Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Ծանր Բախումներ Պէյրութի Սահմանագիծին Վրայ

Յուլիս 15, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Օրհասական Կացութիւն Զահլէի Մէջ

«Լիբանանեան ուժեր»-ու միլիսներ Զահլէի մէջ
«Լիբանանեան ուժեր»-ու միլիսներ Զահլէի մէջ

Զահլէի եւ Պէյրութի մէջ 2 ապրիլ 1981-ին ծայր առած ծանրակշիռ բախումները եւ բուռն ռմբակոծումները յաջորդող օրերուն շարունակուեցան ամենասաստիկ կերպով:

Զահլէի անդամալոյծ ու մեկուսացած վիճակին հետեւանքով, սննդանիւթի եւ առօրեայ կարիքներու տագնապը իր գագաթնակէտին հասաւ:

Պէյրութի մէջ, սահմանագիծին վրայ արձակազինութիւնը կը շարունակուէր առանց ընդհատումի: Թանգարանի գիծը կը մնար փակ ու երկու շրջաններուն միջեւ երթեւեկողները կը դիմէին Կալըրի Սըմաան-Հազմիէ կամ Շուէյֆաթ-Հատէթ համեմատաբար աւելի երկար ճամբաներուն:

* * *

Անխնայ ռմբակոծումներուն հետեւանքով ստեղծուած տագնապալի վիճակը Պէյրութի մէջ մեծապէս ծանրացաւ շաբաթ, 4 ապրիլ 1981-ի յետմիջօրէին, երբ կեդրոնական հրապարակներէն մինչեւ Թանգարան երկարող գիծին երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցող բախումներուն ու կոյր ռմբակոծումներուն ալիքը տարածուեցաւ մինչեւ Շիահ, Սին էլ Ֆիլ, Հատէթ եւ Քֆարշիմա:

Մինչեւ ուշ գիշեր, կացութեան գահավիժումը հակակշռելու ձգտող քաղաքական եւ զինուորական ճիգերը չյանգեցան յստակ արդիւնքի ու գիշերուան ընթացքին համեմատաբար մեղմացած բախումները նոր թափ ստացան կիրակի, ապրիլ 5-ի առաւօտուն: Կէսօրուան մօտ, ծանր բախումներ տեղի ունեցան յատկապէս Թայունէի բոլորակին շուրջ եւ լիբանանեան բանակի զօրաբաժին մը յաջողեցաւ գրաւել այն դիրքերը, որոնցմէ կրակ կը բացուէր իր վրայ: Բախումներուն եւ ռմբակոծումներուն ընթացքին բանակային ուժերը տուին 4 զոհ եւ 55 վիրաւոր:

Պէյրութի ռազմաճակատներուն վրայ կացութիւնը զգալիօրէն մեղմացաւ ապրիլ 5-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն ետք, երբ ի զօրու դարձաւ նոր զինադուլ մը:

Զահլէի մէջ սակայն, բախումները շարունակուեցան գրեթէ անընդմէջ: Շաբաթ, ապրիլ 4-ին, Շթորայի մէջ տեղի ունեցած զինուորական ժողովէն բխած որոշումները` զինադուլի հաստատում եւ բանակային միաւորներու քաղաքէն ներս հաստատում` մնացին ծրագիր: Արդարեւ, Զահլէն ու անոր շրջակայ բլուրները թատերաբեմ մնացին հրետանիի մարտերու եւ օրհասական կռիւներու:

* * *

Զինադուլի համաձայնութիւնը, որ Պէյրութի մէջ կարելի եղած էր մեծ համեմատութեամբ անխախտ պահել մինչեւ ապրիլ 5-ի ուշ գիշերը, երկուշաբթի, ապրիլ 6-ի արեւածագէն առաջ իսկ ուղղուեցաւ դէպի գահավիժում: Զինարձակումներն ու ընդհատ հրթիռարձակումը սաստկացաւ առաւօտեան կանուխ ժամերուն եւ բռնկեցուց Հատէթի ճակատը:

Բախումները շարունակուեցան մինչեւ կէսօր ու հրթիռներ փոխանակուեցան սահմանագիծի երկու կողմերուն միջեւ:

Քաղաքական ու զինուորական պատասխանատուներու ճիգերը կէսօրին յանգեցան զինադուլի նոր համաձայնութեան մը, որ գործադրութեան դրուեցաւ ժամը 1:00-ին:

Սակայն զինադուլը զգալի անդրադարձ չունեցաւ Զահլէի կացութեան վրայ: Ռմբակոծումներն ու սաստիկ բախումները շարունակուեցան յատկապէս Համմարի, Քարաքի, Մուալլաքայի, Հոշ Ումարայի, Քահ Ռիմի եւ Տհուր Հարքաթի մէջ:

Զահլէի եւ շրջակայ բլուրներու ռմբակոծումը տարածուեցաւ մինչեւ Պասքինթա, Սաննին եւ Քանաթ Պաքիշ:

Ստեղծուած կացութեան մէջ, լիբանանեան Կարմիր խաչի կեդրոնը օժանդակութեան կոչ ուղղեց միջազգային Կարմիր խաչին ու այլ երկիրներու համապատասխան կազմակերպութեանց, դիտել տալով որ ծանր վիրաւորներուն բուժման համար ամէնէն տարրական դեղերն ու բժշկական կազմածներն իսկ սպառած են Զահլէի մէջ:

Սուրիական ուժեր Զահլէի մուտքին
Սուրիական ուժեր Զահլէի մուտքին

Երեքշաբթի, ապրիլ 7-ին, Հոշ Ումարան, Մուալլաքան եւ Զահլէի շրջակայ բլուրները թատերաբեմ մնացին ծանր բախումներու: Կացութիւնը աննախընթաց սաստկութեամբ պայթեցաւ երեկոյեան: Հրթիռներ ինկան նաեւ Շթորայի վրայ:

Յաջորդող օրերուն բախումներու եւ ռմբակոծումներու գօտին բարձրացաւ մինչեւ Սաննինի կողերը, ուր քոմանտոյական փոխադարձ գործողութիւններ տեղի ունեցան: Սուրիացիք իրենց հակակշիռին տակ առին Զահլէէն դէպի Քեսրուան տանող բոլոր գիծերը:

Զահլէի յոյն կաթոլիկ համայնքի խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ բախումներու անմիջական դադրեցման պահանջին կողքին, կոչ ուղղեց պետութեան, որպէսզի Զահլէի բնակիչները փրկէ սովամահ ըլլալէ եւ զինեալ յարձակումներէն:

* * *

Զահլէի եւ Պէյրութի կողքին, հարաւային Լիբանանի մէջ եւս կացութիւնը գահավէժ ընթացք ստացաւ, թիրախ դառնալով իսրայէլեան բիրտ ռմբակոծումներու եւ քոմանտոյական յարձակումներու:

Արդարեւ, իսրայէլեան քոմանտօ մը հինգշաբթի, ապրիլ 9-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-էն ետք էջք կատարեց Նապաթիէի մօտակայ քանի մը շրջաններու մէջ ու բախում ունեցաւ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերուն հետ: Սըլաայի, Զեֆթայի եւ Տէյր Զահրանիի մէջ, իսրայէլեան ուժերը դէմ յանդիման գտնուեցան ուժգին դիմադրութեան մը:

Զինուորական այդ գործողութիւններուն զուգահեռ, իսրայէլեան մարտանաւեր ռմբակոծեցին Նապաթիէն, Ժըրմաքը, Ռիհանը, Այշիէն, Քասիմիէն, Սուրն ու մօտակայ այլ վայրեր:

Իսրայէլեան յարձակումն ու ռմբակոծումները ապրիլ 10-ին ստացան աւելի ծանրակշիռ երեւոյթ: Օդանաւային առաջին յարձակումը կատարուեցաւ արեւածագին, Նապաթիէի մօտակայ Արապսալիմա գիւղին մօտակայ դիրքերու վրայ: Ժամ մը ետք, օդանաւային նոր ռմբակոծումներ սկսան Տամուրի մօտակայ Տլհամիէ գիւղին վրայ ու տարածուեցան մինչեւ Սաատիէթ եւ Ժիէ: Աւելի քան կէս ժամ տեւողութեամբ այս յարձակողականէն ետք, իսրայէլեան օդանաւերը շարունակեցին ցածէն թռիչք կատարել հարաւի զանազան շրջաններուն վերեւ, սարսափ տարածելով ամէնուրեք: Աւելի ուշ, հարաւի սահմանային գօտիէն ու իսրայէլեան հողերէն սկսաւ հրետանիի ռմբակոծում մը:

* * *

Պէյրութի, Զահլէի եւ հարաւի մէջ կացութեան գահավէժ ընթացքի պայմաններուն տակ, «Ազդակ», 13 ապրիլ 1981-ի թիւով եւ «Ուրիշ ելք չկայ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ ոչ ոք կրնայ ինքզինք խաբել թէ Զահլէի եւ Պէյրութի բախումները կրնան մնալ անկապ բռնկումի մը սահմաններուն մէջ, այնքան ատեն որ ելքի ճամբայ մը չէ գտնուած երկիրը տագնապեցնող դժուարութիւններուն:

Լիբանանցին այլեւս չի կրնար հանդուրժել որ պարբերաբար իր արիւնէն տուրք, ու միշտ յաւելեալ տուրք վճարէ իր հողին վրայ բեմադրուած մեծերու խաղին, կը նշէր «Ազդակ», աւելցնելով, որ ամէն լիբանանցի կը նայի իր օրինական իշխանութիւններուն, սպասելով որ անոնք մարմնաւորեն անել կացութենէն դուրս գալու Լիբանանի կամքը:

Հակառակ անոր որ հակամարտ կողմերը փոխուեցան, եւ հակառակ անոր որ տագնապը նոյնիսկ քաղաքական իր բովանդակութիւնը փոխեց, այսուհանդերձ` լիբանանցին միշտ կառչեցաւ օրինական իր պետութեան եւ հաւատաց անոր դերակատարութեան, իբրեւ կողմերէն վեր գործող ու համայն Լիբանանի իրաւունքը պաշտպանող ուժը, կը հաստատէր «Ազդակ», աւելցնելով որ լիբանանցին տկարացաւ միայն այն ատեն, երբ հակադիր ճակատներու վրայ տեսաւ իր հայրենիքի ղեկը ստանձնած օրինական ուժերը եւ յատկապէս կառավարութեան անդամները: Եւ ընդհակառակն` նոյնիսկ հրթիռներու տարափին տակ գօտեպնդուեցաւ, երբ հաւաքական մէկ ու անբաժանելի կամքի մը ներշնչումը հաստատեց պետական իր պատասխանատուներուն մօտ:

Հայրենիքը շատ աւելին կը սպասէ իր հաւաքական կամքը ներկայացնող պատասխանատուներէն: Եթէ ողջմտութիւնը կը պարտադրէ, որ օրինական իշխանութիւնները հաշտութեան եւ համերաշխութեան բաց կամուրջ մը մնան հակամարտ կողմերուն միջեւ, տագնապը լուծելու եւ արդէն իսկ արիւնաքամ այս ժողովուրդին նոր ցնցումներ խնայելու պատասխանատուութիւնն ալ կը ստիպէ, որ օրինական իշխանութիւնները գիտնան կողմերէն վեր մնալ ու արտայայտել մէկ ու ամբողջական Լիբանանի հիմնական շահերը, նոյնիսկ եթէ նման կեցուածք մը դժգոհ պիտի ձգէ երկրորդական հաշիւներով կլանուած կողմերը, կը շեշտէր «Ազդակ», եւ կ՛եզրափակէր ըսելով, որ օրինական իշխանութեանց միակամ ու վճռական կեցուածքէն դուրս ուրիշ ելք չկայ այս հայրենիքին ու այս ժողովուրդին փրկութեան համար, որովհետեւ այլապէս որդեգրուած ամէն ուղի կը մասնատէ ու կը ջլատէ մէկ ու ամբողջական Լիբանանի գերիշխան կամքը:

* * *

Զահլէ ռմբակոծումներու օրերուն
Զահլէ ռմբակոծումներու օրերուն

Ապրիլի առաջին օրերու բուռն կռիւներէն ետք, Պէյրութի եւ Զահլէի մէջ ապահովութեան կացութիւնը կը մնար առարկայ յաճախակի ցնցումներու:

Պէյրութի սահմանագիծին վրայ բախումները, արձակազինութիւնը եւ հրթիռարձակումը կը շարունակուէին, իսկ Հատէթի մէջ ծանր զէնքերով բախումներ տեղի կ՛ունենային:

Զահլէի ընդհատ ռմբակոծումը կը շարունակուէր, կարգ մը թաղամասեր անշարժացած էին արձակազինութեան պատճառով, իսկ սննդանիւթի տագնապը կը մնար սուր:

Իսրայէլեան օդուժը կը շարունակէր ռմբակոծել հարաւի կարգ մը շրջաններ, յատկապէս` Ռաշիտիէն եւ Ռաս էլ Այնը: Իսկ ապրիլ 19-ին Սայտա սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ իսրայէլեան եւ Սաատ Հատտատի ուժերուն կողմէ. ինկան մեծաթիւ զոհեր:

«Լիբանանեան ուժեր»-ու հրամանատար շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ յայտարարեց, որ քրիստոնեայ կողմը պատրաստ է սուրիացիներուն հետ տիալոկի:

Իր կարգին, Լիբանանեան ճակատի նախագահ Քամիլ Շամուն փափաք յայտնեց, որ անկեղծ տիալոկ մը հաստատուի սուրիացիներուն հետ:

Զինուորական գետնի վրայ, Զահլէի մէջ սուրիական բանակին նպատակն էր «Լիբանանեան ուժեր»-ու ձեռքէն գրաւել այն դիրքերը, ուրկէ անոնք կրնային ռմբակոծել Պեքաայէն անցնող եւ Դամասկոս-Պէյրութ ճամբաները, որոնք կենսական կարեւորութիւն ունէին սուրիական ուժերուն համար:

«Լիբանանեան ուժեր»-ու հրամանատարութեան համար պարզ էր, որ Զահլէի իրենց դիրքերը երկար չէին կրնար դիմադրել զինամթերքի պակասին պատճառով, որովհետեւ այլ շրջաններու հետ իրենց հաղորդակցութեան ճամբան կտրուած էր:

* * *

«Ազդակ», 16 ապրիլ 1981-ի թիւով եւ «Փոթորիկէն ետք» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ արտասովոր է լիբանանեան հայրենիքին բաժին հանուած տեւական ու միշտ սաստկացող բախում-մեղմացում այս դառն «ճակատագիրը», որովհետեւ խորքին մէջ Լիբանան ու իր զաւակները կը վճարեն ուրիշներու հակասութեանց «մաքրագործումին» գինը:

Շրջանային եւ միջազգային հակամարտութեանց, ինչպէս նաեւ անոնց տեղական անդրադարձներուն դառն բաժակը ցմրուր ճաշակեց այս հայրենիքը, որպէսզի այլեւս հասնի քաղաքական ու քաղաքացիական տարրական հասունութեան եւ սորվի, որ զէնքի ուժով պարտադրուած «շահերը» միայն ժամանակաւոր բնոյթ կրնան ունենալ, եւ աւելին` միայն յաւելեալ անկայունութեան դուռ կրնան բանալ, կը շեշտէր «Ազդակ» եւ կ՛եզրափակէր ըսելով, որ քաղաքական լուծումին կառչելու պատրաստակամութիւնը պէտք չէ սպասէ նոր «Զահլէներու», իր ընթացքին մէջ յարատեւելու եւ այս հայրենիքը անելէն դէպի փրկութիւն առաջնորդելու համար:

* * *

Երկուշաբթի, 20 ապրիլ 1981-ը եղաւ չափազանց «տաք» օր մը: Կէսօրին, սահմանագիծին վրայ ծայր առած բախումներն ու հրթիռարձակումները հետզհետէ տարածուեցան դէպի բնակարանային շրջաններ եւ աննախընթաց տարողութիւն ստացան երեկոյեան ժամը 5:00-էն ետք: Արեւելեան շրջաններուն մէջ, ռմբակոծման հասողութեան սահմանները տարածուեցան դէպի Էշրեֆիէ, Ժըմմէյզի, Մար Մըխայէլ, Տորա, Պաուշրիէ, Սին էլ Ֆիլ, Մըքալլէս, Ճսըր Պաշա եւ Այն Ռըմմանէ, իսկ աւելի ուշ` մինչեւ Նահր Քելպ եւ Քեսրուանի ծովեզերեայ շրջաններ: Իսկ արեւմտեան շրջաններուն մէջ ռմբակոծուեցան Պասթան, Շիահը, Պուրճ Ապի Հայտարը, Պուրճ Պարաժնէն, Մազրաան եւ օդակայանի արեւմտեան էջուղին:

Հարաւի մէջ, առաւօտուն Սուրն ու մօտակայ շրջաններ թիրախ դարձան հրետանիի ռումբերու, իսկ յետմիջօրէին Նապաթիէն, Առնունը, Պոֆոր դղեակը եւ այլ շրջաններ ենթարկուեցան իսրայէլեան օդանաւային յարձակումի մը: Իսկ Սայտա եւ յարակից շրջանները բոլորեցին լարուած ժամեր, իսրայէլեան օդանաւերու յաճախակի թռիչքներուն ու անոնց դէմ գործածուած հակաօդային զէնքերուն հետեւանքով:

Մինչ Պէյրութի երկու շրջաններուն միջեւ հրթիռարձակումը կը շարունակուէր բնակարանային թաղամասերու վրայ, ապրիլ 21-ին բռնկեցաւ Հատէթի ճակատը: Հատէթ եւ Հազմիէ սաստկօրէն ռմբակոծուեցան: Իսկ հարաւի մէջ, Նապաթիէն ու շրջակայ տասնեակ մը գիւղեր հրետանիի սաստիկ ռմբակոծումներու կրակէ օղակի մը մէջ առնուեցան: Այդ օր Զահլէ մտան միջազգային Կարմիր խաչի ինքնաշարժներ, որոնք վիրաւորներ փոխադրեցին Պէյրութ. Զահլէ մտան նաեւ ալիւր փոխադրող բեռնատար ինքնաշարժներ:

Չորեքշաբթի, ապրիլ 22-ին Պէյրութի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ բախումները վերսկսան աննախընթաց սաստկութեամբ: Քանի մը վայրկեանի ընթացքին, ռմբակոծումները տարածուեցան սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին` մինչեւ Հազմիէ ու Հատէթ, ինչպէս նաեւ` դէպի բնակարանային ներքին ու հեռաւոր շրջաններ: Բազմաթիւ ռումբեր ինկան Էշրեֆիէի, Հատէթի, Մանսուրիէի, Հազմիէի, նաւահանգիստի, Տորայի, Սին էլ Ֆիլի, Հըրշ Թապէթի, Այն Ռըմմանէի եւ Պէյթ Մերիի շրջաններուն մէջ, իսկ արեւմտեան շրջանին մէջ ռմբակոծուեցան Մազրաան, Ռաս Նապաան, Շիահը, Զոքաք Պլաթը եւ Քանթարին:

Օրուան ամենասաստիկ ռմբակոծումները կեդրոնացան Մըր աշտարակին շուրջ: Աշտարակէն դէպի արեւելեան շրջաններ ուղղուած հրթիռները փոխադարձուեցան ուղղակի ռմբակոծումով ու 32 յարկ բարձրութիւն ունեցող կառոյցին կարգ մը բաժիններուն մէջ հրդեհ ծագեցաւ:

Բազմաթիւ հրդեհներ ծագեցան նաեւ փոխադարձ ռմբակոծման թիրախ դարձած այլ շրջաններու` յատկապէս` նաւահանգիստի, Մքալլէսի եւ Մանսուրիէի շրջաններուն մէջ, ու Պէյրութի երկնակամարը անգամ մը եւս պատուեցաւ հրդեհներէն բարձրացած սեւ ծուխով:

Զահլէցիք ապաստանարանին մէջ
Զահլէցիք ապաստանարանին մէջ

Զահլէի մէջ եւս կացութիւնը գահավէժ ընթացք ստացաւ եւ քաղաքին կարգ մը թաղամասերն ու շրջակայ բարձունքները թիրախ դարձան ընդհատ ռմբակոծումներու:

Ապրիլ 26-ին իսրայէլեան օդուժը սաստկօրէն ռմբակոծեց Նապաթիէէն մինչեւ Սայտայի արուարձանները տարածուող շրջանները, խլելով աւելի քան 50 զոհ եւ վիրաւոր: Սուրիական օդանաւեր միջամտեցին եւ Ժեզզինի մօտակայ շրջաններու վերեւ ընդհարում ունեցան իսրայէլեան օդանաւերուն հետ:

* * *

Երկուշաբթի, ապրիլ 27-ին Սաննինի ռազմաճակատին վրայ սուրիական ուժերը որոշ յառաջխաղացք արձանագրեցին ի հեճուկս «Լիբանանեան ուժեր»-ուն: Իսկ Ղովմի միլիսներ պաշարեցին Սաննինի գագաթը գտնուող ֆրանսական գրասենեակը, որ «Լիբանանեան ուժեր»-ու շրջանի կարեւորագոյն կեդրոնը կը հանդիսանար: Մէկ կողմէ` Պեքաայի, իսկ միւս կողմէ` Մեթնի համար ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող գագաթին շուրջ մղուող կռիւներուն զուգահեռ, հրթիռարձակումներուն եւ ռմբակոծումներուն հասողութիւնը տարածուեցաւ մինչեւ Պասքինթա, Այուն Սիման, Հարաժէլ եւ Ֆարայա:

Միւս կողմէ, Զահլէն, Քահ էլ Ռիմը, Ապլահն ու մօտակայ գիւղերը կը մնային թիրախ ընդհատ ռմբակոծումներու:

Ապրիլ 28-ին, Պեքաայի վերեւ, իսրայէլեան օդանաւեր վար առին սուրիական երկու ուղղաթիռներ եւ ռմբակոծեցին Սաննինի սուրիական դիրքերը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (15 Յուլիս 1965)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?