Նուէյրին, ուր երեք շէնքեր ամբողջութեամբ փուլ եկան, իսկ բազմաթիւ այլ բնակարաններ նիւթական մեծ վնասներու ենթարկուեցան: Միայն այդ գօտիին մէջ հարիւրէ աւելի զոհեր ինկան:
Իսրայէլեան մարտանաւեր ռմբակոծեցին Ռաուշէի կարգ մը շրջանները, մեծ խուճապ ստեղծելով մինչեւ Համրա տարածուող բնակարանային թաղամասերուն մէջ:

Իսրայէլեան օդանաւեր կրակ ու աւեր սփռեցին Սուք Էլ Ղարպէն մինչեւ Ալէյ, Մտէյրէժ եւ Տահր Պայտար, ռմբակոծելով նաեւ Շթորան ու Զահլէ-Պաալպէք եւ Պալապէք-Հոմս միջազգային ճամբաները, ուր բազմատասնեակ ճամբորդներ սպաննուեցան ու վիրաւորուեցան:
Իսրայէլեան եւ սուրիական օդանաւերուն միջեւ տեղի ունեցան օդանաւային ընդհարումներ: Իսրայէլ կորսնցուց չորս, իսկ Սուրիա` 18 օդանաւ:
Իսրայէլեան կառավարութիւնը յայտնեց, որ պիտի դադրեցնէ Լիբանանի մէջ իր զինուորական բոլոր գործողութիւնները: Իր հաղորդագրութեան մէջ իսրայէլեան կառավարութիւնը աւելցուց որ զինադուլը պիտի կիրարկուի միակողմանի կերպով, պայմանաւ որ սուրիացիներն ալ կեցնեն իրենց գործողութիւնը: Հաղորդագրութիւնը չէր յիշեր պաղեստինեան ուժերը:
Զինուորական գործողութիւնները շարունակուեցան մինչեւ կէս գիշեր: Իսրայէլեան օդանաւեր կէս գիշերէն կարճ ատեն մը առաջ սկսան ռմբակոծել Ուզահիի շրջանը, լուսարձակ ռումբեր ձգելէ ետք շրջանին վերեւ: Ռմբակոծման ենթարկուած շրջանին մէջ հրդեհներ ծայր առին:
*
* *

Շաբաթ, յունիս 12-ին, Խալտէի շրջանը կը մնար ցամաքահանման եւ գրաւման ապարդիւն փորձերու թիրախ: Միւս կողմէ, Խալտէէն մինչեւ Ուզահի եւ Ռամլէթ Պայտա, օդակայանի շրջանէն մինչեւ Պուրճ Պարաժնէ, Մարզական աւան, Պիր Հասան, ինչպէս նաեւ` մինչեւ Թարիք Ժըտիտէ, Մուսայթպէ, Պուրճ Ապի Հայտար եւ Ապի Շաքէր շրջանները հրետանիի եւ օդանաւային սոսկալի ռմբակոծումի թիրախ դարձան, դժոխային ժամեր ստեղծելով այդ շրջաններուն մէջ:
Իսրայէլի եւ պաղեստինեան ուժերու միջեւ տեղի ունեցած անուղղակի բանակցութեանց իբրեւ արդիւնք, որոնք տարուեցան մէկ կողմէ` Պէյրութի եւ միւս կողմէ` Ուաշինկթընի խողովակով, գիշերուան ժամը 21-ին զինադուլ հաստատուեցաւ, որ մօտաւորապէս մէկ ժամ ետք գործնապէս իրականացաւ: Այնուհետեւ Պէյրութի արեւմտեան շրջանը եւ մինչեւ Խալտէ տարածուող գօտին բոլորեցին խաղաղ ժամեր:
*
* *
Պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերուն եւ Իսրայէլի միջեւ հաստատուած զինադուլը հազիւ 12 ժամուան կեանք ունեցաւ ու պայթեցաւ կիրակի, 13 յունիսի կէսօրէ առաջ, երբ Խալտէի շրջանին մէջ, հրետանիի մարտեր եւ փոխադարձ ռմբակոծումներ ծայր առին մէկ կողմէ` իսրայէլեան եւ միւս կողմէ` Ամալի եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն միջեւ, իսկ կէսօրին Ուզահիի շրջանին մէջ գտնուող արաբական զսպիչ ուժերը մասնակից դարձան ռմբակոծումներուն:
Հրետանիի մարտերուն յաջորդեցին ծովէն կատարուած ռմբակոծումները եւ ցամաքահանումի քանի մը փորձեր: Փոխադարձ ռմբակոծումները շարժեցան դէպի Պէյրութի հարաւային մասերը` Մարզական աւան, Պիր Հասան, Շաթիլա, ինչպէս նաեւ` դէպի Պուրճ Պարաժնէ, Հայ Սըլլոմ, Թարիք Ժըտիտէ, Պասթա ու Մըր աշտարակի շրջանը: Կէսօրին, իսրայէլեան օդուժը եւս գործի լծուեցաւ: Դժոխային ռմբակոծումները շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր:
Խալտէի մօտ ցամաքահանման եւ շրջանի գրաւման կրկնակի փորձերու ձախողութեան զուգահեռ` իսրայէլեան ուժերու յառաջխաղացքը ստացաւ նոր ուղղութիւն:
Այսպէս, Քապր Շմունէն սկսելով, իսրայէլեան ուժերը ուղղուեցան դէպի հիւսիս, Շուէյֆաթ եւ Քֆարշիմա, գրաւելով Պսուսն ու Պսապան: Գիշերուան ժամը 9:00-ին անոնք հասան Պաապտա եւ գրաւեցին արդարութեան պալատը եւ զինուորական հիւանդանոցը, անցարգել մը հաստատելով հրապարակին վրայ:
Այսպիսով, իսրայէլեան հակակշիռի տակ անցաւ Խալտէ-Արամուն-Դամասկոս գիծը: Ուշ գիշերին իսրայէլացիք հասան նաեւ Հատէթ, քանի մը քիլոմթեր հեռու «Լիբանանեան ուժեր»ու հակակշիռին ենթակայ «արեւելեան» գօտիէն: Այս ձեւով, Խալտէէն մինչեւ Պուրճ Պարաժնէ եւ Շիահ տարածուող գօտին պաշարման տակ առնուեցաւ: