Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
193 անդամներէ բաղկացած ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 25 սեպտեմբեր 2015-ին որդեգրեց կայուն զարգացման օրակարգը եւ համաշխարհային նոր նպատակներ: Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն այս քայլը նկատեց իբրեւ համաշխարհային, համալրող եւ վերափոխող տեսլական մը` աւելի լաւ աշխարհի մը համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 17 նպատակները.
Նպատակ 1. Վերջ Աղքատութեան
Իր Բոլոր Ձեւերով
Ծայրայեղ աղքատութեան աստիճանը աւելի քան 50 առ հարիւրով նուազած է 1990-էն ի վեր: Մինչ ասիկա ուշագրաւ նուաճում մըն է, սակայն բարգաւաճող շրջաններու մէջ բնակողներուն հինգէն մէկուն օրական եկամուտը տակաւին 1,25 տոլար է, եւ կան միլիոնաւոր մարդիկ, որոնք ասկէ շատ քիչ աւելի օրական եկամուտ ունին, աւելի՛ն, բազմաթիւ անձեր կը դիմագրաւեն աղքատանալու վտանգը:
Աղքատութիւնը աւելին է, քան` եկամուտի պակասը, եւ միջոցները երաշխաւորելու համար տանելի ապրուստ մը: Աղքատութեան դրսեւորումները կը ներառեն քաղցը եւ վատ սննդառութիւնը, սահմանափակ հասանելիութիւնը ուսման եւ այլ հիմնական ծառայութիւններու, ընկերային խտրականութիւն, լուսանցքայնացում, ինչպէս նաեւ` որոշումներու ընդունման մասնակցութեան չգոյութիւն: Տնտեսական աճը պէտք է համապարփակ ըլլայ, որպէսզի ընդունելի աշխատանքներ հայթայթուին եւ հաւասարութիւն հաստատուի:
Նպատակ 2. Զերօ Անօթութիւն
Ժամանակն է, որպէսզի կրկին մտածենք, թէ մենք ինչպէ՞ս կ՛աճեցնենք, կը կիսենք եւ կը սպառենք մեր ուտելիքը: Եթէ ճիշդ կատարուին երկրագործութիւնը, անտառամշակութիւնը եւ ձկնորսութիւնները, բոլորին համար կրնան ապահովել սննդարար ուտելիքներ եւ յառաջացնել պատշաճ եկամուտներ` միաժամանակ աջակցելով մարդակեդրոն գիւղական բնակավայրերու բարգաւաճման եւ շրջակայ միջավայրի պահպանման:
Այս պահուն, մեր հողերը, անուշ ջուրերը, անտառները, ովկիանոսները եւ կենսաբանական այլազանութիւնը արագօրէն կը վատթարանան: Կլիմայի փոփոխութիւնը նոյնիսկ աւելի ճնշում կը բանեցնէ այն աղբիւրներուն վրայ, որոնցմէ մենք կախեալ ենք, աւելցնելով աղէտներու վտանգները, ինչպէս` երաշտ եւ ջրհեղեղներ: Բազմաթիւ գիւղացիներու համար իրենց արտերէն ստացուած եկամուտները այլեւս բաւարար չեն, ուրեմն պարտադրաբար կը գաղթեն քաղաքներ` նոր կարելիութիւններ փնտռելու:
Համաշխարհային սնունդի եւ երկրագործութեան դրութեան ամբողջական բարեփոխում մը անհրաժեշտ է, եթէ մենք կ՛ուզենք սնուցանել այսօրուան 795 միլիոն անօթի եւ 2050 թուականին նախատեսուող յաւելեալ 2 միլիառ անձերը:
Սնունդի եւ երկրագործութեան մարզը բարգաւաճման համար բանալի լուծումներ կ՛ընձեռէ եւ առանցքն է քաղցի եւ աղքատութեան վերացման:
Նպատակ 3. Քաջառողջութիւն Եւ
Բարեկեցութիւն
Առողջ կեանքի ապահովումը, բոլորին եւ տարբեր տարիքի անձերու բարեկեցութեան նպաստելը կենսական են կայուն բարգաւաճման համար: Նշանակալից քայլեր առնուած են կեանքի տեւողութիւնը աւելցնելու եւ ծննդաբերութեան ընթացքին երեխայի եւ մօր մահերը նուազեցնելու համար: Մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է մաքուր ջուրի եւ առողջապահական ծառայութեան մատչելիութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ` նուազեցնելով դեղնախտի, պալարախտի (թիւպըրքիւլոսիս), փոլիոյի եւ ՍԻՏԱ-ի տարածումը: Այդուհանդերձ, շատ աւելի ջանքեր անհրաժեշտ են ամբողջովին արմատախիլ ընելու համար բազմաթիւ ախտեր, հիւանդութիւններ, եւ լուծելու` շարունակուող, ինչպէս նաեւ նոր ցցուող առողջական խնդիրներ:
Նպատակ 4. Որակաւոր Կրթութիւն
Բոլորին համար ապահովել համապարփակ եւ որակաւոր կրթութիւն եւ քաջալերել ամբողջ կեանքի ընթացքին ուսանիլը: Որակաւոր ուսում ստանալը մարդոց կեանքի բարելաւման եւ կայուն զարգացման հիմքն է: Մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է բոլոր մակարդակներու վրայ կրթութեան մատչելիութիւնը աւելցնելու եւ յատկապէս կիներու եւ աղջիկներու ներգրաւուածութեան համեմատութիւնը բարձրացնելու համար: Գրաճանաչողական տարրական հմտութիւնները մեծապէս բարելաւուած են, այդուհանդերձ, աւելի համարձակ ջանքեր անհրաժեշտ են նոյնիսկ աւելի մեծ քայլեր առնելու կրթական համաշխարհային նպատակներու հասնելու համար: Օրինակ` նախակրթարանի ուսման մէջ աշխարհ հասած է տղոց եւ աղջիկներու միջեւ հաւասարութեան, բայց ուսման բոլոր մակարդակներուն վրայ քիչ երկիրներ հասած են այդ թիրախին:
Նպատակ 5. Սեռերու Միջեւ
Հաւասարութիւն
Կենսական է յաջողցնել սեռերու միջեւ հաւասարութիւնը եւ բոլոր կիներն ու աղջիկները իրաւասու դարձնել: Մինչ աշխարհը յառաջդիմած է այս ուղղութեամբ` «Հազարամեակի զարգացման նպատակներ»-ուն ներքեւ (ներառեալ` տղոց եւ աղջիկներու միջեւ նախակրթարանի ուսման հաւասար մատչելիութիւնը), աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ կիներ եւ աղջիկներ կը շարունակեն տառապիլ իրենց հանդէպ կիրարկուող խտրականութենէն եւ վայրագութենէն:
Սեռերու միջեւ հաւասարութիւնը ոչ միայն մարդկային տարրական իրաւունք է, այլեւ անհրաժեշտ հիմք մը` խաղաղ, բարգաւաճ եւ կայուն աշխարհի մը համար: Կիներուն եւ աղջիկներուն ընձեռելով հաւասար մատչելիութիւն կրթութեան, առողջապահութեան, արժանապատիւ աշխատանքի, եւ ներկայացուցչութիւն` քաղաքական եւ տնտեսական որոշումներ տալու հոլովոյթներուն, կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ կայուն մարդկութեան:
Նպատակ 6. Մաքուր Ջուր Եւ
Առողջապահութիւն
Բոլորին մատչելի պէտք է ըլլայ մաքուր ջուրն ու առողջապահութիւնը: Այն աշխարհին մէջ, ուր մենք կ՛ուզենք ապրիլ, կենսական է, որ բոլորին մատչելի ըլլայ մաքուր ջուրը: Բայց վատ տնտեսութեան, կամ խեղճ ենթակառոյցի պատճառով ամէն տարի միլիոնաւոր մարդիկ, մեծամասնութիւնը` երեխաներ, կը մահանան ջուրի անբաւարար մատակարարման, առողջապահական ծառայութեան անմատչելիութեան պատճառներով յառաջացած հիւանդութիւններէ: Ջուրի սակաւութիւնն ու վատ որակը, առողջապահական անբաւարար ծառայութիւնները ժխտականօրէն կ՛ազդեն աշխարհի ամբողջ տարածքին աղքատ ընտանիքներու սնունդի անվտանգութեան, ապրուստի եւ ուսումնական ընտրանքներուն վրայ:
Երաշտը կը տանջէ աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրներէն ոմանք` վատթարացնելով քաղցը եւ թերի սննդառութիւնը: Մինչեւ 2050 թուական չորս անձերէն առնուազն մէկը շատ հաւանաբար պիտի ապրի թարմ ջուրի մնայուն կամ կրկնուող սակաւութիւն դիմագրաւող երկրի մը մէջ:
Նպատակ 7. Մատչելի Եւ
Մաքուր Ուժանիւթ Բոլորին
Անհրաժեշտ է ապահովել մատչելի, վստահելի, կայուն եւ արդի ուժանիւթ բոլորին համար: Ուժանիւթը առանցքն է գրեթէ բոլոր մեծ մարտահրաւէրներուն եւ հնարաւորութիւններուն, որոնք այսօր կը դիմակալէ աշխարհը: Աշխատանքի առիթներու, ապահովութեան, կլիմայական փոփոխութեան, սննդամթերքի արտադրութեան կամ աւելցող եկամուտներուն, ուժանիւթի մատչելիութիւնը բոլորին` էական է:
Կայուն ուժանիւթը հնարաւորութիւն մըն է. ատիկա կը ձեւափոխէ կեանքերը, տնտեսութիւնը եւ մոլորակը: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կը գլխաւորէ «Կայուն ուժանիւթ բոլորին» նախաձեռնութիւնը` ապահովելու համար համընդհանուր մատչելիութիւն ժամանակակից ուժանիւթային ծառայութիւններու, բարելաւելու արդիւնաւէտութիւնը եւ աւելցնելու վերարտադրուող ուժանիւթային աղբիւրները:
Նպատակ 8. Տնտեսական Աճ Եւ
Պատշաճ Աշխատանք
Կենսական է նպաստել համապարփակ եւ կայուն տնտեսական աճի եւ պատշաճ աշխատանք հայթայթել բոլորին:
Աշխարհի բնակչութեան գրեթէ կէսը տակաւին կ՛ապրի օրական շուրջ 2 տոլարի համարժէք գումարի եկամուտով: Բազմաթիւ վայրերու մէջ աշխատանք ունենալը տակաւին չ՛երաշխաւորեր աղքատութենէ խուսափելու կարողութիւնը: Այս դանդաղ եւ անհաւասար յառաջընթացը մեզմէ կը պահանջէ վերատեսութեան ենթարկել աղքատութիւնը արմատախիլ ընելու տնտեսական եւ ընկերային մեր քաղաքականութիւնները:
Պատշաճ աշխատանքի առիթներու շարունակուող չգոյութիւնը, անբաւարար ներդրումները եւ սպառումի սակաւութիւնը կը մաշեցնեն ժողովրդավարական հասարակութիւնները ընդգծող ընկերային հիմնական պայմանը. բոլորը պէտք է բաժնեկից ըլլան յառաջընթացին: Որակաւոր աշխատանքներու ստեղծումը մեծ մարտահրաւէր մը պիտի մնայ գրեթէ բոլոր տնտեսութիւններուն համար 2015-էն շատ աւելի ետք ալ: Տնտեսական կայուն աճը կը պահանջէ, որ հասարակութիւնները ստեղծեն պայմաններ, որոնց շնորհիւ մարդիկ կ՛ունենան այնպիսի աշխատանքներ, որոնք կը խթանեն տնտեսութիւնը` միաժամանակ առանց վնասելու շրջակայ միջավայրին: Գործի հնարաւորութիւններ եւ աշխատանքային պատշաճ պայմաններ նոյնպէս կը պահանջուին աշխատանքի տարիք ունեցող ամբողջ բնակչութեան համար:
Նպատակ 9. Ճարտարարուեստ,
Նորարարութիւն Եւ Ենթակառոյց
Տոկուն ենթակառոյցի կառուցումը, կայուն ճարտարարուեստականացման խթանումը եւ նորարարութեան քաջալերումը անյետաձգելի են:
Ենթակառոյցի (փոխադրամիջոց, ոռոգում, ուժանիւթ, տեղեկատուութիւն եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւն) ներդրումները վճռական են ձեռք բերելու համար կայուն զարգացում եւ բազմաթիւ երկիրներու հասարակութիւնները հզօրացնելու: Շատոնց ճանչցուած է, որ արտադրութեան եւ եկամուտներու աճը, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան եւ կրթութեան բարելաւումները ենթակառոյցի մարզի ներդրում կը պահանջեն:
Համապարփակ եւ կայուն տնտեսական զարգացումը, որ սկզբնական աղբիւրն է եկամուտներու սերունդին, բոլորին համար կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ապրուստի մակարդակներու արագ եւ կայուն աճի, եւ կը տրամադրէ արհեստագիտական լուծումներ` կենսոլորտը չապականող ճարտարարուեստականացումին: Արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը հիմքն է այն ջանքերուն, որոնց նպատակն է հասնիլ կենսոլորտային թիրախներու, ինչպէս` յաւելեալ միջոցներ եւ ուժանիւթային արդիւնաւէտութիւն: Առանց արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան, ճարտարարուեստականացում չի կրնար տեղի ունենալ, եւ առանց ճարտարարուեստականացումի զարգացում պիտի չըլլայ:
Նպատակ 10. Անհաւասարութիւններու
Նուազում
Միջազգային հանրութիւնը նշանակալի քայլեր առած է աղքատութենէ մարդիկ դուրս բերելու ուղղութեամբ: Ամէնէն խոցելի ազգերը (ամէնէն նուազ բարգաւաճած երկիրներ, դէպի ծով ելք չունեցող բարգաւաճող երկիրներ եւ բարգաւաճող փոքր կղզի պետութիւններ) կը շարունակեն արշաւել դէպի աղքատութեան նուազում: Այդուհանդերձ, անհաւասարութիւնը տակաւին կը գոյատեւէ, եւ առողջապահութեան, կրթութեան եւ այլ ծառայութիւններու մատչելիութիւնը մեծապէս անհամապատասխան կը մնայ:
Աւելի՛ն. մինչ երկիրներու միջեւ եկամուտներու անհաւասարութիւնը կրնայ նուազած ըլլալ, անհաւասարութիւնը երկիրներու մէջ բարձրացած է: Աճող հասկացողութիւն մը կայ, թէ աղքատութիւնը նուազեցնելու համար բաւարար չէ տնտեսական աճը, եթէ ատիկա համապարփակ չէ եւ չի ներառեր կայուն զարգացման երեք ուղղութիւնները` տնտեսական, ընկերային եւ կենսոլորտային:
Անհաւասարութիւնը նուազեցնելու քաղաքականութիւնները սկզբունքով պէտք է ընդհանրական, համաշխարհային ըլլան` ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով խոցելի եւ կարիքաւոր բնակչութեանց վրայ:
Նպատակ 11. Կայուն Քաղաքներ
Քաղաքները պէտք է ըլլան կայուն, համապարփակ, անվտանգ, ճկուն եւ բնակելի:
Քաղաքները առանցքներն են գաղափարներու, առեւտուրի, մշակոյթի, գիտութեան, արտադրողականութեան, ընկերային բարգաւաճման եւ այլն: Քաղաքները իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ մղած են մարդիկը յառաջդիմելու ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն մէջ: Այդուհանդերձ, բազմաթիւ մարտահրաւէրներ գոյութիւն ունին` քաղաքները պահպանելու համար այնպէս մը, որ շարունակեն ստեղծել աշխատելու առիթներ, եւ բարգաւաճում, միաժամանակ ուժաքամ չընելով հողն ու աղբիւրները: Քաղաքային հասարակաց մարտահրաւէրները կը ներառեն գերբնակուածութիւն, տարրական ծառայութիւններու տրամադրման համար գումարներու բացակայութիւն, յարմար բնակարաններու սակաւութիւն եւ անկման ընթացքի մէջ գտնուող ենթակառոյցներ:
Քաղաքներու դիմակալած մարտահրաւէրները կրնան յաղթահարուիլ այնպիսի միջոցներով, որոնց շնորհիւ անոնք կը շարունակեն ծաղկիլ եւ բարգաւաճիլ` միաժամանակ բարելաւելով աղբիւրներու օգտագործումը եւ նուազեցնելով ապականութիւնն ու աղքատութիւնը: Ապագան, որ մենք կ՛ուզենք, կը ներառէ բոլորին համար կարելիութիւններով օժտուած քաղաքներ, ուր մատչելի ըլլան տարրական սպասարկութիւններ, ուժանիւթ, յարմար բնակարաններ, փոխադրամիջոցներ եւ աւելին:
Նպատակ 12. Կայուն Սպառման Եւ
Արտադրութեան Ուղիներ
Կայուն սպառում եւ արտադրութիւն կը նշանակէ` խթանել աղբիւրներու եւ ուժանիւթի արդիւնաւէտութիւնը, կայուն ենթակառոյցը, եւ մատչելի դարձնել հիմնական ծառայութիւնները, բեղուն եւ արժանապատիւ աշխատանքներ եւ աւելի որակաւոր կեանք` բոլորին: Ատոր իրականացումը կ՛օգնէ հասնելու զարգացման ընդհանուր ծրագիրներու, նուազեցնելու ապագայ տնտեսական, բնապահպանական եւ ընկերային կորուստները, ամրացնելու տնտեսական մրցունակութիւնը: Կայուն սպառումը եւ արտադրութիւնը կը նպատակադրէ «ընել աւելին, աւելի լաւը, նուազ միջոցով». տնտեսական գործունէութեամբ աւելցնելով բացառապէս բարեկեցութեան նուաճումները, նուազեցնելով աղբիւրներու օգտագործումը, մաշումը եւ ապականումը ամբողջ կեանքի տեւողութեան, միաժամանակ աւելցնելով կեանքի որակը: Ատիկա կը ներառէ տարբեր շահագրգիռ կողմեր` առեւտրականներ, սպառողներ, քաղաքականութիւն մշակողներ, ուսումնասիրողներ, գիտնականներ, հետախուզողներ, վաճառականներ, լրատու միջոցներ եւ բարգաւաճման համագործակցութեան գործակալութիւններ, այլոց շարքին: Ատիկա նաեւ կը պահանջէ համակարգուած մօտեցում մը եւ համագործակցութիւն մատակարարման շղթային մէջ գործողներուն միջեւ` արտադրողէն մինչեւ վերջին սպառողը: Ատիկա կը ներառէ սպառողները մասնակից դարձնել անոնց տեղեկացուածութիւնն ու կայուն սպառումի եւ ապրելակերպի մասին կրթութիւնը աւելցնելով` չափանիշներու, պիտակներու գրաւիչ պետական գնումներու միջոցով սպառողներուն տրամադրելով համապատասխան տեղեկատուութիւն:
Նպատակ 13. Պայքար Կլիմայի Փոփոխութեան Դէմ
Կլիմայական փոփոխութիւնը այժմ սկսած է ազդել իւրաքանչիւր ցամաքամասի բոլոր երկիրներուն վրայ: Ատիկա սկսած է խանգարել ազգային տնտեսութիւնները եւ ազդել կեանքերու վրայ` մարդոց, հասարակութիւններու եւ երկիրներու շատ սուղ արժելով, այսօր եւ նոյնիսկ վաղը:
Մարդիկ իրենց մորթին վրայ կը զգան կլիմայական փոփոխութեան հետեւանքները, որոնք կը ներառեն օդի փոփոխութիւն, ծովերու մակերեսի բարձրացում եւ աւելի ծայրայեղ եղանակային պայմաններ: Մարդկային գործունէութենէն բխող ջերմոցային կազերու արտանետումը շարժիչն է կլիմայի փոփոխութեան եւ կը շարունակէ բարձրանալ: Ատոնք հիմա պատմութեան մէջ ամէնէն բարձր մակարդակին վրայ կը գտնուին: Եթէ քայլեր չորդեգրուին, մոլորակի մակերեւոյթի միջին ջերմաստիճանը կը նախատեսուի, որ 3 աստիճանով բարձրանայ 21-րդ դարուն եւ հաւանական է, որ աշխարհի տարածքին կարգ մը շրջաններու մէջ ջերմաստիճանը աւելի բարձրանայ: Ամէնէն աղքատ եւ խոցելի մարդիկ ամէնէն շատ կ՛ազդուին:
Մատչելի, հասանելի լուծումներ այժմ տրամադրելի են, որպէսզի երկիրները ստեղծեն աւելի մաքուր եւ աւելի կայուն տնտեսութիւններ: Փոփոխութեան ընթացքը արագացած է, որովհետեւ յաւելեալ մարդիկ սկսած են դիմել վերականգնող ուժանիւթի եւ շատ մը այլ միջոցներու, որոնք պիտի նուազեցնեն կազի արտանետումները եւ աւելցնեն յարմարելու ջանքերը:
Բայց կլիմայական փոփոխութիւնը համաշխարհային մարտահրաւէր մըն է, որ ազգային սահմաններ չի յարգեր: Որեւէ վայրի մէջ արտանետումը կ՛ազդէ ամէն տեղ գտնուող մարդոց վրայ: Խնդիր մըն է, որ կը պահանջէ լուծումներ, որոնք պէտք է միջազգային մակարդակի վրայ համակարգուին, եւ ատիկա կը պահանջէ միջազգային համագործակցութիւն` օգնելու համար բարգաւաճող երկիրներուն մղուելու դէպի ցած քարածուխով տնտեսութիւն: Դիմակալելու համար կլիմայական փոփոխութիւնը` բազմաթիւ երկիրներ այժմ կ՛աշխատին, որպէսզի դեկտեմբերին Փարիզի մէջ որդեգրեն միջազգային համաձայնագիր մը:
Նպատակ 14. Կեանք Ջուրին Տակ
Անհրաժեշտ է պահպանել եւ կայուն օգտագործել ովկիանոսները, ծովերը եւ ծովային հարստութիւնները: Աշխարհի ովկիանոսները (անոնց ջերմաստիճանը, տարրաբանութիւնը, հոսանքներն ու կեանքը) կը յառաջացնեն համաշխարհային համակարգեր, որոնք Երկիր մոլորակը մարդկութեան բնակավայրը կը դարձնեն: Անձրեւներու ջուրը, ըմպելի ջուրը, եղանակը, կլիման, ծովեզերքները, մեր սնունդին մեծամասնութիւնը եւ նոյնիսկ օդին մէջ մեր շնչած թթուածինը` բոլորն ալ ի վերջոյ կը տրամադրէ եւ կը կարգաւորէ ծովը:
Պատմութեան ամբողջ ընթացքին ովկիանոսները եւ ծովերը հաղորդակցութեան կենսական ուղիներ եղած են առեւտուրի եւ ճամբորդութեան համար:
Համաշխարհային այս էական աղբիւրին զգուշ կառավարումը առանցքային նշանակութիւն ունի կայուն ապագայի համար:
Նպատակ 15. Ցամաքի Վրայ Կեանք
Կենսական է մնայուն հոգ տանիլ անտառներուն, անապատացման դէմ պայքարիլ, դադրեցնել եւ շրջել հողերու կորուստը, կենսաբանական բազմազանութիւնը պահպանել: Անտառները կը ծածկեն Երկիր մոլորակի մակերեւոյթին 30 առ հարիւրը: Անտառները ապաստաններ են եւ ապահովելով սնունդի անվտանգութիւնը` բանալին են կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարին, պաշտպանելով կենսաբանական բազմազանութիւնը եւ տուները բնիկ բնակչութեան: Ամէն տարի տասներեք միլիոն հեկտար անտառ կը կորսուի, իսկ ցամաքի անարգել շարունակուող մաշումը, յանգեցուցած է 3,6 երկիլիոն հեկտար հողի անապատացման: Անտառահատումները եւ անապատացումը (արդիւնք` մարդոց գործունէութեան եւ կլիմայական փոփոխութեան), հիմնական մարտահրաւէրներն են կայուն զարգացման եւ աղքատութեան դէմ պայքարին մէջ ազդած են միլիոնաւոր մարդոց կեանքերուն եւ ապրուստին վրայ: Ջանքեր կը տարուին պահպանելու անտառները եւ պայքարելու անապատացման դէմ:
Նպատակ 16. Խաղաղութիւն, Արդարութիւն,
Հզօր Հիմնարկներ
Կենսական է խթանել արդար, խաղաղ եւ համապարփակ հասարակութիւններ:
Կայուն զարգացման նպատակներու Նպատակ 16-ը յատկացուած է խաղաղ եւ համընդգրկուն հասարակութիւններու կայուն զարգացման խթանման, բոլորին համար արդարադատութեան մատչելիութեան, եւ բոլոր մակարդակներու վրայ արդիւնաւէտ, հաշուետու հաստատութիւններու կառուցման:
Նպատակ 17. Գործընկերութիւն`
Նպատակներուն Համար
Անհրաժեշտ է վերականգնել համաշխարհային գործընկերութիւնը ի նպաստ կայուն զարգացման: Յաջող, կայուն զարգացման օրակարգը կը պահանջէ համագործակցութիւն կառավարութիւններու, սեփական մարզի եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ: Այս համապարփակ գործակցութիւնը` կառուցուած սկզբունքներու եւ արժէքներու, ընդհանուր տեսլականի, ընդհանուր նպատակներու վրայ, որոնք մարդիկը եւ մոլորակը առանցքային կը դարձնեն, անհրաժեշտ են համաշխարհային, շրջանային, ազգային եւ տեղական մակարդակներու վրայ:
Անյետաձգելի քայլեր անհրաժեշտ են զօրաշարժի ենթարկելու, բարեփոխելու եւ կղպանքը բանալու ձեւափոխող ուժ հանդիսացող սեփական աղբիւրներու միլիառաւոր տոլարներու` ատոնք մատուցելու համար կայուն զարգացման նպատակներուն: Անհրաժեշտ են երկարաժամկէտ ներդրումներ, որոնց շարքին օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներ, ճգնաժամային մարզերու, յատկապէս բարգաւաճող երկիրներու մէջ: Ատոնք կը ներառեն կայուն ուժանիւթային, ենթակառոյցներու եւ փոխադրամիջոցի, ինչպէս նաեւ` տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններ: Անհրաժեշտ է, որ հանրային հատուածը սահմանէ յստակ ուղղուածութիւն: Վերաքննող եւ հսկող շրջանակներ, կանոնակարգեր եւ խրախուսական կառոյցներ, որոնք կարելիութիւն կ՛ընձեռեն նման ներդրումներու, պէտք է վերակազմակերպուին ներդրումներ ներգրաւելու եւ կայուն զարգացում ամրապնդելու համար: Ազգային վերահսկողութեան մեքանիզմներ, ինչպիսիք են` բարձրագոյն վերահսկիչ կառոյցները եւ վերահսկողական գործառոյթները, օրէնսդիր մարմիններու կողմէ պէտք է զօրանան: